Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Բաւէ՞

Նոյեմբեր 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Բոլոր պատերազմներուն մէջ ալ պատերազմող կողմերը դաշնակիցներ կ՛ունենան, որոնք եթէ չօգնեն իսկ իրողապէս, գոնէ չեն խոչընդոտեր պատերազմական գործողութիւնները` այդպիսով բարձրացնելով պատերազմը շահելու հաւանականութեան տոկոսը:

Այլ ճշմարտութիւն մըն է ժողովրդային այն խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ թշնամիիս թշնամին բարեկամս է, որմէ կը հետեւցնենք, որ նոյն բռնատէրը ունեցող կամ ունեցած ազգերը եւ ժողովուրդները պէտք է իրարու դաշնակից ըլլան, կամ գոնէ իրարու օգնեն:

Սակայն իրողութիւնը յաճախ այդպէս չէ, ինչպէս, օրինակ, հայերուն, յոյներուն եւ արաբներուն պարագան, որոնք դարերու ընթացքին նոյն բռնատէրը ունեցեր են` թուրքը, օսմանցի թուրքը:

Ճի՛շդ այս նիւթը արծարծող յօդուած մը լոյս տեսած է եգիպտական «Ալ Մասրի Ալեոմ» (Եգիպտացին այսօր) օրաթերթի 7 հոկտեմբեր 2023-ի թիւին մէջ, Ուսամա Ղարիպի գրիչով եւ խորագրուած` «Կը բաւէ, որ իսլա՞մ են»:

Ոչ միայն հետաքրքրական յօդուած մըն է, այլ նաեւ` քաջութեամբ գրուած, որովհետեւ յստակօրէն կ՛ըսէ միտք բանին:

Թարգմանաբար կու տանք այստեղ.

«Օսմանեան պետութիւնը «արդարօրէն» եւ նոյն չափով կը բաժնէր բրտութիւնն ու անարդարութիւնը իր սահմաններէն ներս: Կը նշմարենք Հայաստանի, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Սերպիոյ եւ Կիպրոսի նման երկիրներ, որոնք Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ ինկած են: Այս երկիրներուն պատմութիւնն ու ժողովրդային աւանդութիւնները լեցուն են բռնատիրութեան պատումներով: Ժողովուրդը այդ ժամանակաշրջանները կը յիշէ որպէս սեւ զուլումի տարիներ, երբ կեանքի դառնութիւնն ու ապրուստի դժուարութիւնը ճաշակած է ցմրուր:

Այս բոլորը կարելի է գտնել այդ ժողովուրդներուն գրականութեան եւ արուեստներուն, նաեւ` վարած քաղաքականութեան մէջ:

Ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը դարերու թշնամանքն է հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ, որովհետեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին թուրքերը համայնական ջարդերու ենթարկած են հայերը:

Թուրքերուն հանդէպ նոյն կեցուածքը կը նկատենք մինչեւ այսօր յոյներուն եւ կիպրացիներուն կողմէ, անկախ` այդ երկիրներուն պետական դրուածքէն:

Այսքանը հասկնալի է, որովհետեւ կան դառնութիւններ, որոնք սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին. նոյնիսկ երբ դառնութեան սկզբնաղբիւրը անհետանայ, սերունդներուն մէջ կը գոյաւորուին որոշ զգացումներ, կեցուածքներ եւ համոզումներ:

Անհասկնալին եւ անբնականը կեցուածքն է Միջին Արեւելքի արաբներուն եւ իսլամներուն, որոնք նոյն բռնութիւնները ապրեր են օսմանեան պետութեան տիրապետութեան ընթացքին շատ աւելի, քան` եւրոպացիները, որոնք դաշնակիցներ ունէին Ռուսիոյ թէ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, որոնք կը ստիպէին, որ օսմանցիները նուազագոյնի իջեցնեն իրենց բռնութիւնները:

Իսլամներուն հանդէպ օսմանցիները չէին վարանիր գործադրելու նոյն գործելակերպը` կողոպտել, մտրակ օգտագործել, նոյնիսկ ցիցահան ընել անոնք, որոնք իրենց չէին ենթարկուեր:

Հակառակ ասոր` մեր երկիրներուն մէջ տասնեակ միլիոններ կը հաշուեն անոնք, որոնք կողմնակից են օսմանեան խալիֆայական նոր պետութեան մը եւ կը ցանկան, որ Էրտողան կարենայ վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը, երազելով անոր հպատակները ըլլալ, մոռցած` այն ահաւոր հինգ դարերը, որոնց ընթացքին համատարած էին աղքատութիւնն ու տգիտութիւնը: Եւ պատկերացնել, որ մինչեւ ֆրանսացիներուն մուտքը` 1798 թուականին, տակաւին մամուլ չկար այս երկրին մէջ:

Ոչ մէկ պատճառ կայ այս մազոխիստական կեցուածքին` բացի օսմանցիներուն իսլամ ըլլալէն: Մեր երկրին մէջ ժողովուրդը սիրով իր թեւերը կը բանայ վատ եւ անարդար տիրապետողին, եթէ իսլամ ըլլայ ան:

Այս է պատճառը, որ հայերը կը շարունակեն տարուէ տարի յիշել իրենց ջարդը, մինչ արաբներէն ոչ ոք կը խօսի Սելիմ Ա.-ի Գահիրէի ժողովուրդին տուած ջարդին մասին, երբ քաղաքին նուաճումին առաջին օրն իսկ ջարդել տուած է քաղաքացիներէն տասը հազար մարդ, որպէսզի ահ տարածուի երկրին մէջ:

Կրօնականները մեծ դեր ունին անշուշտ տարածելու այս կեցուածքը, որ ներողամիտ է ներխուժողներուն հանդէպ, մոռացութեան կու տայ անոնց ոճիրները, նոյնիսկ կը խրատէ ժողովուրդը, որ հպատակի այդ բռնատէրերուն, պարզապէս որովհետեւ իսլամ են անոնք:

Այսօր մեզմէ շատեր հրճուանքով կը խօսին Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի տարած յաղթանակին մասին. նոյն կեցուածքը ունին Քոսովոյի իսլամ ալպաններուն համար, մոռցած, որ Քոսովոն ընդունած է Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք, իսկ Ազրպէյճանը վաղուց ի վեր կը գործակցի եբրայական պետութեան հետ»:

Անցնող շաբաթը լեցուն էր ծանր միջադէպերով, որոնք ցնցեցին Միջին Արեւելքի երկիրները հաւանական ընդհանուր պատերազմի մը հեռանկարով, երբ այս շրջանը արդէն աւելի քան տասնամեակ մըն է, որ կը տառապի եւ կը հիւծի իր վրայ գործադրուած եւ կարծես պարտադրուած պատերազմներէն:

Վերջացնեմ հեքիաթանման պատումով մը:

Ծեր հրեայ մեծահարուստ մը հոգեվարքի անկողնին վրայ կը կանչէ իր երեք մանչերը եւ անոնց կը բաժնէ իր ունեցուածքը: Մինչ այդ դուրսէն լաց ու կոծի ձայներ կը լսուին:

– Ի՞նչ կայ դուրսը,- կը հարցնէ ծեր հրեան:

– Թուրքերը հայեր կը ջարդեն,- կ՛ըսէ մեծ մանչը:

– Հայերուն տէր եղէ՛ք,- կ՛ըսէ ծերունի հրեան,- որովհետեւ հայերէն ետք կարգը մեզի պիտի գայ:

Չէ ըսած, թէ ո՞վ պիտի ջարդէ զիրենք: Այդ չէ՛ հարցը, այլ` ջարդուիլը ինք:

Բայց ի՞նչ կ՛ըսեմ, եղածը հեքիաթանման պատում մըն է միայն:

 

 

 

 

Նախորդը

Պայտընին Ուղղուած` Հանրաճանաչ Մարդոց Նամակին Մէջ Ազրպէյճանցին «Սխալմամբ» Աւելցուած Է Կազայի Պատանդներու Ցանկին Մէջ

Յաջորդը

«Ալիք»-ի Խմբագրական. 133-Ամեայ Անսակարկ Նուիրում (ՀՅԴ Օրուայ Առիթով)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?