Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի 10-րդ Թիւը

November 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 հոկտեմբերէն ընթերցողին համար համացանցի վրայ հասանելի է «Դրօշակ»-ի 2023 թուականի 10-րդ թիւը:

Այս թիւին առանցքը կը կազմէ Արցախի ու արցախահայութեան հետ կապուած հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութեան թեման: Առաջնորդող յօդուածին մէջ անդրադարձ կը կատարուի այն քանի մը հիմնական եզրակացութիւններուն, որոնք դժբախտաբար կը հաստատուին կատարուած իրողութեամբ, եւ որոնցմէ մեծ մասին անխուսափելիութեան մասին ալ տարիներ շարունակ կ՛ահազանգէին ազգային ուժերը, բայց եւ այնպէս օրուան բախտախնդիր ղեկավարութիւնը կը փորձէր զանոնք կեղծ լոյսի տակ ներկայացնել հանրութեան:

Տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, փաստերու համադրութեամբ, իր յօդուածին մէջ կը լուսաբանէ պատմաբան Անի Մելքոնեան` միաժամանակ ներկայացնելով այն կատարուելիքները, որոնց Հայաստանը պետական մակարդակով պէտք է ձեռնարկէ ոչ միայն Արցախի կորուստները ետ բերելու հնարաւորութիւններ ստեղծելու, այլ նաեւ Հայաստանին սպասուող աղէտները կանխելու նպատակով: Այս պարագային եւս հեղինակին եզրակացութիւնը միանշանակ է` առանց դաւաճան իշխանութիւններու փոփոխութեան` կարելի չէ կանխել Արցախի եւ Հայաստանի ճակատագրական կորուստները:

Ուշագրաւ եւ կարեւոր է Մարի Յովհաննիսեանի «Արցախում տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է» յօդուածը: Մասնագիտական մօտեցմամբ, նախ հեղինակը արցախահայութեան հետ կատարուածը կը բնութագրէ իբրեւ ցեղասպանութիւն եւ ապա կը լուսաբանէ, թէ խնդիրը հայութեան կողմէ ինչպիսի՛ բնութագրումներով պէտք է ներկայացուի, մասնաւորապէս միջազգային ատեաններուն մէջ` տեղի ունեցածին միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ գնահատական տալով:

Ամերիկեան հետազօտութիւնների հայկական կեդրոնի` «Դրօշակ»-ի համար գրուած յօդուածը հետաքրքրական վերլուծում է անկախացումներէ ետք Հարաւային Կովկասի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն որդեգրած քաղաքականութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ գերտէրութեան այսօրուան ի գործ դրած քաղաքականութիւնն ու ծրագիրները` մասնաւորաբար Հայաստանի վերաբերեալ:

Հոկտեմբերի այս թիւով կ՛եզրափակուի Աւօ Գաթրճեանի ծաւալուն յօդուածը Դաշնակցական նշանաւոր հետախոյզ եւ «Նեմեսիս» գործողութեան առանցքային դերակատար, կուսակցական եւ քաղաքական գործիչ Հրաչ Փափազեանի մասին:

Նկատի ունենալով, որ այս տարուան 13 դեկտեմբերին մեր գրականութեան ֆետային` Մուշեղ Գալշոյեանը, կը դառնար 90 տարեկան, սփիւռքահայ գործիչ, մշակութաբան Մովսէս Հերկելեան հայրենասէր սասունցիին եւ հրաշալի գրողին յիշատակին «Դրօշակ»-ի մէջ արձանագրած է իր յուշերը` մեծ հայու կեանքի եղերական դրուագի մասին:

Ընթերցումներ շարքով ճարտարապետ, գրող, եւ հրապարակագիր Վրէժ Արմէնը այս անգամ կը ներկայացնէ գրող եւ հասարակագէտ Քլոտ Վայանկուրի «Նոր-ազատականութեան վերջը» գաղափարական-իմաստասիրական աշխատութիւնը: Խորագիրն իսկ կը յուշէ, որ աշխատութիւնը կը վերաբերի մարդկութեան միտքերուն, ինչպէս նաեւ` հասարակութիւններուն վրայ երկար ժամանակ իշխած ազատականութեան ու, մասնաւորապէս, նորազատականութեան գաղափարախօսութեան բարոյական սպառման եւ ճգնաժամին:

«Դրօշակ»-ի այս թիւը ընթերցելու համար կարելի է այցելել https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2023/10/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-10-2023-%D5%A9..pdf

 

Նախորդը

Բժիշկ Արամ Սահակեան-Սալբի(*)

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ճակատագրական Ճամբաբաժանը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.