Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Սպաննիչ Ճգնաժամէն Դէպի Action Plan(1)

Նոյեմբեր 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Ժամանակ չկորսնցնենք: Արդէն շատ ենք ուշացած: Իւրաքանչիւր  հայ իր ազգային ու մարդկային խղճի ներքին երեսակներուն հանդէպ անկեղծ թող գտնուի, իր մէջ տրամաբանութիւնը թող գերակշռէ զգացականութեան, թող ականջները փակէ  Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան եւ ընդդիմութեան կողմէ ունկնդիրներուն ուղղուած կիրքերու, մակերեսային սպառման ծառայող հռետորաբանութեան դիմաց: Դո՛ւրս թող ելլէ նաեւ իր այս կամ այն կողմին, անձին, դէպքին, իրադարձութեան, հարցին/հարցերուն հանդէպ ունեցած հակումներու, նախասիրութիւններու, հին հաշիւներու, վրէժխնդրութեան, հաշուեփակի տուփիկներէն:

Այսօր բոլոր այն հայերը, որոնք կը հետեւին հայկական ներկայ անցուդարձերուն, դժուար թէ չհամաձայնին, որ հայութիւնը ճգնաժամի մէջ է: Հաւանաբար այս հայերը տարակարծութիւն ունենան բնութագրելու այս ճգնաժամը եւ անոր գլխաւոր խնդիրները. ե՞րբ սկսաւ այս ճգնաժամը, ո՞վ եւ որո՞նք էին գլխաւոր յանցաւորները, ի՞նչ եւ ինչե՞ր էին սխալները, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միջոցներով պէտք է դարմանել այս ճգնաժամը, ի՞նչ է այս ճգնաժամին աշխարհագրական ընդգրկումը: Վստահաբար տարակարծութիւններ կան նաեւ լուծման օրակարգերուն եւ առաջնահերթութեան խնդրով: Ոմանք նոյնիսկ կը պնդեն հայկական ներկայ բազմաթիւ ճգնաժամերու գոյութեան մասին:

Չերկարեմ: Միայն ըսեմ, որ, ըստ իս, այս ճգնաժամին ժխտական  ազդեցութիւնը տակաւ պիտի բազմապատկուի, եթէ արտակարգ քայլեր չառնուին:

Այլ խօսքով, ներկայ ճգնաժամ/ճգնաժամերը պարտինք դիմագրաւել:

Գրեր եմ ու դարձեալ պիտի գրեմ, որ մենք ցեղասպանուած ու վերականգնած ազգ ենք: Ցեղասպանութենէն վերականգնումը իրագործուեցաւ մա՛նաւանդ մեր շնորհիւ. մե՛նք ուզեցինք վերականգնիլ եւ վերականգնեցա՛նք: Այսինքն, եթէ հայութիւնը չուզէ վերականգնիլ ու վերականգնել ինքզինք, այլ խօսքով` ուզէ անձնասպանութեան երթալ, այդ պարագային աշխարհի բոլոր ուժերը, նոյնիսկ թո՛ւրքը եթէ աջակցի, չեն կրնար վերականգնել մեզ:

Մենք պէ՛տք է որոշենք` կ՛ուզե՞նք վերականգնիլ իբրեւ հայութիւն, թէ՞ անցնիլ պատմութեան փոշոտ էջերուն:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նք պիտի տայ այս հարցադրումին, լինել-չլինելու պատասխանը: Այսինքն ի՛նք պիտի որոշէ` կը փափաքի՞ մնալ բաղադրիչ մը հայ ազգին:

Սակայն, անհատներէն անդին, կան նաեւ անհատէն անհամեմատ աւելի կարողականութեամբ օժտուած հայկական հաստատութիւնները` պետութենէն մինչեւ եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ, միութիւններ, ընկերակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, մարմիններ, խմբակներ, շրջանակներ եւ այլն: Այս հաստատութիւններու եւ այլնի որոշումներ տուող մարմինները պարտին վճռական պատասխանը տալ լինել-չլինելութեան:

Ինծի կը թուի, թէ անոնց պատասխանը չի կրնար ինքնասպանութիւն ըլլալ, քանի որ իրենց գոյութեան ելակէտը կը հակադրուի ինքնասպանութեան: Եւ յիրաւի, անոնք բոլորն ալ հաւանաբար հաւաստեն, որ իրենք պիտի շարունակեն սատարել հայ ժողովուրդի բարեկարգման ու վերելքին, որպէսզի հայութիւնը շարունակէ իր նպաստը բերել համաշխարհային մարդկայնութեան բարելաւման, համաշխարհային քաղաքակրթութեան աճումին:

Ուրեմն, անյապաղ, վերոյիշեալ հայկական հաստատութիւններն ու անոնց որոշում տուող մարմինները պարտին քայլերու ձեռնարկել դէպի դարմանում:

Առաջին հերթին կենսական է ախտաճանաչումը, այսինքն` ճգնաժամին բնութագրումը:

Եւ ասոր համար էական է, որ որոշում տուող իւրաքանչիւր մարմին կազմէ խորհրդատու մարմին: Խորհրդատու այս մարմինը չգոյանայ միայն տուեալ խմբակին-խմբաւորումին անդամագրուած մասնագէտներէ, երեւելիներէ, մտաւորականներէ, փորձագէտներէ: Այս մարմինը պարտի ընդգրկել` տնտեսագէտներ, հոգեբաններ, պատմագէտներ, քաղաքականագէտներ, ընկերաբաններ, ռազմավարներ, վարչարարներ, լրատուամիջոցներու մասնագէտներ:

Յիրաւի, իւրաքանչիւր խմբաւորում պարտի յառաջացնել նման խորհրդատու մարմին մը, զայն կանչել երկարատեւ, յանձնառու խորհրդակցութեան` օրակարգ եւ առաջադրանք ունենալով հայկական այս ճգնաժամին բնութագրումը եւ անոր դարմանումին ուղեգիծը:

Նման խորհրդատու մարմիններու յառաջացումը կրնայ փրկարար ըլլալ, որովհետեւ այս խորհրդատու մարմինները վաւերականութիւն եւ մասնագիտական վարկ կրնան հաղորդել ոչ միայն ներկայացուած լուծումներուն, այլ նաեւ` այդ խորհրդատու մարմինները յառաջացուցած վերոյիշեալ կազմակերպութիւններուն, որոնց հեղինակութիւնը եւ վարկանիշը անհամեմատ անկումի մէջ է այս շրջանին:

Հայութիւնը պարտուած է այսօր եւ երէկ: Պարտութիւնը հեղինակազրկած է հայութիւնը գոյացնող բոլոր օղակները անխտիր, մանաւանդ` մեր ամէն տեսակի հաստատութիւնները: Եթէ չենք ուզեր այս պարտութիւնը երկարաձգել, պէտք է քայլ առնենք: Ասիկա հայ անհատին, նոյնքան եւ աւելի հայկական հաստատութիւններուն որոշումներ տուող մարմիններուն ճիտին պարտքն է:

Ես բանական փրկութեան այլ ճամբայ չեմ տեսներ:

adakessian@haigazian.edu.lb

—————–

[1] Այս խորհրդածութիւնը գրած էի 16 հոկտեմբերին, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով ուշացուցի հրապարակումը: Օրերս կարդացի Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին նախաձեռնած «Արցախեան նիստեր»-ուն լրատուութիւնը: Ողջունելի քայլ է ասիկա, որուն նպատակը, իմ խոնարհ կարծիքով, պէտք չէ սահմանափակուի միայն արցախեան օրակարգով: Կարիքը կա՞յ ըսելու, որ այս նախաձեռնութենէն պարտին վարակուիլ բոլոր այն հայկական հաստատութիւնները, ամէնուրեք, որոնք կը յաւակնին հայութեան սատարելու համար գոյառած ըլլալ:

Նախորդը

Կեանքի Աղբի՞ւր Երկնաքարի Մը Վրայ

Յաջորդը

Միշել Տիք-Խորոզեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?