Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Տիք-Խորոզեանի Յիշատակին

Նոյեմբեր 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
  • ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
  • ԷՅՊԷԶԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
  • «ՄԵՆԶԱ» ՎԱՐԿԻ ԵՒ ԽՆԱՅՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Քառասուն օրեր առաջ վերջին հրաժեշտ տուինք ՀՄԸՄ-ական վեթերան եղբօր մը` Միշել Տիք-Խորոզեանին, որ ունէր մարդկային բազմաթիւ արժանիքներ: Ազնիւ էր, անձնուրաց ու ծառայասէր:

Եղած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի գայլիկ, ապա սկաուտ եւ հետագային փոխանցուած է ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղ, ուր եղած է նաեւ վարչական: Նաեւ մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան զանազան յանձնախումբերու, ապա ընտրուած Շրջանային վարչութեան անդամ` հինգ շրջան, ուր տարիներ շարունակ ձեռնհասօրէն վարած է հաշուապահի պաշտօն, ստանձնելով նաեւ ճատրակի յանձնախումբի ներկայացուցիչի պաշտօն:

Ան շրջան մը եղած է ներկայացուցիչ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբին: Մասնակցած է Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական ժողովներու, ինչպէս նաեւ միութեան բարձրագոյն` Պատգամաւորական ժողովին: Ան 2008-ին արժանացած է ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան շքանշան»-ի:

Հակառակ իր ունեցած բազմակողմանի կարողութիւններուն` Միշել Տիք-Խորոզեանին համար անծանօթ էին փառքն ու դիրքը, որովհետեւ հաւատացող էր սեւ աշխատանքին:

Հաւանաբար ոեւէ անծանօթ եղբ. Միշելի հետ առաջին հանդիպման այն տպաւորութիւնը կ՛ունենար, որ խիստ եւ պահանջկոտ մէկն է, բայց անմիջապէս կը փոխէր իր  կարծիքը` համոզուելով, որ արդար, բարեսիրտ եւ համեստ հոգի մը կար այդ խիստ նկատուած անձին մէջ:

Սիրելիի մը կորուստին անակնկալ գոյժը կը ստիպէ մեզի, որ անցեալի քաղցր յիշատակները պահ մը վերածնին մեր մէջ, եւ տարիներու գործակցութեան պատկերները վայրկեանի մէջ կը տողանցեն մեր յիշողութեան վարագոյրին վրայ:

Վստահաբար շատեր քաղցր յիշատակներ ունին վերապահուած եղբ. Միշելէն:

Նուիրական ՀՄԸՄ-ականին մահը սուգի մատնած է բոլորս, կը սգանք անժամանակ կորուստը այս եղբօր: Յանուն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանին` կը խոնարհինք այս հեզ ու համեստ, սակայն միշտ մեծ մնացած եղբօր յիշատակին` մեր ցաւակցութիւնները յայտնելով իր ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած են ողբացեալ եղբայրը:

Բի՛ւր յարգանք իր յիշատակին:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

_____________________________________

Համախմբող Ու Աշխատանքի Մղող

Սրտի խոր կսկիծով քառասուն օրեր առաջ հողին կը յանձնենք Էյպէզի հայրենակցական միութեան երկար տարիներու վաստակ ունեցող ատենապետ Միշել Տիք-Խորոզեանը:

Առօրեայ գործի կողքին, ան պատասխանատուութիւն ստանձնած էր զանազան միութիւններու եւ մարզերու մէջ: Երկար տարիներ եղաւ միութեանս ատենապետը: Նուիրական հոգիով եւ ժրաջան աշխատանքով համախմբեց Լիբանանի եւ արտերկրի համաքաղաքացիները, եւ այս նախաձեռնութեան շնորհիւ` կարելի եղաւ ամբողջացնել տոհմածառը Էյպէզի ընտանիքներուն: Ան միշտ ստեղծած էր բարեսիրական մթնոլորտ:

Փափաքը եղած էր միութեանս հասոյթը տրամադրել կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներուն, ինչպէս նաեւ` տարեցներու դեղորայքին, իսկ ինք անձամբ անմիջական հոգածութիւն կը ցուցաբերէր անխտիր բոլորին:

Անոր նկատմամբ մեր բոլորին զգացումները միշտ վառ պիտի մնան, եւ յիշատակելի` հաճելի դէպքերը:

Որքան ալ նկարագրենք եղբ. Միշելին անձը, գործունէութիւնը, շարքը երկար է, եւ կարելի չէ ամփոփել այս տողերուն մէջ: Վարձքդ կատար, եղբ. Միշել:

Էյպէզի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը եւ անդամները կը սգան եւ իրենց խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զաւակներուն` Աբոյին, Կարինէին, Ծիլային, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Հայցելով Ամենակարողին հոգատարութիւնը:

ԷՅՊԷԶԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

_____________________________________

«ՄԵՆԶԱ»-ի Օրինակելի Տնօրէն
Միշել Տիք-Խորոզեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ իր աչքերը փակելով` մեզմէ անվերադարձ կերպով կը բաժնուէր հայրենասէր ու ազնիւ հայորդի մը` Միշել Տիք-Խորոզեան` իր ետին ձգելով յուզում ու վիշտ` զաւակներուն, հարազատներուն եւ իր շրջապատի բոլոր ծանօթներուն մօտ:

Ցաւալի է կորուստը այս անձին, որուն համար կեանքի տարիները իմաստ չունէին: Արդարեւ, հակառակ իր յառաջացած տարիքին ան, առոյգ ու կայտառ երիտասարդի մը նման գործելու եւ նոր ծրագիրներ իրականացնելու փափաքով լեցուն անձ մըն էր:

Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Լիբանան հաստատուած հայութեան յաջորդ սերունդին ներկայացուցիչներէն է ան, որ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն իր հասակակիցներուն նման ճաշակած է կեանքի տաժանելի պայմանները:

Ծնած է Քարանթինայի հայկական հիւղաւանը, փոքր տարիքէն կը նետուի կեանքի ասպարէզ` օժանդակելու համար իր ընտանիքին: Իւրաքանչիւր ամրան արձակուրդին ան զանազան տեսակի գործեր կատարելով` ինքնաշխատութեամբ կ՛ապահովէ յառաջիկայ տարուան դպրոցական կրթաթոշակները:

Աւարտելէ ետք Էշրեֆիէի Սեն Կրեկուար վարժարանը, ձեռք կը ձգէ հաշուապահութեան վկայական` Պելճիքայէն:

1960-ական թուականներուն, երբ տակաւին ելեկտրականութենէ զուրկ էին Լիբանանի կարգ մը գիւղերն ու քաղաքները, ան իբրեւ թոփոկրաֆ` ելեկտրականութեան նախարարութեան կողմէ խմբակի մը ընկերակցութեամբ ուղարկուած է հարաւային Լիբանան, ամիսներով մնացած է հարաւի մէջ ու պատրաստած` մեծ թիւով գիւղերու ելեկտրականութեան կեդրոններ հիմնելու քարտէսները:

Պր. Միշել տարիներով ստանձնած  է մեծ թիւով հայկական եւ տեղական հաստատութիւններու հաշուապահութեան տոմարները, նաեւ, միւս կողմէ, ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն:

Ան եղած է հայ կաթողիկէ համայնքի զանազան բարեսիրական, խնամակալական եւ այլ կառոյցներու անդամ, Էյպէզի հայրենակցական միութեան վարչական եւ երկար տարիներու ատենապետ: ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի անդամ եւ վարչական, երկար տարիներ մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դիւաններուն:

«ՄԵՆԶԱ» հաստատութեան հիմնադրութեան առաջին օրերէն մինչեւ 2000 թուական ան, մաս կազմելէ ետք միութեան պատասխանատու մարմիններուն, 2002 թուականին կը ստանձնէ  «ՄԵՆԶԱ»-ի տնօրէնի պաշտօնը` ձեռնհասօրէն վարելով զայն մինչեւ իր անակնկալ մահը:

«ՄԵՆԶԱ»-ի շահը նկատելով ամէն բանէ վեր, Միշել Տիք-Խորոզեան տնօրինեց իբրեւ տէր եւ աշխատեցաւ իբրեւ խոնարհ սպասարկու:

Գրասենեակի պաշտօնեաները նկատեց իր հարազատ զաւակները, միութեան անդամները ընդունեց իբրեւ հայր եւ երէց եղբայր, լուծում տուաւ բոլորին հարցերուն, խրատեց, յորդորեց եւ դիւրացուց դժուարութիւններ ունեցողները:

Շատ լուրջ ու բծախնդիր էր իրեն վստահուած պարտականութեանց մէջ, օրեր կը տրամադրէր միութեան հաշիւները ճշգրիտ ու հարազատ պատկերով ներկայացնելու համար վարչութեան, ապա` անդամական ընդհանուր ժողովներուն:

Հակառակ քանի մը տարիներէ ի վեր երկրին մէջ տիրող տնտեսական վատ պայմաններուն եւ դժուարութիւններուն` ան, վարչութեան կողքին, մեծ ճիգ թափեց «ՄԵՆԶԱ» համագործակցականի գործունէութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար:

Վստահաբար գալիք օրերուն խոր ցաւով պիտի զգանք այն բացը, որ ստեղծուեցաւ անոր կորուստով, բոլորս ալ անխտիր պիտի փնտռենք զինք, պիտի կարօտնանք այն անկեղծ մարդը, նուիրական հայը:

«ՄԵՆԶԱ» հաստատութեան, Վերահսկիչ մարմինին, վարչութեան ու պաշտօնէութեան անունով կը խոնարհինք անոր անթառամ յիշատակին առջեւ:

Վա՛րձքդ կատար, հանգիստ ննջէ, սիրելի՛ պարոն Միշել:

«ՄԵՆԶԱ» ՎԱՐԿԻ ԵՒ ԽՆԱՅՈՂՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Հայկական Սպաննիչ Ճգնաժամէն Դէպի Action Plan(1)

Յաջորդը

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?