Յօդուածներ

Բժիշկ Արամ Սահակեան-Սալբի(*)

Բժիշկ Արամ Սահակեան-Սալբի(*)

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Արամ Սահակեան ծնած է 9 նոյեմբեր 1884-ին, Կեսարիոյ Կերմիր գիւղը: Գրչանունը եղած է Սալբի: 1906-ին աւարտած է Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետ վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ֆրանսական  համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ: Ուսանողութեան տարիներուն, անդամակցած է ՀՅԴ-ին: «Սալբի» գրչանունով աշխատակցած է «Ազատամարտ» պարբերականին: 1914-1918 տարիներուն` Ա. Աշխարհամարտին, զօրակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է իբրեւ զինուորական...

Ուսուցիչներ, Որոնք Մեծ Ազդեցութիւն Կը Ձգեն Ուսանողներու Կեանքին Վրայ

Ուսուցիչներ, Որոնք Մեծ Ազդեցութիւն Կը Ձգեն Ուսանողներու Կեանքին Վրայ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Անշուշտ մեծ երջանկութիւն է ունենալ ուսուցիչներ, որոնք կեանքիդ դրական ընթացք կու տան: Այդ ընելու համար անշուշտ ուսուցիչը պատրաստուած պէտք է ըլլայ ե՛ւ ինքնազարգացումով, ե՛ւ ուսումով: Կրենտ Քանիոն համալսարանի կայքը հրապարակած է ուսուցիչներու մասին յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Մտածեցէ՛ք այն բոլոր ուսուցիչներուն մասին, զորս ունեցած էք այս տարիներու ընթացքին: Հնարաւոր է, որ դպրոցին մէջ ունեցած էք...

Երուսաղէմի Հայկական Պարտէզը Կ՛օտարացուի – Բ. –    Յորդոր` Երուսաղէմի Կարգ Մը Մեր Կղերիկոսներուն

Արցախահայութեան Ցեղային Զտումը Թող Մեր Վերջին «Ելք»-ը Ըլլայ

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ 2014 թուականի մարտի 21-ին Քեսապի բնակչութիւնը զոհը դարձաւ «եաթաղան»-ի նոր հարուածին: Բիրտ ուժով անոր պարտադրուեցաւ լքել իր բնօրրանը: 2014-Քեսապ Այդ օրերուն համագիւղացիներուս հետ ապրեցայ կեանքիս ամէնէն դառն պահերէն մէկը: 20 գարուններուս ընթացքին երբեք ականատեսը չէի դարձած ութսունամեայ պապուկիս (մեծ հօրս) արցունքներուն, որոնք հարուածեցին էութիւնս, երբ ան կ՛ընդդիմանար տունէն ելլելու իմ պաղատանքին` ըսելով. - Իս եօս պըր խիսսեմ,...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Տեսակէտ. Այս Ինքնակործանման Խելագար Միջավայրում…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Ի՞նչ գրել, որտեղից սկսել, կամ շարունակել, ո՞ւր աւարտել... Մի՞թէ այս ամէնին աւարտ կայ, կամ պիտի լինի... Ո՞ր կողմ դառնաս, որտեղի՞ց փրկութիւն, մօտակայ բարելաւում սպասես: Չգիտես` կենտրոնանաս միայն քո երկրի կորուստների՞, կործանմա՞ն, փրկութեան միջոցների՞ն, թէ՞ պաշտպանուես, մէկ անգամ եւս կուլ չգնաս, շնչահեղձ չլինես աշխարհաքաղաքական այս նոր փոթորիկի մէջ, ուր կրկին ներառուած է մեր ժողովրդի թափառական մի հսկայական...

Նամականի

Նամականի

Պատուարժան տնօրէնութիւն «Ազդակ» օրաթերթի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ¬Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնս սոյն նամակով խորին շնորհակալութիւն կ՛ուզէ յայտնել ձեզի, որ անյապաղ ընդառաջեցիք վարժարանիս 10-րդ դասարանի աշակերտները ձեր խմբագրատան յարկին տակ ընդունելու խնդրանքին: Յայտնեմ, որ անոնք շատ սիրալիր ընդունելութիւն վայելելէ բացի, բազմազան գիտելիքներով օժտուած` գոհունակ եւ ուրախ, վերադարձան դպրոց: Անոնց այցելութիւնը լիովին իր նպատակին ծառայեց: Մէկ խօսքով` աջակցեցաք մեր վարժարանի հայերէն դասընթացքներու...

ՀԱՀԽ-ի Յայտարարութիւնը` Ի Խնդիր Արցախահայութեան

ՀԱՀԽ-ի Յայտարարութիւնը` Ի Խնդիր Արցախահայութեան

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Գործադիր տնօրէն Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի Առաջին շարք, ձախէն աջ` վեր. Ալպերթ Փայտեան, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Զաւէն Խանճեան եւ վեր. Յովել Միքայէլեան: Երկրորդ շարք, ձախէն աջ` վեր. Կալվին Սաղըրեան, վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան եւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան: Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի (ՀԱՀԽ) գործադիր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ` «Հայկական Մշակութային Շաբաթ» Հովանաւորութեամբ Հալէպի համալսարանի «Պաաս» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, գործակցութեամբ Հալէպի համալսարանի Ուսանողական ընկերակցութեան, 22 հոկտեմբերին Հալէպի պետական համալսարանի «Ապու Պաքր ալ-Ռազի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակութային շաբթուան» ցուցահանդէսի բացումը : Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան` հայ ժողովուրդի պատմութեան...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

«Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Նաքպայի (Պաղեստինի 1948-ի Աղէտը) Յիշողութիւնը, Տանջող Զուգահեռները Եւ Իսրայէլի Դերը»-Միջազգային Հակամարտութիւններու Կարգաւորման Ձախողութիւնները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Մինչ 9 հոկտեմբեր 2023-ին Կազայի ազատագրական գործողութեան առթիւ գրած էի, որ` «1918-ին ստեղծուած Ազրպէյճանը հազարաւոր տարիներու հայկական հողերը իրը կը նկատէ, այնպէս` ինչպէս 1948-ին ստեղծուած Իսրայէլը հազարաւոր տարիներու Պաղեստինը իրը կը նկատէ - Պաղեստինցիներուն արդար ու նախանձելի պոռթկումը. Իսրայէլ` Հայաստանի,  Արցախի ու Լիբանանի չարիքներուն ստոյգ մեղսակիցը» (1), իսրայէլեան օրաթերթ մը հետեւողական կերպով նոյն նիւթով հետաքրքրուած էր: Իսրայէլեան առաջատար...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Սուրիահայ Մտաւորական Աւօ Գաթրճեանի Գիրքերը Ներկայացուեցան Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին Մէջ Հոկտեմբեր 24-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտական- հետազօտական հիմնադրամին մէջ իր հեղինակած աշխատութիւնները ներկայացուց սուրիահայ մտաւորական, բազմաթիւ յօդուածներու, գիրքերու եւ երգերու հեղինակ Աւօ Գաթրճեան: Ձեռնարկին սկիզբը բանախօսը ծանօթացուց Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, հայագէտ Հայկազուն Ալվրցեանը, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Աւօ Գաթրճեանի գիրքերուն մասին եւ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շամախիի Շրջակայ Բնակավայրեր Եւ Հոգեւոր Կեդրոն Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ Վանք

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շամախիի Շրջակայ Բնակավայրեր Եւ Հոգեւոր Կեդրոն Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ Վանք

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանք Աղուանքի կամ ներկայ Ազրպէյճանի մէջ հայաշատ բնակավայրեր եղած են գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: Շամախի հայաշատ կեդրոնական քաղաքին մօտակայքը Գէոքչա աւանն է: Գէոքչայի մէջ բնակութիւն հաստատած են գլխաւորաբար Շամախիէն եւ Շաքիէն տեղափոխուած հայերը: Էվլիա Չելեպի իր ուղեգրութեան մէջ կը յիշէ, որ Գէոքչա մեծ գիւղ է, ունի 700 տուն բնակչութիւն, այգիներ եւ պարտէզներ: Գէոքչայի հայերը...

Սթափելու Ժամանակը

Սպասելով Աւելի Վստահելի Տեղեկութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լրատուութեան առանձնայատուկ է զբաղիլ անմիջականով: Անմիջականը, այս օրերուն, Կազայի պատերազմն է, որուն մասին տեղեկութիւնները կ՛ողողեն լրատուամիջոցները: Հազիւ կը յիշուի Ուքրանիոյ շարունակուող պատերազմը, իսկ Արցախին վերաբերող իրադարձութիւնները, որոնց մասին տեղեկատուութիւնը արդէն ժլատ էր, այժմ համարեա դադրած է յիշատակուելէ: Անակնկալ էր սակայն, Եւրոպական Միութեան Կազային նուիրուած գագաթաժողովի աւարտին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի կողմէ տրուած մամլոյ ասուլիսին լուծում պահանջող հարցերու կարգին...

Խմբագրական «Հայրենիք»-Ի.   Աղաւնիի, Ձիթենիի Ճիւղի Եւ… Նետ Ու Աղեղի Պատմութիւն

Խմբագրական «Հայրենիք»-Ի. Աղաւնիի, Ձիթենիի Ճիւղի Եւ… Նետ Ու Աղեղի Պատմութիւն

Տարօրինակ ու անհասկնալի կացութիւն մը ստեղծուած է, մասնաւորաբար` Արցախի եւ ընդհանրապէս կովկասեան բարձրաւանդակին շուրջ: Նման կացութիւններ կան նաեւ այլուր: Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ իր հասկցած ձեւով` հարցը կառուցողական ձեւով լուծելու ընթացքը, կոչ ուղղելով Պաքուին եւ Երեւանին` կլոր սեղանի շուրջ նստելու եւ համագործակցութիւնը վերականգնելու, հեռու մնալով զինուորական միջամտութենէ: Սա բարի տրամադրութեան... մակերեսն է միայն, որովհետեւ խորքը բոլորովին տարբեր է: Իրատեսը գիտէ, որ...

Ալիեւ. «Ղարաբաղի Անջատողականներուն  Ղեկավարները Արժանի Պատիժ Պիտի Կրեն»

Ալիեւեան Համարկման Ծրագրին Էութիւնը

Ա. Ա. Իր բնիկ ժողովուրդէն պարպուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի դատարկ եւ ամայի հրապարակին վրայ բռունցք ճօճելով, «Կարապախ պիզիմտիր» գոչող Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախորդ օրերուն շրջագայեցաւ արցախեան գրաւեալ տարածքներու մէջ, ուր իր արտասանած խօսքերուն մէջ ոչինչ ըսաւ արցախցիներուն ազրպէյճանական հասարակութեան եւ պետական կառոյցներուն մէջ համարկուելու հոլովոյթին մասին, ոչ ալ անդրադարձաւ, այսպէս կոչուած, համարկման այն ծրագրին, որ նախատեսուած է արցախցիներուն համար:...

Անհամբեր Սպասուած Ամիսը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Է՛լ Չմնաց Ելք Ու Ճար

ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Եւ այսպէս, համաշխարհային հետաքրքրութիւնն ու ուշադրութիւնը ակնթարթային ոստումով ցատկեցին Արցախի վրայէն` ձգելով մեր խեղճ ու կրակ երկիրն ու տեղահանուած արցախահայութիւնը որբ, առանց ոչ իսկ գէթ բերանացի օժանդակութեան` միջազգային հարթակներէն: 7 հոկտեմբերին, երբ գրեցի այս յօդուածը, Իսրայէլ յայտարարած էր, որ մօտաւորապէս 250 հրեայ զոհ տուած է իսրայէլեան-պաղեստինեան կռիւներուն ընթացքին: Իսկ ի՞նչ եղան մեր 120.000 հայերը, երբ 9 ամիս...

Մարդկային Իրաւունքներ (Human Rights)

Մարդկային Իրաւունքներ (Human Rights)

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ         10 դեկտեմբեր 1948-ին Համաշխարհային մարդկային իրաւունքներու յայտարարութիւնը (Universal Declaration of Human Rights) կնքուեցաւ  Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ` Ընդհանուր ժողովի միջոցով: Անոր նպատակն էր հիմնել ճիշդ եւ յարմար ապագայ` բոլորին համար, ինչպէս նաեւ պաշտպանել բոլորին իրաւունքները` առանց սեռի, գոյնի, ցեղի կամ կրօնի խտրութեան, անկախ կուսակցական կարծիքներէ... եւ մանաւանդ` պաշտպանելով անոնց ազատ եւ անկախ գոյութիւնը: Փետրուար 1947-ին մարդկային իրաւունքները գրուեցան...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Երեւանեան Օրագրութենէս…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տակաւին Երեւան եմ... Թէեւ ամէն առաւօտ աշնանային մշուշ մը միշտ իր ետեւը պահած կ՛ըլլայ մեր հայրենիքի մայրաքաղաքը, սակայն ժամեր ետք արշալոյսը կրկին անգամ կը ծնի` իբրեւ նոր օրուան աւետում: Ի՜նչ երջանկութիւն: Ինծի համար աշխարհի բոլոր այդ հրաշալիքները չեն կրնար ունենալ նման կերպ: Ու անկեղծօրէն ըսելով` ամէն օր արթնցող փողոցներէն կը փորձեմ քալել: Կենդանի երակներուն նման հրապարակներու հանրային պարտէզներէն...

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը  (Մաս Ա.)   Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Ա.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Միլիոնաւոր տարիներ առաջ լօռերն (algae) ու բոյսերը կ՛ապրէին ծովերու մակերեսին: Մեռնելէ եւ ծովուն յատակը սուզուելէ ետք օրկանական անոնց նիւթը խառնուած է այլ նստոյցներու (sediments) հետ եւ թաղուած` այնտեղ: Միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին բարձր ճնշման եւ ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ այս օրկանիզմներու մնացորդները վերածուեցան այսօրուան շատերուն ծանօթ բրածոյ վառելանիւթին (fossil fuel): Ածուխը, բնական կազը եւ քարիւղը հանածոյ վառելանիւթեր են, որոնք ձեւաւորուած...

Գրախօսութիւններ.  «Ռոստոմի Անտիպ Նամակները» Հրատարակութեան Պատրաստութիւն, Խմբագրութիւն Եւ Ծանօթագրութիւն` Երուանդ Փամպուքեանի, «Վէմ» Մատենաշար, Թիւ 4, Եր., «Լուսակն», 2022, 732 Էջ*

Գրախօսութիւններ. «Ռոստոմի Անտիպ Նամակները» Հրատարակութեան Պատրաստութիւն, Խմբագրութիւն Եւ Ծանօթագրութիւն` Երուանդ Փամպուքեանի, «Վէմ» Մատենաշար, Թիւ 4, Եր., «Լուսակն», 2022, 732 Էջ*

ՅՈՎԻԿ Բ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Պատմ. գիտ. թեկնածու Բանալի բառեր - անտիպ նամակներ, ՀՅԴ Կեդրոնական արխիւ, «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւն, ՀՅԴ Բիւրօ, «Պատճէնների մատեան», «Սեւագրութիւնների» մատեաններ, հայ ազատամարտ: 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկզբի հայ ազատամարտի յորձանուտում ծնուել են այնպիսի բացառիկ անհատականութիւններ, որոնք աչքի էին ընկնում իրար յաջորդող իրադարձութիւնները կանխատեսելու, դրանց հնարաւոր հետեւանքները հաշուարկելու եւ բարդ իրավիճակների յաղթահարման համար ճշգրիտ որոշումներ կայացնելու ունակութեամբ: Նրանցից էր...

Ոտնակոխ Տունը

Կորիզային (Կամ` Օփընհայմըր Ա.)

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Այս օրերուն առնուազն երկու պատրուակ ունիմ անդրադառնալու կորիզային ռումբերու արտադրութեան: Առաջինը Իրանի Իւրանիոմի հարստացման (խտացման) աշխատանքներն են, այդ ի հարկէ ունի քաղաքական խորապատկեր: Երկրորդ դրդապատճառը Ք. Նոլընի «զգայացունցապաշտ» շարժապատկեր «Oppenheimer»-ն է, որ առաւելագոյն շահոյթ ապահովելու համար կը շեփորահարուի ընկերային ցանցերու վրայ, եւ որ արդէն իսկ կը ցուցադրուի Լիբանանի ամենաշքեղ սրահներուն մէջ: «Աթոմական ռումբի հայր» ոչ պատուաբեր տիտղոսին արժանացած...

Ո՛չ Պատերազմ, Ո՛չ Ալ Անարժանապատիւ Խաղաղութիւն. Այլ Համազգային Դիմացկունութիւն

Տեսակէտ. Պետական Մտածողութեան Հրամայականը Եւ Արցախահայութեան Վերաբնակեցման Հարցը

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Բռնի տեղահանուած արցախահայութեան աղէտի ընթացքին, երեք տարիներ շարունակ ներքաղաքական աղմուկի եւ պարտութեան թմբիրով տարուած հայութիւնը` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ արտերկրի մէջ, կեանքի նշոյլներ ցոյց տուաւ: Ամէն տեղ կամաւորներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ աղէտահար արցախահայութեան օգնութեան փութացին Գորիսէն մինչեւ Նոյեմբերեան: «Քաղաքակիրթ աշխարհն» ալ վայրկեանի մը համար նոր աղէտին նկատմամբ իր գթութեամբ կարծես խաբեց հայութիւնը, մինչեւ որ Կազա-Իսրայէլ ճգնաժամը վրայ հասաւ:...

Page 228 of 1111 1 … 227 228 229 … 1,111

Արխիւներ