ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղուանքի հիւսիս-արեւմտեան կողմը գտնուող Շաքի քաղաքը իր շրջակայ գիւղերով հայաշատ էր եւ հարուստ` հայրենի պատմական յիշատակարաններով:
Շաքիի շրջակայ գիւղերէն անուանի է յատկապէս Քիշ, որուն առաքելահիմն եկեղեցին եղած է մեծ ուխտատեղի:
* * *
Շաքի գաւառը կ՛ընդգրկէ Օրաբան, Արջկան եւ Կախաւան գետերուն միջեւ, Կովկասեան լեռնաշղթայի հարաւահայեաց լանջերէն մինչեւ Զարղունի դաշտ երկարող գօտին:
Շաքի քաղաքը կը գտնուի Կովկասեան լեռնաբազուկներու միջեւ, 700 մեթր բարձրութեամբ հովիտի մը մէջ: Արեւմտեան կողմէն կը հոսի Քիշ գետը, իսկ քաղաքին մէջէն` Գուջանան գետը:
Շաքիի մէջ հայեր ապրած են պատմութեան հին դարերէն: Շաքիի թեմը յիշուած է Ե. դարէն սկսեալ. առաջնորդներ եղած են Եղիազար (680-686) եւ Միքայէլ (705-742) եպիսկոպոսները, որոնք նաեւ Աղուանից կաթողիկոսներ եղան:
Տարօնի Աշոտ Բագրատունի իշխանի որդիները Ը. դարուն Շաքիի մէջ իշխանութիւն հաստատեցին, որ գոյատեւեց մինչեւ Ժ. դար:
Շաքիի իշխանութեան բնակիչները մեծամասնութեամբ հայեր եւ հայախօս դարձած աղուաններ էին:
Արաբական տիրապետութեան ժամանակ Շաքիի մէջ իշխանութիւն հաստատեց Սահլ Սմբատեան Առանշահիկ իշխանը:
Լոռիի Կիւրիկեանները 1038-ին տիրապետութիւն հաստատեցին Շաքիի վրայ, որ գոյատեւեց մինչեւ 1105:
Շաքիի բնակչութիւնը ժամանակի ընթացքին ստուարացաւ Արցախէն, Ագուլիսէն եւ Խոյէն տեղափոխուած հայերով:
Վրացական Դաւիթ Դ. թագաւորին բանակը 1117-ին գրաւեց Շաքին:
Շաքիի մէջ ԺԳ. դարուն իշխանութիւն հաստատեցին Շիրվանշահները:
Մոնկոլական արշաւանքներէն ետք, ԺԴ. դարուն Շաքիի մէջ իշխանութիւն հաստատեց Օյրաթ ցեղին մէկ հատուածը: Լենկթիմուր 1392-ին գրաւեց Շաքին եւ սպաննեց անոր տիրակալ Սէյիտ Ալին:
Պարսից շահ Իսմայիլ Ա., որ 1501-ին հիմնած էր Սեֆեան հարստութիւնը, մինչեւ 1510 ամբողջացուց Աղուանքի նուաճումը: Շաքիի տեղացի իշխողները պահեցին իրենց ինքնավարութիւնը: Շահ Թահմասպ Ա. 1551-ին ջնջեց Շաքիի ինքնավարութիւնը եւ ղզլպաշ կառավարիչ նշանակելով շրջանը Սեֆեւիներու թագաւորութեան միացուց: Այնուհետեւ Ղաջար ցեղէն պէյլէրպէկիներ Շաքիի կառավարիչներ եղան:
Օսմանցիք 1578-ին, 1603-ին եւ 1724-էն 1735 գրաւեցին Շաքին:
Հաճի Չելեպի, որ իսլամացած հայ էր, Բարսեղ քահանայի թոռը եւ Ղուրպան բէկի որդին, եւ 1741-1743-ին մասնակցած էր Նատիր շահի տաղստանեան արշաւանքին, 1743-ին Շաքիի խանութիւնը հիմնեց:
Հաճի Չելեպի Արցախի մելիքներուն հետ դաշնակցեցաւ, ընդդէմ Ղարաբաղի Փանահ Ալի խանին:
Շաքի հզօր խանութիւն դարձաւ եւ իրեն ենթարկեց շրջակայ շարք մը ցեղապետութիւններ: Խանութեան պաշտօնական լեզուն պարսկերէնն էր: Խանութիւնը իր սեփական դրամը ունէր:
Շաքիի խանութեան բնակչութիւնը կը կազմէին թրքական ցեղային խմբաւորումներ, հայեր, լեզգիներ եւ լեռնային հրեաներ:
Շաքիի խանութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ 1805-ին դաշինք կնքուեցաւ, որմէ ետք Ջաֆար Ղուլի Տոնպոլի 1806-ին Շաքիի խան հռչակուեցաւ:
Շաքիի խանութիւնը Գիւլիստանի 1813-ի դաշնագիրին հիմամբ Ռուսական կայսրութեան միացուեցաւ եւ 1819-ին ջնջուեցաւ:
* * *
Շաքիի հայկական քաղաքամասը, որ կ՛ընդգրկէր քաղաքին ստորին մասը, երկու թաղերէ բաղկացած էր, որոնք Գուջանան գետով բաժնուած էին իրարմէ:
Գետին արեւմտեան կողմը տարածուող գօտին կը կոչուէր Արեւմտեան թաղ կամ Էն Ղոլի գեղ, իսկ արեւելեան կողմը տարածուող գօտին` Արեւելեան թաղ կամ Էս Ղոլի գեղ:
Արեւմտեան թաղին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ աւելի ծանօթ էր իբրեւ Ղարիբականաց եկեղեցի: Հոյակերտ եկեղեցւոյ կառուցումը, «արդեամբ ղարիբականաց», սկսած էր 1808-ին եւ աւարտած 1833-ին:
Եկեղեցւոյ ընդարձակ բակին մէջ ամփոփուած են պանդուխտ հայ ննջեցեալներ: Յիշենք ռուսական բանակի ականաւոր զօրավար Իվան (Յովհաննէս) Լազարեւի հօր` Դաւիթ Լազարեանի մահարձանը, որուն վրայ արձանագրուած է. «Հանգչիմ աստանօր Դաւիթըս Լազարեանց,
Ծնունդ Արցախու երկրին քաջազանց
Սերունդ իշխանաց Քշտաղ գաւառի,
Մելիք Հայկազին եւ Բհաթուր բէկի.
Պանդուխտս տարաբաղդ մտի յայս տապան,
Կարօտ դեռահաս որդւոցս սիրական,
Հեղլով զարտօսր ի ծանր մահճի,
Յանձնեցի զնոսա երկնային Տեսչի:
Երեսնամեայ կենօք վախճանեցայ ի սեպ. 1823 ամի»:
Եկեղեցւոյ կողքին, աջ եւ ձախ կողմերը Սուրբ Մարիամեան օրիորդաց դպրոցն էր եւ Տղայոց ուսումնարանը:
Արեւելեան թաղին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Մինաս առաջնորդանիստ եկեղեցին, որ ծանօթ էր իբրեւ Բնիկ քաղաքացոց եկեղեցի:
Շաքիի հայոց բնակարանները տանձի, խնձորի, սերկեւիլի, զղեարի ծառերով ու խաղողի այգիներով շրջապատուած էին:
Շաքի քաղաքը 1820-ական տարիներու տուեալներով ունէր 319 տուն, աւելի քան 1500 հայ բնակիչ: 1897-ի համառուսաստանեան առաջին մարդահամարի տուեալներով քաղաքի հայ բնակչութեան թիւը 4186 հոգի էր:
Շաքիի մէջ մետաքսաթելի տասներեք գործարաններ կային, որոնցմէ ութը հայերուն կը պատկանէր: Մետաքսաթելի ամենամեծ գործարանը Տէր Գէորգեան եղբայրներու հաստատութիւնն էր, ուր աշխատողներուն քանակը կը հասնէր երեք հարիւրի:
Շաքի վաճառաշահ քաղաք էր յատկապէս ամրան եւ աշնան եղանակներուն: Հոն կը վաճառուէին շրջակայ գաւառներուն մետաքսեայ թելերը եւ Տաղստանի տեսակաւոր շալերը:
Շաքիի ճարտարապետական յուշարձաններէն են Խանական պալատը, Վերին եւ Վարին կարաւանատուները եւ չորս բաղնիքներ:
Շաքիի հայոց հին գերեզմանատան մէջ կը գտնուէր Սուրբ Հռիփսիմէ մատուռը, որուն շինութեան թուականը անյայտ է. նորոգուած է 1833¬ին:
* * *

Քիշ, Շաքիէն հինգ քիլոմեթր հիւսիս, Քիշ գետի ափին եւ Թաթ լերան լանջին, պատմական գիւղ է:
Աղուանքի առաջին լուսաւորիչ Եղիշէ առաքեալ Ա. դարուն հոն կառուցեց Աղուանից մայր եկեղեցին, որ իր անունով կոչուեցաւ Սուրբ Եղիշէ եկեղեցի:
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Ե. դարու սկիզբը իր աշակերտներուն հետ Քիշ գալով նորոգեց եկեղեցին, ամրապնդեց քրիստոնէական հաւատքը եւ ապահովութեան համար գետնի մէջ ամփոփեց արծաթեայ այն խաչը, որուն մէջ զետեղուած էր Կենաց փայտի մասունքը:
Սուրբ Մեսրոպի աշակերտներուն կէսը նահատակուեցաւ Քիշի մէջ: Անոնց մարտիրոսութեան վայրին վրայ մատուռ կառուցուեցաւ: Նահատակներուն մարմինները փայտեայ արկղի մէջ զետեղուեցան եւ մատուռին մէջ ամփոփուեցան:
Առաքելահիմն Սուրբ Եղիշէ հին եկեղեցւոյ վայրին մէջ հետագային նոր եկեղեցի կառուցուեցաւ եւ Սուրբ Մեսրոպի խաչը եկեղեցւոյ գմբէթին մէջ զետեղուեցաւ:
Առանշահիկներու տոհմէն Վարազ Պերոժ իշխան Է. դարուն նորոգեց եկեղեցին եւ Աղուանից Եղիազար կաթողիկոս բոլոր եկեղեցական ուխտով աճապարեց Քիշ, մեծահանդէս նաւակատիք կատարեց եւ Սուրբ Մեսրոպի խաչի Կենաց փայտէն փոքր կտոր մը իր ձեռաց խաչին մէջ զետեղեց:
Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին մեծ ուխտատեղի դարձաւ շրջանի հայոց եւ նաեւ իսլամներուն համար:
Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը արտաքնապէս կիսակլոր է, արեւմտեան կողմը` քառանկիւն, վերի կողմը` խաչաձեւ:
Քիշի հայ բնակչութիւնը, այլադաւաններու տեւական եւ սաստիկ հալածանքի պայմաններուն տակ, 1720-ական տարիներուն իսլամութիւն ընդունեց: Ռուսական տիրապետութեան հաստատումէն ետք անոնք վերադարձան իրենց քրիստոնէական հաւատքին: Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին վերանորոգուեցաւ 1860-ական տարիներուն:
* * *
Կելերսէն¬Կէօրէրսէն բերդը կը գտնուի Քիշ գետի ափին եւ կառուցուած է Ը.-Թ. դարերուն:
Աւանդութեան համաձայն Իրանի Նատիր շահ երբ 1744¬ին յարձակեցաւ Շաքիի խանութեան վրայ, Հաճի Չելեպի խան բերդին մէջ ապաստան գտաւ: Շահը խանէն անձնատուութիւն պահանջեց: Հաճի Չելեպի խան պատասխանեց. «Կելերսէն-Կէօրէրսէն» (կու գաս, կը տեսնես): Այնուհետեւ բերդը կոչուեցաւ Կելերսէն¬Կէօրէրսէն: Անիկա ներկայիս կիսաւեր է:
* * *
Շաքիի շրջակայքը հայաբնակ փոքր գիւղեր կային:
Մալղ գիւղին դիրքը դաշտային է: Բնակիչները Արցախէն տեղափոխուած են Պաշնճաղ, յետոյ հաստատուած Մալղ, ուր կառուցած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Այտըն Բուլաղ կը գտնուի դաշտին հարաւային կողմը: Բնակիչները Արցախի Խաչեն եւ Ջրաբերդ գաւառներէն տեղափոխուած են հոն եւ կառուցած փայտաշէն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Ալեար կը գտնուի դաշտի հարաւային ծայրամասին: Բնակիչները Արցախէն Պաշնճաղ եւ յետոյ հոն տեղափոխուած են եւ 1885¬ին կառուցած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Գէոյբէկլու դաշտային է, բերրի հողերով: Բնակիչները Խաչենէն ու Ջրաբերդէն տեղափոխուած են հոն եւ կառուցած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Զայզիւտ կը գտնուի Օրաբան գետին եւ Շաքիի միջեւ եւ անցեալին եղած է հայաբնակ: Գիւղի բարձունքին կը գտնուին եկեղեցւոյ մնացորդները, որուն շուրջ կան տապանաքարեր:
Քունգիւտ կը գտնուի Գէոյբէկլուի հիւսիսը: Գիւղին հայ բնակիչները ԺԸ. դարուն պարտադրաբար իսլամացուած են եւ եկեղեցւոյ թանկագին իրերը գետնին տակ պահած են: Աւելի քան դար մը ետք գիւղացիք այդ սրբազան իրերը Ղուկաս եւ Ղազարոս քահանաներուն յանձնեցին:
Քունգիւտի հիւսիսային կողմը գերեզմանատուն մը կայ, որուն տապանաքարերէն կանգուն մնացած էր միայն մէկը, հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Այս է հանգիստ Արզրումցի Մովսէսի որդի Իփակչի-Խոճա¬Սաքարին, որ փոխեցաւ ՌՃԼԵ թուին»:
* * *
Սուրբ Գէորգ վանքը կը գտնուի Օրաբան գետի աջ ափին, հարաւահայեաց լեռնալանջին, Պտէզ (Պարտէզ) գիւղին մօտ, որուն բնակիչները իսլամացած հայեր են: Վանքը եղած է պարսպապատ: Հոն ուխտի կ՛երթային հայ քրիստոնեաներ եւ իսլամացած հայեր: Վանքին հիւսիս-արեւելեան կողմը քաղցրահամ աղբիւր մը կայ:
Սուրբ Գեղարդ վանքը կը գտնուի Սուրբ Գէորգ վանքին հիւսիս¬արեւմտեան կողմը, լերան բարձունքին եւ նոյնպէս ուխատեղի է:
* * *
Կախաւան կը գտնուի Շաքի գաւառի արեւմտեան կողմը, հովիտի մը մէջ եւ այգեստաններով ու պարտէզներով շրջապատուած է:
Կախաւանի մէջ բնակութիւն հաստատած են Ագուլիսէն, Արցախէն եւ Գանձակէն տեղափոխուած հայեր եւ կառուցած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Հայկական թաղամասը մէկ փողոցի վրայ կ՛երկարէր: Բնակարանները քարաշէն էին եւ երկյարկանի. առաջին յարկը խանութներ կամ արհեստանոցներ էին: Փողոցին երկու կողմերը կամարակապ աշտարակներ կային, երկփեղկ դուռերով, որոնք ապահովական նկատառումներով գիշերները կը կղպուէին: