Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Եւս Է Զոհրապ Եագուպեանը (1949 – 2023)

November 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ

Լոս Անճելոսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ բեմադրիչ եւ դերասան Զոհրապ Եագուպեանը:

Զոհրապ Լիբանանի մէջ բեմ հանած է մօտ 50 թատերախաղեր` հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով:

«Ազդակ»-ի 18 նոյեմբեր 2013-ի թիւին մէջ կը կարդանք. «Տաղանդաւոր դերասան-բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեան, 70-ականներէն մինչեւ 90-ական թուականներուն աւարտը, մնայուն ներկայութիւն մը ունեցաւ բեմերուն վրայ: Ան բեմադրեց մեր դասական թատրերգութիւններէն մինչեւ երգիծական թատերախաղեր` արժանանալով թատերասէրներու գնահատանքին ու ջերմ ծափերուն»:

1998-ին գրագէտ ու հրապարակագիր Շահանդուխտ իր «Պուրճ Համուտէն կու գամ» հատորին մէջ Զոհրապին մասին կու տայ հետեւեալ կարծիքը.  «Զոհրապ Եագուպեան իր բոլոր կարողութիւնները եւ կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ լիբանանահայ թատրոնի ծաղկումին: Պատերազմի օրերուն, երբ նօսրացաւ թատերական հրապարակը, շատեր ակամայ հեռացան կամ քաշուեցան աշխատանքէ: Զ. Եագուպեանը, սակայն, մնաց բեմին վրայ»:

Զոհրապի բեմադրութիւններէն կրնանք յիշել`

1974-ին «Ձեր կեանքի ժամանակը», 1976-ին` «Վահագնը», 1977-ին` «Պէպէքս», 1978-ին` «Պուրճ Համուտ 78», 1980 «Միալար երաժշտութիւն», 1995-ին` «Փառքի վաշխառուները» եւ այլ գործեր:

1969-ին Զոհրապ Եագուպեանը եւ Սիմոն Մենակեանը կը հիմնեն «Նոր թատրոն» թատերախումբը եւ կը բեմադրեն`

«Արա Գեղեցիկ», «Շողոքորթը», «Մըթթրին երգը», «Գիքորը» եւ այլ գործեր:

1983-ին, Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբով, Զօհրապ կը բեմադրէ «Աստուածային կատակերգութիւն»-ը:

Կը հիմնէ «Մեղուներու խումբ»-ը եւ բեմ կը հանէ տասնեակ մը թատերախաղեր, զաւեշտներ, երգախառն թատերախաղեր:

Զօհրապ կատարած է նաեւ արաբերէն լեզուով բեմադրութիւններ` լիբանանցի յայտնի դերասան Անթուան Քըրպաժի, Մոնիր Քըսրուանիի եւ այլ դերասան-դերասանուհիներու հետ:

Յիշենք նաեւ, որ Զօհրապ ունեցաւ շարք մը բեմընկերներ, որոնք տարիներու ընթացքին մաս կազմեցին իր բեմադրութիւններուն, ինչպէս` Սիմոն Մնակեան, Փիեռ Շամմասեան, Հրայր Սաղրեան, Սահակ Թորիկեան, Մանուէլ Մարգարեան, Գէորգ Նալպանտեան, Սեդա Պօյաճեան, Մեխակ Եագուպեան, Վաչէ Բրուտեան (վարչական պատասխանատու), Խաչիկ Խորոզեան,

Լենա Աճէմեան, Վահէ Պէրպէրեան, Արա Մածունեան, Ռազմիկ Շիրինեան, Հրաչ Պոյաճեան, Մարալ Չիֆթելեան, Զոհրապ Նալպանտեան, չմոռնանք նաեւ Պետիկ Չիֆթելեանը, որ միշտ գործակցած է Զոհրապին հետ:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, ԶՈՀՐԱՊ, քեզ պիտի յիշէ լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը:

Բեմընկերդ`
ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ

Նախորդը

Ազատամարտիկ, Ազգային Երգերու Կատարող Մկրտիչ Մկրտիչեանը (Մակիչ) Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Հասան Նասրալլայի Ճառին Առիթով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.