Կազացիները` Ինչպէս Արցախի Հայերը
Արաբերէնէ թարգմանեց` ՏՕՆԻԿ Տ.
Սոյն յօդուածը կը պատկանի լիբանանցի հանրածանօթ լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Ժան Ազիզի:
Յօդուածագիրը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կերպարին մէջ մտած, կը փորձէ ներկայացնել Իսրայէլի ոճրային քաղաքականութիւնները` զուգահեռներ գծելով Կազայի պաղեստինցիներուն տառապանքին եւ արցախահայութեան տեղահանութեանց միջեւ, անդրադառնալով նաեւ թրքական, արաբական, միջինարեւելեան, եւրոպական եւ ամերիկեան ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւններուն, մեղսակցութեան եւ լռութեան գործօններուն` երկու ճակատագրակից ժողովուրդներու պարագային:
Ժան Ազիզ լայնօրէն կ՛անդրադառնայ Իսրայէլ-Ազրպէյճան սերտ գործակցութեան եւ կ՛ընդգծէ, որ Իսրայէլ իր գաղտնի սպասարկութիւններու միջոցով հիմնական դերակատար եղած է արցախահայութեան տեղահանութեան եւ ցեղային զտումի մէջ:
Ստորեւ` յօդուածը, վերնագրուած` «Նեթանիահուի մտապատկերին մէջ. արաբներն ու Հըզպալլան գործընկերներս են», թարգմանաբար կու տանք փոքր յապաւումներով, պահելով անոր ոճային առանձնայատկութիւնները:
* * *
Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ պատրաստուած, Կազայի բնակչութեան տեղահանութիւնը նկարագրող 10 էջնոց գաղտնի փաստաթուղթը (սպրդուած) մտամարզանքի մը արդիւնքը չէ: Անիկա 13 հոկտեմբեր 2023 թուակիր փաստաթուղթ մըն է, այսինքն պատրաստուած է Համաս շարժումին կողմէ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան սկիզբէն 6 օր ետք:
Սակայն որոշումը Նեթանիահուն անկասկած տուած է անմիջապէս, 7 հոկտեմբերի կէսօրէ ետքը, կամ նոյնիսկ` առաջ (կէսօրէ առաջ) կամ առաւօտեան:
Ինչպէ՞ս մտածեց, վերլուծեց, ծրագրեց եւ որոշեց Նեթանիահուն:

Յօդուածը հպանցիկ քննութիւնն է 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցածին, իրադրութեան եւ իրականութեան… Մեծ չափի իրականութեան:
Հաւանաբար քանի մը վայրկեան առանձնացաւ. միտքին մէջ տարուբերեց, քննեց եւ հաշուեց վնասներու իսկական թիւերը, ո՛չ այն թիւերը, որոնք հիմա պիտի յայտարարէ լրատուամիջոցներուն, սակայն յետոյ հերթաբար օրերու վրայ պիտի բաժնէ եւ ներկայացնէ զանոնք: Իսրայէլեան բանակի ամբողջ գումարտակ մը ջախջախուած` վիրաւոր, սպաննուած եւ անհետ կորսուածներով: Պատահածէն առաջ եւ հիմա, բոլոր չափանիշներով նոյնը չէ այլեւս:
Շուտով յիշեց (Նեթանիահուն), թէ Մենահիմ Պեկինը, որ հրեաներու թագաւոր հռչակուած էր, Լիբանանի դէմ 1982-ի պատերազմի հարցաքննութեան պատճառով «գահընկէց» եղաւ, նոյնպէս Շիմոն Փերեզը` 1996-ին Լիբանանի դէմ սանձազերծուած պատերազմին պատճառով, իսկ Էհուտ Օլմերթի ճակատագիրը եղաւ բանտարկութիւնը` 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք: «Ամէն պատերազմէ ետք Իսրայէլ հետաքննութեան յանձնախումբի մը միջոցով «զոհ» մը կու տայ: Կազայի այս պատերազմը նախորդներէն աւելի ծանր է, ի՞նչ տեսակի «զոհ» պիտի բաւարարէ հարցաքննիչը: Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ ինծի, եթէ համապատասխան եւ արագ լուծումներու չերթամ»: Վայրկեաններ ետք Նեթանիահու տուաւ որոշումը. «Կազայի երկու միլիոն բնակչութիւնը տեղահանել դէպի եգիպտական Սինա, կամ` մեծ մասը սպաննել. հարցը լուծուած է. անցնինք գործի»:

Երբ կանչեց իր օգնականները` անոնց տեղեկացնելու գործողութիւններուն մասին, բոլորը զարմանքով հարցուցին` իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ համաշխարհային կարծիքին անդրադարձը նման գործողութեան մը նկատմամբ:
Նեթանիահուն շատ լաւ գիտէ Հիթլերի խօսքը, երբ որոշած էր բնաջնջել հրեաները, եւ նոյն հարցումը տրուած էր անոր, եւ կ՛ըսուի, թէ ան հետեւեալը պատասխանած է. «Իսկ ո՞վ կը յիշէ քառորդ դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Համաշխարհային կարծիքը ի՞նչ ըսաւ»:

Հաւանաբար Նեթանիահուն շարունակեց իր մտածումները` այս անգամ բարձաձայն ըսելով. «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը կրնայ հիմա մեզի դէմ ըլլալ Կազայի հարցով, սակայն երեք շաբաթներ առաջ մեր լաւագոյն եւ հիմնական գործընկերն էր Արցախի ժողովուրդի տեղահանութեան հարցով» (անշուշտ այստեղ Նեթանիահուն չ՛ուզեր վերադառնալ Հիթլերի «վարկաբեկիչ» խօսքին, պէտք ալ չունէր հեռուները երթալու. երեք շաբաթ առաջ երթալը բաւարար էր):
Հաւանաբար Նեթանիահուն իր օգնականներուն պատասխանեց. «Եւ ի՞նչ ըսաւ կամ ըրաւ համաշխարհային կարծիքը, աշխարհը, երբ ուղղակի օգնեցինք, որ 120 հազար հայ տեղահան ըլլայ Արցախէն: Աշխարհը ամբողջ մոռցաւ այդ մասին նուազ քան մէկ ամսուան մէջ: Աւելի քան 4000 հայեր զոհուեցան, ո՞վ բարձրաձայնեց, իսկ ընդհանրապէս այս մասին ո՞վ տեղեկացաւ: Ճիշդ է, որ Ազրպէյճանը կատարեց ոճիրը եւ տեղահանութիւնը, սակայն` մեր միջոցներով, մեր զէնքերով: Իսկ ի՞նչ ըսաւ աշխարհը, իսլամական եւ արաբական աշխարհը կամ Արեւմուտքը: Ոչինչ ըսին»:

«Նոյնիսկ Պաքուի բարձրաստիճան պաշտօնեաները եկան եւ պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնեցին Իսրայէլին: Ակնյայտ էր նաեւ Մոսատի ներկայութիւնը Ազրպէյճանի մէջ, ուր անմիջական դերակատար էին արցախցիներու տեղահանութեան գործին մէջ: Եւ արմատախիլ ըրինք հազարաւոր տարիներ իր հողին վրայ ապրած ժողովուրդ մը: Ձեզմէ մէկը լսե՞ց այս մասին», շեշտեց ան:
Կազացիները` Ինչպէս Արցախի Հայերը
Նեթանիահուն իր բարձրաձայն մտածումները շարունակելով` նշեց. «Զաւեշտալին հաւանաբար այն է, որ Էրտողան քանի մը շաբաթներ առաջ արցախահայութեան տեղահանութեան մէջ մեր սերտ գործընկերը եղած է:
Արցախ
«Մեր գաղտնի սպասարկութեան ծառայութեան կարգ մը տեղեկագիրներ կարդալով` իմացայ, որ Պէյրութի մէջ կարգ մը կողմեր զօրակցական հանդիպումներ փորձած են ունենալ մեր աջակցութեամբ տեղահանուածներու ներկայացուցիչներու հետ: Պարզապէս զօրակցական հաւաք մը, պզտիկ պանդոկի մը սրահին մէջ, եւ չեն կրցած գտնել իսլամական քաղաքական որեւէ ուժի ներկայացուցիչ` մասնակցելու իրենց հետ: Թէեւ Երեւանը Թեհրանի դաշնակից է, իսկ Պաքուն եւ ազերիները` թշնամի: Այս բոլորով հանդերձ, ո՛չ մէկ բառ, ո՛չ մէկ խօսք: Ուրեմն մի՛ մտահոգուիք, Կազայի պաղեստինցիները Արցախի հայերէն տարբեր պիտի չըլլան»:
Աւելի՛ն. Նեթանիահուն հաւանաբար ըսած է, թէ` «Ի՞նչ պիտի ընեն, պատերա՞զմ պիտի յայտարարեն: Լիբանանէ՞ն: Անկարելի է:

«Անոնք մէկ տարի առաջ, ճի՛շդ մէկ տարի առաջ, իրենց ծովէն Կազայի տարածքին քառապատիկը, Մազարեհ Շեպաայի տարածքին 40 անգամը տուին մեզի: Ճիշդ է, որ ատիկա ծովային տարածք է, մարդաբնակ չէ, սակայն այդ ծովային տարածքին մէջ կայ միլիառաւոր տոլարներ արժող հարստութիւն: Ատիկա մեզի նուիրեցին եւ այդ նուիրաբաշխումէն տօնակատարութիւն սարքեցին:
«Նոյնիսկ շաբաթներ առաջ ՄԱԿ-ի մէջ երկու երկիրներուն միջեւ եղածը արձանագրեցինք` իբրեւ սահմանագծման եւ առեւտրական համաձայնութիւն: Բոլորը լուռ մնացին, պաշտօնական Պէյրութը, Հըզպալլան եւ անոր ղեկավարութիւնը: Աւելին ըսեմ ձեզի, նոյնիսկ մեր միջնորդը, որ օրին կատարած է համաձայնութիւնը, ամէնօրեայ դրութեամբ կապի մէջ է անոնց հետ: Առեւտուրը կը շարունակուի: Ինչպէ՞ս պատերազմ պիտի յայտարարեն: Ո՞վ մնաց, Թեհրա՞նը: Վերջինիս այժմու միակ հոգը իր միլիառներն են, որոնք գրաւուած են Քաթարի մէջ` Միացեալ Նահանգներուն կողմէ: Քաթարը, որ հիւրընկալած է Համասի ղեկավարութիւնը (Միացեալ Նահանգներու թելադրանքով)…
«Իսկ արաբներէն ո՞վ պիտի ընդդիմանայ մեր ծրագիրին: Եգիպտո՞սը: Անոր հարցերը Համասի հետ նոյնքան են, որքան` մերը: Կարդացի, որ Եգիպտոսը յաջորդող շաբաթներուն զբաղած պիտի ըլլայ Ճազի միջազգային փառատօնով մը, որուն պիտի մասնակցին 14 երկիրներէ հռչակաւոր դէմքեր: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ Եգիպտոսը ապրելու մշակոյթի կողմնակից է, ո՛չ մահուան:
«Սէուտական Արաբիա՞ն: Անոր կեցուածքը յստակ է: Ան կողմնակից է «երկու պետութիւն» լուծման, որ մերժուած է Համասի կողմէ: Ան նաեւ իր երկրի զարգացման ծրագիրներով զբաղած է: Սէուտական Արաբիան յստակօրէն ըսած է, որ երբ Իրանի «արբանեակ»-ները հարուածեցին «Արամքօ»-ն եւ վտանգեցին երկրին տնտեսական զարգացումը, երկրին մէջ չդադրեցաւ Ֆորմիւլա 1-ի մրցումը, որովհետեւ այդ երկիրը կը հաւատայ կեանքի շարունակականութեան եւ նոյնպէս ապրելու մշակոյթին կողմնակից է:
«Ո՞վ մնաց: Սուրիա՞ն: Իմ ենթադրութիւնս է, որ Սուրիոյ մէջ զօրակցական մէկ հաւաք նոյնիսկ տեղի պիտի չունենայ եւ օրինակելի երկիր պիտի ըլլայ ամբոխավարական եւ ժողովրդական սին մօտեցումներուն դէմ դնելու մէջ: Տակաւին չեմ խօսիր Կոլանի (ճակատի) հանդարտութեան մասին, այլ` պաշտօնական Դամասկոսի կեցուածքին: Եթէ նոյնիսկ Իրանը Սուրիայէն ուզէ (եւ կրնայ ուզել), որ արտօնէ կարգ մը խմբաւորումներու փոխադրութիւնը Իրաքէն կամ Սուրիայէն դէպի Լիբանան, Սուրիոյ կեցուածքը կտրուկ մերժողական պիտի ըլլայ: Եւ յիշեցուցէ՛ք ինծի, որ Կազայի մէջ մեր գործողութիւնները աւարտելէ ետք, Սուրիոյ շնորհակալութիւն յայտնենք այս կեցուածքներուն համար: Բացի եթէ մեզ յուսախաբ ընէ…
«Իսկ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը կուրօրէն պիտի աջակցին մեզի: «Կուրօրէն»` բառին ամբողջական իմաստով: Ոչ մէկ բան պիտի տեսնեն կամ հարցնեն: Պայտընը կը պատրաստուի ընտրութիւններու, Եւրոպան կլանուած է իսլամոֆոպիայով, իսկ ինչ որ Համասը կատարեց, բաւարար է համապատասխան լարուածութիւն եւ մթնոլորտ ստեղծելու Եւրոպայի մէջ` ընդդէմ արաբներուն:

«Մնաց մանրամասնութիւն մը: Վստահաբար պիտի դիմակայենք հզօր արշաւ մը` ելեկտրոնային աշխարհին մէջ, ընկերային ցանցերու վրայ «լայք»-եր հաւաքող ու փնտռող մարդիկ (որոնք` իբրեւ «անբաղձալի»-ներ, ընդունուած չեն Համասի կողմէ), պիտի հարուածեն մեզ: Այդ բաժինն ալ ընդհանուր պատերազմին մէջ զբաղումի բաժին մը սեպեցէք:
«Եզրակացութիւն. մի՛ վախնաք, ամէն բան վերահսկողութեան տակ է եւ զսպուած` մեր կողմէ: Անմիջապէս սկսինք պատերազմին… Սկսինք գործադրութեան»:
Մէկ, երկու եւ աւելի օրեր ետք, մէկ ամիս ետք ոչինչ կատարուած է Նեթանիահուի եզրակացութիւններէն: Թէեւ արտայայտուած ենթադրութիւններուն մէջ սխալած չէր, սակայն ան մոռցաւ մէկ հիմնական մանրամասնութիւն` ասիկա Պաղեստինն է, ուր հաշիւ չկայ, հաշուի առնող չկայ …
Այս Պաղեստինն է` ուր 2000 տարիներ առաջ բռնակալ մը կը սպաննէ անոր մանուկները, որպէսզի սպաննէ Ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը: Եւ կը ձախողի:
Այս Պաղեստինն է, դաւաճանութեան, կասկածի, վախի եւ թերեւս ալ փախուստի հողը: Սակայն անպայմանօրէն` չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան եւ յարութեան հողը:
Ասոր մէջ Նեթանիահուն սխալեցաւ:
Այս իրողութիւնը երբեք չկրցաւ հասկնալ ան: