Միայն Նախագահի Ընտրութեամբ Եւ Նոր Կառավարութեան Կազմութեամբ Լիբանանը Առողջացման Ճամբով Կ՛ընթանայ
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Ասպնջական այս երկրին անկախութեան 80-րդ տարեդարձը կը թեւակոխենք քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ ամբողջական անորոշութեան պայմաններու մէջ: Երկիրը տակաւին ենթակայ կը մնայ տնտեսական-ելեւմտական փլուզումի հետեւանքներուն, որոնք 2019-ի երկրորդ կէսէն սկսեալ իրենք զիրենք զգացնել տուին` պատճառ դառնալով Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ աննախընթաց համալիբանանեան ժողովրդային ընբոստացման, որ քանի մը ամսուան աշխուժութենէ ետք շուտով մարեցաւ: Բայց երկիրը նաեւ ենթակայ կը...



















