ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Չքնաղ երկիր Լիբանան
Հնաբոյր վայրերդ են տեսարժան
Դալարազարդ դիւթիչ տեսարան
Համատարած է համբաւդ` գեղեցկութեան:
Միջերկրականի ափին,
Ուր սլացիկ ծառերը կը կանգնին
Ինչպէս` սոճին ու կաղնին,
Մասնաւորապէս վսեմ մայրին,
Տոկունութեան խորհրդանիշը` Լիբանանին:
Քրիստոսի այցելած երկիր,
Լի սրբատեղիներով հետաքրքիր,
Հնութիւններովդ հրաշալի
Հատման կէտն ես հինաւուրց աշխարհի
Ու ժամանակակից արդի երկրի:
Սրամիտ բնիկ լիբանանցին`
Նախաձեռնակ փիւնիկեցին
Հնարագէտն է առաջին այբուբենի,
Ու հմուտ նաւավարն` վաղեմի:
Բարեսէր ու գթասիրտ Լիբանան,
Թեւատարած դարաւոր ընդունարան,
Տարագրեալներու ապաստանարան,
Խորհրդանիշը` հիւրընկալութեան:
Հերթական աղէտները ցնցեցին,
Ու պատերազմները վհատեցին,
Արմատախլելով լիբանանցին,
Որ ճամպրուկը ձեռքը` բռնեց արտագաղթի ուղին:
Մի’ մոռնար, սիրելի գաղթական,
Տարին անգամ մը այցելել Լիբանան
Գուցէ վերադառնալ հայրենիքդ` պապենական:
24/11/2021