Ասպնջական այս երկրին անկախութեան 80-րդ տարեդարձը կը թեւակոխենք քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ ամբողջական անորոշութեան պայմաններու մէջ: Երկիրը տակաւին ենթակայ կը մնայ տնտեսական-ելեւմտական փլուզումի հետեւանքներուն, որոնք 2019-ի երկրորդ կէսէն սկսեալ իրենք զիրենք զգացնել տուին` պատճառ դառնալով Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ աննախընթաց համալիբանանեան ժողովրդային ընբոստացման, որ քանի մը ամսուան աշխուժութենէ ետք շուտով մարեցաւ: Բայց երկիրը նաեւ ենթակայ կը մնայ բոլոր առումներով աննախընթաց քաղաքական ճգնաժամի մը, որ ահաւասիկ քանի մը տարիէ ի վեր կը փճացնէ յոյսը լիբանանցի պարզ քաղաքացիին մօտ` աւելի լաւ ապագայ ունենալու, պետական վարչամեքենան բարեկարգելու, անհրաժեշտ տարրական բարելաւումները մտցնելու մարդոց կեանքին մէջ: Վերջ ի վերջոյ, տնտեսական-ելեւմտական ճգնաժամի լուծման հիմնական միջոցը էր եւ կը մնայ անհրաժեշտ բարեկարգումներու իրագործումը երկրին թէ՛ վարչամեքենային եւ թէ՛ ֆինանսական-դրամատնային համակարգին մէջ:
Բոլորն ալ գիտեն, որ այս երկու տեսակի հարցերը իրարու հետ անքակտելիօրէն կապուած են: Թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական ճգնաժամերը հետեւանք են երկրին փտած համակարգին, որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ իրական եւ շօշափելի փոփոխութեան անհասանելիութեան: Իսկ ի՞նչ ունինք ասոր դիմաց: Ունինք ամբողջութեամբ յուսախաբ ու անյուսութեան մատնուած պարզ քաղաքացիները, որոնք իրենց օրուան հացը ապահովելու ամէնօրեայ դաժան պայքարին մէջ այլեւս անկարեւոր կը նկատեն որեւէ ձեւով իրենց իրաւունքները պաշտպանել եւ իրական բարեկարգումներ պահանջել, միւս կողմէ ալ` ունինք տասնեակ տարիներով քաղաքական աւատապետականութեան նոյն սկզբունքով շարժող լիբանանեան վերնախաւը, որուն հատուածական շահերուն պատճառով այսօր քաղաքական-սահմանադրական լուրջ ճգնաժամ կայ երկրին մէջ:
Այսպէս, երկրին սահմանադրական կարեւոր հաստատութիւններէն առաջնայինը, որ հանրապետութեան նախագահութիւնն է, աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր կը գտնուի թափուր վիճակի մէջ: Նոյնպէս, ժողովուրդի առօրեայ խնդիրներու լուծման իմաստով կարեւոր հաստատութիւն մը, որ գործադիր իշխանութիւնն է` ի դէմս նախարարաց խորհուրդին, օրինականութեան եւ սահմանադրականութեան լուրջ հարց ունի: Ամբողջական իրաւասութիւններով կառավարութիւն չէ: Բնական պայմաններու մէջ, եթէ հանրապետութեան նախագահութեան մակարդակին վրայ դատարկութիւն ստեղծուի, Լիբանանի սահմանադրութեամբ հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւնները կը ստանձնէ նախարարաց խորհուրդը` իբրեւ հաւաքական կառոյց, այսինքն այդ խորհուրդին մէջ իւրաքանչիւր նախարար յանձնառու կ՛ըլլայ գոյութիւն չունեցող հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւններուն նկատմամբ: Այսպէս ճշդուած է լիբանանեան սահմանադրութեան մէջ, որպէսզի քրիստոնեայ նախագահի չգոյութեան պարագային պահպանուի լիբանանեան համայնքային նուրբ հաւասարակշռութիւնը: Բայց Նեժիպ Միքաթիի գլխաւորած ընթացիկ հարցերու նախարարաց խորհուրդին պարագան այս չէ, որովհետեւ ամբողջական իրաւասութիւններ ունեցող կառավարութիւն չէ անիկա: Առաւել, անիկա օրինականութեան հարց ալ ունի, որովհետեւ նկատի ունենալով անոր` սահմանադրութեան հետ անհամապատասխանութիւնը, անոր անդամներուն շուրջ մէկ երրորդը կը մերժեն մասնակցիլ անոր որեւէ ժողովին:
Կան անշուշտ արտաքին եւ ներքին միջնորդութիւններ ու ճիգեր նախ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թնճուկը լուծելու, որովհետեւ անիկա բանալին է միւս հարցերուն լուծման համար: Բայց ասոր համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ լիբանանեան քաղաքական, մասնաւորաբար քրիստոնէական մարոնիական քաղաքական վերնախաւի գիտակցութիւնը առ այն, որ հատուածական շահերը տեղ չեն կրնար հասցնել եւ որեւէ բանէ գերիվեր պէտք է դասել լիբանանեան ազգային շահը: Անհրաժեշտ է այլեւս գիտակցիլ, որ երկար ժամանակով քրիստոնեայ հանրապետութեան նախագահի գոյութիւն չունենալը լուրջ հարուած մըն է երկրի զանազան բաղկացուցիչներուն միջեւ առողջ համակեցութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան, հետեւաբար նաեւ լուրջ հարուած մըն է լիբանանեան գոյացութեան:
Կը թուի, թէ Կազայի վերաբերող պատերազմական իրադարձութիւնները, Պաղեստինի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ընդհարումները երկրորդ գիծ մղած են ներլիբանանեան հանգուցալուծման վերաբերող ճիգերը: Բայց հակառակ անոնց, լիբանանցիներէն, մանաւանդ քաղաքական այրերէն կը սպասուի բաւական լրջութիւն ցուցաբերել, մէկ կողմ դնել անձնական կամ հատուածական փառատենչութիւնները, նստիլ երկխօսութեան սեղանի շուրջ եւ վերջ ի վերջոյ համաձայնիլ բոլոր կամ հիմնական քաղաքական ուժերուն կողմէ ընդունելի թեկնածուի մը շուրջ` լուծելու համար նախագահական ընտրութեան թնճուկը:
Լիբանանցի ժողովուրդը դժբախտաբար այս տարի ալ լիիրաւ կերպով պիտի չկարենայ նշել Անկախութեան տօնը: Դժբախտաբար դարձեալ տեղի պիտի չունենայ երկրին քաղաքական բարձրագոյն ղեկավարութեան մասնակցութեամբ լիբանանեան բանակի այս առիթով կազմակերպուող տարեկան զինուորական հանդիսաւոր տողանցքը: Բայց յուսանք, որ ասիկա վերջին տարին կ՛ըլլայ, որ Լիբանանը իր Անկախութեան տօնը կը նշէ կիսատ-պռատ: Անկախութեան 81-ամեակը անպայման լիարժէք կերպով պէտք է նշուի նորընտիր հանրապետութեան նախագահով` իբրեւ պետութեան գլուխ եւ գլխաւոր խորհրդանիշ, նաեւ` նոր նշանակուած կառավարութեամբ, որ թափ տայ ժողովուրդին կողմէ այդքան սպասուած բարեկարգումներու իրագործման: