Յ. ՊԱԼԵԱՆ
ԱԶԳԻ ՆԵՐԿԱՆ ԵՒ ԳԱԼԻՔԸ ԻՆՔՆԵԿ ՉԵՆ, ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻՆ: Ազգ եւ հայրենիք ի վերուստ տրուած չեն, վերջնական եւ ինքնեկ չեն: Անոնք մարդոցմով կը յառաջանան, կը պահուին եւ կը տեւեն: Եթէ փորձենք հետեւիլ ազգերու պատմութեան ընթացքին, հասկնալ այն, ինչ որ անոնք ապրած են եւ են, կը սորվինք, որ ազգը կը ստեղծուի, կը կառուցուի եւ կը պահուի ժամանակի ընթացքին ինքնութիւն կերտող եւ անոր տէր կանգնող մարդոցմով, ժողովուրդով, այդ ինքնութիւնը ափսէի վրայ չի հրամցուիր:
Կրաւորականութեամբ եւ ենթակայութեամբ ազգ չի պահուիր:
Հայկական հաւաքականութիւնները, բոլոր միջօրէականներու եւ զուգահեռականներու տակ, իրենք իրենց համար ստեղծած են եւ կը ձգտին իրենք իրենց համար ստեղծել «կեանքի լաւ պայմաններ», ինչպէս ընդունուած է ըսել, այդ նպատակով ալ կը հանգրուանին մոլորակի այս կամ այն անկիւնը, ան ըլլայ ծանօթ թէ անծանօթ, հասնելով հարաւային բեւեռէն անմիջապէս առաջ գտնուող Ուշուայա քաղաքը, հիւսիսային բեւեռի Քիրունայի երկաթի հանքերը, ինչպէս` Ափրիկէի Թոկօ քաղաքը, ուր կը ստեղծեն «Երեւան սուպերմարքէտ», եւ կամ «Տեխաս»-ի մէջ իրենք զիրենք կ’օժտեն գեղակառոյց եւ հպարտառիթ եկեղեցիով: Բազմապատկեցէ՛ք այս «կառոյցները», գումարեցէ՛ք թանգարանները, ինչպէս` Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» թանգարանը, եւ` դեռ արուեստի, մշակոյթի եւ գիտութեան մեծանուններու վաստակը, որով ինքնասիրութիւն կը շոյենք, բայց չենք ըմբռներ, որ անոնք ուրիշի սեփականութիւն են: ՄԵՆՔ-ի մէջ չեն: Այս կացութիւնները կը վերաբերին անհատներու, ինքնախաբէութիւն է ըսել, որ անոնք իրողապէս ազգային են, մեղմասացութեամբ` անոնք թաղային են, կամ քայլ մըն ալ առաջ երթալով` համայնքային են:
Վերջերս լոնտոնաբնակ Ասատուր Կիւզէլեան համացանցով ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակեց, շուրջ 50 էջ: Կ’արտագրեմ արկածախնդրական պատմութեան նմանող յօդուածին խորագիրը եւ առաջին քանի մը տողերը.
«ՀՆԴԿԱՀԱՅ ԿՏԱԿՆԵՐՈՒ «ԱՌԱՍՊԵԼԸ ԵՒ ՀԵՌԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ»: Ըսուած է, որ «Հեռաւոր արեւելք»-ի մէջ ներառուած են հետեւեալ երկիրները. (Հնդկաստան, Պրմաստան, Մալեզիա, Ինտոնեզիա, Սինկափուր, Չինաստան): «Էրեբունի» ելեկտրոնային թերթի 5 նոյեմբեր 2022-ի թիւին մէջ հրատարակուեցաւ Յակոբ Միքայէլեանի «Հնդկաստանի հայոց մարդասիրական ճեմարանը» յօդուածը, ուր հեղինակը անդրադարձած է նաեւ մեծահարուստ հնդկահայ վաճառականներու կտակներուն»:
Յօդուածը մտածելու առիթ պէտք է ըլլայ ոչ միայն անցեալի մասին, այլ մանաւանդ` մեր ներկայի, որ անմիջական գալիքն է, որպէս հանրային քաղաքական դաստիարակութեան եւ քաղաքական մտածողութեան առարկայ:
Կը կարդամ. «Ա. Աշխարհամարտի աւարտին տեղեկութիւններ սկսան շրջագայիլ, ըստ որոնց, Հնդկաստանի մէջ յայտնաբերուած էին մեծահարուստ հայ վաճառականներու տասնեակ միլիոն սթերլինկ գնահատուող կտակները, որոնք պահ դրուած էին անգլիական դրամատուներու մէջ: 1950-ական թուականներուն «Պուլպուլեան» մականունով հնդկահայ վաճառականի մը «կտակ»-ին գիւտը մեծ աղմուկ բարձրացուց, յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ: Այդ կտակներուն ակնարկելով` Միքայէլեան կը գրէ. «Այստեղ կրկին հարց կը ծագի` որո՞նք ժառանգեցին այդ վաճառականներուն հարստութիւնները, որոնք դիզուած էին անգլիական դրամատուներուն մէջ, թէ՞ աստղաբաշխական գումարներու հասած այդ գումարները անժառանգ մնալով` կուլ գացին օտարներուն, ո՞վ գիտէ»:
Մէկ բան գիտենք. նշուած «աստղաբաշխական» գումարները, ինչպէս ըսուած է, «կուլ գացին օտարներուն»:
Ինչ որ չենք կրնար արժեւորել եւ գիտնալ, նաեւ այն է, որ հայ միտքի եւ տաղանդի հարստութիւններն ալ կուլ գացած են եւ կը շարունակեն կուլ երթալ հայութենէն դուրս տեղեր, անոնք ըլլան անանուն անհատներ թէ հաստատութիւններ, մեզի ձգելով ՍԻՆափառութեամբ` անոնց յիշատակութեամբ ուրախանալու անբովանդակ եւ մակերեսային ուրախութիւնը: Ասատուր Կիւզէլեանի գրութեան առթած մտածումները եւ զգացումները կարելի է երկար խորհրդածութիւններու առարկայ դարձնել` բան չըսելու եւ տեղ չհասնելու համար: Յետո՞յ: Իրատեսական պարզ հաստատում մը. ԱԶԳԻ ԳԱԼԻՔ-ը կը կառուցուի: Ներկան է, ինչ որ է, անոր նկատմամբ ինչ ալ ըլլան մեր արժեւորումները, մէկ բան որոշ եղած է եւ է. մարդկութիւնը բաղկացած է մարդոցմէ, որոնք արեւուն տակ տեղ կ’ուզեն, այդ տեղը ունենալ, պահել, անոր տիրութիւն ընել, ինչպէս կ’ընեն անասունները` գծելով իրենց կենսատարածքը. մարդոց պարագային, քաղաքակրթութեան յառաջացուցած սահմանները եւ ազդեցութեան գօտիները այդպէս են, այդպէս յառաջացած են ազգերը եւ հայրենիքները, որոնք հաւաքական ինքնահաստատման արդիւնք եւ երաշխիք են: Զոյգ եզրերը` «հաւաքական» եւ «ինքնահաստատում», կը խտանան եւ կ’ապրուին` որպէս հայրենիք, քաղաքակրթութիւն-մշակոյթ, ինքնութիւն, համագումար` քաղաքականութիւն, որ ազգային իրաւութիւն կը նուաճէ հայրենատիրութեամբ, որպէսզի ազգը մնայ եւ տեւէ, անհետ չկորսուի, չըլլայ սոսկ «հնաբանական» առարկայ:
Մեր անմիջական ներկային մէջ պէտք է պատասխանենք հետեւեալ հարցման. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ԿԸ ԳՈՐԾԵ՞Ն ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ԾՐԱԳՐՈՎ: Պէտք է պատասխանել եւ դիրքորոշուիլ իրատեսութեամբ, իրաւ յանձնառութեամբ, առանց ճապկումներու:
Հաւկուրութենէ տառապող պէտք է ըլլալ չտեսնելու եւ չհասկնալու համար, որ այսօր հայ ժողովուրդը կանգնած է գոյութենական աղէտի առջեւ: Երբեմն բեմբասացը կը կրկնէ Շէյքսփիրի «լինել-չլինել» տարազը: Անհատներ կրնան տեւել, պատշաճիլ, դառնալ հռչակաւոր, տարբեր աշխարհներու մէջ, տարբեր անուններով: Այդքա՛ն: Վերջ կրնա՞նք տալ անհատականի եւ հաւաքականի շփոթին: Ազգի անմիջական պատմութիւնը պէտք է թելադրէ այն միտքը, որ ազգը` որպէս մէկ ամբողջ, հանրապետութիւն եւ սփիւռք, կը գործէ՞, եւ ինչպէ՞ս, լիակատար վերականգնման առաջադրանքով: Յոգնակիացած սփիւռքը, որ տեսականօրէն ազգի համրանքի մեծամասնութիւնն է, արհամարհելի եւ արհամարհուած լրացուցիչ հանգամանք պէտք չէր ըլլայ, պէտք չէ ըլլար` ո՛չ ինքնիրեն համար, ո՛չ ալ Հայաստանի բեկոր տարածքի հանրապետութեան եւ հոն ապրող ժողովուրդին համար: Ինչ կը վերաբերի «սփիւռք» ընկերաքաղաքական եւ մշակութային մարդկային հաւաքականութիւն երեւոյթին, ինչպէս յաճախ կրկնած եմ, հայ քաղաքական միտքին եւ առաջնորդութեան համար, ԱԶԳԻ ԻՐԱՒ հասկացողութեան համար, ան կառքին հինգերորդ անիւը չէ, պէտք չէ ըլլայ, որպէսզի ըլլայ եւ գործէ որպէս ազգի գոյացման լիիրաւ բաղկացուցիչ, ինքզինք պէտք է սահմանէ ըստ ազգի իրաւունքի պաշտպանութեան եւ վերականգնումի` յառաջացնելով ուրոյն կազմակերպութիւն, որպէս առաջադրանք ունենալով ազգի եւ հայրենիքի Միացում-Մէկութիւնը, այսինքն սփիւռքը պէտք է հանդէս գայ հայրենիքի եւ ազգի իրաւ տիրութեամբ:
Աւանդութիւն դարձած է սփիւռքը դիտել որպէս բարեսիրական հաստատութիւն, քիչ մըն ալ` որպէս քաղաքական խօսքի եւ աղմուկի արձագանգի տուփ, ինչպէս կ’ըլլան նուագարաններու արձագանգի տուփիկները, caisses de résononnance: Այդպէս էր խորհրդային օրերուն, վարժութիւն, որ կը տեւէ, սփիւռքն ալ կարծէք վարժուած եւ գոհացած է այս ազգին յարաբերաբար լուսանցքային դերով: Ընկերաքաղաքական հոլովոյթը այնպէս է, որ արմատներէ առաւել կամ նուազ չափերով հեռացած եւ քաղքենիացած «սփիւռք»-ները սովորաբար կը գոհանան չանհանգստացնող երեւելիութեան եւ էսթեպլիշմընթային այդ դերով:
Սփիւռքը, ըլլալով յոգնակի, ոչ մէկ տեղ եւ ոչ ոքի համար ներկայացուցչութիւն է` սկսելով հայկական պետութենէն, հանրապետութենէն, ուր քաղաքականութեան եւ ազգի պատմութեան ընթացքին մէջ ներկայութիւն ըլլալու իրաւունքներ չունի: Աւելի պարզ խօսելով` սփիւռքը, հայկական պետութեան հետ եւ պետութիւններու հետ, որպէս հայրենահանուած գաղթականութիւն խօսելու համար ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ չունի, ունի զանազան անուններով եւ յաւակնութիւններով ներկայացուցչութիւններ, յաճախ` մրցակից եւ զիրար հակասող, զիրար խոչընդոտող եւ ինքնակոչ:
Պարզ խօսելով` ազգի կէսէն աւելի համրանքը դերակատար եւ առաջնորդող քաղաքական ազդակ չէ:
Նկատի ունենալով հայ պատմութեան ներկայ փուլի գոյութենական սպառնալիքները, հայ քաղաքական միտքը, Հանրապետութիւն եւ տեւաբար յոգնակիացող, սփիւռք(ներ)ը, կրնա՞յ ընել այնպէս, որ հայրենատիրական ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՄԲ օժտուի ԱԶԳԻ ԹՈՒԱԿԱՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ, գործէ` լրացնելով հանրապետութիւն Հայաստանը, որպէսզի ան իրողապէս դառնայ բանիւ եւ գործով ՀԱՄԱՅՆ հայութեան պետութիւն, ըլլայ յառաջապահը հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքի վերականգնումին եւ անոր դէմ գործուած ՄԵԾ ՈՃԻՐ-ը ՍՐԲԱԳՐԵԼՈՒ ՊԱՅՔԱՐԻՆ: Միշտ պէտք է գործել` գիտնալով, որ ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում ազգի եւ հայրենիքի երթը կասեցուցած են: Հայ քաղաքական միտքը, գերանցելով ինչ որ թշնամիներ պարտադրած են, քաղաքական համարուած եւ այլ հոգեբարոյական բաժանումները, պէտք է ունենայ ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ եւ ՄԻԱՑՄԱՆ առաջադրանք:
Առանց պարտուածի հոգեխոցի տուայտանքներու, համայն հայութիւնը, իր իրաւունքի անշրջանցելի իրաւունքներու վերականգնումը որպէս պատմական-քաղաքական միացեալ եւ միացնող հրամայական ընդունելով, առաջնորդող ներկայացուցչութիւն եւ կամք պէտք է ունենայ:
Կը մտածե՞նք, որ եթէ այդ կամքը չունենայ, ի՞նչ կ’ըլլան հետեւանքները հայ ժողովուրդին եւ անոր հայրենիք Հայաստանի համար, զոր սովորութիւն դարձուցած ենք կոչել «պատմական», ուրկէ հայրենահանուած է ազգը:
Պատմութիւնը փակուած գիրք չէ: Պատրաստ պէտք է ըլլալ այն օրուան համար, երբ պատմութիւնը օղակ կը փոխէ: Ինչպէս օղակ փոխեց Խորհրդային Միութեան փլուզումով: Կարծէք պատրաստ չէինք այդ քաղաքական օղակ փոխելու պահուն, չիրականացուցինք թաղայինէ եւ համայնքայինէ անդին եղող ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ-ՄԻԱՑՈՒՄ-ը` ե՛ւ ներսը ե՛ւ դուրսը, մնացինք խարխափումի եւ տուայտանքի մէջ, անբովանդակ իշխանատենչութիւններու հարայ-հրոցի աղմուկ իրարանցումի մէջ:
Պէտք չէ հետեւիլ ներսի եւ դուրսի այն բոլոր տեսակի «էսթեպլիշմընթ»-ներուն, որոնք կը գոհանան աթոռ-աթոռակի զուարճութիւններով եւ ազգային գիտակցութիւն եւ ՀԵՌԱՆԿԱՐ սրսկել համայն ազգին:
ԱԶԳԻ ապագան առկայ է իւրաքանչիւր հայու մէջ:
Իրաւ առաջնորդը, առաջնորդող ՄԻՏՔ-ը այդ առկայութիւնը կը վերածեն շնչառութեան, յանձնառութեան եւ միացման:
Կրկին կը մտածեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի յայտարարած «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»-ին մասին:
Իրենք զիրենք քաղաքական առաջնորդութեան կոչած ղեկավարներ եւ մտաւորականներ ինչո՞ւ այդ տարին չդարձուցին վերականգնումի քաղաքական միտքի ճառագայթման հարթակ եւ չիրականացուցին թաղայինէ եւ համայնքայինէ անդին եղող ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ-ՄԻԱՑՈՒՄ-ը:
Իսկ միանալու եւ մէկութիւն ստեղծելու համար պէտք է ճանչնալ ՀԱՅ-ը եւ ՀԱՅԵՐ-ը, գիտնալ, թէ ո՞ւր են անոնք` որպէս թիւ, եւ բոլոր ճակատներու վրայ որպէս անդրանձնական հոգեբարոյական արժէք եւ յանձնառու ուժ, որ կը նայի եւ կ’ընթանայ ԱԶԳԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ-ի չզիկզակող ուղիով, առանց հրէի եւ հեթանոսի եսերու, ամէն տեսակի տեղայնութիւններու եւ ստրկացումներու տուրք տալու:
Ազգի վերականգնումը ինչպէ՞ս իրականացնել, գերանցելով, մեղմ ըսած, մեր բազմապատիկ եւ աճող տարբերութիւնները:
Ազգը, ներսը եւ դուրսը, պատրա՞ստ է ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ-ի, պատրա՞ստ ենք մեր մէջ որպէս ցեց կպած մեծ եւ պզտիկ անկարեւոր կարեւորութիւնները յաղթահարել:
Ինչպէս յաճախ մէջբերելով կը կրկնեմ, այս աշխատանքը այսօ՛ր պէտք է ընել: Չխուսափելով հայելիին առջեւ կանգնելով ինքզինքին հաշուետուութիւն ընելէ, ըլլանք մեծ թէ փոքր, էսթեպլիշմընթ թէ շարքային հայ, ինքնագոհութեան օձի շապիկէն կամ կրիայի ինքնապաշտպանութեան պատեանէն հրաժարելով: Այս վերականգնելու եւ մեծնալու առաջին քայլն է: Անվարան պէտք է առնել յաջորդ քայլերը, նոյնիսկ եթէ անոնց համար սուղ գին պէտք է վճարել:
Ֆրանսան կը տօնէ ազատութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի դարագլուխ բացած Պասթիյի գրաւումը: Համաշխարհային տարողութեամբ պատմական իրադարձութիւն մը:
Հայն ու հայութիւնը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի իրականացնեն ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԻՐԱՒ ՄԵԾ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ` հեռանալով թաղայինէ, տեղականէ եւ տեղայնականէ:
14 յուլիս 2023, Նուազի-լը-Կրան