ԳԱՅԻԱՆԷ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ
Ես կ՛ապրէի շէնքի մը մէջ, որուն բոլոր բնակիչները հայեր էին, բայց մամաս կ՛ըսէր, որ հոս Հայաստան չէ: «Ասի մեր երկիրը չէ, աղջիկս», մեծ մայրս կ՛ըսէր ամէն անգամ, երբ հարցնէի, թէ որոնք են քովի շէնքի բնակիչները, որ հայերէն չեն խօսիր: Ինծի կ՛ըսէին, որ մենք Լիբանան կ՛ապրինք, բայց ես շատ լաւ չէի հասկնար, թէ այդ ի՛նչ կը նշանակէր: Դպրոց կ՛երթայի` բոլորը հայ էին, սկաուտութեան կ՛երթայի` բոլորը հայ էին, երաժշտանոց կ՛երթայի` բոլորը նորէն հայեր էին. նոյնիսկ թաղին անկիւնի նպարավաճառը, որ միշտ կը մոռնար ազատքեղին ինչ ըլլալը եւ զիս ետ տուն կը ղրկէր` ըսելով. «Մամայիդ ըսէ թուղթին վրայ թող գրէ, թէ ո՛ր մէկն է, մաղտանո՞սը թէ՞ նաանէն», վերջ ի վերջոյ հայ էր: Իսկ տիկին Մարին…. գիրութենէն դժուար շարժող, կզակին մազոտ խալով տիկին Մարին, որ փոքր խանութ մը ունէր թաղին մէջ, ուր մանր մունր բաներ կը ծախէր, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը շաքար-շոքոլան էր, հայ էր: Ան միշտ մեզ խանութ կը կանչէր` գիտնալով, որ երեխաներս պիտի տզտզանք եւ շոքոլա ուզենք, իսկ մամաս ալ ամօթէն ստիպուած` գնում պիտի ընէ քովէն: Ո՞վ ըսաւ, որ պէտք է համալսարան աւարտել եղեր շուկայավարութեան օրէնքներուն տիրապետելու համար: Մամաս չէր սիրեր տիկին Մարին, որովհետեւ ան երեխաները կը շահագործէր իրենց ծնողները նեղ կացութեան մատնելու եւ քանի մը ղուրուշ շահելու:
Օր մը, երբ խանութին առջեւէն կ՛անցնէինք, եւ ես արդէն սկսած էի տզտզալ, թէ շաքար կ՛ուզեմ, տիկին Մարին դրամարկղին ետեւէն ելաւ, սիւսեթ մը առաւ, թուղթը պատռեց, շաքարը ձեռքս տուաւ եւ մօրս դառնալով` ըսաւ. «Աղջիկս, պզտիկ է, ի՜նչ պիտի ըլլայ, ուզածը ըրէ դուն ալ»: Մինչ ես կը պատրաստուէի կլլել կեղծ արցունքներս եւ յաղթողի մեծ գոհունակութեամբ լեզուս դուրս երկարելով` համտեսել սիւսեթին քաղցրութիւնը, մօրս ձեռքը արագ շարժումով մը խլեց շաքարը ձեռքէս: Յաջորդ պատկերը, որ տեսայ, սիւսեթին գետին իյնալն էր, աւելի ճիշդ` մօրս սիւսէթը գետին նետելը եւ ոտքով զայն փշռելը: Սկսայ նորէն լալ, աչքիս տակէն նայելով տիկին Մարիին եւ յուսալով, որ ուրիշ մը պիտի տայ: Այդ պահուն տիկին Մարին դարձաւ մօրս եւ ըսաւ. «Ղըզըմ, եղած չեղածը 25 ղուրուշ է»:
Մայրս ճանչցողները զայն կը նկարագրեն որպէս հրեշտակ: «Մամադ շատ բարի է», «Մամադ շատ ծառայասէր է», «Մամադ նուիրուող է, աշխատասէր է, կարեկցող է, ազնիւ է…» եւ` այս տեսակի ածականներ, որոնք բոլորն ալ ճիշդ են: Բայց այդ պահուն մամաս ուրիշ մէկը եղաւ: Դրամապանակէն 25 ղուրուշը հանեց, դրաւ տիկին Մարիին սեղանին եւ ըսաւ. «Ինք իր այսօրուան չափաբաժին քաղցրը կերած է արդէն», յետոյ դարձաւ ինծի, ոտքերուս զարկաւ եւ ականջիս մօտենալով` ըսաւ. «Անգամ մըն ալ չփորձես… առջե՛ւս անցիր»:
Մանկութեանս Լիբանանին մէջ ամէն մարդ հայ էր: Բայց այս Լիբանանը միշտ մութ էր: Մանկութենէս ո՛չ տարեթիւեր, ո՛չ ամիսներ, ո՛չ ալ առանձնապէս տարուան եղանակները կը յիշեմ: Միայն կը յիշեմ, որ մութ էր: Իսկ մութը լուսաւորող միակ բանը սարսափելի ռումբերուն կրակն էր: Հակառակ անոր որ պատուհաններուն մօտենալը արգիլուած էր, եղբայրս ու ես պարբերաբար կը փորձէինք սպրդիլ ծնողական հսկողութենէն եւ զմայլիլ անոնց լոյսերով: Նման պահերուն էր, որ հօրս ձայնը կը լսէինք. «Պզտիկներ, ապու պիտի իջնենք, շո՛ւտ ըրէք, ձեր ապրանքները չմոռնաք»:
Ապու իջնել` ընդհանրապէս կը նշանակէր այդ գիշեր ետ տուն չբարձրանալ: Ապուն մեր շէնքին մէջ գտնուող ստորգետնեայ ապաստարանն էր, ուր շէնքի բնակիչները կը հաւաքուէին, երբ ռմբակոծումները կը սաստկանային եւ կը մօտենային մեզ: Կերպասավաճառի մը մեծաքանակ ապրանքներու պահեստ մըն էր` կտորի թoփերով եւ կոճակի տոպրակներով լեցուն: Ապուն կահաւորուած էր տան մը պէս: Շէնքի բոլոր բնակիչները ապուին մէջ իրենց անկիւնները ստեղծած էին. Բազկաթոռ մը հոս, սեղան մը հոն, քանի մը անկողին երեխաներուն համար, եւ` շատ աթոռներ, որոնց վրայ անքուն գիշերներ կ՛անցընէին` Թորոս ամմոն, Սահակ ամմոն, պարոն Մինասը, Համբար ամմոն, պապաս եւ ուրիշներ:
Մեզի համար ապու հասնիլը կը նշանակէր երկու յարկ դէպի վար վազել` աղօթելով, որ այդ ընթացքին ռումբ մը չիյնայ մեր գլխուն: Դէպի դժոխք գլտորելու այդ ընթացքին ամէն ընտանիք իրեն հետ կ՛առնէր տան դրան ետեւ պատրաստ դրուած տուփը: Այո՛, իւրաքանչիւր ընտանիք իր տան դրան քով միշտ պատրաստ խաւաքարտէ տուփ մը ունէր` մէջը սնունդի պարագաներով, որոնք սառնարանի պէտք չունէին: Մինչ մայրերը երեխաները կը գրկէին կամ կը վազէին անոնց ձեռքէն բռնած, հայրերը այդ տուփերը ապու հասցնելու պարտականութիւնը ստանձնած էին: Մեր տուփին մէջ կ՛ըլլար կապ մը հաց, ծիրանի անուշ, զաաթար, եւ «Սմեց» պանիր: «Սմեց»-ը կերպընկալ յիշեցնող պանիր մըն էր, որ կը ծախուէր խաւաքարտէ տուփերու մէջ եւ կը դիմանար սառնարանէն դուրս… կարագի պէս դեղին էր, բայց շատ կարծր, կարծես` մոմ ծամէինք:
Երբ ապու իջնէինք, շէնքի ընտանիքներուն այս տուփերը կը մէկտեղուէին, որ բոլորը օգտուին: Այդ օրերուն «իմս-քուկդ» չկար: Ուրեմն ես ապուին մէջ անցուցած այդ օրերուն էր, որ յայտնաբերեցի սնունդ մը, որ մեր խոհանոցին մէջ բնաւ չէի տեսած: Չինական «Մալինկ» ապրանքանիշի թիթեղեայ տուփով խոզի միս:
Մամաս միսէն կը զզուէր, ուրեմն միսով ճաշեր շատ քիչ կը պատրաստէր, իսկ թիթեղեայ տուփերու մէջ եղած սնունդն ալ մեր տուն գրեթէ չէր մտներ, նոյնիսկ` այդ գէշ օրերուն: Հոս` մոմերով լուսաւորուած ապաստարանին մէջ, խաղի օրէնքները տարբեր էին: Պիտի ուտես այն, ինչ որ գտնես, կամ աւելի ճիշդ` ինչ որ տան:
Սեւակը, Ժագը, Փոլինը, Թամարը, Մակին, Յակոբիկը, Լարան, եղբայրս ու ես սեղանին շուրջ հաւաքուած ենք: Արփինէ թանթիկը թիթեղէ մեծ, կլոր տուփ մը կը բանայ դանակով: Տուփին կափարիչը կ՛իյնայ, եւ Արփինէ թանթիկը տուփը օդը պահելով, կը շրջէ զայն, ու ետեւի կողմէն քանի մը հարուած կու տայ, մինչեւ որ վարդագոյն, իւղերով ողողուած միսի փայլուն զանգուած մը դուրս կը սահի տուփին մէջէն:
– Արփինէ՛ թանթիկ, հաճիս իմինիս մէջ լոլիկ մի՛ դներ:
– Ես թրշու կ՛ուզեմ հետը:
Սեղանին շուրջի մեր ընկերները ասոր ի՛նչ ըլլալը գիտէին կարծես, իսկ եղբայրս ու ես քիչ մը սարսափահար իրարու կը նայէինք: «Ասի շունի ճա՞շ է», ցած ձայնով եղբայրս հարցուց ինծի: Յետոյ «Ես անօթի չեմ» ըսաւ եւ հեռացաւ սեղանէն: Ես երեւի աւելի քաջ էի, քիչ մըն ալ` աւելի անօթի. մնացի: Ըսի` ես ո՛չ լոլիկ կ՛ուտեմ, ոչ ալ թրշու: Ուրեմն հացին մէջ միայն «Մալինկ» ուզեցի: Արաբական հացի ճերմակ, բարակ թերթիկի մը մէջ Արփինէ թանթիկը քանի մը կտոր «Մալինկ» դրաւ, սանտուիչը փաթթեց ու տուաւ ձեռքս: Սանտուիչը հպարտօրէն ձեռքս բռնած` գացի մամայիս եւ մեծ մամայիս քով:
– Ի՞նչ կայ մէջը, – հարցուց մամաս:
– «Մալի՜նկ»:
Մամաս բան մը չըսաւ, բայց կը յիշեմ դէմքը: Իմ տուած որոշումիս հանդէպ զզուանքը եւ դժգոհութիւնը երկար դրոշմուած մնացին դէմքին վրայ, այն աստիճան, որ սկսայ մտածել թէ մամաս այլեւս ինձմէ ալ կը զզուի:
– Ինչո՞ւ ուզեցիր, պիտի չսիրես,- կարճ ու կտրուկ ըսաւ մամաս:
Սանտուիչը տարի բերանս եւ համեստ խած մը ըրի: Փորձով գիտէի՜ որ նոր ուտելիքներուն զգուշութեամբ պէտք է մօտենալ: Հոտը արդէն անտանելի էր, իսկ իւղով ծածկուած այդ միսի կտորին տեսքն ալ` շատ կասկածելի: Սկսայ ծամել, եւ դէմքս կամաց-կամաց սկսաւ ծամածռիլ ակռաներուս հարուածներէն մասնատուող այդ զանգուածին պատճառաւ:
– Տեսա՞ր, ըսի քեզի:
Մամաս իրաւունք ունէր: Ահաւոր բան մըն էր աս «Մալինկ»: կոչուածը: Բայց ի՞նչ ընէի: Վստահաբար չէի կրնար Արփինէ թանթիկին ըսել, որ չսիրեցի: ի՜նչ ամօթ պիտի ըլլար: Դուրսը ռումբ կը տեղայ, մենք անորոշ ժամանակով ապուն ենք, եւ չեմ ալ գիտեր, թէ դուրս պիտի գանք հոնկէ: Իսկ ես սնունդ ունէի եւ նազ կ՛ընէի: Նորէն փորձեմ` ըսի: Երկրորդ պատառը առի: Նոյնը, կամ նոյնիսկ` աւելի գէշ: Շուարած եւ աղերսագին հայեացքով մամայիս նայեցայ: Ան առանց շատ մտածելու, կամ աւելի ճիշդ` արհեստավարժի մը պէս ըսաւ. «Տո՛ւր, պապադ կ՛ուտէ: Քիչ մը սպասէ, յետոյ գնա եւ Արփինէ թանթիկին մերսի ըսէ»: Փրկուած էի:
Այս օրերուն կը մտածեմ, թէ քանի՜ հազար երեխայ առաջին անգամ ըլլալով կը փորձէ նոր սնունդ մը, որ իր տան, իր գիւղին կամ քաղաքին մէջ չէր տեսած եւ համտեսած: Միայն կը յուսամ, որ «Մալինկ»-էն աւելի համով եւ առողջարար սնունդի հանդիպին: Առանց այդ ալ` աշխարհը շատ զզուելի է:
Երնեկ այն օրերուն