ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Ամերիկան, Անգլիան, Եւրոպական Միութեան շարք մը երկիրներ, այժմ` 110 երկիրներ, «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք»-ին հիման վրայ ճանչցան Քոսովոյի անկախութիւնը, որ ՕԹԱՆ-ին ուղղակի ռազմական գործողութիւններով, ամերիկեան հրամանատարութեամբ, 1031 օդանաւ 30 մարտանաւ եւ ընդծովեայ ուժով իրականացած էր: Մինչ Սերպիան, որմէ անջատուեցաւ Քոսովոն, եւ յատկապէս` Ռուսիան, Չինաստանը, Սպանիան, Հայաստանը, ՄԱԿ-ը եւ շատ մը այլ երկիրներ չեն ճանչցած Քոսովոյի անկախութիւնը:

7.- Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան` ՀԱՊԿ (CSTO):
Ահաւասիկ Քոսովոն, որ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) նման ինքնավար մարզ էր, Արեւմուտքին կողմէ Սերպիոյ դէմ բուռն ռմբակոծումներէ ետք անկախ հռչակուեցաւ ու ճանչցուեցաւ 110 երկիրներու կողմէ, մինչ Արցախը, որ հազարաւոր տարիներու հայկական հայրենիք է եւ մի՛այն հայ ժողովուրդին ճիգերով մասամբ ազատագրուեցաւ եւ «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք»-ին հիման վրայ երկու օրինաւոր հանրաքուէներով անկախութիւն հռչակեց, ափսոս, որ նոյնի՛սկ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ որեւէ այլ պետութեան կողմէ չճանչցուեցաւ…
Արդարեւ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն 11 օր առաջ, օրինական կարգով, 10 դեկտեմբեր 1991-ին, ըստ խորհրդային թիւ 1990 04 03 օրէնքին, Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը, օտար դէտերու ներկայութեամբ, հանրաքուէի միջոցով անկախութիւն հաստատեց` դուրս գալով Ազրպէյճանի հոգատարութենէն եւ դառնալով անկախ պետութիւն (12):
12 մարտ 1999-ին Չեխիան, Հունգարիան եւ Լեհաստանը միացան ՕԹԱՆ-ին, ապա, 29 մարտ 2004-ին` Պուլկարիա, Էսթոնիա, Լաթվիա, Լիթուանիա, Ռումանիա, Սլովաքիա եւ Սլովենիա ու վերջապէս Ալպանիան` 1 ապրիլ 2009-ին: Արեւելեան Գերմանիան արդէն միացած էր արեւմտեանին: Այսպիսով, Վարշաւիոյ ուխտին բոլոր ոչ նախկին խորհրդային անդամները եւ պալթեան երեք խորհրդային երկիրները միացան ՕԹԱՆ-ին:

9.- Հակահայ երկու տխրահռչակ դաւադրողներ` Ճոն Պոլթըն եւ Նիկոլ Փաշինեան:
Վերեւ նշուած իրադարձութիւններուն տրամաբանական շարունակութիւնը այն է, որ «գունաւոր յեղափոխութիւններու» (13), (14), (15), (16), (17) միջոցով Արեւմուտքը պիտի քայքայէ ԱՊՀ-ն, ՀԱՊԿ-ն, ԵԱՏՄ-ը եւ ԱՊՀԱԱԳ-ը` մէկ-մէկ որսալով անոնց անդամ երկիրները եւ իրե՛ն ենթարկելով զանոնք: Ըստ Արեւմուտքին, Վրաստանը 2003-ին, Ուքրանիան 2014-ին եւ Հայաստանը 2018-ին «յաջող յեղափոխութիւններով» առաջին քայլը առին միանալու համար իրենց: Սակայն այս երեք երկիրները` իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ «պատիժ», հողեր կորսնցուցին. Վրաստանը` Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան, Ուքրանիան` նախ Խրիմը, ապա Տոնպասը, վերջերս Լուկանսքը եւ Տոնեցքը, իսկ Հայաստանը Արցախի մասամբ ազատագրուած հսկայական տարածքներ կորսնցուց:
* Սակայն Հայաստանի վարչապետը 6 հոկտեմբեր 2022-ին, հայ ժողովուրդէն գաղտնի, Փրակայի մէջ, Ռուսիոյ բացակայութեան, գերագոյն դաւաճանութեամբ Արցախը Ազրպէյճանին մաս ճանչցեր է եւ աւելի ուշ, հրապարակաւ հաստատեց իր կատարածը (*):
ՀԱՊԿ-ի 11 յունուար 2022-ի առցանց վեհաժողովին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց (18), որ կարելի չէ «գունաւոր յեղափոխութիւններու» բեմադրութիւնը արտօնել: «Մենք պիտի չարտօնենք մեր տան մէջ կացութիւնը զարգացնել, գունաւոր յեղափոխութիւններու բեմագրութիւն սարքելով», ըսաւ Փութին: Ռուսիոյ ղեկավարը ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրին` Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կոչեց արտաքին միջամտութեան հետեւանք: «Ասիկա արտաքին միջամտութեան ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ վերջին փորձն է», ընդգծեց Փութին:
Կ՛արժէ նշել, որ Ամերիկայի հլու-հնազանդ չեղող շուրջ 30 երկիրներու մէջ «գունաւոր յեղափոխութիւն» տեղի ունեցաւ, երբեմն` մէկէ աւելի անգամ, գրեթէ առանց «յաջողութեան» (տե՛ս` 14):
Արդարեւ, փոխանակ շրջանային հզօր դրացի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, իրողապէս Հայաստանի թշնամի` տխրահռչակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, արեւմտեան դաւադիր «յեղափոխութեան» միջոցով եկած էր հակառուս օրակարգով մը, որուն բազմաթիւ օրինակներէն էին.
1.- ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի դէմ 26 յուլիս 2018-ի դատական հայցի յարուցումը, որ Ռուսիոյ եւ նոյնինքն Հայաստանի վարկին հասցուած մեծ հարուած մըն էր (անմիջապէս, վարչապետ ըլլալէն շուրջ 50 օր ետք):
2.- Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին` ԵԽԽՎ-ի մէջ Ռուսիոյ կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու վերադարձին դէմ քուէարկելու յիմարութիւնը` 25 յունիս 2019-ին:
3.- Փաշինեան նաեւ նեղացուց Իրանը` Ազրպէյճանի դաշնակից Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալով (որ շուրջ 10 օր ետք գոցեց) եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու` Իսրայէլի ծառայող, հակաիրան տխրահռչակ Ճոն Պոլթընը ընդունելով 25 հոկտեմբեր 2018-ին: Այս այցելութենէն ետք, յիմարօրէն, կարգ մը ամերիկեան պատժամիջոցներ կիրարկեց մեր բնական դաշնակից եւ մեր հարաւի հետ բաց սահմանով հզօր դրացի Իրանին դէմ…
Պոլթըն «Արմնիուզ»-ին բացատրած էր, թէ ի՛նչ նկատի ունէր, երբ Հայաստան այցելութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հիանալի դիրքի վրայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով (միւս հարցը Իրանի մասին էր) վճռական որոշում տալու համար… (19), այսինքն պատրաստ էր Արցախը յանձնել թշնամիին:
Գ.- Ահա վերոնշեալ աշխարհաքաղաքական ենթահողին եւ Միացեալ Նահանգներուն բացայայտ ու յայտարարուած ռազմավարութեան հիման վրայ պէտք է արժեւորել այժմու Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմը եւ Հայաստանն ու Արցախի մասին Արեւմուտքին աննպաստ ու վնասակար կեցուածքը:
«Արցախը զոհ` Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութեան» խորագիրով 23 հոկտեմբեր 2020-ին (20), եւ «Ամերիկեան ռազմավարութիւնը, Հարաւային Կովկասը, Հայաստանը, Արցախը եւ Ռուսիան» խորագիրով 19 նոյեմբեր 2020-ին (21) անդրադարձած էի ամերիկեան «Ռենտ» հիմնարկին 24 ապրիլ 2019-ի ռազմավարական ուսումնասիրութեան, որ ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող կեդրոն է (22), 354 էջ ուսումնասիրութիւն մը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա մրցակցութեան մասին, ստորեւ` անոր վեց թելադրանքները (23).
1.- Ուքրանիոյ մահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել,
2.- Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զօրակցութիւնը աւելցնել,
3.- Պիելոռուսիոյ մէջ իշխանափոխութիւն յառաջացնել,
4.- ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼ,
5.- Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնել,
6.- Ասպարէզ կարդալ Մոլտովայի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան:

վտանգը եւ յաջողութեան հաւանականութիւնը, որ մէկ միջակ եւ հինգ ցած նախատեսուած է`
գրեթէ համապատասխանելով ցարդ կատարուածին:
Այս ուսումնասիրութիւն, թելադրանքներէն երեքուկէս տարի ետք, այժմ, յստակօրէն կը տեսնենք, որ այս բոլոր թելադրանքները գործադրուեցան ու կը շարունակուին, ո՛չ մէկը յաջող, ինչպէս որ արդէն նախատեսուած էր, հակառակ անոր որ Ամերիկայի նախագահը եւ տիրող կուսակցութիւնը փոխուեցան յունուար 2021-ին (Տե՛ս` «Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգներուն այսպէս կոչուած «ազգային շահերը» չեն փոխուիր նախագահին եւ անոր կուսակցութեան փոփոխութեամբ»), (24):
Ինչպէս նշեցինք, այս թելադրանքներուն գլխաւոր նպատակը Ռուսիան տկարացնել է, եւ դժբախտաբար վերեւ նշուած չորրորդ թելադրանքը` «Հարաւային Կովկասի լարուածութիւնը շահագործել», ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ եւ այժմու Հայաստանի իշխանութեան դաւադիր գործակցութեամբ իրականացաւ 44-օրեայ պատերազմով, 27 սեպտեմբեր 2020-ին (Տե՛ս` «Միացեալ Նահանգները եւ Արցախի դէմ տեղի ունեցող պատերազմը» (25)). «Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի տուած կանաչ լոյսով (ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ միջոցով), քանի որ պատերազմին վայրը` Ռուսիոյ հարաւը եւ Իրանի հիւսիսը անկայուն դարձնելը եւ Իրանի հիւսիսային ճամբան փակելն է իրենց յայտարարած նպատակը»:
* Մոլտովայի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ցարդ Ռենտի ակնկալածէն աւելի «յաջողեցան», սակայն տակաւին վերջնական չէ, քանի որ Ռուսիան տակաւին ներկայութիւն է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, թէեւ` ժողովուրդին բացակայութեան: Ռենտ-ի հետախոյզներուն իսկ միտքէն չէր անցած, որ Հայաստանի իշխանութիւնը կրնայ Արցախի դէմ դաւաճանել, անոր համար յաջողութեան կարելիութիւնը ցած նախատեսած էին* …
Այժմ առնենք առաջին թելադրանքը. «Ուքրանիոյ մահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել» («Provide Lethal Aid to Ukraine»): Այս թելադրանքը 24 ապրիլ 2019-ին կատարուած էր, իսկ որո՞ւ դէմ էր մահացու, այսինքն` ոչ ինքնապաշտպանական օժանդակութիւնը, անշո՛ւշտ Ռուսիոյ դէմ: Ուրեմն նախայարձակը Ամերիկա-Ուքրանիա զոյգն էր, որ այժմ ՕԹԱՆ-ով ալ օժտուեցաւ: Նշենք, որ Ռուսիան 24 փետրուար 2022-ին` իբրեւ «ինքնապաշտպանութիւն», յարձակեցաւ Ուքրանիոյ վրայ` պաշտպանելու համար ռուս ծագումով քաղաքացիները, որոնցմէ, ըստ ՄԱԿ-ին, 2014-էն ի վեր, առնուազն 14 հազար ռուսեր ցեղային մաքրագործման ենթարկուած էին նոր նացի Ազովի ջոկատներուն կողմէ, այս թելադրանքին գործադրութենէն շուրջ 3 տարի ետք, երբ Ուքրանիան յայտարարեց ՕԹԱՆ-ին միանալու իր որոշումը:

Վերոնշեալ պատճառաբանութիւնը նկատի առնելով` մեզի նման շատեր «Ռենտ»-ի այս թելադրանքները կը մեկնաբանեն, որ Ուքրանիան է Ռուսիոյ դէմ նախայարձակը` Ամերիկայի քաջալերանքով ու «մահացու» զէնքերով, եւ ուրեմն Ռուսիան իր դրացիէն ինքնապաշտպանութեան վիճակի մէջ կը գտնուի եւ ո՛չ թէ` նախայարձակի: Ուստի, այս մեկնաբանութիւնով մտահոգուած, «Ռենտ»-ի խմբագրութիւնը սեպտեմբեր 2022-ին, 24 ապրիլ 2019-ի կայքէջին նախկին էջին վրայ «կապերու» (link) նոր պարբերութիւն մը աւելցուցած է նկատելէ ետք, որ իրենց ռազմավարական այս ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նշեցի, ի շահ Ռուսիոյ կ՛օգտագործուի, ուրեմն կը քաջալերեն, որ այցելուները իրենց պատրաստած քարոզչական շարք մը հակառուս այլ տեղեկագիրներ ալ կարդան (23)…
Հանճար ըլլալու պէտք չկայ հաստատելու համար, որ մեր տրամաբանական ու սերտ գործակիցները պէտք է ըլլան հարաւէն հիւսիս առանցքը, այսինքն` հարաւի հզօր պետութիւն Իրանը, Վրաստանը եւ շրջանային հզօր եւ արդէն իսկ դաշնակից գերտէրութիւնը` Ռուսիան: Պէտք է նշենք, որ այս առանցքին կը զօրակցին նաեւ երկու հզօր պետութիւններ եւս` Չինաստանն ու Հնդկաստանը. (Տե՛ս` «Շրջանային յարաբերութեան համար Իրան եւ Հնդկաստան Ազրպէյճանի Փոխարէն Հայաստանը կ՛ընտրեն» (26) եւ Ուանկ Հայտոնկի «Թուրքիոյ Փանթուրանական ձգտումներուն հետեւանքները Չինաստանի համար» (27) յօդուածները:
10 նոյեմբեր 2023
Շար. 2/3
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:
- https://www.aztagdaily.com/archives/313048
- https://www.aztagdaily.com/archives/489550
- https://www.aztagdaily.com/archives/550408
- https://www.aztagdaily.com/archives/551183
- https://www.aztagdaily.com/archives/554833
- https://www.aztagdaily.com/archives/556709
- https://www.aztagdaily.com/archives/534246
- https://www.aztagdaily.com/archives/480337
- https://www.aztagdaily.com/archives/487136
- https://www.aztagdaily.com/archives/489920
- https://en.wikipedia.org/wiki/RAND_Corporation
- https://www.rand.org/pubs/research_reports/RR3063.html
- https://www.aztagdaily.com/archives/503628
- https://www.aztagdaily.com/archives/486567
- https://www.aztagdaily.com/archives/526487
27. https://www.aztagdaily.com/archives/480408