Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Զօրավիգ Կանգնիլ Արցախահայութեան

Նոյեմբեր 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի անկումը մարդկային, տնտեսական եւ հողային կորուստներու առումներով ծանր հետեւանքներ ունեցաւ: Պատմական մեր հայրենիքէն մաս մը բռնագրաւուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ:

Աշխարհաքաղաքական զարգացումները, Ուքրանիոյ պատերազմը, բայց մանաւանդ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի զինուորական օժանդակութիւնները նպաստեցին Ազրպէյճանին` կարճ ժամանակի մը մէջ տապալելու բոլոր համաձայնագրերն ու բանակցային տրամաբանութիւնը եւ հայրենազուրկ դարձնելու Արցախի բնակչութիւնը:

Նկատելի է, թէ Ազրպէյճան որքա՛ն արագ կը ձեռնարկէ իրերայաջորդ քայլերու` ազերիներով բնակեցնելու Արցախի կարգ մը շրջանները, զինուորական շքերթ կազմակերպելու Ստեփանակերտի մէջ, հայկական մշակութային կոթողները քանդելու կամ աղաւաղելու. այլ խօսքով, այնքան ատեն որ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները ի նպաստ իրեն կը զարգանան, աճապարանքով եւ իր եղբօր` Թուրքիոյ նախագահին կնքահայրութեամբ ձեռնարկելու հայկական Արցախի իւրացման ամբողջական գործընթացին` պատերազմի արդիւնքները վերջնականացնելու հեռանկարով:

Այս աճապարանքը կը հաստատէ, որ Ալիեւ լաւապէս ըմբռնած է Արցախի հայկականութեան անուրանալի իրողութիւնն ու նախքան աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան իրականացում` կը ջանայ իր զինուորական բռնագրաւումը քաղաքական յաղթաթուղթի ու Արցախի ժողովրդագրական պատկերի վերջնական փոփոխութեան վերածել: Իրականութեան մէջ Ազրպէյճանի Արցախի հայութեան ուղղուած համարկումի կոչերը պարզապէս քարոզչական շղարշներ են: Ալիեւ լաւ գիտէ, որ Արցախը ինքնավար մարզ էր Խորհրդային Միութեան օրերուն, ապա, միութեան քայքայումէն ետք անկախացած էր իր բնակչութեան որոշումով, հետեւաբար անկախ ապրիլ որոշած ժողովուրդը չի կրնար պատմութեան անիւը իր ձեռամբ շրջել ու Ազրպէյճանի լուծին տակ ապրիլ:

Այս երեւոյթին դիմաց հայկական կողմը` հայրենի պետութիւն եւ սփիւռք, ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնէ նախ վերջ տալու Արցախի տեղահանուած բնակչութեան խուճապային տրամադրութեան, օգնելու, որ ան աշխատանք, կեցութեան յարմար պայմաններ ունենայ Հայաստանի մէջ, ամոքէ իր վէրքերը, որպէսզի յուսալքութիւնը վանէ, շարունակէ իր գոյերթն ու հայրենիք վերադառնալու հաւատքը անսասան պահէ:

Արցախահայութեան դիմագիծի ու պետական համակարգի պահպանման համար տեղահանուածի կարգավիճա՞կ կը տրուի արցախահայութեան, կը պահպանուի՞ Արցախի կառավարութիւնը որպէս վտարանդի կառավարութիւն, կը գործէ՞ Արցախի պետական համակարգը… սերտելի հարցեր են, որպէսզի Արցախի իսկական տէրերը վերադարձի իրենց յոյսն ու լծակները պահպանեն, իսկ սփիւռքն ու հայրենի պետութիւնը թեւ-թիկունք կանգնին Արցախի բնակչութեան մինչեւ Արցախի կարգավիճակի ճշմարիտ ու արդար հանգուցալուծում` իր իսկ ժողովուրդին որոշումով:

Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը, վերջապէս, նոյնինքն Արցախի ժողովուրդը կ’որոշէ, իսկ ժողովուրդը իր հանրաքուէով ու նախքան վերջին պատերազմը իր մէկէ աւելի ժողովրդային հաւաքներով հաստատած է իր տեսլականը:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Հայկ Ստեփան Վարվառեան

Յաջորդը

Չափի Տեսութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?