Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսութիւն. Ո՞ւր Է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Վաղուան Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ – Ա.

November 18, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Հայաստան-Արցախ-Հայ դատ եւ Ռուսիա-Ուքրանիա-Խրիմ-Տոնպաս զուգահեռները եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը» խորագիրով քիչ մը ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած էի 30 նոյեմբեր 2022-ին, «Ազդակ Բացառիկ» 2023-ին համար, որ մի՛այն տպագիր լոյս տեսաւ եւ կայքէջիս մէջ տեղադրուեցաւ: Այսօր, տարի մը ետք, կ՛արժէ կէտ առ կէտ արժեւորել Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, շուրջ 75 տարիներու խոշոր` macro զարգացումները, նախատեսութիւնները եւ իրերու ընթացքը: Թէ` ի՛նչ կատարուեցաւ այս մէկ տարուան ընթացքին *շեղակի գիրով եւ աստղանշանով*  պիտի անդրադառնամ` կրկնելով յօդուածին մեծ մասը, քանի որ տակաւին այժմէական է:

1. ԱՊՀ-ի քարտէսը, Թուրքմենստանը ընկերակից, իսկ Մոնկոլիան` դիտորդ: Բաւարար է նկատել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ տարածութիւնները` եզրակացութեան յանգելու համար:

«Ա.- Ընդհանուր պատկեր, Արեւելք-Արեւմուտք հակադիր դաշինքներ.

«25 դեկտեմբեր 1991-ին թիւ 142-H որոշումով Խորհրդային Միութիւնը պաշտօնապէս լուծարուեցաւ, նշելով փոխանցումը եւ սկիզբը Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան` ԱՊՀ, որուն լիիրաւ անդամ դարձան նախկին Խորհրդային Միութեան 15 երկիրներէն 10-ն: Ուքրանիան, հիմնադիր անդամ ըլլալով հանդերձ, չէր վաւերացուցած կանոնագրութիւնը, իսկ Թուրքմենստանը ընկերակից կարգավիճակով մնաց: Պալթեան երեք երկիրները` Էսթոնիա, Լաթվիա եւ Լիթուանիա, մերժեցին միանալ, մինչ Վրաստան 2009-ին կազմէն դուրս եկաւ, իսկ Ուքրանիան` 2018-ին: Այժմ 9 երկիրներ կը մնան ԱՊՀ-ի լիիրաւ անդամ, ներառեալ` Հայաստանը (1), տե՛ս քարտէս 1-ը, եւ բաղդատել այնտեղ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի տարածութիւնները, իբրեւ ենթահող` որոշ եզրակացութեան մը յանգելու համար:

«Վրաստանը եւ Ուքրանիան Արեւմուտքին, այսինքն Ամերիկայի, Անգլիոյ, ՕԹԱՆ-ի եւ սորոսականներու կողմէ սարքուած «գունաւոր յեղափոխութիւններուն» պատճառով դուրս եկան ԱՊՀ-էն եւ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող այլ միութիւններէն: Սակայն Հայաստանը, որ նաեւ նոյն արեւմտեան «յեղափոխութեան» զոհ դարձաւ, հակառակ Արեւմուտքի ճիգերուն եւ Հայաստանի հակահայ այս իշխանութեան, բարեբախտաբար տակաւին անդամ է եւ կը մնայ շրջանային հզօր ու դաշնակից Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող բոլոր կազմակերպութիւններուն մէջ, տե՛ս նկար 3»:

*Հայաստանի այժմու դաւաճան իշխանութիւնը փոքր քայլերով կը փորձէ դուրս գալ ԱՊՀ-էն եւ մտնել` ո՞ւր, յայտնի չէ. շատ հաւանաբար` Թուրքիոյ եաթաղանին տակ… Հայաստան մերժեց մասնակցիլ 13 հոկտեմբեր 2023-ի ԱՊՀ-ի Պիշքեքի հանդիպումին: Նաեւ` Արմէն Գրիգորեանը չի մասնակցիր ԱՊՀ-ի ապահովութեան խորհուրդներու քարտուղարներու 8 նոյեմբեր 2023-ի հերթական հանդիպումին: Մոլտովան նոյնպէս կը փորձէ հեռանալ*:

2. Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան` ԱՊՀ այժմու երկիրները:

«Նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն Ռուսիան եւ Պիելոռուսիան միութիւն հռչակեցին 8 դեկտեմբեր 1999-ին` իբրեւ առաւելագոյն մակարդակի յարաբերութիւն ունեցող դաշնակիցներ (գրեթէ միացում), որ վերջերս վերահաստատուեցաւ: Երկրորդ մակարդակի խմբակը Եւրասիական տնտեսական միութիւնն է` ԵԱՏՄ, որուն կ՛անդամակցին նաեւ Ղազախստանը, Հայաստանը եւ Խրխզստանը:

3. Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան` ԱՊՀ այժմու երկիրները:

Նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներուն այժմու զանազան կազմակերպութիւններու անդամակցութեան պատկերը` գունաւոր օղակներու մէջ: Վարը, աջին` չճանչցուած պետութիւններ «Ազգերու իրաւունքի եւ ժողովրդավարութեան համայնք»-ի անդամներ` Արցախ, Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա եւ Թրանսնիստրիա (3), (4): GUAM-ը անգլերէն սկզբնատառերն է Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ազրպէյճանի եւ Մոլտովայի, որ «ժողովրդավարութեան» եւ տնտեսական զարգացման խմբաւորում է:

«Արեւմտեան զինուորական ուխտին` ՕԹԱՆ-ին համապատասխանող ռուսականը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը` ՀԱՊԿ-ն է, որուն անդամներն են` Հայաստանը, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը, Խրխզստանը, Տաճիկստանը եւ Ռուսիան (2):

*Հայաստանը ցարդ անպաշտօն կերպով 2021-էն ի վեր գրեթէ հեռացած է այս կազմակերպութենէն, այն պատճառով, որ երբ Ազրպէյճան Հայաստան ներխուժած է, ՀԱՊԿ-ն արգելք չէ հանդիսացած:

Իրականութեան մէջ, սակայն, ըստ նախկին պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանին, Փաշինեան հրահանգած է չկրակել ազերի բանակին վրայ, իսկ ինք չէ հնազանդած եւ հրահանգած է կրակել ներխուժողներուն վրայ, որուն պատճառով պաշտօնազուրկ ըրած է զինք (5): Իսկ մայիս 2023-ին տեղի ունենալիք միացեալ ռազմափորձերը, որոնք Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենային, Հայաստան յիմարօրէն մերժեց հիւրընկալել ռազմափորձերը` պատճառաբանելով, որ զբաղած է, եւ չմասնակցեցաւ նաեւ Պիելոռուսիա փոխադրուած այս ծրագիրին (6): Սակայն Փաշինեանի այս ամերիկեան օրակարգով հակառուս վարչախումբը արդէն արհամարհած էր ՀԱՊԿ-ն, երբ անոր հայաստանցի ընդհանուր քարտուղարը` զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուր(եան)ովը, առանց պատշաճ քայլերու, 26 յուլիս 2018-ին դատական անհիմն հետապնդումի ենթարկեց ու ձերբակալեց զայն` խայտառակելով Հայաստանը ՀԱՊԿ-ն եւ Ռուսիան…  Վերջաւորութեան դատարանը որեւէ յանցանք չգտնելով` 6 ապրիլ 2021-ին անպարտ արձակեց զայն…

Մինչ այդ Ազրպէյճան իր դաշնակիցներուն հետ ռազմափորձեր կը կատարէ: Որեւէ դաշնակից, բո՛ւն երկրին փոխարէն, եւ ինքնաբերաբար չէ, որ պիտի պատերազմի, մանաւանդ եթէ երկրին բանակին կը հրահանգուի չպատերազմիլ:*

«ՕԹԱՆ-ին նպատակը. Հիմնուեցաւ 4 ապրիլ 1949-ին, Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Միացեալ Նահանգներուն հովանաւորութեամբ: 12 հիմնադիր անդամներն էին` Ամերիկա, Քանատա, Իսլանտա, Անգլիա, Փորթուգալ, Պելճիքա, Հոլանտա, Դանիա, Նորվեկիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Լուքսամպուրկ: Այժմ ունի 30 անդամ երկիրներ, Թուրքիան 1952-ին միացաւ: Հիմնական նպատակն էր դաշնակիցներուն ազատութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանել քաղաքական եւ զինուորական միջոցներով` հակադրուելով այն ժամանակ Խորհրդային Միութեան (7): *Ֆինլանտան` Ռուսիոյ հետ սահմանակից,  4 ապրիլ 2023-ին միացաւ ՕԹԱՆ-ին*:

«Վարշաւիոյ ուխտը. Խորհրդային Միութեան հովանաւորութեամբ, 14 մայիս 1955-ին, Խորհրդային Միութիւնը (15 երկիրներ) եւ Արեւելեան Եւրոպայի 7 երկիրներ` Արեւելեան Գերմանիա, Լեհաստան, Չեխոսլովաքիա, Հունգարիա, Ալպանիա, Պուլկարիա եւ Ռումանիա, այս դաշինքը կնքեցին`, իբրեւ ՕԹԱՆ-ին հակադիր ճակատ, երբ որ Արեւմտեան Գերմանիան միացաւ ՕԹԱՆ-ին (8):

Խորհրդային Միութեան վերջնական փլուզումէն առաջ, 1 յուլիս 1991-ին Չեխոսլովաքիոյ նախագահ Վացլաւ Հաւել Վարշաւիոյ ուխտը դադրած յայտարարեց: 31 դեկտեմբեր 1992-ին Չեխոսլովաքիան «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք»-ին հիման վրայ բաժնուեցաւ երկու հանրապետութիւններու` Չեխիա եւ Սլովաքիա:

*Ահաւասիկ` «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք»-ին կիրարկումը, որ կրկնուեցաւ նաեւ Քոսովոյի, Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ, Խրիմի, Տոնպասի, Տոնեցքի, Լուկանսքի պարագաներուն, մաս մը Արեւմուտքին կողմէ ճանաչում ստանալով, մաս մը` Ռուսիոյ: Սակայն Արցախը մնաց չճանչցուած, նոյնիսկ` Հայաստանի կողմէ: Հայաստան դասեր չքաղեց վերոնշեալներէն եւ անտեսեց ու տակաւին կ՛անտեսէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը*:

4. Թրանսնիստրիա Մոլտովայէն անջատուած եւ Ուքրանիոյ դրացի` չճանչցուած պետութիւն:
5. Քայքայուած Եուկոսլաւիոյ 6 նոր պետութիւնները, Քոսովոն եւ տակաւին ինքնավար Վոժվոտինան:

Բ. Եուկոսլաւիոյ քայքայումը.

Եուկոսլաւիան, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք վեց երկիրներու` Պոսնիա-Հերցեկովինիայի, Խրուաթիոյ, Մակեդոնիոյ, Մոնթենեկրոյի, Սերպիոյ եւ Սլովենիոյ ու երկու ինքնավար մարզեր` Վոժվոտինայի եւ Քոսովոյի ընկերվարական դաշնակցութիւնն էր, կը պատկանէր «Ոչ յանձնառու երկիրներ»-ու խումբին, հակաարեւմտեան եւ հակաստալինեան թեքում ունէր: Նախագահ Թիթոյի մահը, Խորհրդային Միութեան քայքայումը եւ «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք»-ը, 25 յունիս 1991-ին մղեցին Սերպիան ու Խրուաթիան` դաշնութենէն անկախութիւն հռչակելու: Այնուհետեւ, մինչեւ 17 փետրուար 2008, երբ Քոսովոն ալ անկախութիւն հռչակեց Սերպիայէն, բոլոր ազգային խմբաւորումները անկախութիւն հռչակած էին, ընդհանրապէս` ՕԹԱՆ-ի զինուորական եւ ՄԱԿ-ի ուղղակի միջամտութեամբ (9):

ՕԹԱՆ-ի կողմէ Եուկոսլաւիոյ ռմբակոծումը (10).  28 փետրուար 1994-էն սկսեալ ՕԹԱՆ-ի ուժերը ուղղակի մասնակցեցան Եուկոսլաւիոյ քայքայումի գործին, երբ անոնք Պանճա Լուքայի մօտ վար առին 4 սերպիական հալածիչներ: ՕԹԱՆ-ի պատմութեան մէջ առաջին պատերազմական գործողութիւնն էր այս, որ նախընթացը եղաւ յաջորդող ռազմական միջամտութիւններուն, նախկին Եուկոսլաւիոյ մէջ, մինչեւ 2 դեկտեմբեր 2004: Նախապէս ՕԹԱՆ-ը մի՛այն օդային հսկողութիւն (Իրաքի մէջ, No fly zone) կ՛ընէր (11):

9 նոյեմբեր 2023
Շար. 1/3

haroutchekijian.wordpress.com

 

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:

  1. https://en.wikipedia.org/wiki/Commonwealth_of_Independent_States
  2. https://en.wikipedia.org/wiki/Collective_Security_Treaty_Organization
  3. https://en.wikipedia.org/wiki/Transnistria
  4. https://en.wikipedia.org/wiki/Community_for_Democracy_and_Rights_of_Nations
  5. https://iravaban.net/444916.html
  6. https://www.azatutyun.am/a/32521422.html
  7. https://en.wikipedia.org/wiki/NATO
  8. https://en.wikipedia.org/wiki/Warsaw_Pact#Members
  9. https://en.wikipedia.org/wiki/Breakup_of_Yugoslavia
  10. https://en.wikipedia.org/wiki/NATO_bombing_of_Yugoslavia
  11. https://en.wikipedia.org/wiki/NATO_intervention_in_Bosnia_and_Herzegovina

 

Նախորդը

Փուչիկներու Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Կը Դիմակալենք Մեր Տառապանքը

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.