Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կեցցէ՛» Լիբանանը «Անկցի՛» Փտածութիւնը (Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակ)

Նոյեմբեր 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Շատ անգամ կը զգաս, որ Լիբանանի պետութիւնը  ստեղծուած է ի հեճուկս ժողովուրդին»:

ՌԵՄՈՆ ԺՊԱՐԱ
(Վաստակաւոր դերասան, թատերագիր)

Ազնիւ ընթերցողը արդարօրէն կրնայ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ «կեցցէ» եւ «անկցի» բառերը չակերտուած են, արդեօք Լիբանան կոչուած երկիրը արժանի չէ՞ նման որակումի, իսկ միւս կողմէ` պետութիւններու անկումին եւ ժողովուրդներու անբարոյականացման հիմնական պատճառներէն չէ՞ փտածութիւնը, որ աւերներ կը գործէ շուրջբոլոր:

Լիբանանցի պատմաբան մը վերջերս ուշագրաւ  հաստատում մը կատարելով` ըսաւ. «Մենք` լիբանանցիներս, փիւնիկեցիներու օրէն փտած ենք», ակնարկելով այն իրողութեան, թէ ինչպիսի՛ նախնիներ են ունեցած այս երկրի ժառանգորդները: Այո՛, փիւնիկեցիներ, որոնք հանրածանօթ են եղած իրենց վաճառականութեամբ, առեւտրականի չարքաշութեամբ, ծովագնացութեամբ եւ օտար ժողովուրդներու հետ սերտ շփումներ կատարելով եւ մասամբ նորին:

Դարերու խորերէն մեզի հասած վերոնշեալ պատումները բաւարար են, սապէս, վերլուծման եզրեր գտնելու եւ ըստ այդմ` Լիբանանի արդի պատմութիւնը` գէթ մասնակի գնահատելու եւ արժեւորելու, անշուշտ, լիբանանահայութեան պրիսմակէն դիտուած:

Պատմութեան էջերը կը վկայեն, որ Լիբանան կոչուած երկրի մը «կմախքը», չըսելու համար` քաղաքական յատակագիծը, ի յայտ սկսած է գալ 1860-ականներուն, երբ Լեռնալիբանանի մէջ կը ստեղծուէր վարչատարածք, որով պիտի տնօրինուէր ապրող ժողովուրդի կեանքը, Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ:

Մեր քննարկումէն զերծ պահելով հանդերձ այդ տարիներու համայնքային (տիւրզի-մարոնի) կռիւները, հարկ է ընդգծել, որ այդ օրէն ի վեր ի զօրու եղած են առանձնաշնորհումներ, երբ այս կամ այն, յատկապէս մարոնի գերդաստաններ կրցեր են ստեղծել իրենց սեփական վաճառաշահ ընկերութիւնները եւ կեղեքել սեփական ժողովուրդն իսկ: Փաստօրէն պատմական տուեալներ կ՛ընդգծեն, որ 1860 թուականէն մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին գերդաստաններ, որոնք կը շարունակեն տնօրինել նման առեւտրական կեդրոններ` սերունդէ սերունդ: Եւ խօսիլ կեղքումի թէ վաշխառու վարքագծերու մասին, սա արդէն ժամավաճառութիւն է` նկատի առած ցարդ ի զօրու եղող նման ապազգային ու հակամարդկային քաղաքական ու ընկերային վարքագիծ եւ մօտեցումներ:

Ասով կարելի է հետեւցնել, որ այս հողատարածքին վրայ ապրողներ, տարբեր համայնքներու պատկանող, կրցեր են ստեղծել իրենց «երկիր-պետութիւնը»` մերթ փոխադարձ շահերու համընկնումով, մերթ եղբայրասպան կռիւներու հրահրումով եւ շատ անգամ պետականութեան հիմքերն անգամ խարխրելով:

Տարօրինակը այն է այս պարագային, որ գաղութարարներ, իրենց կարգին, լաւն ու վատը, ճիշդն ու սխալը իրար խառնելով` փորձեր են լիբանանցիներուն նուիրել Մեծն Լիբանանի (1920) պատրանքը: Այո՛, ցնորային մտածում մը, որ յանգեցաւ այլ յատկանշական քաղաքական աքթի մը, այս պարագային` անկախութեան հռչակումին (1943), որուն հասնելու եւ կամ իրականացնելու համար լիբանանցիք այդքան ալ մեծ զոհողութիւններ ի գործ չդրին եւ արիւն չթափեցին, այլ օգտագործելով տուեալ ժամանակի մէջ առկայ միջինարեւելեան քաղաքական մրցակցութիւնը, Բ. Համաշխարհային պատերազմի ստեղծած անդոհանքը, բայց մանաւանդ` հոգատար ֆրանսական պետութեան «փափկութիւնը», յաջողեցան ձեռք ձգել անկախութիւն, ունենալ դրօշակ, քայլերգ եւ պետական կարգ ու սարք, լծուիլ ազատ ու անկախ Լիբանանի մը կերտումին:

Փաստօրէն, մինչեւ ողն ու ծուծը համայնքայնութեամբ թաթախուած Լիբանանի հասարակութիւնը թէեւ ապրեցաւ անկախութեան շօշափելիութիւնը քանի մը տասնամեակ, այլ խօսքով` մինչեւ եղբայրասպան պատերազմ (1975-1990), այլապէս ալ չուշացաւ ինքնաքանդումի եւ ինքնասպանութեան փուլը, երբ քաղաքացիական խօլ պատերազմի մէջ մխրճուելով` ինքզինք մատնեց ինքնափճացման արշաւի:

Կը սպասուէր, որ յետպատերազմի տասնամեակները ըլլային բարօրութեան, յառաջդիմութեան եւ ինքնասրբագրումի պատեհ առիթներ, թէեւ այս առումով փորձ մը կատարուեցաւ Ռաֆիք Հարիրիի նախաձեռնութեամբ, այդուհանդերձ, վարչապետ  Հարիրիի սպանութեամբ, Լիբանան կը թեւակոխէր քաոսային նորովի վիճակ մը, ուր միջհամայնքային ատելութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, քաղաքական ներհակ եւ շատ անգամ թշնամական կեցուածքները թէեւ չհասան եղբայրասպան կռիւներու բռնկումին, այդուամենայնիւ, ցարդ կը շարունակուին բեւեռացած վարքագծերը, գործելակերպերն ու պետական մակարդակի հոսհոսութիւնը:

Եթէ երբեք կայ համայնք մը, որ արիւն եւ քրտինք թափած է անշահախնդրօրէն` յանուն Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ բարօրութեան,  անվարան կրնանք հաստատել, որ լիբանանահայութիւնն է, որ անմնացորդ նուիրումով եւ տքնաջան աշխատանքով իր ներդրումը բերած է ու կը շարունակէ բերել` հաւատալով այս երկրին ու անոր ապագային:

Փաստօրէն 80 տարիներու թաւալքը բաւարար չէր ու չէ եղած իսկական երկրի մը կայացումին, պետականութեան ամրապնդումին եւ միջհամայնքային փոխադարձ ընկալումին: Եթէ երբեք Լիբանանի հողատարածքը կռուախնձոր է եղած մեծապետական հաշիւներու եւ ծրագիրներու գործադրման, միւս կողմէ` հարկ է քաջաբար խոստովանիլ, որ լիբանանեան հասարակութիւնը, իր կարգին, չէ կրցած ձերբազատիլ ստապատիր լոզունգներէ, կեղծ քարոզներէ եւ անհատի պաշտամունքէ:

Գաղութարարութիւնը այս առումով յաջողած է սրսկել այն «թաքուն» թոյնը` համայնքայնութիւնը, ու անով պառակտել ամբողջ ժողովուրդ մը, որ կ՛ուզէ, կը յաւակնի ապրիլ ազատ ու գերիշխան, բարօր ու ժողովրդավարութեան հայեացքին ներքեւ: Ըստ երեւոյթին, անհաս երազ ու անիրականալի փափաքներ են այն բոլոր կարգախօսները, որոնց արձագանգը մենք կը լսենք տարբեր հարթակներու վրայ:

Պահ մը երեւակայել է պէտք, որ պետութիւն մը չունի նախագահ, որովհետեւ չկայ քաղաքական կամք ու անշահախնդիր մօտեցում: Կազմալոյծ վիճակի մատնուած պետական կարգ ու սարքը կը շնչէ արհեստականօրէն` գարշ տալով իր գոյութիւնը: Վերջին տարիներու ստեղծուած տնտեսական ահաւոր վիճակի առկայութիւնն ու քաղաքական կեանքի անել կացութիւնը բաւարար էին Լիբանան կոչուած երկիրը մատնելու քաոսի, աղքատ դասակարգը աւելի աղքատացնելու, միջին խաւը վերացնելու եւ հարուստի դրամատնային հաշիւները հազարապատկելու:

Երբեմնի մշակոյթի եւ լոյսի երկիր յորջորջուած Լիբանանը այսօր կ՛ապրի իր մթութեան ժամանակաշրջանը: Մթութիւն` բոլոր մարզերէ եւ միջավայրերէ ներս: Թէեւ կ՛ապրի ժողովուրդ մը, որ ենթակայ է ստրկամտութեան եւ վերնախաւի մը կամքին ու քաղաքական հայեացքներուն, այդուհանդերձ, կայ մետալի միւս երեսը, տարօրինակ եւ անհասկանալի բաժինը, որ կը վերաբերի նոյն հասարակութեան, որ իր տարբեր ու բազմաոլորտ շերտերով հանդերձ, թէեւ կը փորձէ գարշ տալ իր գոյութիւնը, այլապէս ալ մենք ականատես կ՛ըլլանք մսխումի թէ զեխութեան այլանդակ պատկերներու եւ կենցաղակերպի:

Ու կը մտածէ համեստ եւ իր օրապահիկը հազիւ ճարող լիբանանցին. արդեօք իրապէ՞ս Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական ու քաղաքական սուր տագնապ, աղքատութիւն եւ անգործութիւն, թէ՞ երազային շղարշ մը պատած է շուրջբոլոր:

Յայտնապէս փոքր երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրն է եղած այն, որ ապաւինելով օտարի ուժին, սին խօսքերուն եւ կեղծ բարեացակամութեան` միշտ ալ ենթակայ են եղած հիասթափութեան եւ կործանումի:

Աւելի՛ն. անկախութեան եւ գերիշխանութեան ձգտող հաւաքականութիւններ, ինչպիսի կարգավիճակ ալ ունեցած ըլլան անցեալին, առանց քաղաքական մտքի բարձր գիտակցութեան, պետութիւն ստեղծելու ունակութեան եւ հաւաքական կամքին, առանձնապէս` ազատութեան բագինին նուիրուելու համաժողովրդական կեցուածքին, ուժականութեան եւ պայքարի բորբոքումին, դժուար թէ կարենան, այդ ալ ներկայ ժամանակներուն, ձերբազատիլ մեծապետական ուժերու որոգայթներէ եւ միջպետական խօլ մրցակցութենէ:

Չի բաւեր ունենալ մշակութային պատուաբեր մակարդակ, արուեստներու եւ գիտական նուաճումներու հարթակներ, էականը պատկանելիութեան զգացումի, ազգային ըմբռնումի եւ հաւաքական արժանապատուութեան խոր գիտակցութիւնն է, որով ժողովուրդներ պիտի կարենան շրջանցել պարտադրուած քաղաքական թէ այլ խոչընդոտներ:

Այնքան ատեն որ չէ կերտուած հերոսի հաւաքական կերպարը, որով պիտի կարենան փոքր ժողովուրդներ պայքարիլ, տոկալ եւ պաշտպանել սեփական արեան տեսակն ու ազգային դիմագիծը, ձերբազատիլ փտածութենէ եւ կաշառքէ, այլապէս ալ պիտի յամենայ պետականութիւն ունենալու երազի իրականացումը:

Փաստօրէն նուէր տրուած անկախութիւնը կրնայ շուտով շիջիլ, անհետանալ ու աղէտաբեր դառնալ, այնքան ատեն որ տուեալ ժողովուրդը զբաղած է թալանով եւ փտածութեամբ: Արդար է ընդգծել, որ պետական վաղեմի փորձ ու կենսագրութիւն ունեցող ժողովուրդներ, հակառակ ժամանակ առ ժամանակ վերիվայրումներու, պատերազմներու թէ քաղաքական անորոշ ու դաժան պահերու, կրցեր են վերընձիւղիլ, վերականգնել սեփական պետականութիւնը, ամրակայել անոր հիմքերը եւ լծուիլ պետականակեդրոն աշխատանքի:

Որքան դժխեմ ըլլայ լիբանանցիին առօրեան, վհատութիւնը չէ, որ պիտի առաջնորդէ մեզ, այլ վաղուան օրուան հաւատալու մեր գիտակցութիւնն է, որ պիտի փրկէ մեզ` հաւաքաբար: Տեղայնամտութեան եւ եսապաշտութեան տիղմէն դուրս գալով` լիբանանցին կրնայ իր սեփական պետութիւնը կերտել, այնքան ատեն որ ցարդ կը պահէ իր «անուանական» անկախութիւնը:

20-11-2023             

Նախորդը

Հիւրընկալ Լիբանան

Յաջորդը

Միայն Նախագահի Ընտրութեամբ Եւ Նոր Կառավարութեան Կազմութեամբ Լիբանանը Առողջացման Ճամբով Կ՛ընթանայ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?