Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Վերջերս Կայացաւ Լիլիթ Գալստեանի Թարգմանութեամբ «XX Դար. Ռուսական Պոէզիայի Ընտրանի» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Անտրէ Պելի, Ալեքսանտր Պլոկ, Աննա Ախմատովա, Մարինա Ցուեթայեւա, Վլատիմիր Վիսոցքի, Իոսիֆ Պրոդտսքի` այս եւ այլ բանաստեղծութիւններու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները ամփոփուած են «XX դար. ռուսական պոէզիայի ընտրանի» հատորին մէջ:
Հայալեզու ընթերցողը այդ շքեղ պոէզիան արդէն կարելիութիւնը ունի կարդալու բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, հրապարակախօս, թարգմանիչ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Լիլիթ Գալստեանի նոյնքան շքեղ թարգմանութեամբ:
Բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան գիրքի յառաջաբանին մէջ գրած է. «Բացառիր` յոյզերը, ապրումները, սէրը, նուիրումն ու կարօտը, խամրող հայեացքդ նորէն պայծառացնող մանկութեան տաք յուշերու գգուանքը, եւ տակը ոչինչ կը մնայ: Ապրածդ ժամանակահատուածը դատարկ տհոլի պէս ուժեղ պիտի զարնուի ամբողջ անյայտութեան տանող քամիի մատներուն: Այդպէս ալ է, հիմա մարդկութիւնը անով կը մղուի, եւ բանաստեղծութիւնն է, որ երբեմն-երբեմն հնչելով, ոգեղէն ամէնէն քիչ հրայրքներուն պէս հաղորդակից կը դարձնէ անմեռ զմայլանքներուն` մեր մէջ արթնցնելով մեր իսկ ինքնութեան աստուածային խորհուրդը: Այս անգամ մարդուն պահող արժէքներուն ապրեցնող կածանով անցնելու հրաւէրը Լիլիթ Գալստեանի կողմէ է` «XX դար. ռուսական պոէզիայի ընտրանի»-ն իր թարգմանութեամբ ներկայացնելով ընթերցողին»:
Խաչիկ Մանուկեանի ձեւակերպումով, այս գիրքը ո՛չ միայն ռուսական բանաստեղծութեան կրկին հաղորդուելու հրաւէր է, այլեւ` երկու դարաշրջանները զիրար կապող իւրօրինակ կամուրջ, անոր խօսքով, փայլուն կերպով կ՛արտացոլան գիրքին մէջ ներառուած Մանտելշթամի տողերը:
Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ կայացած շնորհահանդէսին ընթացքին Երեւանի Կինոյի եւ թատրոնի պետական հիմնարկի փրոֆեսէօր, շարժապատկերի մասնագէտ, գրող Դաւիթ Մուրատեան ըսաւ, որ իր թարգմանութիւններով Լիլիթ Գալստեան վեհն ու գեղեցիկը վերադարձուցած է ընթերցողին, եւ շատ կարեւոր է, որ անոնք կարդան յատկապէս երիտասարդները, որոնցմէ շատերը անհաղորդ են բարձր գրականութեան, որովհետեւ չկան համարժէք թարգմանութիւններ:
Գրող, թարգմանիչ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Դիանա Համբարձումեան նշեց, որ անչափ կը գնահատէ Լիլիթ Գալստեանը` իբրեւ մարդ, ստեղծագործող, թարգմանիչ ու նաեւ` քաղաքական գործիչ: «Լիլիթ Գալստեան կարելիութիւն ստեղծած է մեզի համար շփուելու ռուսական բանաստեղծութեան փառահեղ փաղանգին հետ: 20-րդ դարն է իր վերիվայրումներով, աքսորեալ բանաստեղծներ կային, որոնք շատ մեծ սէր տարին իրենց հոգիին մէջ` Ռուսիան լքելով: Եւ ինծի համար շատ թանկագին բանաստեղծ Պրոտսքին, օրինակ, կրցաւ օտար ափերու մէջ իր հանճարը դրսեւորել ու գնահատուիլ շատ բարձր: Հայրենիքի ձայնը միշտ իր սրտին մէջ էր: Ես կը կարծեմ, որ հայացուած Պրոտսքին նոյնքան շքեղ կը հնչէ, որքան` ռուսերէնով», աւելցուց ան:
Լիլիթ Գալստեան ըսաւ, որ երկար մտածած է` նշե՞լ գիրքին ծնունդը, թէ՞ ոչ. «Գիրքը 2019-ին աւարտած էի եւ 2020-ին պէտք էր տպագրուէր, բայց պատերազմ եղաւ, ու բոլորին հետ մենք բոլորս քիչ մը մեռանք: Ես ալ մեռայ, ու տեսակ մը գիրքին ժամանակը չէր, եւ երկար ժամանակ գիրքին ժամանակը չէր… Հիմա ալ տեսակ մը կարծես գիրքին ժամանակը չէ, որովհետեւ մռայլ, անյոյս, շարունակ մղձաւանջի մէջ տեսակ մը մեղաւոր կը զգաս… բայց միւս կողմէ, այնուամենայնիւ, այս մռայլութեան մէջ շողեր պէտք են: Ու ես որոշեցի, որ գիրքին ծնունդը պէտք է նշեմ ու պէտք է նշեմ զայն հարազատներուս հետ, այն մարդոց հետ, որոնք ապրումակից են, ու այստեղ բանալի բառը ապրումակիցն է… եւ հարցը ո՛չ թէ դահլիճ լեցնելն էր, այլ` ապրումակից, հարազատ մարդոց հետ ըլլալը, յատկապէս որ բոլորս քիչ մը ջերմանալու կարիքը ունինք այս օրերուն: Ու կը կարծեմ` այսօր գրականութիւնը, լաւ տողը կրնայ ջերմացնել…»:
Լիլիթ Գալստեան ընդգծեց, որ յուսահատութեան, նահանջի եւ դժուարին իրավիճակներու յաղթահարման ճանապարհները նաեւ կ՛անցնին մշակոյթով, ինքնութենական արժէքներով, որոնք այսօր տեսակ մը ուրացած ենք. «Այս ժողովածուն պարզապէս թարգմանիչի ընտրութիւնն է, պահի զգացողութիւնը… Ինչ-որ պահ մը ինքնութենական պահանջ կը զգայի, արարելու կարիք ունէի, մէկ ալ տեսայ, որ բանաստեղծութիւնն ալ կը ստացուի: Պրոտսքին յիշեցի, որ կ՛ըսէր` բանաստեղծութիւնը մարդկային խօսքի բիւրեղացած տաճար է, ու փորձեցի մտնել այդ տաճարը, մնացածը դուք դատեցէք»:
Աւելցնենք, որ «XX դար. ռուսական պոէզիայի ընտրանի» գիրքին խմբագիրն է Վահէ Արսէնը, ձեւաւորումը կատարած է Մկրտիչ Մաթեւոսեանը: Լիլիթ Գալստեան հեղինակած է նաեւ` «12 պատմուածք եւ մէկ փիես», «XX դարու ամերիկեան արձակ» ժողովածուները:
Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակին Մէջ Կայացաւ Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրջեւանի Վերջին Բնակիչը» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Նոյեմբեր 16-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ կայացաւ արձակագիր, բեմագիր, ծնունդով Արցախէն Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրջեւանի վերջին բնակիչը» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ էին գրողներ ու մտաւորականներ, հրաւիրուած էին նաեւ Արցախի Գրողներու միութեան անդամներ, արուեստագէտներ:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին արցախեան բոլոր ազատամարտերուն անմահացած հերոսներուն յիշատակը:
Շնորհահանդէսին ձեւաչափը տարբերուող էր, անիկա շատ մտերմիկ ու անմիջական էր: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը: Ան նախ նշեց, որ գրողին ապրած կեանքը եւ անոր ստեղծած գրականութիւնը շատ ներդաշնակ են, որովհետեւ գիրքին մէջ արտացոլուած է նաեւ հեղինակին մարդ տեսակը: Այնուհետեւ Ռ. Առաքելեան շեշտեց. «Այս օրերուն, երբ բոլորիս սեւեռակէտը Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցները եւ Արցախի ճակատագիրն է, երբ մեր հոգիին թաքուն անկիւնը կը փայփայենք Արցախ վերադառնալու յոյսն ու հաւատքը, խորհրդանշական է կազմակերպելը գիրքի շնորհահանդէս, որ կ՛ընդհանրացնէ Արցախ աշխարհը: Մէկ գիւղի պատկերով Ծովինար Խաչատրեան կրցած է արտացոլացնել Արցախի ամբողջական պատկերը, իսկ այդ, առաջին հերթին, գրողին հմուտ գրիչին մասին կը վկայէ»: Ռուզան Առաքելեան յորդորեց կարդալ գիրքը եւ գիրքին միջոցով իւրովի ճանչնալ ու բացայայտել Արցախը:
Գիրքին մասին իր տպաւորութիւններով կիսուեցաւ գրող, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը: «Ծովինար Խաչատրեան անմնացորդ սիրով պատմեց հայաշունչ, հինաւուրց Գիւրջեւանի թաղերուն, մարդոց, աւանդոյթ-ծէսերուն մասին: Պատմեց` ցաւ ու տխրութիւն խառնած յուշերուն: Գիւրջեւանի նշանաւոր, անխառն գինին թանձրացած, դարձած է մելան, ու Ծովինարի գիրը այդ մելանով թաթխուած է», շեշտեց Սպարտակ Ղարաբաղցեան:
Գիրքի խմբագիր, «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արմէն Աւանեսեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց, որ գիրքը ո՛չ միայն խօսուն վկայութիւն է մեր ոխերիմ դրացիներուն տեսակին մասին, այլեւ իւրօրինակ պատգամ է` անցեալէն դասեր քաղելու գծով: Դասեր, որոնք այդպէս ալ չհասցուցինք քաղել` կանգնելով նոր կորուստներու առջեւ:
Լրագրող, թարգմանիչ, ծնունդով գիւրջեւանցի Միքայէլ Հաճեան ներկաներուն հետ կիսուեցաւ իր հայրենի գիւղի նկարագրով, գիւղի հայաթափման ցաւալի իրողութեան ու գիւրջեւանցիներու մասին զրոյցներով: Անդրադառնալով գիրքին ու հեղինակին` Հաճեան նշեց. «Գիւրջեւան անուան տակ ես կը տեսնեմ արեւմտեան մերձկասպեան հայութեան կեանքին ու ճակատագրին պատմութիւնը: Ծովինար կրցաւ կերտել հայաշխարհի այդ հատուածին թէ՛ բնապատկերը, թէ՛ մարդկային նկարագիրը` իր աւանդոյթներով ու սովորոյթներով: Այս գիրքը նաեւ կարեւոր է հայոց պատմութեան վաւերագրութեան տեսանկիւնէն»:
Գիրքին անդրադարձաւ նաեւ ընթերցող Գոհար Պետրոսեան` զուգահեռներ կատարելով գիրքին մէջ արտացոլուած իրականութեան եւ ներկայի միջեւ:
Շնորհահանդէսին հնչեց Միքայէլ Հաճեանի հեղինակած «Գիւրջեւան» երգը` երգահան, երգչուհի Ալվարդ Բադալեանի կատարումով:
Սրտի խօսք արտասանեց գիրքի շապիկի ձեւաւորող, նկարիչ Սուսաննա Բուդաղեանը, ապա ձեռնարկը ամփոփուեցաւ գիրքի հեղինակին` Ծովինար Խաչատրեանի խօսքով:
«Գիրքի ստեղծման հիմնական նպատակը եղաւ` մոռացութեան երախէն փրկել հիւսիսային Արցախի դատարկուած, կորսուած գիւղերէն մէկուն կեանքի պատմութիւնը, յիշատակները, մթնոլորտը, այնտեղ ապրող մարդոց տեսակը, հոգեբանութիւնը, ծէսերը: Նաեւ հարց դրած եմ ցոյց տալու երկու ազգերու` հայուն եւ ազրպէյճանցիին ընդհանրական տիպերը, կերպարները, ցոյց տալու, թէ ո՛վ ենք մենք ու ո՛վ են իրենք: Ցոյց տալու ո՛չ միայն հայ ընթերցողին, այլ` նաեւ աշխարհին», շեշտեց Ծովինար Խաչատրեան:
Երկօրեայ Գիտաժողով Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս. Մատենադարանը Տօնեց Հայագէտ–Արեւելագէտ Բաբգէն Չուգասզեանի 100-Ամեակը
Անուանի հայագէտ-արեւելագէտ Բաբգէն Չուգասզեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, նոյեմբեր 17-ին Մատենադարանին մէջ կայացաւ անոր նուիրուած հայագիտական միջազգային երկօրեայ գիտաժողով, որուն ծիրին մէջ ցուցադրուեցաւ գիտնականի կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերող ժապաւէն, եւ մասնակիցներուն ներկայացուեցաւ «Բաբգէն Չուգասզեանի, Երկերի ժողովածուն» գիրքը:
Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան յիշեցուց, որ տարիներ առաջ Չուգասզեանի ընտանիքը կառոյցին նուիրեց հեղինակին արխիւային հաւաքածոն, որ շատ արժէքաւոր է:
«Շատ կարեւոր ու նշանաւոր կը նկատեմ Բաբգէն Չուգասզեանի հաւաքչական գործունէութիւնը: Մատենադարանը ամբողջութեամբ հայ մարդուն հաւաքչական բնազդին մարմնացումն ու խորհրդանիշն է, անիկա այդ հաւաքչական գործունէութեան արդիւնքը, կառոյցն է, որով մենք կը հպարտանանք եւ կը համարենք մեր մեծագոյն արժէքը: Բաբգէն Չուգասզեանի դերը այդ հաւաքչական առաքելութեան մէջ չափազանց կարեւոր է: Յատկապէս` 1970-ական թուականներուն, երբ ամբողջատիրական համակարգ էր, երկաթէ վարագոյր, ամբողջական վերահսկողութիւն, ան կրցաւ հաղորդակցիլ արտասահմանին եւ սփիւռքին հետ, նկարագրեց ձեռագիրները, համոզեց մարդիկը` այդ ձեռագիրները յանձնելու Մատենադարանին: Այդ ընելու համար կազմակերպիչի, հոգեբանի, դիւանագէտի շատ լուրջ ունակութիւններ պէտք են: Անոնք, որոնք երբեւէ առնչուեցան ձեռագիրներու սեփականատէրերուն հետ, փայլուն կերպով կը պատկերացնեն, թէ ի՛նչ բարդագոյն աշխատանք է արժանանալ վստահութեան եւ հասանելիութիւն ձեռք բերել դէպի այդ արժէքները», շեշտեց Խզմալեան:
Ան աւելցուց` Բաբգէն Չուգասզեանի օրով տասնեակ ձեռագիրներ մուտք գործեցին Մատենադարան, ձեռագիրներու հարիւրէ աւելի միքրոժապաւէններ, նկարագրութիւններ: «Այդ ամէնը նկարագրուած է Չուգասզեանի գիրքերուն մէջ, որոնք ունին ո՛չ միայն սկզբնաղբիւրի նշանակութիւն, այլեւ կ՛առանձնանան յուշագրական եւ զգացական շեշտադրումներով: Մեր պարտքն էր անդրադառնալ Բաբգէն Չուգասզեանին, եւ ես շնորհակալ եմ անոր ընտանիքին` յոբելենական գիտաժողովը նախաձեռնելնուն համար», եզրափակեց Արա Խզմալեան:
«Բաբգէն Չուգասզեան, երկերի ժողովածու» գիրքը կազմեց եւ խմբագրեց անոր որդին` Երեւանի պետական համալսարանի արուեստի պատմութեան եւ տեսութեան ամպիոնի վարիչ Լեւոն Չուգասզեանը:
Հրատարակութեան նպատակը եղաւ ի մի բերել գիտնականին գրաւոր ժառանգութիւնը եւ վեր առնել անոր աշխատութիւններուն կարեւորութիւնը հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան զարգացման գործին մէջ:
Լեւոն Չուգասզեանի խօսքով, հատորը, որ նախատեսուած է հայագէտներու, արեւելագէտներու, համալսարաններու ուսանողներու, հայագիտութեամբ հետաքրքրուած մարդոց համար, պատրաստութեան բաւականին երկար փուլերէ անցած է: Գիրքին հրատարակութեան համար բազմաթիւ մարդիկ աշխատած են. Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնութիւնը տարբեր պարբերականներէ պատճէնահանած է Չուգասզեանին յօդուածները, ետքը զանոնք մշակման ենթարկած են: «Յօդուածները ընդհանուր թեքսթ չէին, անոնք նաեւ բազմալեզու էին` միջնադարեան բառարաններ` պարսկերէն, թրքերէն բառերով ու արաբական արձանագրութիւններով, ուստի հարկ եղաւ դիմել արեւելագէտներու օգնութեան, եւ Քրիսթինէ Կոստիկեանը կրցաւ զանոնք պատշաճօրէն ներկայացնել: Յետոյ Ամերիկեան համալսարանի գրականութեան թուայնացման գրադարանի ջանքերով ամբողջական թեքսթ ստեղծուեցաւ, որմէ ետք սրբագրութեան փուլը հասաւ: Ես ստուգած եմ ամէն բան: Կազմուած է անուանացանկը, որուն մէջ որոշ կրճատումներ ըրած եմ», ըսաւ Լեւոն Չուգասզեան:
Անոնք, որոնք կը ծանօթանան գիրքին, կրնան յստակ պատկերացում կազմել Բաբգէն Չուգասզեանի կատարած աշխատանքին մասին: Անոր աշխատանքներուն մէկ մասը հայ միջնադարեան մատենագիտութեան վերաբերեալ է, հին գրականութեան, հայ-իրանական առնչութիւններուն մասին է: «Անոնց կողքին կան միջնադարեան բառարաններ, որոշ յօդուածներ, որոնք ռուսերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով հրատարակուած են տարբեր պարբերականներու մէջ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ արտերկրի մէջ: Կան ձեռագիրներ, որոնք փնտռած է իր ճամբորդութիւններուն ժամանակ եւ կրցած է բերել Հայաստան ու Մատենադարանը հարստացնել նոր մատեաններով, նկարազարդ մատեաններով, մանրամասնեց Չուգասզեան:
Ան աւելցուց, որ այդ բոլորէն բացի` Բաբգէն Չուգասզեան բնագրագիտական աշխատանքներ կատարած է, հրատարակութեան պատրաստած է տպագրութեան ամէնէն հին նմուշները` «Ուրբաթագիրք»-ը եւ «Տաղարան»-ը, որոնք համապատասխան յառաջաբաններով եւ ուսումնասիրութիւններով, բայց նոյնութեամբ հրատարակուած են: Այդ գիրքերը առաջին անգամ հրատարակուած են 1512 թուականին, Վենետիկ:
Բաբգէն Չուգասզեան նաեւ յայտնաբերած է Սայաթ Նովայի բոլորովին անծանօթ ձեռագիրը: «Դա Նարեկացու «Մատեան ողբերգութեան» գիրքն է, որ Սայաթ Նովան ընդօրինակած է Պարսկաստանի Գիլան նաւահանգիստին մէջ: Այդ ձեռագիրը Սայաթ Նովայէն մեզի յայտնի երրորդ ձեռագիրը դարձաւ: Ատիկա կարելիութիւն տուաւ ճշդելու Սայաթ Նովայի կեանքին անծանօթ դրուագները, թուականները, էջերը», տեղեկացուց Չուգասզեան:
Նշենք, որ նաեւ նախատեսուած է հրատարակել գիրքին երկրորդ հատորը, որ պիտի ընդգրկէ Չուգասզեանի որոշ անտիպ աշխատանքները:
Արցախի Մէջ «Ամբողջութեամբ Կամ Մասնակի Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Անցած Է 8 Թանգարան»
Լուսաւորիչի հիմնած 4-րդ դարուն Ամարասի վանական համալիրը, որ մաշտոցեան առաջին դպրոցը եղած է եւ Սուրբ Գրիգորիսի դամբարանն է, սեպտեմբեր 19-ին ինկաւ: Արցախի բնակչութեան բռնի տեղահանութեան պատճառով ամբողջութեամբ կամ մասնակի Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 8 թանգարան, հաղորդեց Արցախի Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդը:
Ըստ խորհուրդի նախնական տուեալներուն, 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Շուշիի եւ Հադրութի շրջաններուն մէջ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացին եւս 10 թանգարաններ` 17 հազար 70 ցուցանմուշներով եւ արուեստի գործերու 8 հաւաքածու` 1077 ցուցանմուշներով:
Վերջերս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի 42-րդ նստաշրջանին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի 10-ամսեայ շրջափակումը, մարդկային ճգնաժամը, լայնածաւալ ռազմական յարձակումը յանգեցուցին Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ ամբողջութեամբ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտման` ստիպելով անոնց լքել իրենց տուները` ետեւնին ձգելով սրբավայրեր եւ հազարամեայ մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւն:
Արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ շատ կարեւոր է Արցախի մէջ մնացած մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը վանտալիզմէն եւ թալանէն:
Արձագանգելով` Պաքուն յայտարարեց, թէ` «Ազրպէյճանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ գտնուող պատմական եւ կրօնական յուշարձանները կը հանդիսանան Ազրպէյճանի ազգային մշակութային ժառանգութիւնը եւ պաշտպանուած են` անկախ իրենց ծագումէն, աշխարհիկ կամ կրօնական պատկանելութենէն»: Պաքուէն նաեւ կոչ ըրին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան` գնահատելու Ազրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան ներկայ վիճակը: