Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վե՛րջ Վհատումին, Մանաւանդ` Ինքնասեւեռումի՛ն

Նոյեմբեր 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Վհատում եւ ինքնասեւեռում:

Երկու մեծ ախտեր, հիւանդութիւննե՛ր նոյնիսկ, որոնց համաճարակի վերածուելուն դէմ պէտք է պայքարիլ ի գին ամէն զոհողութեան:

Ինչի՞ մասին է խօսքը:

Խօսքը կը վերաբերի երկու ահաւոր երեւոյթներու, որոնք անհակակշիռ կ՛ընդհանրանան եւ որոնք կը սպառնան մեր գոյութեան իսկ: Մեր` իբրեւ մարդու, իբրեւ հայու, մեր` իբրեւ ազգի:

Այդ զոյգ երեւոյթներուն պատճառները ծանօթ են:

Առաջին երեւոյթին` վհատումին պարագային, յաջորդական պարտութիւններ, հայրենական տարածքներու, յատկապէս Արցախի նման դարաւոր հայաբնակ մեծատարած ու երկրորդ պետութեան մը վերածուած, արեա՛ն գնով նուաճուած հողամասի մը կորուստ, համաշխարհային համատարած անտարբերութիւն` մեր մարդկային ու պապենական իրաւունքներու ոտնակոխումներուն դիմաց, դաշնակից կամ բարեկամ կարծուած պետութիւններու վերապահ կեցուածք ու, տակաւին, ազգային իշխանութեան ապիկարութիւն, անճրկում եւ գուցէ կարելի է ըսել` կատարեալ բացակայութիւն:

Հետեւա՞նքը: «Կը հրաժարիմ հայութենէ» պիտի ըսէր գրողը: Ինչո՞ւ հայ մնալ, ինչո՞ւ շարունակել զուր պայքար` ինքզինք պահելու, ինքնութիւն պահելու, երկիր պահելու ի խնդիր: Ամօթի զգացում, ափսոսանք, նոյնիսկ յետադարձ ակնարկով` դէմ յանդիման տարիներու, տասնամեակներու, նոյնիսկ դարերու վրայ երկարած մեր թափած մարդկային ու նիւթական բոլոր զոհողութիւններուն: Անզօրութեա՛ն զգացում: «Կեցուցէք դառնալը, դուրս պիտի գամ այս երկրագունդէն», պիտի ըսէր ուրիշ գրող մը:

Այս չէ՞ ի վերջոյ մեր թշնամիին կամ թշնամիներուն ալ ուզածը: Զիջինք մեր տեղը, մեր հողը, մեր ինքնութիւնը, երթանք, կորսուինք, ձուլուինք այլոց մէջ ու վերջ:

Թերեւս կը չափազանցեմ, բայց, այո՛, արագ տարածուող քաղցկեղ մըն է ասիկա, որմէ պէտք է ձերբազատիլ ա՛լ աւելի արագ, քանի դեռ ուշ չէ: Բժի՛շկ, բեր նժդրակը: Նժդրակը, որ մեր հոգիներէն կտրէ-վերցնէ վհատութեան այս զգացումը: Միանգամա՛յն: Բոլորի՛ս հոգիներէն: Եւ` վերադարձնէ մեզի մեր հպարտութիւնը: Հայ ըլլալու, հայ ըլլալու իրաւունքին գիտակցութիւնը: Եւ` այդ գիտակցութեամբ ապրելու մեր կամքը:

Սա պէտք է ըլլայ մեր թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը: Մեր` մեզմէ իւրաքանչիւրին, իւրաքանչիւր հայ մարդու, ինչպէս նաեւ` մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անոնց ղեկավար մարմիններուն թիւ մէկ խնդիրը: Ապա թէ ոչ` մնացեալ ամէն ինչը կը թուի անհեթեթ, կը դառնա՛յ անհեթեթ:

Գալով երկրորդ երեւոյթին` ինքնասեւեռումին, որ թերեւս նոյն այդ առաջին երեւոյթին ալ հետեւանքը կամ շարունակութիւնը կրնայ հանդիսանալ, ան ալ նոյնքան վտանգաւոր է եւ է՛ մեզ անէացման առաջնորդող այլուղի մը:

Ինքնասեւեռում` երկու մակարդակի վրայ: Նախ` անհատական, մեր ամբողջ ուշադրութիւնն ու ջանքերը կեդրոնացնելով սեփական ընելիքներուն, սեփական նպատակներուն, սեփական շահերուն, հաճոյքներուն եւ զուարճութիւններուն վրայ` անտեսելով հաւաքականը, ազգայինը, մոռնալով համայնքը, ազգը: Ապա, հաւաքական մակարդակով, յառաջացնելով «մենք մեր մասին մտածենք», «մենք սփիւռքի վրայ կեդրոնացնենք մեր ուժերը», «մենք սփիւռքը զօրացնենք», «մոռնանք հայրենիքը»: Եւ տակաւին, «մէկ սենթ չեմ տար այլեւս Հայաստանի համար», «ա՛լ կը բաւէ կթան կովի տեղ դրուինք» եւ նման արտայայտութիւններ, տրամադրութիւններ, կեցուածքներ:

Գիտենք նաեւ ասոր պատճառները, յատկապէս` սփիւռքը ծաղրելու, նսեմացնելու, ստորնացնելու, հայրենիքէն խզելու բոլոր ճիգերը, որոնք դժբախտաբար անհերքելի իրականութիւն են այսօր:

Սակայն կ՛անդրադառնա՞նք, որ մեզ վհատեցնելու, կամ հայրենիքէն մեկուսացնելու բոլոր փորձերը նոյն նպատակը կը հետապնդեն. քայքայել մեր ազգային ներուժը, ջլատել ազգային-համազգային կարողականութիւնը, տկարացնել իբրեւ մէկ ազգ գոյատեւելու մեր կամքը:

Այս իրողութիւն մըն է, որուն հետ չենք կրնար հաշտուիլ, իսկ եթէ հաշտուեցանք, արդէն կորսնցուցինք մեր գոյութեան իրաւունքն իսկ:

Կը մոռնա՞նք արդեօք, որ երբ «մենք» կ’ըսենք, այդ «մենք»-ը ամբողջութիւն մըն է, որքան ալ` բազմաբնոյթ, բազմաճիւղ, բազմաշերտ մասերով: Զիրար լրացնող, իրարմով զօրացող ամբողջութիւն մը: Այդպէս է` մեր պատմութեան, մեր ճակատագրին որպէս հետեւանք:

Անշուշտ զարգացնել-զօրացնել սփիւռքը, եւ երկար է այդ ճանապարհը մեր առջեւ, բայց զօրացնել` միշտ հայեացքը ուղղուած Արարատին, միշտ վառ` «Ազատ, Անկախ, Միացեալ»-ի տեսլականը մեր աչքերուն առջեւ, մեր հոգիներուն մէջ: Եւ գուրգուրալ, ամուր պահել այդ տեսլականը` զայն օր մը ի վերջոյ իրականութեան վերածելու առաքելութեամբ օծուած նշխարի պէս փոքրիկ այս հողը, ինչպէս կ՛ըսէ միւս բանաստեղծը: Եւ քաղաքակրթութեան անկաշկանդ բերել կարենալու համար մեր ներդրումը` մե՛ր լեզուով, մե՛ր մշակոյթով, մե՛ր հանճարով:

Այս ալ պիտի ըլլայ թիւ մէկ առաջնահերթութիւն: Այո՛, հակասական թող չթուի: Առաջնահերթութիւն է պայքարը ընդդէմ վհատեցման, առաջնահերթութիւն է նոյնպէս պայքարը ընդդէմ ինքնամեկուսացման, ինքնասեւեռումին:

Մեր բոլոր ճիգերը իմաստ կ՛ունենան այդ պայքարի յաջող ելքէն ետք միայն:

Ով ունի ունկն` լուիցէ:

 

 

Նախորդը

Ս. Պատարագ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Ո՞ւր Է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ – Բ.

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?