Յօդուածներ

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Պէտք Է Վառ Պահենք Մեր Յիշողութիւնն Ու Երազանքը` Արցախն Ու Արեւմտեան Հայաստանը Վերադարձնելու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Բանավէճ կ՛ընթանայ Արցախը պայքարելով վերադարձնել ուզողներու եւ անոնց միջեւ, որոնք Արցախը յաւերժ կորսուած կը համարեն, եւ ուրեմն պէտք է մոռնալ այդ մասին: Այս վերջին ամօթալի դիրքորոշումը առաջ կը քաշէ գործող վարչակարգը, որ պատասխանատուն է Արցախի կորուստին, իսկ այժմ ամէն բան կ՛ընէ անոր յիշատակը թաղելու համար: Կը փափաքէի ընթերցողներու հետ կիսել Արեւմտեան Հայաստանի վերադարձին առնչուած...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ժողովրդական Ըմբոստացումի Յաւերժահունչ Դիպաշարը (18 Փետրուար 1921)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ինքնամոռացութեան ու հրճուանքի մէջ էին եւ միւս կուսակցութիւնների անդամները: Այստեղ էին` խորհրդարանում, բոլոր կուսակցութիւնների գործիչները: Դժուար էր երեւակայել աւելի անկեղծ, աւելի բուռն ու սրտագին ուրախութիւն, քան այս մարդկանց ուրախութիւնը: ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ Անցողակի դիպաշար մըն չէ եղած Փետրուարեան ապստամբութիւնը, որ տեղի ունեցած է աւելի քան դար մը առաջ: Աւելի՛ն. անիկա արդի հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ համազգային պոռթկումի...

Փետրուարեան Ապստամբութիւն

Փետրուարեան Ապստամբութիւն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 23 սեպտեմբեր 1920-ին սկսած հայ-թրքական պատերազմի աւարտին, թրքական սալի ու ռուսական մուրճի հարուածներուն տակ, պարտուած դուրս ելաւ Թուրքիոյ դէմ պատերազմէն եւ 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն: Համայնավար վարչակարգի հաստատումէն ետք ծայր առին հալածանքներ, զանգուածային ձերբակալութիւններ ու սպանութիւններ: Համատարած հալածանքներու եւ մահաբոյր մթնոլորտի պայմաններուն տակ ժողովրդային տարերային ապաստամբութիւն սկսաւ:  Առաջին անգամ զէնք բարձրացուցին Արագածի փէշերուն վերաբնակեցուած...

Հաղորդագրութիւն.  Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակ Եւ «100 Բանաստեղծութիւն» Հատորի Հրատարակութիւն

Հաղորդագրութիւն. Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակ Եւ «100 Բանաստեղծութիւն» Հատորի Հրատարակութիւն

Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին եւ «Պարոյր Սեւակ» տուն-թարգարանին, խմբագրութեամբ Պարոյր Սեւակի թոռնիկին` Սեւակ Ղազարեանի, լոյս պիտի տեսնէ Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» հատորը: Հատորը, գործակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններուն, նուէր պիտի տրամադրուի բարձրագոյն կարգի աշակերտութեան: Կազմակերպուած է նաեւ  արտասանական միջդպրոցական մրցանք, որուն իւրաքանչիւր վարժարան պիտի մասնակցի մէկ աշակերտով: Արտասանական մրցանքին մատուցումները պիտի տեղադրուին...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Բժիշկ Յովհաննէս (Հաննա) Վարդապետ-Dr. John Wortabed` Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Եւ Բժշկական Դպրոցի Հիմնադիրներէն Մէկը

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ Գիտնական, աստուածաբան, մշակութային գործիչ, մանկավարժ բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ արաբական աշխարհի մէջ ճանչցուած է Հաննա-Եուհաննա Վարդապետ անունով, Եւրոպայի մէջ` Ճոն-Ժան Ուորդապետ-John Wortabed, իսկ հայերու մօտ` բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ: Յստակ չէ, թէ «Վարդապետ» կոչումը եղած է մականո՞ւն` Վարդապետեան, որմէ եանը ջնջուած է, թէ՞ գործածուած է իբրեւ կրօնական-աստուածաբանական տիտղոս: Յովհաննէս Վարդապետ ծնած է 1826-ին, Սայտա, Լիբանան: Ծնողներն...

Դաշնակցութիւնը Երանի՜ Սխալած Ըլլար

Նշմար. Բացակայութիւններ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Նախ յստակացնեմ, թէ չեմ ուզեր, որ այս մտահոգութիւնը լուսարձակի տակ բերելը քննադատութեան եւ հասցէագրուած մեղադրանքի նման ընկալուի, այլ մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ տեղ մը ` այս հարցին կարեւորութիւն ընծայելու եւ բարեփոխման պատրաստակամութիւն ցուցաբերելու բարձրաձայն ու անկեղծ ակնկալութիւն: Հարցը կը վերաբերի ազգային եւ կրօնական տարեդարձներու եւ նշումներու մեր համայնքային կեանքի մէջ ղեկավարութիւն ու պարտականութիւն ստանձնած անհատներու օրէ օր արմատացող...

Մտքեր.  1. Քարոզչութի՞ւն, Թէ՞ Աթոռի Ապահովման Աշխատանք

Մտքեր – 3. Առաջնորդել Դէպի Հաւաքական Ուժ

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Ինչո՞ւ հայութեան վնասող պատահարէ մը ետք յաճախ քննադատական ոճով կը շեփորենք, թէ մեր ըրածներն են, որ այդ պատահածը կարելի դարձնող պատրուակներ տուին թշնամիին: Ինչո՞ւ կը մտահոգուինք ապագայ ժխտական պատահարի մը առնչուող  պատրուակներով («զգուշ` պատրուակ չտանք...»): Երկու պարագաներուն ալ յաճախ հեռու կը մնանք պատահարին ակունքին գտնուող պատճառնե՛րը կարեւորելէ: Պատճառներ, որոնք անշուշտ անհամեմատ  աւելի կարեւոր են եւ` մեր ընելիքը թելադրող,...

Այնշթայնի  Կանոնները` Աւելի Լաւ Կեանքի Համար

Այնշթայնի Կանոնները` Աւելի Լաւ Կեանքի Համար

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այնշթայնի այս նկարին հեղինակն է  աշխարհահռչակ հայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշ (Յովսէփ Քարշեան, 1908-2002) Եուսուֆ Քարշ կը պատրաստուի լուսանկարել Այնշթայնը, 1948 Մարդկութեան պատմութեան ամէնէն յայտնի հանճարը ոչ միայն յեղափոխութիւն իրագործեց բնագիտութեան մէջ, այլ նաեւ շատ արժէքաւոր դասեր տուաւ աւելի լաւ կեանքով ապրելու մասին: Անոր հռչակն ու համբաւը դուրս եկան բնագիտութեան ոլորտէն, քանի որ Այնշթայն մեծ դեր խաղացած է...

Գերբնական Թուային Զրոյցներ` Հայերէնի Արձագանգը Կը Հնչէ Ապագայէն

Յառաջ Գարնան Ծիծեռնակ

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քեսապ յառնած էր արդէն քառսոնքի (քառասունք) մահուան մահիճէն: Գլուխն ի վայր սփռուած ձիւնաթոյր շղարշը նետած էր մէկ կողմ, սառնամած կանաչ փէշերը թօթափած էր, բուք ու ամպուռք վանած էր, եւ ձմեռուայ լուծը բոլորտիքէն վտարած էր: ... Գարուն էր արդէն, պաշտօնապէս: Ցըւիքնիէն կախուօծ պախքաշ չկիրէր, Նա տա իլի ֆրթանան հայ պըււիէր, Քեսպու մայտունը իհալուօն լըււուօծ իէր: Քեսուօպ հայաթուօն հայ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Կոստան Զարեանի Կոչին Ականջ Տալու Պահն Է

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ «Վա՛յ այն ազգին, որ իր դէմքը կորցնում է եւ աղաւաղում իր հոգին: Նրան մահ է սպասում» ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ «Անցորդը Եւ Իր Ճամբան» Փաստօրէն մենք ազգովին ունինք այս մտահոգութիւնը: Բարձրաձայն թէ լռելեայն կ՛ըսենք, ականատես ենք մեր «դէմք»-ի փոփոխութեան հարցին: Փաստօրէն լաւ օրեր չեն սպասեր մեզի: Մեր ազգային սկզբունքներէն եւ ձեռք բերուած բոլոր յաջողութիւններէն զիջելով` մեր ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգը ամէն...

Տեղի Ունեցաւ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» Ուսումնասիրութիւններու Մրցանքի Ամփոփիչ Ձեռնարկը

Տեղի Ունեցաւ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» Ուսումնասիրութիւններու Մրցանքի Ամփոփիչ Ձեռնարկը

Հինգշաբթի, 1 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի յայտարարած «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» ուսումնասիրութիւններու մրցանքի ամփոփիչ ձեռնարկը, հովանաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան: Ծրագիրը, որ սկիզբ առած էր 2023-ի յունիսին, նպատակ ունէր մէկտեղել հայ ուսանողութեան մասնագիտական կարողականութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ եւ ծառայեցնել ընդհանրապէս Հայ դատին եւ յատկապէս...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Անձնաքննութիւն (Մեծ Պահքի Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ «Քննեցէք դուք ձեզ` տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս անոր անունը կը կրէք» (Բ. Կորնթ. 13.5): Անձնաքննութիւնը անհրաժեշտ եւ օգտակար է կեանքի ամէն մարզի մէջ, քանի որ չքննուող կեանքը վստահութիւն չի ներշնչեր: Քննութեան ենթարկուող կեանքն է, որ ի յայտ կը բերէ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Մոլորակ, Որուն Երաժշտութիւնը Հասանելի Է Աշխարհին. Տիգրան Մանսուրեանի 85-Ամեակի Համերգ Երաժիշտ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանի 85-ամեակին նուիրուած համերգը հանդիսատեսի լայն շրջանակին կարելիութիւն տուաւ ունկնդրելու հեղինակին «Զուգահեռ երգեր», «Քաւարան», «Տարուայ եղանակներ» ստեղծագործութիւնները, որոնք բազմիցս հնչած են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ միջազգային հարթակներու վրայ: Համերգային երեկոն, որ «Կողբ» հիմնադրամը նախաձեռնած էր Մանսուրեանի անուան միջազգային երաժշտական մրցոյթի ծիրին մէջ, տեղի...

«Գոմէշը» Գործի Հեղինակ Հրանտ Մաթեւոսեանի Կենսագրականը

«Գոմէշը» Գործի Հեղինակ Հրանտ Մաթեւոսեանի Կենսագրականը

Պատրաստեց ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբն ու «Հրանտ Մաթեւոսեան» հիմնադրամը  ուրբաթ եւ կիրակի, 16 եւ 18 փետրուարին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնեն հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեանի մենակատարութիւնը` Հրանտ Մաթեւոսեանի «Գոմէշը»-ին: Ստորեւ` հեղինակին կենսագրական հիմնական գիծերը: Հրանտ Մաթեւոսեան ծնած է 1935 թուականին, Ահնիձոր գիւղին մէջ: Ան արձակագիր է, բեմագիր եւ 1964 թուականէն անդամ եղած է ԽՍՀՄ Գրողներու...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ալիեւի Դիմակը Վար Առնող Մը

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ France 24 պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի, 12 փետրուարին տեղեկագրական-վաւերագրական հաղորդումներուն շարքին (Reporters) լուսարձակի տակ բերաւ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին եւ անոր բռնապետին հակաժողովրդավար ընթացքը, մարդու իրաւունքներու աղաղակող ոտնակոխումի փաստերը եւ այլ բաներ: Հաղորդումը, անգլերէնով, աւելի քան 22 վայրկեան է եւ խորագրուած` Torture in Azerbaijan: Europe looks away (Տանջանքները Ազրպէյճանի մէջ. Եւրոպա ուրիշ կողմ կը նայի), կարելի է գտնել հետեւեալ կապով....

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Վալընթայնի Տօնը Սիրոյ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Երբ ուրախ եմ, փայլուն աստղեր Կը փրցնեմ ձեռքերովս, Կը զետեղեմ քու սրտիդ մէջ` Երկնքին մէջ անմար սիրոյ: Երբ ուրախ եմ, բոսոր վարդեր Կը ծաղկին իմ վառ սրտիս մէջ, Կը բուրեն կեանք, թռիչք ու սէր, Ամէն անգամ որ քեզ տեսնեմ: Երբ ուրախ եմ ես ու գինով Երգերովս, նուագովս, Գաղտ կը խօսիմ սիրոյ լեզուն Աչքերուդ հետ նայուածքովս: Երբ ուրախ ենք...

Սթափելու Ժամանակը

Կրկին Կրակոց, Կրկին Զոհեր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանեան լուրերը կրկին ահազանգային են: Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը, իրենց կողմէ գրաւուած հայկական բարձունքներէն կրակ բացած են Ներքին Հանդի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը ունի չորս զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Պատրուակը ազրպէյճանցի զինուորի մը վիրաւորումն է Կապանի շրջանին մէջ, ենթադրաբար Հայաստանի կողմէ եղած կրակոցի մը հետեւանքով: Բանակցութիւններու լծուած երկու երկիրներու համար պատահածը արտասովոր է, որովհետեւ փոխադարձ ապահովագրումի եւ բարեկամութեան...

Ի՞նչ Ըսիր, Կու Գա՞ս

Ի՞նչ Ըսիր, Կու Գա՞ս

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Գիշերուան ժամերը համեմատելով առաւօտեան ժամերուն` Պուրճ Համուտը աւելի խաղաղ է եւ հանդարտ: Առեւտրական խանութներու կրկնափեղկերը գրեթէ փակ են, եւ նեղ թաղերուն մէջ լոյսեր կը վառին դէս ու դէն: Մարդիկ ճամբաներէն կ՛անցնին` տեղ մը երթալու, կամ հաւաքուած են ուտեստեղէնի վաճառախանութի մը դիմաց` պատառ մը ուտելու: Մէկը` իր ինքնաշարժը պահ մը կը շարէ, միւսը իր մոթոսիքլեթով կը սուրայ, քաղաքապետարանի ոստիկան...

«Ազրպէյճանի Նախագահական Ընտրութիւն» Թատրոնը

«Ազրպէյճանի Նախագահական Ընտրութիւն» Թատրոնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Փետրուար 7-ին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական արտակարգ ընտրութիւն: Ձեւականութիւն մը, որուն արդիւնքը արդէն կանխորոշուած էր եւ ամէնէն միամիտին կողմէ իսկ` կանխատեսուած: Ընտրութիւնը հետաքրքրական չէր, եւ անոր արդիւնքը ոչ ոքի համար անակնկալ էր, սակայն կարելի է անոր վերաբերեալ կարգ մը դիտարկումներ կատարել: Անիկա թատերական ներկայացում մըն էր, որուն հեղինակն ու բեմադրիչը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր: 2003-էն ի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Պատերազմներու Վառելանիւթ Եւ… Փշրանքներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի մը օր առաջ Եւրոպական Միութիւնը որոշեց 50 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն տրամադրել Ուքրանիոյ: Սա պատահեցաւ այն օրերուն, երբ եւրոպական ցամաքամասին մէկ ծայրէն միւսը բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենային, մարդիկ կը բողոքէին ապրուստի յարաճուն սղութեան դէմ, բարձրաղաղակ կը յայտարարէին, որ բազմագլխանի տագնապին գլխաւոր պատճառներէն մէկն է Ուքրանիոյ տրամադրուած անսահմանափակ օժանդակութիւնները: Մէկ խօսքով, ցուցարարները իրենց կառավարութիւններուն (եւ զանոնք ոտքի կագնեցնողներուն) կ՛ըսէին,...

Page 207 of 1111 1 … 206 207 208 … 1,111

Արխիւներ