Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այնշթայնի այս նկարին հեղինակն է աշխարհահռչակ հայ լուսանկարիչ
Եուսուֆ Քարշ (Յովսէփ Քարշեան, 1908-2002)
Եուսուֆ Քարշ կը պատրաստուի լուսանկարել Այնշթայնը, 1948
Մարդկութեան պատմութեան ամէնէն յայտնի հանճարը ոչ միայն յեղափոխութիւն իրագործեց բնագիտութեան մէջ, այլ նաեւ շատ արժէքաւոր դասեր տուաւ աւելի լաւ կեանքով ապրելու մասին: Անոր հռչակն ու համբաւը դուրս եկան բնագիտութեան ոլորտէն, քանի որ Այնշթայն մեծ դեր խաղացած է քաղաքականութեան, լրատուամիջոցներու եւ նոյնիսկ առօրեայ կեանքին մէջ :
Անոր նամակներէն եւ անոնց անձնական պատմութիւններէն, որոնց հետ ան հաղորդակցած է, կարելի է քաղել կեանքի հետաքրքրական կանոններ:
Ինչ կը վերաբերի լաւագոյն կեանք ապրելուն, Այնշթայն հաւանաբար այն առաջին անունը չէ, որուն մասին դուք կը մտածէք կեանքի խորհուրդներու առումով: Դուք շատ հաւանաբար գիտէք Այնշթայնի մասին որպէս յառաջամարտիկի` յեղափոխելու այն, թէ ինչպէ՛ս մենք կ՛ընկալենք տիեզերքը: Բայց Այնշթայն աւելին էր, քան` պարզապէս յայտնի գիտնական մը: Ան խաղաղասէր էր, քաղաքական գործիչ, խտրականութեան, ցեղապաշտութեան ընդդիմացող գործիչ եւ ամբողջ պատմութեան ամէնէն նշանաւոր դէմքերէն մէկը:
Այնշթայն նաեւ յայտնի էր իր ոչ աւանդական վարքագիծի տարբեր ձեւերով, որոնք կ՛արհամարհէին հասարակական կանոնները, ինչպէս` անոր խճճուած մազերը, սրամտութիւնները եւ գուլպաներու հանդէպ իր անողոք ատելութիւնը:
Բայց աւելի նուազ յայտնի են իր ընկերներուն, ծանօթներուն եւ ժամանակակիցներուն Այնշթայնի տուած կեանքի խորհուրդները, որոնք աւելի արդիական են այսօր` 21-րդ դարուն, քան այն ժամանակ, երբ ան սկիզբէն կ՛արտայայտէր իր իմաստուն խօսքերը:
Առնուած` «Այնշթայնի ազդեցութիւնը» գիրքէն, զոր գրած է Պենիամին Քոհեն, աւելի լաւ կեանքի այս կանոնները կը գերազանցեն բնագիտութիւնը եւ տեղին են բոլորիս համար:
Ահաւասիկ` թերեւս լաւագոյն եւ ընդհանուր կիրարկելի դասերը Այնշթայնէն:
Կանոն թիւ 1. Ձեր ջանքերը գործադրեցէ՛ք կարեւոր բաներու համար.
Երբ կը մտածես Այնշթայնի արտաքինին մասին, կրնայ միտքդ գալ «խեղճուկ» բառը: Անոր շատ երկարած, չսանտրուած մազերը, փոշոտ, մաշած, յաճախ գարշահոտ հագուստը, կօշիկները` առանց գուլպաներու եւ այլն, բոլորն ալ տխրահռչակօրէն փնթի էին: Բայց այդ բոլորէն ոչ մէկը կ՛անհանգստացնէր Այնշթայնը, որ իր հետագայ տարիներուն կը կրէր այն, որ կարելի էր նկատել գրեթէ համազգեստ` մոխրագոյն հագուստ, առանց աւանդական վերարկուի, որուն փոխարէն` կաշիէ բաճկոն եւ անշուշտ կօշիկներ` առանց գուլպաներու:
Պարզ, բայց գործնական հագուստ կրելու այս գաղափարը, որ կրողին հանգիստ կու տայ, վերջին տարիներուն յայտնի դարձած է ճարտարագիտութեանց ոլորտի գործարարներու միջոցով:
1937. Այնշթայն Նիւ Ճըրզիի իր տան մէջ ջութակահար Հիւպերմանի հետ է:
Այնշթայնը կը կրէ իր սիրելի հանդերձանքը` Levi՛s կաշիէ բաճկոնով եւ կօշիկ` առանց գուլպաներու:
«Եթէ դուք պէտք է բազմաթիւ որոշումներ տաք ամէն օր, կամ շատ աշխատիք, որ կը պահանջէ մտային ջանք, ձեւով մը ձեր ընդհանուր մտային ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի, եթէ կ՛ուզէք խուսափիլ անկէ, որ կը կոչուի որոշումներու յոգնածութիւն, երբ լաւ որոշումներ տալու մեր կարողութիւնը կը նուազի, քանի որ մենք աւելի կը յոգնինք անխնայ ընտրութիւն կատարելէ»:
Նորաձեւութեան լրագրող Էլիսա Կուտմեն գրած է. «Համազգեստ հագնելու արմատները ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ մտաւոր արդիւնաւէտութեան մէջ են: Մարդիկ, որոնք պէտք է ամէն օր հսկայական որոշումներ տան, երբեմն կ՛ընտրեն զգեստի հետեւողական ամբողջութիւն մը, քանի որ այդ թոյլ կու տայ անոնց` խուսափիլ որոշումներու յոգնածութենէն, երբ չափազանց շատ անկապ որոշումներ տալը կրնայ իրականութեան մէջ պատճառել արտադրողականութեան անկում»:
Ասիկա ձեր ջանքերը խնայելու միջոց է. անոնք դնել այնտեղ, ուր առաւել անհրաժեշտ են, կեղծ կամ անկարեւոր հարցերու վրայ չվատնելու համար: Այլ խօսքով, ընտրելով ջանք չգործադրել այն բաներուն վրայ, որոնք աւելորդ են, եւ ընտրել ձեզի համար կարեւորը, մտային աւելի արդիւնաւէտ դառնալու միջոց է, որ ազատութիւն կու տայ ձեր միտքին կեդրոնանալու անոր վրայ, որ ձեզի համար ամէնէն կարեւորն է:
Այնշթայնի` իր տեսքին վրայ ուշադրութեան պակասը տարածուեցաւ սափրիչի երթալու հանդէպ անոր արհամարհանքին, նաեւ անոր յաճախ գրեթէ անընթեռնելի գրութեան վրայ: Բայց հատուցումը եղաւ այն, որ Այնշթայն կենդրոնացնելով իր միտքը այն բոլորին վրայ, որոնք իսկապէս կարեւոր էին իրեն համար, զինք առաջնորդեցին դէպի հարուստ, լիարժէք կեանք մը:
Կանոն թիւ 2. Ըրէ՛ք այն, որ կը սիրէք, եթէ նոյնիսկ անճարակ էք անոր մէջ.
Թէեւ Այնշթայնի բազմաթիւ հետաքրքրութիւնները բնագիտութենէն հեռու էին, ինչպէս` կարգ մը ուտելիքներու հանդէպ սէրը եւ ջութակ նուագելու հակումը, թերեւս այն, որ ան ամէնէն շատ կը սիրէր, նաւարկելն էր:
Այնշթայն գրած է. «Ծովուն մէջ նաւարկութիւնը հիանալի կարելութիւն է առաւելագոյն հանգստութեան եւ այլ տեսանկիւնէն միտքերու շուրջը մտածելու համար»:
Անոր երկրորդ կինը (եւ զարմիկը` Էլզան) ըսաւ. «Չկայ այլ վայր մը, ուր ամուսինս այդքան հանգիստ, հանդարտ եւ զերծ ըլլայ առօրեայ շեղումներէն. նաւը զայն կը տանի հեռու»: Կեդրոնանալով առօրեայ բանի մը վրայ, Այնշթայնի միտքը ազատ էր թափառելու` յաճախ տանելով զայն դէպի նոր ու հետաքրքական գաղափարներ:
Բայց եւ այնպէս, Այնշթայն ամբողջովին անընդունակ էր նաւագնացութեան մէջ եւ, լաւագոյն պարագային, վայրագօրէն անուշադիր նաւաստի էր: Ան յաճախ կը կորսնցնէր իր ուղղութիւնը, նաւակը կը շրջուէր կամ կայմը վար կ՛իյնար: Միւս առագաստանաւերը յաճախ ստիպուած էին զգուշանալ Այնշթայնի նաւակէն, քանի որ ան վտանգ կը ներկայացնէր իր եւ ուրիշներու համար` հրաժարելով փրկարար բաճկոն հագնիլ` հակառակ լողալու անկարողութեանը: Նաւավարները եւ նոյնիսկ երեխաները պարբերաբար կը փրկէին զայն, եւ անոր նաւը դէպի ափ քարշ տալը յաճախակի երեւոյթ էր: Բայց այն հանգստութիւնը, որ ապրեցաւ Այնշթայնը նաւագնացութեան ժամանակ, աննման էր` տալով անոր մտային ազատութիւն, որուն բոլորս պէտք է ձգտինք մենք մեզի համար:
1934 թուականի այս լուսանկարը ցոյց կու տայ, որ Այնշթայնը
գրատախտակի առջեւ յարաբերականութեան յատուկ տեսութիւնը
կը ներկայացնէ խումբ մը ուսանողներու եւ դիտողներու համար:
Կանոն թիւ 3. Ունեցէ՛ք հանելուկային մտածելակերպ.
Մտածեցէ՛ք այն խնդիրներուն մասին, որոնց կը բախինք ե՛ւ որպէս անհատներ ե՛ւ հաւաքականօրէն` որպէս քաղաքակրթութիւն: Անոնք կրնան ըլլալ դրամական, բնապահպանական, առողջապահական կամ քաղաքական, քանի որ այդ ասպարէզները կ՛ազդեն բոլորիս վրայ:
Դուք այս խնդիրները կը համարէ՞ք ճգնաժամային իրավիճակ: Եթէ այդպէս կը վարուիք, հաւանաբար անոնց հանդէպ յուսահատութիւն կը զգաք, քանի որ ճգնաժամը դիմակայելու հարցին շատ քիչ բան ուժ կու տայ: Բայց եթէ անոնք դիտէք որպէս հանելուկ, առեղծուած, թերեւս մտածէք անոնք լուծել նոր մօտեցումով: Այս առումով, Այնշթայն բաւական նախատիպ էր այն մարդուն համար, որ իր առջեւ ծառացած իւրաքանչիւր դժուարութիւն կը դիտէր որպէս լուծելու հանելուկ` բնագիտութեան մէջ եւ անկէ դուրս:
Դիտարկենք անոր յաճախ չհասկցուած, բայց ամէնէն յայտնի խօսքը. «Երեւակայութիւնը աւելի կարեւոր է, քան գիտելիքը»: Այնշթայն այս եզակի հեռանկարին շնորհիւ էր, որ ըրաւ յարաբերականութեան յատուկ տեսութեան յեղափոխութիւնը:
Ճկուն, ոչ կոշտ աշխարհահայեացքով Այնշթայն դիւրաւ կը վիճարկէ այն ենթադրութիւնները, որոնք ուրիշներ չեն կրնար, եւ այս թոյլ կու տայ անոր պատկերացնել այն գաղափարները, որոնք ուրիշներ կը մերժեն:
Այնշթայն ամուր համոզումներ ունէր թէ՛ կեանքի, թէ՛ ֆիզիքական իրականութեան վերաբերեալ, սակայն անոր իւրաքանչիւր կարծիքը, նոյնիսկ այն կարծիքը, որուն ան առաւելապէս վստահ էր, անոր համար աւելի սուրբ չէին, քան` սովորական վարկածը: Երբ մէկը ունի վարկած կամ գաղափար, նպատակը պարզապէս պարզել, թէ արդեօք այդ վարկածը ճիշդ է, թէ սխալ. այդ ամէնէն նուազ հետաքրքրական մասն է իր ջանքերուն: Պատասխաններու որոնումը, ներառեալ պարզելը, թէ ինչպէ՛ս կատարել ճակատագրական քննութիւնը եւ արդիւնաւէտ ուսումնասիրել տիեզերքը, այն էր, որ իսկապէս ոգեւորեց Այնշթայնը:
Անոր մտքի փորձերը բնագէտներու կողմէ երբեւէ ընդունուած ամէնէն ստեղծարար մօտեցումներէն էին, եւ այդ մտքի գիծը որդեգրած են բազմաթիւ գիտնականներ, որոնք կ՛ուզեն խուսափիլ այն բանէն, որ յայտնի է որպէս ճանաչողական արմատաւորում (cognitive entrenchment):
Ի տարբերութիւն քարոզիչի մը, որ կը պնդէ, թէ անսխալական է, դատախազի մը, որ կ՛ուզէ ձեզի պարտադրել իր տեսակէտը, կամ` քաղաքական գործիչի մը, որ պարզապէս կը ձգտի ստանալ ձեր հաւանութիւնը, հանելուկային մտածելակերպ ունենալը, այսինքն` գիտնականի միտքը, միակն է, որ կրնայ ձեզ անսպասելիօրէն տանիլ դէպի նոր բացայայտումներ:
Կանոն թիւ 4. Խոր մտածեցէք ա՛յն բաներու մասին, որոնք իսկապէս կը հիացնեն ձեզ:
Իր երկարատեւ կեանքի ընթացքին Այնշթայն բազմաթիւ նամակներ ստացաւ` զինք լաւ ճանչցողներէն մինչեւ կատարեալ անծանօթներէ: Երբ 1946 թուականին Այնշթայնին հասաւ նման նամակ մը, որուն մէջ կը հարցնէին հանճարին, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն իրենց կեանքի հետ, ան պատասխանած էր.
«Գլխաւորը այս է. եթէ հանդիպած էք ձեզ խորապէս հետաքրքրող հարցի մը, հաւատարիմ մնացէք անոր տարիներ շարունակ եւ երբեք մի՛ փորձէք բաւարարուիլ համեմատաբար դիւրին յաջողութիւն խոստացող մակերեսային խնդիրներու լուծումով: Եւ եթէ չկարենաք հասնիլ այն լուծման, որ դուք կը փնտռէիք, մի՛ յուսահատիք: Դուք պէտք չէ ընկճուիք խնդրի ահռելիութենէն: Եթէ Աստուած ստեղծած է աշխարհը, ապա անոր առաջնային մտահոգութիւնը, անշուշտ, այդ մեզի համար դիւրացնելը չէր»:
Թէեւ շատերը փորձած են եւ չեն կարողացած (եւ կը շարունակեն փորձել ու ձախողիլ) լուծել այս եւ այլ առեղծուածներ, ամէնէն մեծ ուրախութիւնը յաճախ պայքարելուն մէջ կ՛ըլլայ:
Կանոն թիւ 5. Թոյլ մի՛ տաք, որ քաղաքականութիւնը լեցնէ ձեզ զայրոյթով կամ յուսահատութեամբ.
Այնշթայն միշտ իր բազմաթիւ ընկերներուն եւ հանրութեան անդամներու, բայց նաեւ իր մեծ ընտանիքին հետ էր: Իր զարմիկ Լինա Այնշթայնին հետ նամակագրութեան ընթացքին ան դաս մը տուաւ, որուն մեզմէ շատերը լաւ կ՛ընեն, որ ուշադրութիւն դարձնեն: «Քաղաքականութեան մասին, անշուշտ, ես դեռ պարտաճանաչօրէն կը զայրանամ, բայց այլեւս թեւերս չեմ ծեծեր, միայն փետուրներս կը փետռեմ»:
Երբեմն իսկապէս կարեւոր է միջամտել եւ ամէն ինչ ընել. բայց երբեմն, երբեմն լաւագոյն արձագանգը ձեռքերը ծալած նստիլն է, դիտելը, մտածելը եւ սպասել յարմար, ռազմավարական պահու` քայլեր ձեռնարկելու համար. «Մեր փետուրները առայժմ փետելը»: Յաճախ այդ խելամիտ գործողութիւն է:
Կանոն թիւ 6. Իշխանութեան կոյր հնազանդութիւնը ճշմարտութեան ամէնէն մեծ թշնամին է.
Մեզմէ շատեր, լսելով բան մը, որ մենք համոզուած ենք, որ կա՛մ անհեթեթ է, կա՛մ թերի, կա՛մ փտած, անմիջապէս եւ աղմկայարոյց որոշում կը կու տան. ընդդիմանալ անոնց` անկախ այն բանէն, թէ իրականութեան մէջ ինչ ցոյց կու տայ ապացոյցներու ամբողջական ծրարը:
Երբ մենք կը հրաժարինք մեր քննադատական մտածողութեան ունակութիւններէն, քանի որ համոզուած ենք, որ գիտենք պատասխանը, մենք հակուած ենք պարզապէս երթալու անոնց հետ, որոնք համաձայն են մեզի, եւ հակառակիլ անոնց, որոնք կողմնակից են որեւէ այլ բանի: Այնշթայնի համար այս կը ներկայացնէր բանական մտքի մահը, որ ան անուանեց «հաւաքական խելագարութիւն» կամ «երամի միտք»: Այսօր մենք, ամենայն հաւանականութեամբ, այդ կ՛անուանէինք խմբակային մտածողութիւն,եւ Այնշթայն նշեց, որ անիկա յաճախ կ՛առաջնորդուի քարոզչութիւն հրահրող նշանաւոր գործիչի մը կողմէ:
Գիտնականներ, ներառեալ` հեղինակաւոր գիտնականները, ինչպիսիք են Եոհաննէս Սթարք (Նոպելեան մրցանակակիր եւ Սթարքի ազդեցութեան հիմնադիրը), ստեղծեցին հակայարաբերականութեան հասարակութիւն, որ վարկաբեկեց Այնշթայնը եւ անոր տեսութիւնը: Ազգայնականութիւնէ եւ հակասեմականութենէ սնանելով, անոնք Այնշթայնը եւ անոր գաղափարները դարձուցին թիրախ, ուր յարձակման գիծ մը կը պնդէր, որ յարաբերականութիւնը սխալ է եւ վտանգաւոր, իսկ միւս գիծը կը պնդէր, որ այդ փայլուն է, բայց որ Այնշթայն գողցած է գաղափարը «իրականութենէն» (ոչ հրեայ) գիտնականներէ: Այս գործելակերպը ի վերջոյ յանգեցուց անոր, որ Այնշթայն փախաւ Գերմանիայէն Միացեալ Նահանգներ: Թէեւ ան սկիզբը կը կարծէր, թէ` «Իշխանութեան կոյր հնազանդութիւնը ճշմարտութեան ամէնէն մեծ թշնամին է»: Կեղծ լուրերու դարաշրջանին մէջ այս դասը աւելի կարեւոր է իւրացնել, քան երբեւէ:
1940-ական թուականներու ընթացքին Այնշթայն դասախօսութիւններ կարդաց
ուսանողներու համար, որոնք նախապէս երբեք չեն կարողացած օգտուիլ իրեն նման բանախօսէ մը:
Այնշթայն նպատակատրած էր ըլլալ առատաձեռն իր ժամանակի նկատմամբ եւ
թոյլ տալ ուրիշներուն, որ ազատօրէն յարաբերին իրեն հետ, եւ
բոլորին համար քաղաքացիական իրաւունքներու ակնառու ջատագովն էր:
Կանոն թիւ 7. Գիտութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ կրթութիւնը բոլորին համար են, ոչ միայն արտօնեալներու համար.
Այնշթայն յաճախ շատ կը քննադատէր Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, նոյնիսկ` 1930-ականներուն գաղթելէ եւ 1940-ին իր քաղաքացիութիւնը ստանալէ ետք: Ստրկութիւնը եւ շարունակուող խտրականութիւնը ան նկատեց անմարդկային, քանի որ անհիմն էր:
Էֆ.Պի.Այ.-ը 1932 թուականէն մինչեւ Այնշթայնի մահը` 1955, աւելի քան 1400 էջնոց թղթածրար մը պատրաստեց, որովհետեւ հակացեղապաշտական անոր գործունէութիւնը շատեր (ներառեալ` ծերակուտական Ժոզեֆ Մաքարթի) հակաամերիկեան նկատեցին, բայց Այնշթայնը կարելի չէր զսպել:
1946-ին Այնշթայն յեղափոխական քայլ առաւ պարզապէս այցելելով Լինքոլնի համալսարան` Միացեալ Նահանգներու մէջ սեւամորթներու առաջին համալսարանը, ուր դասախօսեց եւ զրուցեց ուսանողներուն հետ, որոնց ըսաւ. «Իմ ուղեւորութիւնս դէպի այս հաստատութիւնը տեղի ունեցաւ արժէքաւոր գործի անունով: Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունի գունաւոր մարդոց տարանջատում սպիտակամորթներէն: Այդ բաժանումը գունաւոր մարդոց հիւանդութիւն չէ: Այդ սպիտակամորթերու հիւանդութիւն է»: