Նախ յստակացնեմ, թէ չեմ ուզեր, որ այս մտահոգութիւնը լուսարձակի տակ բերելը քննադատութեան եւ հասցէագրուած մեղադրանքի նման ընկալուի, այլ մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ տեղ մը ` այս հարցին կարեւորութիւն ընծայելու եւ բարեփոխման պատրաստակամութիւն ցուցաբերելու բարձրաձայն ու անկեղծ ակնկալութիւն:
Հարցը կը վերաբերի ազգային եւ կրօնական տարեդարձներու եւ նշումներու մեր համայնքային կեանքի մէջ ղեկավարութիւն ու պարտականութիւն ստանձնած անհատներու օրէ օր արմատացող բացակայութեան երեւոյթին: Ի յառաջագունէ յայտնեմ, որ այս մէկը չ՛առնչուիր ներկայութեան անհրաժեշտութեան` մարզական, մշակութային կամ այլ ձեռնարկներու, որոնք գաղութին մէջ տեղի կ՛ունենան: Վերջ ի վերջոյ այստեղ անհատի նախասիրութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը մարզի մը նկատմամբ իր դերը ունի: Մտահոգութիւնը, սակայն, մեր ազգային ինքնութեան, արժէքներու եւ պատմադրոշմ թուականներու, դէպքերու եւ դէմքերու նշումին առիթով կայացած ձեռնարկներու բացակայութեան հետ աղերս ունի:
Այս օրերուն, երբ դժբախտաբար ականատես ու տեղ մըն ալ լուռ ու կրաւորական վկան կը դառնանք հայրենի իշխանութիւններու կողմէ այս արժէքներու հանդէպ ցուցաբերուած անտեսումին եւ զանոնք մեր արժեհամակարգէն դուրս դնելու անբացատրելի վարքագիծին, յաւելեալ պարտաւորութիւն կը զգանք մեր գոյերթի երաշխաւորման, մեր տեսլականներու ամրապնդման ու մանաւանդ մեր ինքնութեան պահպանման համար աւելի լրջութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ մօտենալու պարզուած իրականութեան:
Վարդանանց տօնակատարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման, ազգային գաղափարական կուսակցութիւններու տարեդարձներու նշումին, Հայաստանի անկախութեան, եւ տակաւին, եկեղեցական ու ազգային այլ կարեւոր տարեդարձներու նշումի ընթացքին ղեկավարութեան ներկայութիւնը նուազագոյն պարտականութիւնն է, որ կ՛ակնկալուի համայնքային ոեւէ ներկայացուցիչէ: Եթէ այսքանն ալ ան ի վիճակի չէ կատարելու, թող ներող ըլլայ, որ չէ հասկցած իր պարտականութեան ամբողջական էութիւնը:
Վիրաւորական է հանդիպիլ պատասխանատուներու, որոնք տօնակատարութեան մը յաջորդ օրը, առանց դոյզն փափկանկատութեան եւ ամենայն պարզութեամբ կը յայտնեն թէ ձեռնարկին հետեւած են Դիմատետրի Live¬ի ճամբով կամ այլ ձեւով, եւ կը սկսին անոր բովանդակութեան ու հոն արտասանուած պատգամներուն մասին տեսակէտներ յայտնել եւ արժեւորումներ կատարել նաեւ դիտարկումներ ընել ու ակնկալել, որ մարդիկ ականջալուր դառնան իրենց, այսպէս կոչուած, հեղինակաւոր ղեկավարի տեսակէտին: Աւելի՛ն. անոնք չեն վարանիր նաեւ ժողովուրդի ներկայութեան պատկերին մասին անդրադառնալու եւ գնահատումներ կատարելու :
Կասկածէ վեր է, որ հաւաքական կեանքին մէջ հայկականութեան նահանջը, հայեցի դիմագիծի աղաւաղումը, մեր ազգային արժէքներէն օտարացումը բնականաբար կը կարօտին առարկայական ու անկաշկանդ քննարկումներու: Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր անհատ եւ պատասխանատու այս իմաստով շինիչ ու կենսափորձի վրայ հիմնուած կարծիք ու տեսակէտ ունի եւ պէտք է այդ կարծիքներու բիւրեղացումով կացութեան բարեշրջման մէջ դերակատար դառնայ, սակայն նախապայմանը այս բոլորին անհատի գործնական մասնակցութիւնն է հաւաքական կեանքին, եւ ոչ` հեռուն կանգկած դիտորդական առաքելութեան, որ նոյնիսկ իր կարգին նաեւ ներկայութիւն կ՛ենթադրէ ամէնուրեք:
Այս պարզութեամբ ու անկեղծութեամբ կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել երեւոյթը` յարգելով ու գիտակցելով նաեւ, որ բացակայութեան բանաւոր պատճառներ կրնան պատահիլ, բայց այդ մէկը երբ կը դառնայ մնայուն, կը վերածուի մտածելակերպի մը, որ չի նպաստեր հաւաքական կեանքի աշխուժացման, այլ ընդհակառակն, իբրեւ երեւոյթ, կը դառնայ վարակիչ, որուն ժխտական հետեւանքներ կրնան տարածուիլ ու բոյն դնել աշխատանքային բոլոր բնագաւառներէն ներս:
Խորապէս համոզուած եմ, որ նուազագոյն ճիգով մը կարելի է շրջանցել այս մտահոգութիւնը եւ անտարբեր չմնալ անոր նկատմամբ ու բացակայութիւնը չվերածել ընդունուած հասկացողութեան: Լոզունգներէ, պատուէրներէ, պատգամներէ եւ դիտարկումներէ անդին` ժողովուրդին նախ եւ առաջ հարկ է ցոյց տալ ներկայութեան անհրաժեշտութեան համեստ ու օրինակելի մօտեցումն ու ըմբռնումը:
Փորձենք չբացակայիլ: