Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտքեր – 3. Առաջնորդել Դէպի Հաւաքական Ուժ

February 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ինչո՞ւ հայութեան վնասող պատահարէ մը ետք յաճախ քննադատական ոճով կը շեփորենք, թէ մեր ըրածներն են, որ այդ պատահածը կարելի դարձնող պատրուակներ տուին թշնամիին: Ինչո՞ւ կը մտահոգուինք ապագայ ժխտական պատահարի մը առնչուող  պատրուակներով («զգուշ` պատրուակ չտանք…»): Երկու պարագաներուն ալ յաճախ հեռու կը մնանք պատահարին ակունքին գտնուող պատճառնե՛րը կարեւորելէ: Պատճառներ, որոնք անշուշտ անհամեմատ  աւելի կարեւոր են եւ` մեր ընելիքը թելադրող, քան` այս կամ այն պատրուակը:

Մինչ պատմութիւնը կը զարգանայ պատճառահետեւանքային տրամաբանութեամբ, մենք ներքին բախումներ ունինք պատրուակներո՛ւ շուրջ:

Օրինակ` ինչո՞ւ մտահոգ ենք ազերիներուն յարձակելու պատրուակ տալով կամ չտալով:

Ինչո՞ւ հայրենի ընդդիմադիր կարգ մը մտաւորականներ երբեմն կը ձաղկեն իշխանութիւնը` ազերիներուն յարձակելու պատրուակ տուած ըլլալուն համար:

Ինչո՞ւ մեր երկրի իշխանութիւնը կը դիմէ անտեղի եւ վնասակար նախաձեռնութիւններու` ազերիներուն պատրուակ չտալու մտահոգութեամբ: Այդպիսին է սահմանադրութեան եւ պետական խորհրդանիշներու վերանայման  առաջադրանքը: «Կարմիր հագուստ»-ի օրինակը կը փաստէ, որ իշխանութիւնը մտահոգ է պատրուակ չտալով (այստեղ պատճառի հարց չկայ, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը պատերազմի պիտի չդիմեն սահմանադրական յօդուածի մը կամ օրհներգի մը բառերուն պատճառով):

Չէ՞ որ կարեւորը պատճառն է, եւ ոչ` պատրուակը: Չէ՞ որ պետութիւնները եւ իրենց գաղտնի սպասարկութիւնները մասնագէտ են պատրուակ յօրինելու մէջ: Չէ՞ որ մանուկն անգամ  անդադար պատրուակներ կը յօրինէ…

 * * *

Զբաղինք պատճառներո՛վ: Կեդրոնանանք Հայաստանի համար սպառնալից ներկայ կացութիւնը բացատրող պատճառներո՛ւն վրայ:

Սիւնիքը եւ թերեւս ամբողջ Հայաստանը վտանգող իրադրութեան ետին կան երբեմն իրարու վրայ ազդող չորս առաջնային պատճառներ. 1) մեծ ընկերութիւններու եւ եւրոպական պետութիւններու քարիւղի եւ կազի փոխադրութեան ուղիներու փնտռտուքը, 2) Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ մրցակցութիւնը` Կովկասի մէջ եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին, 3) Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտ նպատակները, եւ 4) մեր անուժ վիճակը` իր ապահովական, տնտեսական եւ հոգեբանական երեսներով:

Առաջին երեք պատճառները արտաքին են, փոխելու-չէզոքացնելու կարողութիւնը չունինք: Կը մնայ չորրորդը:

Առանց պակսեցնելու մեր անուժ վիճակին ապահովական եւ տնտեսական երեսներուն կարեւորութիւնը, այստեղ անդրադարձ մը` հոգեբանական երեսին: 2020-ի մեզ ջախջախող պատերազմէն ետք մեր ժողովուրդը (Հայաստան եւ սփիւռք) կ՛ապրի պարտուածի հոգեբանութեամբ: Այդ հոգեբանութիւնն է հիմնական պատճառը մեր մեծ շփոթանքին, որ կ՛ընէ այնպէս, որ մեր հարուածները իրա՛րու ուղղենք եւ ոչ` թշամիին, որ` առնենք վրիպած եւ անջիղ  նախաձեռնութիւններ, որ` օր ու գիշեր զբաղինք երկրորդական հարցերով:

Կարեւոր է մեր ժողովուրդը դուրս բերել պարտուածի հոգեբանութենէն եւ մտածումի ճամբով առաջնորդել` դէպի ներքին ուժի հաւաքական գիւտ եւ ճանաչում, դէպի հաւաքական ամուր կեցուածք, դէպի ապրելու եւ յաղթելու հաւաքական անտեղիտալի կամք:

Ժամանակը մեզի չի սպասեր:

Ժամանակն է` կամուրջներ նետելու եւ արագօրէն մեր համահայկական կարողութիւնները ի մի բերելու` մտածուած-ծրագրուած աշխատանքով յաղթահարելու համար մեզ անուժ վիճակի դատապարտող ապահովական, տնտեսական եւ հոգեբանական դժուարութիւնները:

Փետրուար 2024, Պէյրութ         

 

Նախորդը

Այնշթայնի Կանոնները` Աւելի Լաւ Կեանքի Համար

Յաջորդը

Նշմար. Բացակայութիւններ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.