ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ինքնամոռացութեան ու հրճուանքի մէջ էին եւ միւս կուսակցութիւնների անդամները: Այստեղ էին` խորհրդարանում, բոլոր կուսակցութիւնների գործիչները: Դժուար էր երեւակայել աւելի անկեղծ, աւելի բուռն ու սրտագին ուրախութիւն, քան այս մարդկանց ուրախութիւնը:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
Անցողակի դիպաշար մըն չէ եղած Փետրուարեան ապստամբութիւնը, որ տեղի ունեցած է աւելի քան դար մը առաջ: Աւելի՛ն. անիկա արդի հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ համազգային պոռթկումի դրսեւորում մը, աքթ մը, որ պատիւ կը բերէ տուեալ ժողովուրդին, այս պարագային` հայութեան: Միւս կողմէ, դառն է եղած նաեւ այն իրականութիւնը, որուն եւս հարկ է նաեւ անդրադառնալ, որ տուեալ ցասումին, զինեալ պայքարին, արեան հեղումին հիմնական պատճառը հանդիսացած է նոյնինքն պոլշեւիզմը, համայնավար միտքն ու վարքագիծը, որովհետեւ ամբողջ հայութիւնն է եղած թիրախը, որ սուղ գին վճարած է պաշտպանելու իր ազգային արժանապատուութիւնը, հայրենիքի ու ազատութեան գաղափարը, գերիշխանութիւնը, պետականութիւնը:
Այո՛, հայութիւնը թիրախ էր դարձած օրին. ան պառակտուած վիճակ կը պարզէր: Ներազգային կեանքին մէջ թափանցած էր համայնավար մտածողութիւնը, որ աւերներ կը գործէր: Սա չի նշանակեր, որ նոյն կացութեան մատնուած չէին նաեւ Հայաստանի դրացի երկիրները, որոնք, իրենց կարգին, ընդունելով հանդերձ խորհրդայնացումը, պահած էին որոշակի ազգային ներքին ըմբռնողութիւն մը` իբրեւ ապաւէն սեփական դիմագիծի պաշտպանուածութեան: Յայտնապէս անոնց ետին կանգնած էին ուժեղ երկիրներ, իրենց աշխարհաքաղաքական նկրտումներով ու դաւադիր պահուածքով:
Փաստօրէն, հայութիւնն էր, որ միայնակ կը դիմագրաւէր նորովի պարտադրուած իրավիճակ մը հայոց պետականութեան խորհրդայնացումէն ետք: Դրօ-Լըքրան համաձայնութիւնը ի զուր գովերգուած էր, այսպէս ըսած, «եղբայրութիւն» կոչուած ու անով գինովցած համայնավար հայերու երազը` բնաջինջ ընել էր ամէն ինչ ու տիրել բովանդակ հայոց ունեցածին, կալուածին, պարէնին, հողին, օճախին ու պատիւին:
Ահ ու սարսափի, թալանի ու սպանդի ելած պոլշեւիզմը կը սպառնար բոլորին: Թուրք եաթաղանին ու սպանդին ենթարկուած հայ գեղջուկը այս անգամ դէմ յանդիման էր պոլշեւիկեան բարբարոսութեան: Թուրքին դէմ կռուած ֆետային, հայ զինուորականն ու մտաւորականը դատապարտուած էին բանտարկութեան` զոհ դառնալով «եղբայրական» խոստումներու: Կացինահար կը սպաննուէին հայազգի հաւատաւոր նուիրեալները, հայութիւնը կ՛ապրէր իր նոր ցեղասպանութիւնը:
Հայ գիւղացին քանի մը ամիս այս նորովի արհաւիրքին տոկալէ ետք, կը դիմէ զէնքի եւ` ըմբոսութեան դրօշը պարզած, կը հասնի Երեւան, ճակատագրուած հայորդիները ազատելու եւ դուրս շպրտելու պոլշեւիկ հորդաները:
Հայոց բանակի աննման հրամանատար Կուռօ Թարխանեան կը ստանձնէ ու կը ղեկավարէ ըմբոստութիւնը: Դաժան մարտերու թոհուբոհին տակ կը ստեղծուի Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն` Սիմոն Վրացեանի ղեկավարութեամբ: Հայութեան արդար բազուկը պարտադրած էր ինքզինք: Հայ մտաւորականութեան ու գործիչներու ընտրանի հոյլ մը կը փրկուի ստոյգ սպանդէ: Հայաստանի իշխանութեան գլուխը անցած պոլշեւիկներ փախուստ կու տան դէպի հիւսիս-արեւելք:
Պոլշեւիկ Կասեան-Նուրիջանեան-Աթաբեկեան եռեակ դահիճը, յագուրդ տալէ ետք իր մոլուցքին, հեռացուած էր հայոց երկնակամարէն:
Դաժան այդ օրերուն հայութիւնը իր յաղթանակը կը տօնէր ամէնուրեք: Եռագոյնը կրկին կը ծածանէր Երեւանի գլխուն: Միասնակամ հայութիւնը ցոյց տուած էր իր ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը:
Ինչպիսի խօսք ու յերիւրածոյ բարբաջանք լսած ըլլանք ու կը լսենք տակաւին, Փետրուարեան ապստամբութիւնը կը մնայ խորհրդանիշ` բռնակալութեան դէմ սուր բարձրացնելու, հայ մարդու ազգային դիմագիծն ու տեսակը պահպանելու, բայց մանաւանդ` արիւնարբու թշնամիին` սեփական կամք պարտադրելու, առերեսուելու, հաւաքական ու միասնական «ո՛չ»-ը բարձրաձայնելու` իբրեւ անփոխարինելի արժէք:
Ճիշդ է, որ 42 օրերու տեւողութեամբ հաւաքական յաղթանակ մըն էր արարքը, սուրին ու բռնութեան դէմ ելլելու կամքի ու որոշումի գերազանց գիտակցութիւն, այդուհանդերձ, եզակի այս ապստամբութիւնը կը մնայ հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրակուռ վահան մը`գաղափարայնութեամբ յագեցած եւ ազգային շունչով լիացած: