ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապ յառնած էր արդէն քառսոնքի (քառասունք) մահուան մահիճէն: Գլուխն ի վայր սփռուած ձիւնաթոյր շղարշը նետած էր մէկ կողմ, սառնամած կանաչ փէշերը թօթափած էր, բուք ու ամպուռք վանած էր, եւ ձմեռուայ լուծը բոլորտիքէն վտարած էր:
… Գարուն էր արդէն, պաշտօնապէս:
Ցըւիքնիէն կախուօծ պախքաշ չկիրէր,
Նա տա իլի ֆրթանան հայ պըււիէր,
Քեսպու մայտունը իհալուօն լըււուօծ իէր:
Քեսուօպ հայաթուօն հայ քըփըրթիէր:
«Ցուիքներէն կախուած պաղլորակ (սառնացպիկ) չկար,
Ոչ ալ քամին սոյլ կ՛արձակէր:
Քեսապի հրապարակը մարդկութեամբ լեցուած էր,
Քեսապ կեանքով կ՛եռար»:
Տարուան առաջին եղանակին ժամանումը կ՛աւետէին Քեսապի ակնախտիղ (1) կապոյտ նարօտը պճնող ծիծեռնակներու հանդէսները: Երկնքին մէջ կը կայտռէին դասամիջոցի սպրդած ոստոստացող աշակերտներու պէս:
Ծիծեռնակներուն այս կայթ ու պարով ոչ միայն պաշտօնապէս, այլ հանդիսաւորապէս գարուն էր:
– Այսօր տօն է ծննդեան, գարնան, յարութեան, նոր տարուան (2) ու դալար բնութեան, աւետիս…
Անոնց թըռվըրոցը կը գինովցնէր զիս, եւ կը հրապուրուէի անոնց կանչուըռտուքէն: Ծիծեռնակները ճչիւններ կը հնչեցնէին եւ կարծես կը հրաւիրէին զիս` միանալու իրենց երգ ու պարին: Սակայն միանալու փոխարէն` եարխուշտայի նմանող պարին, հոգիս թռիչք առնելով, կը սլար դէպի անծայրածիր երկնքին եզերքը: Կարծես այս աշխարհէս դուրս ելած ըլլայի, կարծես Պղատոնի «Գաղափարներու աշխարհ»-ը հասած ըլլայի: Այսօր միայն այդ աշխարհին մէջ կը տեսնեմ իմ դիկանը (3), միայն հոն կ՛այցելեմ անոր:
Ես այս տեսարանին միակ հանդիսատեսը չէի, մայրս էր, որ ի սկզբանէ ուշադրութիւնս հրաւիրած էր այս երեւոյթին: Ան այս տեսիլին իր հայումը մերթ ընդ մերթ կ՛ընդհատէր զիս կանչելով.
– Վահա՜ն, եկո՛ւր` ծիծեռնակները դիտէ:
(Այդ նկատեցի դէպի մեր տան կեդրոնական պատշգամբը դուրս եկած ատեն):
Շատ բան չէր ուզեր ըսել մայրիկս, կը շարունակէր ինքնիրեն զրկել այդ հիասքանչ երեւոյթէն եւ ինծի կ՛ուղղէր յորդորող նայուածքները` դէմքը յարդարած վառվռուն ժպիտով մը, կարծես կ՛ըսէր, «Դիտէ՛, վայելէ՛, հաղորդուէ՛ բնութեան հետ»:
– Կը տեսնե՞ս սրածայր կտուցները, նայէ՛ ի՜նչ գեղեցիկ են անոնց երկճղուած պոչերը: Կը լսե՞ս անոնց ձայնը:
Միայն տարիներ ետք պիտի ըմբռնէի մօրս յորդորն ու աստուածատուր այս երեւոյթը: Ես` երեւի 6-7 տարեկան մանչ մը, զիս առաւել հետաքրքրող այլ մտածումներու մէջ կ՛ըլլայի,
– Քանի որ գարուն է արդէն, արդեօք թոյլ պիտի տա՞ր կարճաթեւ ձորձկոններս (4) հագուէի:
* * *
Փոքրաթիւ օրեր ետք արդէն կարճաթեւ ձորձկոններէս մին հագած, մայրս պիտի ղրկէր զիս մեծ մօրս (իր կեսրոջ) քով, որպէսզի սորվեցնէր «Ղազարոս Աղայեան»-ի ամէնքիս ծանօթ «Ծիծեռնակը բոյն կը շինէր» ոտանաւորը: Մեծ մայրս իրենց տան մուտքին, որ նաեւ պատշգամբ էր փոքր պարտէզի մը մէջ, նստած, իր ամենակոկիկ հագուստները հագած, հին, բայց անմաշ գիրք մը գիրկը դրած, վսեմ ժպիտով մը, բոցավառ ու խանդավառուած կապոյտ աչքերով կը սպասէր ինծի: Ուրիշ անգամ մը միայն նմանաձեւ, կարծես` ծիսական վիճակով, դիմաւորած էր զիս, երբ Ս. Ներսէս Շնորհալիին «Հաւատով խոստովանիմ»-ը պիտի սորվեցնէր` զիս հսկումներուն պատրաստելով:
Այս երկրորդ անգամը ոչ թէ պատշգամբին մէջ` գարնանային բնութեան գիրկը, այլ ձմրան ցուրտէն պատսպարած, իրենց տան պատկառազդու պատերէն ներս հարցուցի մեծ մօրս.
– Մե՛ծ մամ, հի՞ւր պիտի գայ ձեզի:
– Չէ՛, տղաս, ո՞վ պիտի գայ:
– Պաշտօնակա՛ն հագած ես:
– Այո՛ (hաստատող ժպիտով մը գլուխը դէպի վար խոնարհելով):
Ըսել կ՛ուզէր, թէ ոչ մէկ հիւր պիտի գայ այցելութեան, ան պարզապէս զգեստաւորուած էր յաւուր պատշաճի: Մի՞թէ կարելի էր մեր հայերէնի այս գոհարները առօրեայի հագուստներով փոխանցել ինծի:
***
Երեւանեան տաղտկալի եւ անայլայլ օրերէն մին, աշխատասեղանիս տեղաւորուած հեռաձայնիս պաստառին ծանուցում մը կը տեսնեմ:
– Տիկին Անին է` Բրդոյեանը (ես ինծի), Երեւանի «Յառաջ արեւմտահայերէնի աշխատանոց»-ի տնօրէնուհին:
Իրեն յատուկ գերդրական ու գերյարգալից ոճով կ՛ըսէ (ողջունելէ ետք).
– Կիրակի առցանց հանդիպում մը ունինք Փարիզի «Ծիծեռնակ»-ի երիտասարդական խումբին հետ: Ուրախ կ՛ըլլամ, եթէ ուզես մասնակցիլ: Եթէ դրական է պատասխանդ, նիւթը կը ղրկեմ, որ ծանօթանաս եւ մտածես ըսելիքիդ մասին:
– Նոր մարդոց հետ ծանօթանալու սիրտ չէ մնացած (ես ինծի կ՛ըսեմ), բայց տիկին Անիին բացասական պատասխան տալ կարելի՞ է միթէ:
***
«Ծիծեռնակ»-ը գովելի եւ բազմադիմի ձեռնարկութիւն մըն է, անոր դրսեւորումներն են.
1.- «Պատանեկան եւ երիտասարդական հարթակ»-ը (կայքէջ), ուր աշակերտներու գրութիւնները կը հրապարակուին:
2.- «Երիտասարդական խմբակ»-ը, որ քանի մը ամիսը անգամ մը կը մէկտեղէ երիտասարդները` ժամանակակից նիւթ մը քննարկելու համար: Անոնք են, որ նիւթերը կ՛առաջարկեն, զրոյցները կը վարեն եւ վերոյիշեալ կայքէջին մէջ կը տեղադրեն հանդիպումներուն ամփոփումները:
3.- Ինսթակրամի էջը, ուր կը տեղադրուին հայերէն բառեր ու եզրոյթներ` անոնց առոգանութեամբ, ֆրանսերէն ու անգլերէն թարգմանութիւններով հանդերձ:
4.- Եութիւպեան ալիքը, ուր կը սփռուին երիտասարդներուն ու պատանիներուն պատրաստած տեսերիզները` բանաստեղծութիւններու, հեքիաթներու եւ պատմուածքներու իրենց կարդացողութեանց, տեսերիզներուն յետանկարները` անոնց իսկ գծած նկարներով զարդարուած:
Թէեւ այս բոլորը նախաձեռնողն ու վարողը մէկ անձ է` ուսուցչուհի Նորա Պարութճեանը, սակայն սրտիս ախորժելին այն էր, որ մեզ բոլորիս կարօտալի, վերը յիշուած ձեռնարկումները շինելուն (ստեղծելուն) մէջ ներառուած են պատանի ու երիտասարդ ծիծեռնակներ, այս ամբողջը իրենց ձեռքերով կը շինուի, անոնց ու մեզի` բոլորիս համար:
Հրաւէրին ընդառաջելով` «Ծիծեռնակ»-ի «երիտասարդական խմբակ»-ի հանդիպումին էր, որ մասնակցեցայ:
Հանդիպումին միանալէս առաջ, դեռ նիւթին ծանօթացած ատեն, ուշադրութիւնս գրաւեց «ծին» բառը: Մօտ տասը տարի է Հայաստանի սրտին մէջ կը բնակիմ, ոչ մէկ անգամ լսած եմ այս գեղեցիկ հայերէն բառը, ռուսերէն-հայատառ «կեն» («գեն» կը գրուի, անգլերէն` gene) բառն էր տիրողը մտքիս մէջ… անշուշտ` ոչ այլեւս:
Հանդիպումին նիւթը հետեւեալն էր. «Բարեփոխո՞ւմ, թէ՞ փոփոխութիւն, ո՞ւր է սահմանը մեր ժառանգութեան (մշակութային եւ մարմնաւոր) բարելաւումին, եւ փոփոխութեան (դաւաճանութեան): Ի՞նչ կրնանք փոխել մեր էութեան եւ մշակոյթին մէջ, առանց ուրանալու մեր պապերուն ծրագիրը»:
Յարգարժան ընթերցողին կը ներկայացնեմ հանդիպումին ժամանակ բարձրացուած քանի մը հարցումներ եւ եզրակացութիւններ, որոնց յանգեցան երիտասարդները` իբրեւ ակնարկ այդ օգտաշատ հանդիպումին:
– Մշակոյթը` իբրեւ ապրող երեւոյթ, ինչպէ՞ս կարելի է պահել ու զարգացնել` զայն կրող մարդոց կողմէ:
– Աւագ սերունդը ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի յաջորդ սերունդներուն մէջ վառէ հետաքրքրութիւնը եւ քաջալերէ զանոնք հայ մշակոյթի զարգացումի նկատմամբ:
– Արդեօք պէ՞տք է մեր գոյութիւնը նուիրենք շարունակելու ծինային եւ մշակութային յաւերժացումին ծրագիրը, զոր մենք չենք որոշած, բայց եւ այնպէս մեր էութեան պատճառն է:
– Կ՛արժէ քննել պապենական աւանդութիւնները, կանոններն ու արժէքները եւ անոնցմէ ընտրել անոնք, որոնք կ՛ընդգծեն մեր ինքնութիւնն ու գոյատեւման ոգին եւ խթան կը հանդիսանան հզօր ապագայի համար, օրինակ` հայու կամքի ուժն ու աշխատասէր վարքագիծը:
– Որքան ազատ եւ անկաշկանդ ըլլայ միջավայրը, այնքան աւելի մեծ է հաւանականութիւնը, որ տուեալ մշակոյթը զարգանայ եւ բարգաւաճի:
Ի՜նչ հաճելի եւ օգտաշատ հանդիպում մըն էր, եւ որքա՜ն շատ պէտք է ըլլան այսպիսի նախաձեռնութիւններ: Ինչպէս կ՛ըսուի` «Մտքերը հանդիպելով (փոխազդեցութեամբ) կը զարգանան»: Ի վերջոյ, ունայնութեամբ ու անհեթեթութեամբ լեցուն ընկերային ցանցերուն եւ այս օրերուս հայոց ու հայերէնի ողնաշարը երբեմն գիշատող, երբեմն ալ ցեցի պէս կրծող երեւոյթներուն (սպառողականութիւն, օտարամոլութիւն, համաշխարհայնացում եւն…) առաջքը պէտք է առնել:
Հիացած էի իմ զրուցակից երիտասարդներով եւ հիացումէս գոհ էի: Նաեւ կ՛ըսուի, թէ «Հիացումը առաջին քայլն է դէպի իմաստասիրութիւն (փիլիսոփայութիւն)», հիացած էի բոլորին վառ աչքերով` հանդիպումին նիւթը արծարծելու եռանդով լի:
Բոլորս նրբախնդիր էինք օտարածին բառեր չգործածելու, զգուշ էինք զիրար չվիրաւորելու, իրարու կարծիքները յարգելու: Ցաւօք սրտի, չկրցայ բոլորին անունները միտքս պահել` բացի ծիծեռնակներու երամի պարագլուխ Նորա Պարութճեանի անունէն: Այնուամենանիւ, յոյսով եմ, որ դեռ կը կարենամ մասնակցիլ անոնց կայթ ու պարին (փոխաբերական իմաստով) եւ անմոռանալիօրէն սորվիլ անոնց անունները:
Միայն այսպիսի որակաւոր բաներն են, որ կրնան վտարել ցածորակները ու փոխարինել զանոնք: Բայց որքա՜ն քիչ են որակեալ բաները (խօսք, գործ ու միտք) մեր` հայոց այսօրուան իրականութեան մէջ:
Այս դարուս ախտերուն հետ միասին 21-րդ դարուս հոսանքը իրեն հետ նաեւ բարիքներ բերաւ, արհեստագիտութիւնը քանի՜ պիտանի գործիքներ մատուցեց մեզի: Կը մնայ, որ լիակատար ձեւով օգտագործենք զանոնք:
Այստեղ մտածեցի, թէ ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար, եթէ ծիծեռնակներու պէս գործէինք, մեր նոր բոյները շինած ատեն միշտ հինն ալ յիշէինք: Գիտակցէինք, որ մեր բոյնը առանց շիւղերուն` միտքը, լեզուն, մշակոյթը, չենք կրնար շինել: Եւ այս շիւղերը իրարու կցելու համար սոսինձ պէտք է` մեր հաւաքական անընկճելի աշխատանքը: Եւ ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար, եթէ այսպիսի միջոցառումները շատ ըլլային, վստահ եմ, որ միակը չէր իր տեսակով, բայց դեռ շա՜տ գործ կայ ընելու, մինչեւ որ աշխարհիս վերջին անկիւնը մնացած հայն ալ միանայ ծիծեռնակներու «պար»-ին:
Փոխան վերջաբանի` քանի մը տողով սրտիս մաղթանք պիտի յայտնեմ, ոչ միայն «Յառաջ աշխատանոց»-ին եւ «Ծիծեռնակ հարթակ»-ին, այլ` բոլոր ծիծեռնակներուն, որոնք մեր բոյնը շէն կը պահեն` ի հեճուկս չաւարտող պատերազմներուն, տնտեսական տաժանելի վիճակներուն, ուրիշ տեղեր` ձուլումին եւ օտարացումին, հակառակ ամէն ինչի` դարձեա՛լ կը շինեն ու կը շինեն:
Յառաջ խոյացիր չքնաղ ծիծեռնակ,
Գարնան կարապետ, աւետող թռչնակ:
Շիւղ առ շիւղ շինէ բոյներն աւերակ:
Գեղգեղէ, ճչայ, երգէ անուշակ,
Տարածէ յորդոր, արձակէ հնչակ`
Թող հայոց լեզուն չմնայ մինակ:
—————-
1.- Ակնախտիղ` պայծառ, աչք շլացնող
2.- Մինչեւ 11-րդ դարը հայերը նոր տարին կը տօնէին գարնան: Նաւասարդը առաջ մարտ ամսուն կը համընկնէր, իսկ հիմա օգոստոսին:
3.- Դիկան` քեսապերէն կը նշանակէ հայրենիք, ծննդավայր:
4.- Ձորձկոն` blouse: