Փետրուար 7-ին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական արտակարգ ընտրութիւն: Ձեւականութիւն մը, որուն արդիւնքը արդէն կանխորոշուած էր եւ ամէնէն միամիտին կողմէ իսկ` կանխատեսուած: Ընտրութիւնը հետաքրքրական չէր, եւ անոր արդիւնքը ոչ ոքի համար անակնկալ էր, սակայն կարելի է անոր վերաբերեալ կարգ մը դիտարկումներ կատարել: Անիկա թատերական ներկայացում մըն էր, որուն հեղինակն ու բեմադրիչը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր:
2003-էն ի վեր երկիրին իշխող Ալիեւ վերըտրուեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ: ԵԱՀԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները համամիտ են, որ ընտրութիւնը «ոչ մրցակցային» էր:
Ընտրութիւնը նախատեսուած էր հոկտեմբեր 2025-ին, սակայն Ալիեւ անցեալ տարի հրամանագիր մը ստորագրելով` յառաջաձգեց թուականը: Շարք մը միջազգային լրատուամիջոցներ նշեցին, որ այդ քայլը Արցախի «ազատագրման» իբրեւ արդիւնք ստեղծուած նպաստաւոր մթնոլորտէն օգտուելու համար էր:
Ալիեւ այդ սխալ տպաւորութեան ստեղծման կամ թեզի յառաջ մղման նպաստելու նպատակով յայտարարեց, որ ընտրութիւնը «նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը նշելու» համար է, այսինքն` Ազրպէյճանի «իր ամբողջ տարածքին վրայ վերահսկողութեան վերականգնումը» նշելու համար, եւ այդ կէտը առաւել եւս ընդգծելու նպատակով դիմեց գործնական քայլի մը` իր ընտանիքին հետ քուէարկեց Պաքուէն բաւական հեռու եղող «ազատագրուած Խանքենդիի»` Ստեփանակերտի մէջ:
«Արցախի ազատագրման» դրական ազդակի վարկածը կրնար ճիշդ ըլլալ, եթէ Ազրպէյճանը ըլլար ժողովրդավարական պետութիւն մը, ուր հանրային կարծիքն ու թեկնածուի մը ժողովրդականութեան մակարդակը վճռական դերակատարութիւն կ՛ունենան անոր ընտրութեան մէջ: Սակայն մենատիրութեան մը մէջ ընտրութեան թեկնածու առաջադրուած ղեկավար մը կարիքը չունի «այդ գլխացաւին»` յարափոփոխ հանրային կարծիքին: Ան իր տրամադրութեան տակ ունի աւելի տոկուն, ոչ փոփոխական, ուստի եւ վստահելի գործիք մը` բռնաճնշումը, որուն կիրարկումով կրնայ հանգիստ կերպով, առանց մտահոգութեան ու անձկութեան «վերընտրուիլ»:
Աւելի քան 20 տարիներէ ի վեր իշխանութեան վրայ եղող Ալիեւի կողմէ «հողերու ազատագրման» դրական ազդակէն օգտուելու կեղծ դրդապատճառով նախագահական ընտրութեան յառաջաձգումը եւ «մրցակից» 6 թեկնածուներու առաջադրումը արտօնելու քայլերը ազրպէյճանական բռնատիրութեան ինքնութիւնը ժողովրդավարութեան փետուրներով ծածկելու, միջազգային հանրութեան աչքին փոշի ցանելու փորձ մըն է: Պէտք չէ բնաւ զարմանալ, եթէ Ալիեւ վաղը այդ իրողութիւնը փորձէ ամերիկացիներուն աչքը մտցնել` նշելով. «Դուք ձեր նախագահական ընտրութիւններուն մէջ միայն երկու, անկախ թեկնածուի յառաջադրման, հազուադէպ պարագային, երեք թեկնածուներ ունիք, իսկ մենք` 7, ուստի ո՞վ աւելի ժողովրդավար է»:
Այստեղ կարելի չէ չնշել հետեւեալ իրողութիւնը. աւելի քան 250 քաղաքական բանտարկեալներ ունեցող եւ մարդու իրաւունքները ոտնակոխող այդ երկրին նախագահութիւնը իր հօրմէն` Հայտար Ալիեւէն ժառանգած Իլհամ Ալիեւ 5-րդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ նախագահ, իսկ Արցախի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը կորսնցնելէ եւ բռնագրաւուելէ կարճ ժամանակ առաջ ընտրած էր իր 5-րդ նախագահը: Իրողութիւն մը, որ առաւել մեծ կը դարձնէ միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար ժողովրդավարութեան ջատագովներուն ամօթը` նկատի ունենալով, որ բռնատիրութիւն մը յարձակում գործեց ժողովրդավարութեան մը դէմ (այստեղ պետութեան ճանչցուած ըլլալ կամ չըլլալը երկրորդական է), եւ ամբողջ աշխարհը լուռ դիտեց ու արտօնեց, որ բռնատիրութիւնը կուլ տայ ժողովրդավարութիւնը: Այս առումով, 19 սեպտեմբեր 2023-ին տեղի ունեցածը աշխարհի վրայ ժողովրդավարութեան ու ժողովրդավարական արժէքներու տարածման նպատակի իրագործման հասած մեծ հարուած էր:
Վերադառնանք, սակայն, մեր նիւթին: Ալիեւի կողքին, անոր բեմադրած Ազրպէյճանի «նախագահական ընտրութիւն» խորագիրը կրող թատրոնին մէջ օգնական դերեր ստանձնած մնացեալ թեկնածուները կեղծ ընդդիմադիրներ էին: Այդ իրողութիւնը ակներեւ դարձաւ, երբ «ընտրապայքարի» ընթացքին իրենց գլխաւոր «մրցակիցին» վարչակազմը գովաբանեցին… Այդ անհեթեթութիւնը, սակայն, ունի Ալիեւի կողմէ չնախատեսուած արդիւնք մը.
իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութեան թեկնածու Ալիեւի կողքին իրենց թեկնածուները առաջադրելու արտօնութիւն ստացած կուսակցութիւններուն անունները` «Ազգային ճակատ», «Մեծ արարչագործութիւն», «Մեծ Ազրպէյճան», «Ամբողջական Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատ», կու գան ընդգծելու ազրպէյճանական իշխանութիւններուն ունեցած անյագ ախորժակն ու դրացի երկիրներուն համար «Նոր Ազրպէյճան» տեսլականին ներկայացուցած վտանգը: