Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Ըսիր, Կու Գա՞ս

Փետրուար 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Գիշերուան ժամերը համեմատելով առաւօտեան ժամերուն` Պուրճ Համուտը աւելի խաղաղ է եւ հանդարտ: Առեւտրական խանութներու կրկնափեղկերը գրեթէ փակ են, եւ նեղ թաղերուն մէջ լոյսեր կը վառին դէս ու դէն: Մարդիկ ճամբաներէն կ՛անցնին` տեղ մը երթալու, կամ հաւաքուած են ուտեստեղէնի վաճառախանութի մը դիմաց` պատառ մը ուտելու: Մէկը` իր ինքնաշարժը պահ մը կը շարէ, միւսը իր մոթոսիքլեթով կը սուրայ, քաղաքապետարանի ոստիկան մը կ՛անցնի, մրոտած երեսով ոտաբոպիկ պատանի մը, փոխան քանի մը լիրայի, կօշիկներուդ նոր գոյն ու փայլք տալ կը խոստանայ:

Կը պատահին սակայն օրեր, երբ կը խախտի այս համայնապատկերը: Թաղ մը կը դառնայ լուսաւոր ու բանուկ, երբեմն մարդու ներկայութեան զուգընթաց երգի ու երաժշտութեան ձայն կը բարձրանայ, եւ կը քանդուի պահ մը միօրինակ խաղաղութեան առասպելն այնտեղ: Տօնական նշում մը, խրախճանք մը, կամ հանրային ձեռնարկ մը տեղի կ՛ունենայ, եւ ամէն անցորդ, բիբը ակամայ լայնցած, հայեացքը պահ մը կ՛ուղղէ այնտեղ` եղելութենէն իրականութեան բաժին մը կորզելու համար:

Իսկ եթէ ընթերցողս երբեմն կը փափաքի անցորդ-դիտորդի դերը ստանձնելու փոխարէն` բազմութեան մէջ գտնուիլ եւ այնտեղ եղելութեան հաճոյքն ու մթնոլորտը վայելել, ապա այս գրութիւնը հրաւէր մըն է անոր:

Այս ուրբաթ եւ կիրակի` 16 եւ 18 փետրուարին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմ պիտի բարձրանայ այդ օրերուն Լիբանան գտնուող հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեանը, որ այդ սրահի հանրութեան պիտի ներկայացնէ Հրանտ Մաթեւոսեանի «Գոմէշը»:

Արուեստասէր եւ յատկապէս հայ թատրոնի բեմը սիրող մարդուն համար այնքան ալ անծանօթ չեն այս զոյգ անունները:

Հրանտ Մաթեւոսեանը Խորհրդային Հայաստանի գրականութեան ռահվիրաներէն է: Թատերագիր, բեմագիր եւ արձակագիր մանկավարժը յաճախ երգած է գիւղը` իր բնութեամբ, անասնական աշխարհով եւ տեղւոյն վրայ ապրող գիւղացիներով, եւ այդ բոլորին ամբողջութեան մէջ յաճախ հպած է ցաւի ու ցասումի, տառապանքի եւ պոռթկումի լարերուն: Անոր ստեղծագործութիւններու վերնագիրները եթէ պահ մը կարդանք, պիտի տեսնենք, որ  այնտեղ տիրող ներկայութիւն են գիւղի բնութեան տարրերը: Մաթեւոսեանի գործերը թարգմանուած են աւելի քան տասնեակ մը լեզուներու եւ ներկայացուած` աշխարհի տարբեր անկիւններու բեմերու վրայ:

Իսկ դերասան Նարինէ Գրիգորեանը, որուն անպայմանօրէն հայ հանդիսատեսը անգամ մը գէթ հանդիպած է տան հեռատեսիլի կամ իր խելախօսի պաստառին վրայ, առաջին անգամ չէ, որ լիբանանահայ բեմ կը բարձրանայ: Նարինէ Գրիգորեան որպէս դերասան, Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնէն ներս աւելի քան քսան տարիներու վաստակ ունի, եւ 2018-էն ի վեր այնտեղ կը վարէ գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը: Բեմադրած է միջազգային ու հայ գրողներու ստեղծագործութիւններ եւ հրամցուցած զանոնք` տարբեր բեմերու վրայ, Հայաստանէն ներս ու դուրս, տարբեր ազգութիւն ունեցող հանդիսատեսներու դիմաց: Նարինէին, բեմերէ անդին, նաեւ կը հանդիպինք ժապաւէններու մէջ: «Amerikatsi», «Կեանք ու կռիւ», «Եւա» եւ աւելի քան տասնեակ մը ժապաւէններ համալրուեցան եւ ամբողջացան անոր դերասանութեամբ եւ ներկայացուցած տիպարներով: Ան ներկայիս մաս կը կազմէ Ազնաւուրի կեանքին ու գործին նուիրուած,  ֆրանսական արտադրութեամբ եւ Մեհտի Իտիրի բեմադրութեամբ ժապաւէնի մը դերասանական կազմին: «Պարոն Ազնաւուր» անուանակոչուած այս ժապաւէնին մէջ Նարինէ կը ստանձնէ Ազնաւուրին մօր դերը:

Նարինէ Գրիգորեան այս շաբաթ երկու անգամ մենակատարութեամբ պիտի ներկայացնէ «Գոմէշը»` Մաթեւոսեանի այն վիպակը, ուր հեղինակը պատմութիւն մը կը փոխանցէ անասունի մը դիտանկիւնէ: Բեմագիրը կը փորձէ խլրտալ գոմէշի հոգեբանութեան մէջ ու հոնկէ դիտել գիւղը, բնութիւնն ու մարդիկը: Այլաբանական այս գործը պատգամ մը ունի իր մէջ եւ հանդիսատեսը, յետ ներկայացման, միտնունայն չէ, որ կը վերադառնայ իր առօրեայ կեանքին:

Այս բոլորէն ետք կը մնայ հարց տալ քեզի, սիրելի՛ ընթերցող:

Ի՞նչ ըսիր:

Կու գա՞ս:

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանի Նախագահական Ընտրութիւն» Թատրոնը

Յաջորդը

Քոնկրեսը Որոշած Է Հաւանութիւն Տալ Թուրքիոյ 40 Նոր «Էֆ-16»-ներ Վաճառելու Գործարքին

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?