Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմներու Վառելանիւթ Եւ… Փշրանքներ

Փետրուար 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ Եւրոպական Միութիւնը որոշեց 50 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն տրամադրել Ուքրանիոյ: Սա պատահեցաւ այն օրերուն, երբ եւրոպական ցամաքամասին մէկ ծայրէն միւսը բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենային, մարդիկ կը բողոքէին ապրուստի յարաճուն սղութեան դէմ, բարձրաղաղակ կը յայտարարէին, որ բազմագլխանի տագնապին գլխաւոր պատճառներէն մէկն է Ուքրանիոյ տրամադրուած անսահմանափակ օժանդակութիւնները: Մէկ խօսքով, ցուցարարները իրենց կառավարութիւններուն (եւ զանոնք ոտքի կագնեցնողներուն) կ՛ըսէին, որ դուք մեր բերնէն մեր հացը կը կտրէք, որպէսզի Ուքրանիոյ օգնութիւն հասցնէք:

Հարցը հոն չէ, թէ Ուքրանիոյ պէ՞տք է օգնել, այլ «շան գլուխը» թաղուած է այլ տեղ. այդ օգնութեան որքա՞ն մասը կը հասնի կարիքաւորին ու աղէտեալին, որքա՞նը կը հոսի զէնքի մթերանոցներուն մէջ, խորքին մէջ` զէնքի վաճառորդներուն գանձանակները (Ուքրանիոյ մէջ գաղթակղութիւն մը ալ պայթեցաւ, թէ հասնող օժանդակութիւնները կը վաճառուին այլոց ու կը լեցնեն իշխանական որոշ մարդոց գրպանները):

Ուքրանիոյ տրամադրուած օժանդակութիւնները (որքան ալ որ արդարացուցիչ պատճառներ ունենան) մեծ մասամբ պատուած են մշուշի ամպերով: Մերթ ընդ մերթ, եւ մասնավճարներու ձեւով, աշխարհը կ՛իմանայ, թէ այսքան կամ այդքան գումար կը տրամադրուի Ուքրանիոյ, սակայն հազուադէպօրէն կը խօսուի ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐԻՆ, բոլորը ընդգրկող թիւերուն մասին:

Համացանցի ճամբով արագ «հետախուզութիւն» մը կատարողը ապշեցուցիչ իրականութիւններու դիմաց կը գտնէ ինքզինք: Ուքրանիոյ պատերազմին պայթումէն ետք անցած է երկու տարի (եւ հիմա «կ՛աւետեն», որ գոնէ տարի մըն ալ պիտի շարունակուի…), եւ պաշտօնական ցուցակներ կը հաղորդեն որոշ մանրամասնութիւններ, թէ ինչպէ՛ս վառելանիւթ կը հոսի այդ ու նման հնոցներու (իսկ եթէ կան քողարկեալ բաժիններ, այդ ալ կը նմանի Ալիեւի հետ Նիկոլ Փաշինեանի գոյացուցած համաձայնութիւններուն):

Միացեալ Նահանգներ ցարդ տրամադրած են շուրջ 75 միլիառ տոլար (71 միլիառ եւրօ): Եւրոպական Միութեան նոր խոստումը, ինչպէս ծանօթ է, 50 միլիառ եւրօ է: Այս խմբակը Ուքրանիոյ պատերազմը ամէնէն մեծ ֆինանսաւորողն է, ընդամէնը շուրջ` 85 միլիառ եւրոյով (անշուշտ բաժին մըն ալ կայ մարդասիրական եւ տնտեսական օժանդակութեան խորագիրին տակ): Յաջորդը Գերմանիան է ` 21 միլիառ եւրօ, կը հետեւին` Բրիտանիան, Նորվեկիան, Ճափոնը, Քանատան եւ… շարքը երկար է, ընդամէնը` շուրջ 50 երկիրներ, մեծ մասամբ` եւրոպական ցամաքամասէն, նաեւ` Ասիայէն ու Հարաւային Ամերիկայէն: Ուշագրաւ է, որ Ափրիկէէն այս ցանկին մաս կը կազմեն միայն երկու արաբական երկիրներ: Ցանկին վրայ են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը…

Կազայի մէջ 4 ամիս առաջ պայթած նորագոյն պատերազմը նոր թեւեր տուած է ոճրագործ այս պետութեան օժանդակութիւն հասցնողներու մրցումին: Միացեալ Նահանգներ, որոնք Իսրայէլի հիմնումէն ի վեր շուրջ 300 պիլիոն տոլար տրամադրած են այս երկրին (մեծ մասը` զինական), հիմա օրակարգի վրայ ունին յատուկ փաթեթ մը. 14 միլիառի օժանդակութիւն` Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի: Եւ որովհետեւ ընտրութիւններու տարի է, այս հարցը իբրեւ խաղաթուղթ կը գործածուի մրցակիցներու կողմէ: Միւս կողմէ` ամերիկացիք պաղեստինցիներուն կը տրամադրեն Իսրայէլ ղրկուածին հազիւ մէկ մանր կոտորակը, իսկ անցեալ շաբաթ ալ որոշեցին առկախել ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին տրամադրելի 300 000 տոլար յատկացումը (սա ՄԱԿ-ի այն բաժանմունքն է, որ պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակութիւն կը տրամադրէ):

Փակագիծ մը բանանք: Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի 3,3 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած են… 1992-էն ի վեր, իսկ Իսրայէլ կը ստանայ ՏԱՐԵԿԱՆ աւելի քան 3 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն (Իսրայէլ անկէ բաժին մը կ՛օգտագործէ Ազրպէյճանը զինելու համար…): Նոյն գերպետութիւնը 2020-էն ի վեր Արցախին տրամադրած է 28 միլիոն տոլար…

***

Նպատակ չունինք մանրամասն հաշուեցոյց մը ներկայացնելու, թէ զինուորապէս եւ տնտեսապէս հզօր երկիրները որքա՞ն օժանդակութիւն կը տրամադրեն ասոր-անոր: Այլ կ՛ուզենք ուշադրութիւն կեդրոնացնել մէկ քանի (եւ ճանչցուած) իրականութիւններու վրայ, որոնք լուսանցքայնացնելու ճիգ կ՛ըլլայ աշխարհով մէկ:

Աշխարհի տարածքին այսօր հազարապատիկ մեծ գումարներ կը տրամադրուին երկիրներ քանդելու «առաքելութեանց», քան թէ` աղէտեալներու օժանդակութեան: Պաղեստինցիներուն, արցախցիներուն եւ նման ահաւոր վիճակի մատնուողներուն հասնող օժանդակութիւնները միայն փշրանքներ են` բաղդատած նո՛յն այդ օժանդակութիւնները հասցնողներուն հրահրած պատերազմներուն: Ո՞վ կրնայ գնահատել մօտաւոր ու ամբողջական տարողութիւնը այն նիւթական վնասներուն (մարդկայինը անգնահատելի է), որոնք հասան Արցախին, Կազային ու պաղեստինեան այլ շրջաններու, Լիբանանին, Եմէնին եւ… այս ցանկն ալ երկար է: Հապա՞ բազմատասնեակ միլիոններու հասնող գաղթականները…

Կան ազնիւ մտածողներ, որոնք տագնապը կը դիտեն հետեւեալ ձեւով. գոնէ տեղ մը օգնութեան կը հասնին, բոլորովին անտարբեր չեն մնար: Բայց հազուագիւտ են այն ազնիւները, որոնք հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ պէտք է այսքան քանդում ու ջարդ կատարուի, բռնագաղթեր տեղի ունենան, որպէսզի յետոյ ալ կարիքաւորներուն օժանդակութիւն տրամադրուի` իբրեւ… ողորմութիւն: Զանգուածներ, իրաւատէր ժողովուրդներ ինչո՞ւ պէտք է մատնուին մուրացկանի վիճակի, մինչդեռ եթէ խաղաղութեան տրամաբանութիւնը, ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ վերականգնին ու պահպանուին, մարդիկ կրնան ապրիլ խաղաղ, կրնան ապահովել իրենց օրուան հացը եւ քիչ մըն ալ աւելին, հալածական չեն դառնար ռումբերէ, ո՛չ ալ ստիպուած կ՛ըլլան փոթորկոտ ծովերը դուրս գալ փոքրամարմին մակոյկներով ու հազարներով կուլ երթալ փոթորկալի ջուրերու:

***

Նման մտածում արտայայտողին կրնան երեսին տալ, որ երազատես է, իտէալապաշտ, ոտքերը գետնէն կտրած ծակ-գլուխ, որովհետեւ հիմա (եւ յաճախակի փուլերու) գերիշխող տրամաբանութիւնը այն է, որ պատերազմները անհրաժեշտութիւն են, որպէսզի… աշխարհը զարգանայ: Ա՛յդ է բնական ընթացքը:

Աշխարհը տեսած է երկու աշխարհամարտ, որոնք մոռացութեան մատնեցին նախընթաց դարերու երկարաշունչ ու մահասփիւռ պատերազմները (հին դարաշրջաններէն մինչեւ 20-րդ դար), իսկ հիմա փաստօրէն կ՛ապրինք մասնիկներով մղուող 3-րդ աշխարհամարտը: Հսկայական կորուստներ պատճառող այդ աշխարհամարտերը տեղ մը, օր մը կանգ առած են, մարդիկ տխմարները հեռացուցած են իշխանութեանց ղեկերէն, աւելի՛ն, աշխատած են դարմանել այդ արհաւիրքներուն հետեւանքները, վէրքերը: Եւ յաջողա՛ծ են:

Բ. Աշխարհամարտէն ետք քանդուած, կործանած Եւրոպան վերականգնեցաւ շնորհիւ Մարշալի ծրագիրին: Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքները կորիզային առաջին իրական փորձարկումներուն զոհ տուած, այլապէս քանդուած Ճափոնը նմանապէս վերականգնեց ինքզինք, Քորէան նմանապէս ետին թողուց տասնամեակներու «մանր աշխարհամարտ»-ին հետեւանքները: Թէ՛ Եւրոպան եւ թէ՛ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրները (նաեւ այլք) սուղ վճարեցին «ներդրումներ» կատարողներուն, հիմա ալ կը վճարեն, սակայն, ինչպէս նշեցինք, օր մը, տեղ մը ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ վերականգնեց ինքզինք, պատերազմները շահագործողները տեսնուեցան (հոգ չէ թէ բարձրաղաղակ չհրապարակուեցան այդ կողմերը), աշխարհը ճանչցաւ համեմատաբար խաղաղ, հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու փուլեր:

Իսկ հիմա աշխարհի ղեկին դարձեալ նստած են տխմարներու փաղանգներ, որոնք դարձած են ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒՆ հարկատուները, խամաճիկները, իսկ վնասուողները կը մխիթարեն փշրանքներու մատուցումով եւ կ՛ուզեն, որ աղէտեալները շնորհակա՜լ ըլլան իրենց:

Իրողական 3-րդ աշխարհամարտին ելքը տարբեր չի կրնար ըլլալ. խելամիտներ, բանիմացներ ի վերջոյ պիտի վերագրաւեն մոլորած ղեկը: Այս հեռանկարով է, որ պիտի շարժին տուժողները, եւ պէտք է զգուշանան անդառնալի, անդարմանելի սխալներ գործելէ:

6 փետրուար 2024

Նախորդը

Տեառնընդառաջ` Տիրոջ Ընդառաջ Երթալու Կոչ, Լոյսը Տանինք Մեր Տուները

Յաջորդը

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?