Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փետրուարեան Ապստամբութիւն

February 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 23 սեպտեմբեր 1920-ին սկսած հայ-թրքական պատերազմի աւարտին, թրքական սալի ու ռուսական մուրճի հարուածներուն տակ, պարտուած դուրս ելաւ Թուրքիոյ դէմ պատերազմէն եւ 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն:

Համայնավար վարչակարգի հաստատումէն ետք ծայր առին հալածանքներ, զանգուածային ձերբակալութիւններ ու սպանութիւններ:

Համատարած հալածանքներու եւ մահաբոյր մթնոլորտի պայմաններուն տակ ժողովրդային տարերային ապաստամբութիւն սկսաւ:  Առաջին անգամ զէնք բարձրացուցին Արագածի փէշերուն վերաբնակեցուած սասունցիները: Կռիւները փետրուար 16-ին սաստկացան եւ տարածուեցան տարբեր շրջաններ:

Ապստամբներ իրենց հակակշիռին տակ անցած շրջաններէն պոլշեւիկները հեռացուցին եւ նախկին խմբապետներու գլխաւորութեամբ ձեռք առին իշխանութիւնը:

Փետրուար 18-ին, Կուռօ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութեամբ, ապստամբները մտան Երեւան: Ստեղծուեցաւ Հայրենիքի փրկութեան  կոմիտէ` նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ:

Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն Հայաստանի մէջ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը վերացած հռչակեց` յայտնելով, որ մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը ամբողջ իշխանութիւնը իր ձեռքը կը գտնուի:

Մինչեւ իրենց հեռացումը պոլշեւիկներ մէկ գիշերուան մէջ Երեւանի բանտին մէջ կացինահարեցին գրեթէ բոլոր բանտարկեալները: Սպաննուածներուն մէջ էին Համազասպ Սրուանձտեան, գնդապետ Ղորղանեան, ռազմական գործիչներ, ֆետայիներ եւ նախկին պաշտօնեաներ:

Ապստամբութեան շնորհիւ բանտերէն ազատեցան պետական գործիչներ, հոգեւորականներ, սպաներ եւ մտաւորականներ, ինչպէս` Յովհաննէս Քաջազնունի, Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան:

Պոլշեւիկեան կուսակցութեան ղեկավար մարմիններ իրենց հաւատարիմ բանակային ուժերով Երեւանէն հեռացան եւ Ղամարլուի (Արտաշատ), Վեդի Բասարի (Արարատ) շրջաններուն մէջ կեդրոնացան:

Պոլշեւիկներուն ձեռքը կը մնար գլխաւորաբար երկրի հիւսիս-արեւելեան գօտին` Համամլու (Սպիտակ), Ղարաքիլիսէ (Վանաձոր), Դիլիջան եւ Շամշադին (Տաւուշ):

Ռազմական գործողութիւնները` ապստամբներուն եւ պոլշեւիկեան ուժերուն միջեւ, կ՛ընթանային փոփոխակի յաջողութիւններով:

Ռուսական 11-րդ բանակի Երեւանի ուղղութեամբ շղթայազերծած ռազմական գործողութիւններէն ետք ուժերու յարաբերակցութիւնը փոխուեցաւ ի վնաս ապստամբներուն: Երեւանի վրայ յարձակումը կը կատարուէր Սեւանի եւ Համամլուի ուղղութիւններէն:

Ռուսական 11-րդ բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ Գէորգի Օրջոնիկիձէ Մարտ 20-ին վերջնագիր ներկայացուց Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին:

Ապստամբներ` նկատի առնելով ուժերու յարաբերակցութիւնը եւ անհաւասարութիւնը, եւ նորանոր զոհերէ խուսափելու համար Գառնիի վրայով նահանջեցին դէպի Զանգեզուր:

Կարմիր բանակը 2 ապրիլ 1921-ին մտաւ Երեւան: Համայնավար վարչակարգը վերականգնեցաւ, եւ Յեղկոմի ղեկավար նշանակուեցաւ Ալեքսանդր Միասնիկեան:

 

 

Նախորդը

Վարդանանց, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Ժողովրդային Տօնակատարութիւն Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ժողովրդական Ըմբոստացումի Յաւերժահունչ Դիպաշարը (18 Փետրուար 1921)

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.