«Հալէպի Ողբերգութիւն»… Սփիւռքահայութեան Գոյատեւումը
ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ «Հալէպի ողբերգութիւն»-ը մեծաչափ, գունազարդ լուսանկարներով, որակաւոր տպագրութեամբ հատորի մը խորագիրն է` հրատարակուած 2017-ին, լեհերէնով, 206 էջի ծաւալով: Անդրանիկ տղաս` Գէորգը, այս գիրքը գնած էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հալէպի առնչուած նիւթի մասին իր աւարտաճառի պատրաստութեան համար: Գէորգ Սուրիոյ ահարկու պատերազմի ցաւալի մռմուռը համտեսած էր` տեսնելով իր ընտանիքին, ծնողներուն եւ նախնիներուն բնակած շէնքին ամբողջութեամբ փուլ գալը, սուրիական զօրքերուն ընդդէմ...




















