ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Գիտնական, աստուածաբան, մշակութային գործիչ, մանկավարժ բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ արաբական աշխարհի մէջ ճանչցուած է Հաննա-Եուհաննա Վարդապետ անունով, Եւրոպայի մէջ` Ճոն-Ժան Ուորդապետ-John Wortabed, իսկ հայերու մօտ` բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ:
Յստակ չէ, թէ «Վարդապետ» կոչումը եղած է մականո՞ւն` Վարդապետեան, որմէ եանը ջնջուած է, թէ՞ գործածուած է իբրեւ կրօնական-աստուածաբանական տիտղոս:
Յովհաննէս Վարդապետ ծնած է 1826-ին, Սայտա, Լիբանան: Ծնողներն են կարգաթող Յակոբ եպս. Բալուեցին-Պոլուցին եւ լիբանանուհի Սիւզաննա Լըֆլուֆին: Ան կանուխէն կորսնցուցած է իր ծնողքը: Հայրը` Յակոբ Պոլուցին, որոշ աղբիւրներու համաձայն, եղած է բողոքական միսիոնար մը:
Յովհաննէս Վարդապետ նախնական ուսումը ստացած է ամերիկեան քարոզչուհի Ուայթինկի մօտ: Ուսանած է Պէյրութի մերձակայ Ապէյ գիւղի միսիոնարական քոլեճին մէջ: Իր ուշիմութեան շնորհիւ` կ՛արժանանայ միսիոնարներու գուրգուրանքին եւ անոնց կարգադրութեամբ կը մեկնի Սկովտիա, կ՛ուսանի էտինպարայի համալսարանին մէջ ու կը հետեւի աստուածաբանութեան: Ան քարոզիչ կը ձեռնադրուի եւ իբրեւ Սկովտիական եկեղեցիի միսիոնար` կը ղրկուի նախ Լիբանանի Հասպայա եւ Թրիփոլի քաղաքները, իսկ աւելի ուշ` Հալէպ, Սուրիա: Երկար չի տեւեր իր կեցութիւնը Սուրիա եւ Լիբանան: Ան Նիւ Եորք կը մեկնի տոքթ. Քորնելիոս վան Տայքի անվերապահ աջակցութեամբ եւ կ՛ուսանի բժշկութիւն:
Նիւ Եորքի մէջ հեղինակած է դասական Gray՛s Anatomy գիրքին արաբերէն տարբերակը:
Վկայուելէ ետք կը վերադառնայ իր ծննդավայրը` Լիբանան, եւ կը գործակցի Տանիէլ Պլիսի, տոքթ. Քորնելիոս վան Տայքի եւ ամերիկացի այլ անձնաւորութիւններու հետ, յատկապէս` բողոքական աստուածաբաններու եւ քարոզիչներու հետ:
1867-ին տոքթ. Քորնելիոս վան Տայք, տոքթ. Ճորճ Փոսթ եւ տոքթ. Յովհաննէս Վարդապետ կը հիմնեն Պէյրութի Սուրիական բողոքական քոլեճը: Անոնք կը դառնան նորաբաց քոլեճին ռահվիրաները: Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ քոլեճի հողամասի ընտրութեան եւ կառուցման մէջ: Ան երկար տարիներ կը ծառայէ քոլեճին` իբրեւ դասախօս:
Տանիէլ Պլիսի (Daniel Bliss), Տէյվիտ Սթիուըրթ Տոճի (David Stuart Dodge), Էտուին Լուիսի (Edwin R. Lewis), Հարվի Փորթըրի (Harvey Porter), Ճորճ Փոսթի (George E. Post), Քորնելիոս վան Տայքի (Cornelius Van Dyck) եւ Յովհաննէս Վարդապետի (John Wortabed) տեսիլքով, մտայղացումով, նուիրուածութեամբ եւ անսակարկ ծառայութեամբ, Պէյրութի Բողոքական քոլեճը 1882-ին կը վերածուի Միջին Արեւելքի կրթութեան եւ ուսումի բարձրորակ համալսարանի` Պէյրութի ամերիկեան Համալսարան անուանակոչումով` American University of Beirut (AUB): Ուստի բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ կ՛ըլլայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի եօթը հիմնադիրներէն մէկը:
Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ եւ բժիշկներ` Ճորճ Փոսթ եւ Քորնելիոս վան Տայք հիմը կը դնեն ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին: Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ կը դասաւանդէ զանազան նիւթեր` մարդակազմութիւն, բնախօսութիւն, ախտաբանութիւն, դիազննութիւն եւ առողջապահութիւն:


1880-ին բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղին մէջ ձարակի-պարուրաձեւ ճիճիներու (trichinosis) 262 պարագաներու ախտաճանաչումը կը կատարէ: Վարակուած հիւանդներէն վեցը կը մահանան: Այս տեղեկութիւնները օրին հրապարակուած են բժշկական «Լանսեթ» պարբերաթերթին մէջ:
1882-ին բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ, բժիշկ Քորնելիոս վան Տայք եւ այլ բժիշկներ իրենց հրաժարականը կու տան համալասարանի բժշկական դպրոցի ուսուցչական կազմէն` լուրջ հարցի մը պատճառով: Այդ տարուան ամավերջի հանդէսին բժիշկ Ե. Լեւիս կը խօսի եւ կը ջատագովէ (advocate) այդ օրերու գիտական վերջին նորութեան մը մասին, յատկապէս` Տարուինի եղաշրջումի (evolution) մասին: Այս մէկը բժշկական դպրոցի Խնամակալ մարմինը չի հանդուրժեր բժիշկ Ե. Լեւիսի մօտեցումները եւ կը պահանջէ անոր հրաժարականը: Այս հարցը մեծ իրարանցում կը ստեղծէ համալսարանէն ներս, եւ տեղի կ՛ունենայ հրաժարականներու շարք մը: Խնամակալ մարմինը այս հրաժարականներուն դիմաց Ամերիկայէն կը հրաւիրէ խումբ մը ամերիկացի բժիշկ դասախօսներ: Մինչ այդ բժշկական դպրոցէն ներս դասաւանդութիւնը եղած է արաբերէնով: Հրաժարեալ բժիշկ-դասախօսները հմուտ եղած են արաբերէն լեզուին եւ կարողացած են դասաւանդել արաբերէն լեզուով: Ամերիկայէն նոր հասած ամերիկացի բժիշկ-դասախօսները դժուարութեան կը մատնուին արաբերէն չգիտնալու պատճառով: Ուստի Խնամակալ մարմինը անակնկալօրէն բժշկական դպրոցի դասաւանդութիւնը արաբերէնէն կը վերածէ անգլերէնի:
Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ Լիբանանի մէջ կը գործէ իբրեւ ընդհանուր բժշկութեան բժիշկ եւ իր բժշկական ծառայութիւնը ի սպաս կը դնէ ժողովուրդի առողջութեան եւ բժշկական խնամքին:
Ան եղած է աննկուն կամքի տէր: Ունեցած է ինքնազարգացումի մեծ պապակ: Եղած է բազմակողմանի զարգացումով գիտնական: Տիրապետած է հայերէն, արաբերէն, թրքերէն, անգլերէն, լատիներէն, եբրայերէն եւ յունարէն լեզուներուն:
Արաբական աշխարհի մէջ նշանաւոր եղած է իր բժշկական ուսումնասիրութիւններով:
Երկար տարիներ ապրելով Պէյրութի եւ արաբական այլ քաղաքներու մէջ` ան քաջածանօթ եղած է իսլամական եւ արաբական աշխարհին ու գրած է իր նշանաւոր գիրքերը: Եղած է արաբագէտ:
Գրած է արաբերէն ու անգլերէն ուսումնասիրութիւններ եւ բժշկական գիրքեր:
Ան արտակարգ բարձր դիրքերու հասած է ո՛չ միայն Լիբանանի եւ Սուրիոյ, այլ նաեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ եղած է Սուրիոյ Արաբական լուսաւորչական կազմակերպութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ անոր փոխնախագահը, 1847-57: Ան այս կազմակերպութեան ճամբով մեծ դերակատարութիւն ունեցած է գիտութիւններու եւ արուեստներու տարածման մէջ:
Ան եղած է Պէյրութի Սուրիական գիտական ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ փոխնախագահը, 1867-1873:
Եղած է Պէյրութի Գիտութիւններու արեւելեան ակադեմիայի հիմնադիրներէն մէկը եւ փոխնախագահը, 1882-85.
Եղած է Լոնտոնի Medical Society պարբերականի բժշկական-գիտական մնայուն թղթակից:
Արաբ ուսանողներու համար գրած է բնախօսութեան, մարդակազմութեան, դիազննութեան, առողջապահութեան եւ ախտաբանութեան դասագիրքեր:
Ան ուսումնասիրութիւններ կատարած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող շատ մը վարակիչ ու փոխանցիկ հիւանդութիւններու մասին: Իր ուսումնասի-րութիւնները լոյս տեսած են միջազգային համբաւ ունեցող բժշկական պարբերաթերթերու մէջ:
Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը.
1.- English-Arabic and Arabic-English Dictionary.
2.- Ousoul Al Tashrih, 1874.
3.- Religion in the East.
4.- Researches Into the Religions of Syria, Or, Sketches, Historical and Doctrinal, of Its Religious Sects,1860.
5.- Al-Tawḍīḥ fī uṣūl Al-tashrīḥ.
6.- Մուխթասար ֆի ատա ել ճեսատ ալ պաշարի ուա վազաիֆուհա.
7.- Arabian Wisdom, Selections and Translations from the Arabic.
8.- Leprosy in Syria, 1873.
9.- Anatomy book (in Arabic) 1872.
10.- «Տանու բժիշկ» (*)
1853-ին բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ կ՛ամուսնանայ կարգաթող Դիոնեսիոս եպս. Կարապետեան Գտրթալցիի դստեր` Սալոմէի հետ, որ ուսանած է Պէյրութի միսիոնարներու աղջկանց վարժարանը եւ ուսուցչութիւն ըրած է Մուսուլի մէջ, Իրաք: Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ եւ Սալոմէ ունեցած են տասը զաւակներ, որոնք իրենց հօրը նման եղած են ականաւոր անձեր` ուսուցիչ, գրագէտ, հիւանդապահուհի եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ մահացած է Պէյրութ, 21 նոյեմբեր 1908-ին: Անոր կիսանդրին կանգնած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի շրջափակին մէջ:
1992-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի տնօրէնութիւնը հրատարակած է «The Founding fathers» յիշատակի գիրքը` համալսարանին հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով: Գիրքին մէջ յիշատակուած է, որ բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետ եղած է համալսարանին եօթը հիմնադիրներէն մէկը:

Պէյրութի փողոցներէն մէկը կը կրէ բժիշկ Յովհաննէս Վարդապետին անունը:
Մոնրէալ, 28 հոկտեմբեր 2023
(*) (ըստ բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի).
—————–
Աղբիւրներ
1.- Ուիքիփետիա, Ազատ հանրագիտարան, Յովհաննէս վարդապետ Հաննա:
2.- Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Հայազգի բժիշկ-գործիչներ, Յովհաննես (Հաննա) Վարդապետ», Երեւան, 2020:
3.- «Միաբանք եւ այցելուք հայ Երուսաղէմի», Յակոբ վրդ. Պոլուցի, Մբ. Ձռ. 1820ին. Նւ. Կեսարիոյ (1822-1824):
4.- AV Production, Yerevan, Յովհաննէս Վարդապետեան, աստուածաբան, բժիշկ:
30 յունուար, 1827 – 11 նոյեմբեր, 1908, Երեւան, 2022:
5.- The Founding Fathers of the American University of Beirut, AUB’s 125-th anniversary celebrations in 1992, AUB, Beirut, Lebanon, 1992:
6.- Kestenian, Hratch, A Portrait of Armenian Student Life at the Syrian Protestant College 1885-1920″, Beirut, Lebanon, 2015:
7.- AUBFM, Dr. John Wortabet is one of the founders of faculty of medicine of AUH, Beirut, Lebanon, April 6, 2017:
8.- Armenian, K., Haroutune and Aftim Acra, From the Missionaries to the Endemic War: Public Health Action and Research at the American University of Beirut, Journal of Public Health Policy, Vol. 9, No. 2 (Summer, 1988), pp. 261-272:
9.- Arnon Shimshony, Epidemiology of Emerging Zoonoses in Israel, Theme issue from the 1st International Conference on Emerging Zoonoses, Volume 3, Number 2, June 1997: