Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնաքննութիւն (Մեծ Պահքի Առիթով)

Փետրուար 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

«Քննեցէք դուք ձեզ` տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս անոր անունը կը կրէք» (Բ. Կորնթ. 13.5):

Անձնաքննութիւնը անհրաժեշտ եւ օգտակար է կեանքի ամէն մարզի մէջ, քանի որ չքննուող կեանքը վստահութիւն չի ներշնչեր: Քննութեան ենթարկուող կեանքն է, որ ի յայտ կը բերէ մէկու մը ճշմարիտ ինքնութիւնը: Ինչպէս մետաղի մը որակը ստուգելու համար անհրաժեշտ է փորձաքարը (touchstone), այնպէս նաեւ քննութիւնն է, որ կը ստուգէ քննուող մարդուն ներքին էութիւնը:

Անձնաքննութիւնը լուսարձակի ներքեւ կը դնէ անհատի մը կեանքը` իրեն ցոյց տալու անոր կեանքին մութ կամ լոյս եղող կողմերը, անոր առաւելութիւններն ու տկարութիւնները, անոր  առաքինութիւններն ու  մոլութիւնները, անոր վսեմ իտէալներն ու վատ փառատենչութիւնները:

Դարձեալ, քննութեան ենթարկուող կեանքը ատակ է աճելու, ուռճանալու եւ զարգանալու: Չաճող, չմեծցող եւ չզարգացող կեանք մը խղճալի եւ արգահատելի է: Երբ կը տեսնենք 40 տարեկան մարդ մը, որ 4 տարեկան մանուկի մը հասակը ունի, կը մեղքնանք անոր: Նոյնպէս, երբ կը տեսնենք հուժկու մարդ մը, որ խելքով եւ դատողութեամբ գաճաճ եւ տխեղծ անձ մըն է, կը ցաւինք անոր համար: Իսկ երբ կը տեսնենք մէկը, որ մարմնով մեծցած է, մտքով զարգացած է, բայց հոգիով եւ նկարագրով յոռի եւ վատթար է, կ’արգահատինք եւ կը խղճանք անոր:

Մարմինով, մտքով եւ հոգիով չաճող, չուռճացող եւ չզարգացող անձ մը կը նմանի ճահիճի մը: Բնութեան մէջ անշարժութեան մատնուած ջուրերը սահմանափակ ու լճացած մէկ վայրի մէջ, զրկուած ծովերուն ու ովկիանոսներուն յատուկ խոր յատակէն` ճակատագրօրէն դատապարտուած են ճահճանալու: Նոյնն է պարագան մարդկային իմացական, գաղափարական եւ հոգեւոր աշխարհի մէջ: Այստեղ ալ ճախճախուտ ու ճահիճ կը կազմուի, հոն, ուր սահմանափակ են մարդկային միտքն ու հոգին, ուր անշարժութիւն կայ:

Արդարեւ, չքննուող կեանք մը անշարժ կեանք մըն է, ճահճացած եւ չուռճացող կեանք մըն է: Բայց քննութեան ենթարկուող կեանքը միշտ մեծնալու ենթակայ է, որովհետեւ անձնաքննութիւնը  առաջին  սանդղամատն  է փոփոխութեան եւ վերելքի ճանապարհին:

Ինչպէս հանրայայտ իրողութիւն մըն է, որ մարմինի առողջութեան համար անհրաժեշտ է բժշկական քննութեան դիմել` մեր որպիսութիւնը գիտնալու համար, նոյնպէս ալ մեր հոգիներուն իսկական վիճակը հասկնալու համար անհրաժեշտ է անձնաքննութիւն կատարել` տեսնելու համար մեր մեղքերը, յանցանքները, թերութիւններն ու տկարութիւնները:

Այս պատճառով իսկ Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ կորընթացիներուն` «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ»:   Անձնաքննութիւն… Ա՛յդ  է  ուղիղ ճամբան իմաստուն  կենցաղավարութեան: Բայց ինչպէ՞ս, ի՞նչ է ուղղիղ կերպը, ի՞նչ է չափանիշը լիիրաւ անձնաքննութեան:

Պօղոս առաքեալ կու տայ մեզի կանոնը` այդ քննութիւնը կատարելու, երբ կը յանձնարարէ. «Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս անունը կը կրէք»:

Արդ, անձնաքննութեան ուղիղ կանոնն ու չափանիշը կը կայանայ Քրիստոսի կենարար ներկայութիւնը մեր կեանքերուն ներսիդին զգալու իրողութեան մէջ: Եթէ ատիկա կը բացակայի, այն ատեն սոսկ անուանական քրիստոնեաներ ենք եւ ոչ թէ` ճշմարիտ, յանձնառու եւ նուիրեալ քրիստոնեաներ:

Երբ Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգանք մեր մէջ, այն ատեն կը զգանք մեր թերութիւններն ու զանցառութիւնները, մեր յանցանքներն ու մեղքերը: Այն ատեն մեր մէջէն կը փարատի ամէն պատրանք, ամէն ինքնախաբէութիւն եւ ինքնահաւանութիւն: Այն ատեն իրատես հոգեվիճակով կը զգանք, որ կատարելութեան մարմնացում եղող Քրիստոսի հետ բաղդատած` որքա՜ն անկատար եւ մեղանչական ենք: Այն ատեն կը զգանք, որ Քրիստոսի սրբութեան կշիռքով կշռուած որքա՜ն «պակաս կը գտնուինք»: Այն ատեն Յոբի նման կը գոչենք. «Իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ» (Յոբ 42.6):

Այն ատեն անառակ որդիին նման կ’անդրադառնանք մեր մեղաւոր եւ ողորմելի վիճակին եւ կ’ըսենք. «Հա՛յր, մեղանչեցի քեզի դէմ եւ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու» (Ղուկաս 15.22):

Յայնժամ մեր երկնաւոր Հայրը տեսնելով մեր զղջումի, ապաշխարութեան հոգին` գրկաբաց պիտի ընդունի մեզ:

 

 

 

Նախորդը

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ին Առաջին Հանդիպումը

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» Ուսումնասիրութիւններու Մրցանքի Ամփոփիչ Ձեռնարկը

RelatedPosts

Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025
Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին
Անդրադարձ

Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» Թատերակը` Իբրեւ Արցախի Ազատագրման Ուղեգիծ

Մայիս 13, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Օգտակար Խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ամերիկեան Լոպիական Ընկերութիւն Վարձակալելու Լոյսին Տակ

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?