Յօդուածներ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Ցեղասպանը Անպատիժ Պէտք Չէ Մնայ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ցեղասպանը Անպատիժ Պէտք Չէ Մնայ

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Ապրիլ 24: Անմոռանալի օր: Հայուն համար վրէժ պահանջող կոտտացող ցաւ: Այս տարի եւս ամբողջ աշխարհի  մէջ ապրող միլիոնաւոր  հայեր, նաեւ` բազմաթիւ այլազգիներ,  կը յարգեն օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն  յիշատակը: Թուրքիոյ նպատակն էր տեղահան ընել եւ բնաջնջել հայ ժողովուրդը: Դժբախտաբար ոճրագործ թուրքը յայտնուեցաւ հմուտ, քաղաքակիրթ, աշխարհի ամէնէն խաղաղասէր եւ նախաձեռնող ազգին` քրիստոնեայ հայ ազգի կողքին, որմէ...

Արթուր Թարխանեան (ԻԸ.) … Առանց Կտրուելու Ազգային Պորտալարէն

Արթուր Թարխանեան (ԻԸ.) … Առանց Կտրուելու Ազգային Պորտալարէն

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, Չարենցի փողոց, 1975, փետրուար Այդ տարիներուն ես կ՛ապրէի Լենինի (այժմ` Մաշտոցի) անուան պողոտայի վրայ գտնուող Շարա Տալեանի բնակարանը... վարձով: Ուշ ատեն իմ լաւ ընկերներէս Ֆերտոն հեռաձայնեց. - Մոսօ՛ ջան, վաղը ի՞նչ ես անում... զբաղուա՞ծ ես: - Սովորական, Ֆերտօ ջան... դասի եմ գնալու: - Լսիր` ի՛նչ եմ ասում, աւելի կարեւոր դաս կայ... քեզ համար: Մկոյի հետ գնալու ենք ...

Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի Մէջ Տեղի Ունեցող, Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի Իսրայէլի Կողմէ Պաղեստինցիներու Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ

Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի Մէջ Տեղի Ունեցող, Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի Իսրայէլի Կողմէ Պաղեստինցիներու Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ

Ինչպէ՞ս Այս Նոյն Սիոնիզմը Զօրավիգ Կանգնեցաւ Ջարդարար Սուլթան Համիտին, Թալէաթին Եւ Քեմալականներէն Մինչեւ Այժմու Ազրպէյճանին Եւ Երուսաղէմի Հայկական Հողը Պղծողին ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Անմարդկային, գազանաբարոյ, խիղճ եւ զգացում չունեցող արարածներ միայն, ինչպէս` Իսրայէլի կառավարութիւնն ու անոր նեցուկ կանգնած եւ զինամթերք մատակարարող Միացեալ Նահանգները, հանգիստ կը զգան, Իսրայէլի կողմէ վեց ամիսէ անդադար կատարուող կազացի խաղաղ բնակիչներու սպանդին` ցեղասպանութեան: Ցեղասպանութիւնը գործադրողին կողքին, անհաւատալի...

Բարի՛ վերամուտ

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակ. Զաւարեանական

Մեր Խօսքը Անցած են 109 տարիներ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրէն` Հայոց ցեղասպանութենէն, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլին հայեր: 109 տարիներ շարունակ` ցեղասպանութիւն մշակութային կալուածներու անէացում, աւելի՛ն, Արեւմտեան Հայաստանի հողային եւ վերջերս Արցախի բռնագրաւում: 109 տարիներ շարունակ հայրենիքէն հեռու մնալով` հանդերձ հայը գոյատեւած է: Գոյատեւած է ու  պահպանած է հայ լեզուն, հայ մշակոյթը, միշտ կառչած մնացած է ու կը...

Հաղորդագրութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Նուիրուած ԼԵՄ-ի Էջը

ԼԵՄ-ի Խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը այս տարի մեզ միայն 1915 չփոխադրէր, այլ նաեւ` հայրենիք: Արցախցի մեր հայրենակիցները ենթարկուեցան 21-րդ դարուն հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանական գործողութեան տակաւին սեպտեմբեր 2023-ին: 1915-ին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարներ` Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ, իրենց գործակիցներով իրականացուցին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Այս ոճրագործները ձգտեցան գերազանցել Կարմիր սուլթանի հրէշային արարքները: Իսկ ներկայիս, այս վայրագ անձերու, այսպէս...

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Նուիրուած Պատանիին Էջը

Մեր Խօսքը Նոր Սկիզբ Եւ Նոր Շունչ   ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երկրորդ հարիւրամեակի սեմին ենք: Միութիւնները հայ մարդ պատրաստելու առաքելութեան մէջ են, ուր դաշնակցական շունչով կը պատրաստուին սերունդներ: Անցնող հարիւր տարիներուն միութիւններէն անցած են հազարաւոր պատանիներ, որոնցմէ շատեր այսօր մեր իրականութեան մէջ պատասխանատուութիւններ վերցուցած են եւ մնայուն ներկայութիւն են: Պատանեկան միութիւնները սերնդափոխութեան գլխաւոր երաշխիքներն են, եւ սերունդի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ...

«Աշխարհը Առանց Ցեղասպանութեան»  Կազմակերպութիւնը Մրցանակ Շնորհեց Թաներ Աքչամին

Յատուկ «Ազդակ»-ին. «Միւս Թուրքը»` Կարմիր Գիծէն Անդին (1). Փրոֆ. Թաներ Աքչամ` Արցախահայութեան Բռնի Տեղահանման Ոճիրին Մասին

ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ «Ձուլումի եւ բռնի հայաթափման քաղաքականութեան կիրարկումով ցեղային  մաքրագործումի կամ ցեղասպանական ջարդերու օրինակը  աւելի քան դիպուկ է`  բացատրելու վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցածը...»: ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ Թուրք ականաւոր պատմաբան, միջազգային պատմագիտական կաճառներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը գիտական հիմքերով քննութեան առարկայ դարձնող փրոֆ. Թաներ Աքչամ ակադեմական յառաջատար այն հեղինակութիւնն է, որ 1990-ականներուն հանդիսացած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին թուրք մտաւորականը, որուն...

Նահատակներին

Նահատակներին

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Մեր սրտերի մէջ բուսել են ծաղիկներ, Ծաղիկները ձեր սիրոյ, Նուիրումի ծաղիկները անթառամ Ու բուրաւէտ, Կեանքի, սիրոյ ու քաղցրութեան վայելքով: Բայցեւ պատած Ձեր սրբազան հուր վրէժի փուշերով, Զինաւորուած ու զինավառ Ասպետական մեր ուխտով, Որ տանում ենք Ու կը տանենք Նուիրական մեր պայքարը Ետ խլելու ձեզ մահից, Ետ խլելու իրաւունքը ձեր կեանքի, Մեր կեանքի ու ժառանգութեան Իրաւունքը անժամանց, Որով դոփում...

Մխացող Սպիներ

Մխացող Սպիներ

ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ- ԻՍԿԻԿԵԱՆ - Մա՛յրս, «ղատանը ալիյիմ» (ցաւդ առնեմ), յամառութիւն մի՛ ըներ, ել՛, լաթերդ հաւաքէ՛ եւ մեզի հետ եկուր: - Ո՛չ, ես տեղէս շարժողը չեմ. եթէ մեռնիլ մը կայ, ապա ես հո՛ս կը մեռնիմ: - Մա՛յրս, ո՛վ քեզի թոյլ կու տայ, որ մեռնիս. քեզի հետս Ֆրանսա պիտի տանիմ: - Ֆրանսայը «պաթսըն» (կորսուի). եթէ նոյնիսկ երկինքէն կրակ իջնէ, ես Լիբանանէն մեկնողը...

Կոչ Սթափի…   Զարթի՛ր, Լաօ՜

Կոչ Սթափի… Զարթի՛ր, Լաօ՜

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Ամօթ մեզի, հազա՛ր ամօթ, Որ չենք գիտեր պահել ամուր` Հայրենիքի անուն, սահմա՜ն... Որ չենք գիտեր պահել յաւերժ` Հո՜ղը մեր սուրբ ու պատուական... Հո՜ղը մեր թանկ, ազնուակա՜ն` Որ ժառանգն է` պապերուս հայ... Մեր նախահայր Հայկէն հուժկու, Տիգրան Մեծէն աշխարհակալ, Արտաշէսէն մինչեւ Վարդան` Մամիկոնեանն սպարապետ, Իրենց արեան գնով շատ թանկ, Պահեցին ու պաշտպանեցին, Հող ու պատիւ, ու հայրենիք... Ապա յոյսով,...

Պատմական Ճշմարտութիւնը Ժխտողն Ու Ուրացողը Նոյնանման Յանցագործներ Են Հայ Ժողովուրդին Համար…

Պատմական Ճշմարտութիւնը Ժխտողն Ու Ուրացողը Նոյնանման Յանցագործներ Են Հայ Ժողովուրդին Համար…

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Աշխարհի տարբեր ափերու վրայ վերապրող սփիւռքահայութիւնը եւ հայրենի ժողովուրդը կ՛ոգեկոչեն ժամանակակից պատմութեան ամէնէն տխուր էջերէն մէկուն յիշատակը` քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Հարիւր եւ ինը տարիներ մեզ կը հեռացնեն պատմութեան այն ժամանակաշրջանէն, երբ օգտագործելով Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին մեծ պետութիւններու միջեւ խորացող բեւեռացումը, քաջալերուելով կայսերական Գերմանիոյ ռազմական եւ բարոյական նեցուկէն` Երիտասարդ թուրքերը մշակեցին եւ գործադրութեան դրին Արեւմտահայաստանը...

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Պատանեկան Միութիւնների Խորհրդաժողովին

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Պատանեկան Միութիւնների Խորհրդաժողովին

12-14 ապրիլ 2024-ին Թեհրանի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ գումարուեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու պատանիներու յատուկ խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին` Հայաստանի, Արցախի, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն 23 պատանիներ ու վարիչներ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդէն անդամներ եւ հիւրընկալող շրջանէն ներկայացուցիչներ: Եռօրեայ խորհրդաժողովին պատանիները քննարկեցին ազգային ինքնութեան ու արժեհամակարգին, հայրենասիրական ու ազգային դաստիարակութեան, միութենական կեանքի եւ պատանիի տիպարին...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ափսոսա՜նք, Բայց Որո՛ւ Հաշուոյն… (Ապրիլեան Խոհեր) (Բ.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  Թող կտրուի այս ձեռքը, որ 2018-ին ընտրեց այս իշխանութիւնը: Հիմա փոշմանել եմ, ինչո՞վ կրնամ ջնջել իմ արածը: Ներողութիւն եմ խնդրում իմ ազգիս, ժողովուրդիս առաջ: 23 ապրիլ 2022 «168.am» Ջահերթին մասնակից 70-ամեայ մայրիկ) Համակարգիչիս մէկ անկիւնը «պահ» դրուած այս լուրը, օրին, ալեկոծած էր շատ շատերու հոգեկան աշխարհը: Ահա այսօր լոյսին կու գայ, բայց ի զուր: Արդ, կեղծ ու ստապատիր...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Հայաստանը Յանձնելու Առաջին Պաշտօնական Քայլ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Ո՛չ, բաւակա՛ն է , չպէ՛տք է լռել, երազել քի՛չ է, պէտք է պայքարե՛լ...» Յ. ՇԻՐԱԶ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանագծումի մասին ուրբաթ, 19 ապրիլին հրապարակուած տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ Երեւանի իշխանաւորները ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ճամբայ հանած են Հայաստանը պատառ-պատառ Ազրպէյճանին (եւ Թուրքիոյ) նուիրելու ծրագիրը: Մինչեւ երէկ կը խօսուէր շշուկով, ճշմարտացի նախատեսութիւններով, հիմա արդէն իրականութիւն է: Ըսինք` պաշտօնապէս, որովհետեւ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին,...

Արցախի Մէջ Ամէնօրեայ Յաջորդականութեամբ  Կ՛ոչնչացուի Համաշխարհային Քաղաքակրթութիւնը

Արցախի Մէջ Ամէնօրեայ Յաջորդականութեամբ Կ՛ոչնչացուի Համաշխարհային Քաղաքակրթութիւնը

Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդին առաջարկով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 1983-էն ի վեր ապրիլ 18-ը կը նշէ իբրեւ յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օր: Նպատակն է` մարդկութիւնը իրազեկ դարձնել պատմամշակութային ժառանգութեան մասին, անհրաժեշտ ջանքեր գործադրել յուշարձաններու պահպանութեան համար: «Ամբողջ աշխարհում արժեւորում են յուշարձանների նշանակութիւնը` կազմակերպելով տարբեր միջոցառումներ: Այս ամէնին զուգահեռ բռնագրաւուած Արցախում Ազրպէյճանի պետական վարչակազմը ամբողջ աշխարհի աչքի առջեւ ոչնչացնում է երկիր...

Անուանացանկի Առաջարկը` Ցեղասպանին Հետեւողութեամբ

Անուանացանկի Առաջարկը` Ցեղասպանին Հետեւողութեամբ

Ա. Ա. Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն թիւը հաշուելու եւ անոնց անուանացանկը պատրաստելու մասին Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ, իշխանական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի առաջարկը ականապատուած է թրքական ականներով: Նախ առաջարկին էութեան` եւ ապա կատարուած ետդարձին մասին: Քոչարեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նպատակ ունի Ցեղասպանութեան առնչուած իրաւական հիմքեր ստեղծել եւ աւելի առարկայական դարձնել ցեղասպանութեան ենթարկուած հայորդիներու ամբողջ ցանկը: Ան մէկ...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

«Իսրայէլ-Ազրպէյճան Յարաբերութիւնները Հիմնուած Են Նաւթի, Զէնքի Եւ Հետախուզութեան Պիղծ Երրորդութեան Վրայ»

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Իսրայէլեան «Հաարեց» թերթը 11 ապրիլին հրապարակած է բացայայտող յօդուած մը Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ բարձր մակարդակի լայն կապերու մասին` «Ինչպէ՞ս Ազրպէյճանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները դարձած են Լիպըրմեններու ընտանիքին առեւտուրը» վերնագիրով: Յօդուածը գրած է հետաքննող լրագրող Կուր Մըկիտօ: Էւիկտըր Լիպըրմեն Իսրայէլի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր, որ բազմիցս այցելած է Պաքու, աւելի շատ, քան` ոեւէ ուրիշ իսրայէլցի քաղաքական գործիչ, ամէն...

Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի

Անհագուստ

ՍԻՒԶԱՆ Խ. ձայնս նման է մօրս ձայնին ճակատս հօրս ճակատին յարաբերութիւններս խրթին են անհագուստ են բոցավանդակի մէջ աթոռին փռուած պարզագոյն կին եմ կը բարձրանամ բոցի նման ու կը հանգչիմ բոցի նման ընտրութիւնդ մէկ է մօտենալ դպնալ բոցավառուիլ բուժել կեանքը բոցիս առջեւ միտքերդ թափանցիկ են ֆերոմոններդ նախազգուշացում գետնին թափուած սեռ կը բուրեն անգիր բացիկներ են ինքնախոստովանութիւն են աչքերուդ համար ես պտուղ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յեղափոխութիւն Կամ Ժողովրդականութիւն

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յեղափոխութիւն Կամ Ժողովրդականութիւն

ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայկական ընդդիմութեան վերջին նիւթը այն է, որ յեղափոխութիւնը ժողովրդականութիւն չունի թէ՛ սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդին մօտ: Այս առարկութիւնը ոչ միայն անկարեւոր է, այլեւ անհեթեթութիւն է եւ անիմաստ: Տարիներ շարունակ վերոյիշեալ բառերը կ՛արտասանուին` առանց ստուգաբանութեան: Անոնք արդէն պղտորած են մարդոց հասկացողութիւնը եւ նոյնիսկ խափանած` անոնց մասնակցութեան պատրաստակամութիւնն ու հետաքրքրութիւնը որեւէ յայտագիրի, ձեռնարկի, ժողովի կամ պարզ ընկերային...

Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին» (2008-2018) Եռահատորի Շնորհահանդէս

Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութիւն

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երկուշաբթի, 15 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախկին նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եռահատոր գիրքին շնորհահանդէսը: Առաջին անգամ ըլլալով շնորհահանդէսը կազմակերպուած էր լիբանանահայ համայնքին մէջ գործող մշակութային չորս կազմակերպութիւններու կողմէ: Ներկայ էր հատորներուն հեղինակը` Հրանուշ Յակոբեանը: Շնորհահանդէսը նպատակ ունի հանրութեան ներկայացնելու աշխատութիւն մը` զայն ընթերցողին մատչելի դարձնելու եւ անոր ընթերցումը քաջալերելու համար: Հրանուշ Յակոբեանի հեղինակած երկը` «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան...

Page 193 of 1110 1 … 192 193 194 … 1,110

Արխիւներ