Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլ-Ազրպէյճան Յարաբերութիւնները Հիմնուած Են Նաւթի, Զէնքի Եւ Հետախուզութեան Պիղծ Երրորդութեան Վրայ»

Ապրիլ 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Իսրայէլեան «Հաարեց» թերթը 11 ապրիլին հրապարակած է բացայայտող յօդուած մը Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ բարձր մակարդակի լայն կապերու մասին` «Ինչպէ՞ս Ազրպէյճանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները դարձած են Լիպըրմեններու ընտանիքին առեւտուրը» վերնագիրով: Յօդուածը գրած է հետաքննող լրագրող Կուր Մըկիտօ:

Էւիկտըր Լիպըրմեն Իսրայէլի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր, որ բազմիցս այցելած է Պաքու, աւելի շատ, քան` ոեւէ ուրիշ իսրայէլցի քաղաքական գործիչ, ամէն անգամ հանդիպելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ազրպէյճանցի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Ան երկու անգամ վարած է Իսրայէլի փոխվարչապետի պաշտօնը եւ յաջորդաբար դարձած` վեց տարբեր նախարարութիւններու նախարար. Իսրայէլի ազգային ենթակառուցուածքներու, երթեւեկի, ռազմավարական գործերու, արտաքին գործերու (երկու անգամ), պաշտպանութեան եւ դրամական:

Լիպըրմեն իսրայէլցի միակ պաշտօնեան չէր, որ այցելած է Ազրպէյճան: Պաքու այցելած են նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարներ Պենի Կանց եւ Եոաւ Կալանթ, ինչպէս նաեւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն` 2016-ին, եւ նախագահ Այզեք Հերցոկ` 2023-ին:

Մըկիտօ յայտարարած է, որ «Իսրայէլ-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները հիմնուած են նաւթի, զէնքի եւ հետախուզութեան պիղծ երրորդութեան վրայ: Իսրայէլ նաւթ կը գնէ Ազրպէյճանէն (Իսրայէլի հում նաւթի մօտաւորապէս կէսը հոնկէ կու գայ) եւ կը վաճառուի զինուորական յառաջադէմ արհեստագիտութիւն: Փոխարէնը, ըստ տեղեկութիւններու, Ազրպէյճան անոր  հնարաւորութիւն կու տայ մուտք գործելու Իսրայէլի թիւ մէկ  հակառակորդին` Իրանի հետ իր ցամաքային եւ ծովային սահմանը»:

Ազրպէյճան յաղթեց 2020-ի եւ 2023-ի արցախեան պատերազմներուն` «շնորհիւ Իսրայէլի կողմէ մատակարարուող խաղի կանոնները փոխող ոչ փոքրաթիւ սպառազինութեան», ներառեալ` իսրայէլեան «Հերմէս» եւ «Հարոփ» անօդաչու թռչող սարքերը եւ միլիառաւոր տոլարներով գնուած ժամանակակից այլ զէնքեր: Ազրպէյճան այդ անօդաչու սարքերէն քանի մը հատը գնած էր, երբ Լիպըրմեն պաշտպանութեան նախարարն էր»:

2012-ին Պաքու կատարած այցի ժամանակ Լիպըրմենի հարցուցած են «Ֆորէյն փոլիսի» ամսագիրի յօդուածին մասին, ուր մէջբերուած է ԱՄՆ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեային խօսքերը. «Իսրայէլցիները գնած են օդակայան, եւ օդակայանը կը կոչուի Ազրպէյճան»: Նշուած են նախկին քանի մը խորհրդային ռազմաօդային խարիսխներու անուններ, որոնք, ըստ ամսագիրի աղբիւրներուն, Իսրայէլի տրամադրութեան տակ էին կամ կ՛ըլլան` Իրանի վրայ օդանաւային հաւանական հարուածի պարագային: Լիպըրմեն այդ պատմութիւնը կոչած է «գիտաերեւակայական», որ` «ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ»: Այսուամենայնիւ, Լոնտոնի «Տը Թայմզ»-ը յայտնած է, որ` «Իսրայէլի լրտեսական գործակալութիւնը` Մոսատ, խարիսխ ունի Ազրպէյճանի մէջ»:

«Որեւէ չափանիշով Ազրպէյճան բռնապետութիւն է», որ 2023-ին «Էքոնոմիսթ ինթելիճընս եունիթ»-ի կողմէ 167 երկիրներու մէջ գրաւած է 130-րդ տեղը: Իսրայէլի Քնեսեթի չորս անդամներէն կազմուած պատուիրակութիւնը` Լիպըրմենի գլխաւորութեամբ, մեկնած է Ազրպէյճան` իբր թէ նախագահական ընտրութիւնները վերահսկելու նպատակով: Անոնք հերքած են ընտրութիւններու մէջ տեղի ունեցած խախտումներուն մասին հաղորդումները, որոնց շնորհիւ Ալիեւ յաղթած է մեծ` 85 տոկոսով: Անոնք կեղծաւորութեամբ Ազրպէյճանը բնութագրած են իբրեւ «միակ ժողովրդավարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»: Ալիեւի յաղթանակը Լիպըրմեն կոչած է «լաւ դաս մը` որոշ ուժերու համար, որոնք անարդարացիօրէն կը քննադատեն Ազրպէյճանը»:

Երբ իսրայէլաբնակ ռուս պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ Պաքուի մէջ` Արցախ այցելած ըլլալուն համար, անոր ընտանիքը այդ օրերու պաշտպանութեան նախարար Լիպըրմենէն խնդրեց միջամտել, սակայն վերջինս ոչինչ ըրաւ անոր օգնելու համար, նոյնիսկ երբ Լափշին յարձակման ենթարկուեցաւ բանտի ապահովութեան պաշտօնեաներու կողմէ, որոնք փորձած էին սպաննել զայն: Լափշին կը կարծէ, որ ի վերջոյ ռուսերը օգնած են ապահովելու համար իր ազատ արձակումը:

Մըկիտօ յայտնած է, որ Լիպըրմենի երկու որդիները` Ամոս եւ Քոպի, «գործնական խորունկ յարաբերութիւններ» ունին Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ: «Կը պարզուի, որ Լիպըրմեն եղբայրները շատ ժամանակ կ՛անցընեն Պաքուի մէջ, ուր անոնք կը համարուին միջնորդներ, որոնք գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի բանան դռները իշխանութեան առջեւ: Վերջին տարիներուն, Լիպըրմենի որդիները իսրայէլեան շարք մը արհեստագիտական բարձր արտադրանք  մատակարարած են Ազրպէյճանի կառավարութեան. համակարգչային յանցագործութեան արտադրանք, որ պատրաստուած է համակարգչային անվտանգութեան Candiru ընկերութեան կողմէ. տուեալներու մեծ համակարգ` համակարգչային անվտանգութեան մէկ այլ ընկերութեան` Rayzone-ի կողմէ տուրքերու հաւաքագրումը բարելաւելու համար եւ ջուրի աղազերծման արհեստագիտութիւններ` իսրայէլական IDE ընկերութեան կողմէ: Միայն այս երեք ձեռնարկութիւններու միջնորդութեամբ կարելի միջնորդավճարները կրնան հասնիլ միլիոնաւոր տոլարներու: Աւելի՛ն. մինչեւ վերջերս Լիպըրմեն եղբայրները կը ներկայացնէին «Ազրպէյճանական օդանաւային թռիչքները» (պետութեան կողմէ վերահսկուող ազգային օդանաւային ընկերութիւնը) Իսրայէլի մէջ»:

Իսրայէլեան քանի մը ընկերութիւններ, ինչպէս` Pegasus եւ Candiru, լրտեսական ծրագիրներ ծախած են Ազրպէյճանի` վարչակարգի հակառակորդներուն հեռախօսները գաղտնալսելու համար: Այսօր 18 ազրպէյճանցի լրագրողներ բանտերն են: Candiru-ի վաճառքը միջնորդած են Լիպըրմենի երկու որդիները` միջնորդավճարի դիմաց, «գնահատուած` հարիւր հազարաւոր տոլարներով»: Rayzone համակարգչային ընկերութեան հետ գործարքէն անոնք շահած են «մօտաւորապէս 200 հազար տոլար միջնորդավճար»` ըստ «TheMarker»-ի` հրապարակուած` «Հաարեց»-ի կողմէ: Լիպըրմենի գրասենեակը յայտարարած է, որ` «Ինք ներգրաւուած չէ իր զաւակներուն առեւտուրներուն մէջ»:

Լիպըրմենի զաւակները կը ներկայացնէին նաեւ IDE Technologies-ը, որ կը նախատեսէ Ազրպէյճանի մէջ կառուցել ջուրի աղազերծման մեծ գործարան: «Ասիկա նախագիծ մըն է, որուն արժէքը կրնայ հասնիլ հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու, եւ Լիպըրմեն եղբայրներուն համար միջնորդավճարը, հաւանաբար, բարձրանայ համապատասխանաբար», գրած է Մըկիտօ:

Մըկիտօ կը հետաքրքրուի. «Կը կարծէ՞ք, որ երկու որդիները Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ կը հասնէին նման նշանակալի կարգավիճակի, եթէ անոնց ընտանեկան կապերը չըլլային»: Մէջբերում կ՛ըլլայ գործարարի մը խօսքերէն. «Կրնամ ըսել ազրպէյճանցիներու մասին, որ անոնք այն մարդիկն են, որ գիտեն ինչպէ՛ս շնորհակալութիւն յայտնել: Եթէ դուն լաւ բան ընես անոնց համար, եւ անոնք քեզ գնահատեն, անոնք գիտեն, թէ ինչպէ՛ս շնորհակալութիւն պէտք է յայտնեն` թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործով»:

Մըկիտօ եզրակացուց. «Հաւանաբար իսրայէլեան կառավարող շրջանակներու մէջ չկայ մէկը, որ վիճարկէ այն բազմաթիւ օգուտները, զորս Իսրայէլ կը ստանայ Ազրպէյճանի հետ իր նողկալի, բայց թերեւս կենսական յարաբերութիւններէն: Բայց այս երկու յայտարարութիւններուն միջեւ հակասութիւն չկայ. նախագահ Իլհամ Ալիեւի բարոյապէս կասկածելի իշխանութեան հետ ջերմ յարաբերութիւնները կրնան ըլլալ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան եւ միեւնոյն ժամանակ նաեւ Լիպըրմեններու ընտանիքի առեւտուրի ռազմավարութեան մաս»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Անհագուստ

Յաջորդը

Անուանացանկի Առաջարկը` Ցեղասպանին Հետեւողութեամբ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?