Մեր Խօսքը
Նոր Սկիզբ Եւ Նոր Շունչ
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երկրորդ հարիւրամեակի սեմին ենք: Միութիւնները հայ մարդ պատրաստելու առաքելութեան մէջ են, ուր դաշնակցական շունչով կը պատրաստուին սերունդներ: Անցնող հարիւր տարիներուն միութիւններէն անցած են հազարաւոր պատանիներ, որոնցմէ շատեր այսօր մեր իրականութեան մէջ պատասխանատուութիւններ վերցուցած են եւ մնայուն ներկայութիւն են:
Պատանեկան միութիւնները սերնդափոխութեան գլխաւոր երաշխիքներն են, եւ սերունդի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ համապատասխան մտաւոր դաստիարակութիւն եւ վարժողական աշխատանքներ` ձեռք բերելու համապատասխան փորձառութիւն եւ հմտութիւններ:
Այս շրջագիծին մէջ, երկար տարիներու դադարէն ետք, այս էջով կը վերսկսի լոյս տեսնել ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «ՊԱՏԱՆԻԻՆ ԷՋ»-ը, որ անցեալին «Ազդակ» օրաթերթին մէջ բազմաթիւ հանգրուաններուն եղած էր մնայուն ներկայութիւն, մարդուժի պատրաստութեան կեդրոն եւ բեմ` պատանիներու անդրանիկ փորձերուն, բազմազան գրութիւններուն եւ տեսակէտներուն:
Դաշնակցական պատանին, այստեղ իր տարիքին ու պայմաններուն համապատասխան, պէտք է ազատօրէն արտայայտէ իր կարծիքները` առանց կաշկանդումներու եւ սահմանափակումներու, որպէսզի զարգացնէ ազատ միտքը մեր գաղափարական ըմբռնողութեան շրջագիծին մէջ:
Այստեղ լոյս տեսած պատանեկան գրութիւնները յառաջիկային հերթաբար լոյս պիտի տեսնեն Լիբանանի պատանեկան միութիւններու ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ` առաւել եւս հասանելի դարձնելու սերնդակից պատանիներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած այս թիւը սկիզբն է յառաջիկայ գործունէութեան, եւ կը յուսանք, որ մեր պատանիները համապատասխան լրջութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով կ՛ապահովեն գործին շարունակականութիւնը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
***
Կամքի Ուժը…
Անկեղծօրէն շատ ալ բան չունիմ գրելիք: Միտքս գաղափարներ չկան, նոյն բաները պիտի կրկնուին… «Պէտք չէ քաջալերենք թրքականը», «Կը պահանջենք մեր հողերը»… Բայց ամէն ինչ խօսելով չէ:
Իբրեւ դաշնակցական պատանի` կը հաւատամ, որ տարին մէկ օր Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելով տեղ պիտի չհասնինք: Ամէն օր պէտք է պայքարինք մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար, ամէն օր պէտք է կազմակերպենք ցոյցեր ու հաւաքներ, որպէսզի աշխարհը լուր ունենայ եւ կանգնի մեր կողքին:
Դժբախտաբար չունինք երկաթէ շերեփ` զէնքի ուժը, սակայն ունինք ամէնէն կարեւորը` կամքի ուժը: Դաշնակցութեան մէջ գտայ այդ ուժը` հետեւելով Ռոստոմի ուղիին, եւ ինչպէս Գարեգին Նժդեհ կ՛ըսէ. «Եւ արդէն կը զգամ, թէ սովորական զգացումից զատ` ունիմ Հայաստանի զգացումը, որ ինձ հետ ծնած չէր, եւ որ սակայն Դաշնակցութիւնը տուաւ ինձ»:
Այդ կամքը պահե՛նք, զօրացնե՛նք եւ մղե՛նք յարատեւ պայքար… Ա՛յս է յաղթանակի միակ ճանապարհը:
ՎԱՆԱՅ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ՊՄ
***
Մեր Սրբազան Ուխտը
Դարձեալ ապրիլ 24 է: Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրն է: 109 տարի առաջ թուրք բարբարոս պետութիւնը ծրագրեց եւ գործադրեց հայ ժողովուրդին սպանդը: Մեր մեծ հայրերն ու մայրերը ենթարկուեցան այնպիսի ոճիրներու, որուն ամբողջ մարդկութիւնը ականատես դարձաւ:
Հայ ժողովուրդին դէմ ցոյց տուած թուրքին վերաբերումը այնքան սարսափելի էր, որ մինչեւ օրս մենք` նոր սերունդի զաւակները, կը յիշենք ու կը փորձենք յիշեցնել ամբողջ աշխարհին:
Թուրք պետական մարդոց հայատեացութիւնը այնքան սուր էր, որ անոնք չբաւարարուեցան միայն տեղահանութեամբ, դէպի անապատներ քշելով տասնեակ հազարներ, անոնք ըլլան ծեր, կին ու երեխայ, այլ ամէն միջոցի դիմեցին` բնաջնջելու հայութիւնը երկրագունդի երեսէն:
Ճիշդ է, որ ամէն ապրիլ 24-ին Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ հայութիւնը կը յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը` քայլարշաւ ու ձեռնարկներ կազմակերպելով, նոյն ատեն հայութիւնը պահանջատէր կը մնայ թուրքէն ու համայն մարդկութենէն` պահանջելու արդարութիւն:
Սակայն թուրքը մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ հայութեան դէմ իր ոճիրները: 2020-ին Արցախի դէմ յարձակումով թուրքը եւ ազերին կրկին կատարեցին ջարդ ու տեղահանութիւն:
Իբրեւ նորահաս սերունդի տղաք եւ աղջիկներ` կը հաստատենք, որ մենք հարազատ ժառանգորդներն ենք հայ ժողովուրդին, մենք ալ, մեր կարգին, պէտք է ամուր եւ ապահով պահենք մեր ինքնութիւնը: Սորվի՛նք հայոց լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը:
Այսօր մենք ազգային արժանապատուութեան, գիտակցութեան եւ վրէժի զգացումը միշտ վառ պէտք է պահենք, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու կտակը չմոռցուի, եւ Արարատ լերան հասնելու մեր երազը պայծառ մնայ:
Ահա՛ մեր օրերու սրբազան ուխտը, որ դարձեալ կը նորոգենք այս օրերուն, ապրիլ 24-ի յիշատակին առիթով:
ԼԷԱ ՀԱՆԱՇԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՊՄ
***
Պիտի Յաղթե՛նք
Դարձեա՛լ ապրիլ ամիս, դարձեա՛լ մեր պատմութեան տխուր թուականներէն մէկը` ապրիլ 24, որ մեզմէ խլեց մէկ ու կէս միլիոն նահատակ, եւ ժողովուրդը տեղահանուեցաւ, ցիր ու ցան դարձաւ:
Շատ մտածումներ կու գան մեր մտքին մէջ` ապրի՛լ մեր հողերուն վրայ, մշակե՛լ մեր հողը, զարգանա՛լ եւ խաղաղ պայմաններու մէջ շարունակել մեր կեանքը` առա՛նց թշնամիին յարձակումներուն, կոտորածին ու սարսափին:
Ներկայիս Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներ կը մնան թշնամիին ձեռքին տակ, եւ ան մինչեւ այսօր կը սպառնայ Հայաստանին, որպէսզի ուրիշ տարածքներու ալ տիրանայ. բայց վստահ եմ, որ օր մը թշնամին ի՛նք պիտի ոչնչանայ, եւ եռագոյնը դարձեալ պիտի ծածանի բռնագրաւուած մեր տարածքներուն ու լեռներուն վրայ:
Պահելով մեր աւանդութիւնները, հաւատքը, լեզուն ու մշակոյթը` յաղթած կ’ըլլանք մեր թշնամիին: Պայքարինք մինչեւ վերջ, որպէսզի կարենանք իրականացնել մեր բոլոր երազները:
ԱՐԵՒԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊՄ
***
Մենք Պայքարող
Ժողովուրդ Ենք
Սլաքը կը դառնայ, եւ իւրաքանչիւր վայրկեան, որ կ՛անցնի, արեան կաթիլ մը կը թափի… Մայրեր ու զաւակներ, երիտասարդ աղջիկներ, ծերեր այդ կիզիչ արեւուն տակ ժամեր, օրե՜ր քալեցին եւ մինչեւ այսօր կը քալեն:
Հայոց ցեղասպանութիւնը հայութեան ամէնէն արիւնոտ տարիներն էին: Թշնամին ապրիլ 24-ի մութ գիշերը ձերբակալեց ու սպաննեց ապագայի միտքը` գրագէտները, բժիշկները, փաստաբանները… Փորձեց գլխատել կապը անցեալին եւ ներկային հետ` ոչնչացնելով երիտասարդութիւնը` նոր սերունդը:
109 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն, բայց Թուրքիոյ նպատակը չիրագործուեցաւ, հայութիւնը չբնաջնջուեցաւ, եւ սերունդներ տակաւին կը գոյատեւեն: Մինչեւ այսօր ալ թուրքը նոյնն է, նոյն նպատակը ունի, փաստը Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմն է, որուն ընթացքին Ազրպէյճանի թիկունքին կանգնած էր ցեղասպանը:
Սակայն մենք պայքարող ժողովուրդ ենք, եւ ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, կանգ պիտի չառնենք, այլ` «Մենք կա՛նք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք»:
ՄԵՂՐԻ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
ՀՅԴ «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ՊՄ
***
Չյուսախաբուինք
Համասփիւռ հայեր անգամ մը եւս կ՛ոգեկոչեն մէկ ու կէս միլիոն սրբացած նահատակներու յիշատակը: Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կը նշեն Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը: Քայլարշաւներ, հսկումներ եւ դասախօսութիւններ տեղի կ՛ունեան ամէնուրեք:
Երբե՛ք ընդունելի չէ Թուրքիոյ հալածանքները բոլոր ժամանակներուն:
Ամէն տարի մենք` պատանիներս եւս, մեր ոճով կը յիշատակենք: Մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր նուիրեալներուն, որոնք կը զօրակցին մեր պահանջատիրութեան: Համոզուած ենք, որ արդարութիւնը պիտի յաղթէ:
Վերջապէս, պէտք է մերժենք թրքական արտադրութիւններու քաջալերանքը: Շատերուն համար ժամանակավրէպ է այս պայքարը, սակայն այսօր քաջալերողը պէտք է գիտնայ, որ օգնած կ՛ըլլայ թշնամիին զարգացման ու յառաջդիմութեան աշխատանքներուն: Թրքականը քաջալերելով` մասնակցած ու քաջալերած կ՛ըլլանք նոր զէնք ու զինամթերք ապահովելու աշխատանքին: Թրքական մէկական փամփուշտները մօտիկ անցեալին Արցախի մէջ հարիւրաւոր անմեղ երիտասարդներուն կեանքերը խլեցին…
Մենք թիկունքնիս ամուր պահենք, չվհատինք, «Լաօ»-ն արդէն շուտով պիտի արթննայ: Չյուսախաբուիք ժամանակաւոր ձախողութիւններէ, որքան ալ դժուար ըլլան օրերն ու պայմանները: Անկեղծ հաւատքով յառաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը:
ԺՈՐԺԻՆԱ ԺԷՅԼԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ՊՄ
***
Շարունակե՛Նք
«Յարատեւ Կռիւ»-ը
Աւելի քան հարիւր տարիներ անցան, եւ դեռ մենք` իբրեւ հայրենի թէ սփիւռքի տարածքին ապրող պատանիներ, կը պահանջենք մեր իրաւունքը միեւնոյն թշնամիէն, որ բռնագրաւած է մեր հողերը եւ աւելիին կը ձգտի, Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արցախը գրաւելով` տակաւին իր ախորժակը սրած է Սիւնիք, Տաւուշ եւ այլուր:
Տարիներու իր երազանքը կը փափաքի իրականացնել` ստեղծել մեծն թուրանական պետութիւն: Սակայն մենք թոյլ պիտի չտանք, որ անոնք մեր հողերն ու հարստութիւնը գրաւելով ու սեփականացնելով` իրականացնեն իրենց «մեծ» երազը: Ժամանակն է ոտքի կանգնելու ու պայքարելու, մեր իրաւունքի ձեռքբերման ու արդարութեան համար:
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայ ժողովուրդը մի՛շտ ալ պայքարած է իր դժուարութիւններուն դէմ եւ յաղթահարելով զանոնք` ոտքի կանգնած է:
Ուրեմն տէ՛ր կանգնինք մեր իրաւունքներուն եւ շարունակե՛նք «Յարատեւ կռիւ»-ը…
ԳԱԲՐԻԷԼ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊՄ
***
Ապագայի
Հայ Դատի Զինուորներ
Հայոց ցեղասպանութենէն անցած են տարիներ, սակայն դժբախտաբար մինչեւ օրս հայը կը շարունակուի անյայտօրէն ցեղասպանութեան ենթարկուիլ նոյն անմարդկային ազգին կողմէն:
109 տարիներ առաջ հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն ծրագրուեցաւ ու գործադրուեցաւ եւ ամբողջ աշխարհը լուռ մնաց: Մէկ ու կէս միլիոն սրբացած նահատակներ զոհը գացին այս ցեղասպանութեան: Մանուկներ եւ ծերունիներ Տէր Զօրի անապատին մէջ սովամահ եղան: Գլխատուեցան գրագէտներ եւ կրօնականներ, զանազան հայեր յուսահատ` նետուեցան Եփրատ գետը: Եկեղեցիներ եւ դպրոցներ բոցին մէջ մնացին, ու քանդուեցաւ ամբողջ հայրենիք մը, սակայն շնորհիւ Հայ դատին` թուրքը չհասաւ իր նպատակին:
Պերլինի մէջ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեան ահաբեկեց Թալէաթ փաշան` Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրողներէն մէկը, եւ ցոյց տուաւ աշխարհին, որ հայը պահանջատէր է: Կազմակերպուեցան ցոյցեր, արշաւներ եւ ձեռնարկներ` Հայ դատը շարունակելու համար, եւ հայրենիքը փրկելու համար ոտքի կանգնեցաւ պահանջատէր հայը:
Մենք` իբրեւ Դաշնակցական պատանիներ, իբրեւ ապագայի Հայ դատի զինուորներ, պէտք է մասնակից ըլլանք Հայ դատի պայքարին: Դաշնակցական պատանին կարեւոր դեր ունեցած է հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս: Դաշնակցական պատանին ցոյց կու տայ հայ ըլլալու պատկանելիութիւնը` մասնակցելով ցոյցերու, արշաւներու, ձեռնարկներու եւ ապրիլեան ոգեկոչումներու:
ԳՕԳՕ ՇԻՇԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ» ՊՄ
***
Չե՛նք Չենք Յանձնուիր
Եւ Չե՛նք Նահանջեր
Հայոց ցեղասպանութիւնը ցաւալի եւ անմարդկային դէպք մըն է: 1915-ին մեր հողերն ու լեռները ականատես եղան մեր ժողովուրդի ցեղասպանութեան: Այնքան մեծ էր ոճիրը, որ Ռաֆայէլ Լեմքին 1942-ին առաջադրեց «ցեղասպանութիւն» բառը` սահմանելու համար մարդկային ամբողջ խումբ մը բնաջնջելու նպատակը հետապնդող գործողութիւնը: Ան 2 տարի ետք լոյս տեսած իր գիրքին մէջ նշեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին բնաջնջման փորձը` որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
Փոքրիկներն ու տարեցները անխնայ ջարդուեցան: Կար մէկ նպատակ` աշխարհէն վերցնել մեր ազգը ամբողջութեամբ: Դարեր ետք թուրք ազգին նպատակը կը մնայ նոյնը` համաթրքութիւն ու համաթուրականութիւն: Արեւմտահայաստանէն ետք, ահա այսօր կորսնցուցինք Արցախը եւս` իր բազմադարեան վանքերով ու ամրոցներով:
1915-ի Ցեղասպանութիւնը տակաւին վերջ չէ գտած, եւ մինչեւ օրս այս գործողութիւնը կը շարունակուի անուղղակի ձեւերով: Արցախի մէջ պատկերները կրկնուեցան: Երէկ թուրքն էր, այսօր` ազերին, միեւնոյն ծրագիրը կը շարունակուի:
Դաշնակցական պատանիներս, Հայ դատին պահանջատէր մարտիկներն ենք, ցմահ պիտի պայքարինք ու գոյատեւենք` կերտելու նո՛ր ապագան: Մենք` իբրեւ հայ պատանիներ, մեր պարտականութիւնն է պահպանել ազգային մեր ինքնութիւնը, որպէսզի չձուլուինք սփիւռքի մէջ: Ազգային ինքնութիւնը մեր մէջ կը ցանէ պահանջատիրութեան ու պայքարի ոգին եւ հայրենասիրութիւնը:
Թուրքին նպատակն էր ոչնչացնել հայ ժողովուրդը, սակայն 109 տարի ետք տակաւին կա՛նք, կը մնա՛նք ու կը բազմանա՛նք: Մեր ուժը ոչ թէ ատելութիւն ու թշնամութիւն է, այլ` արդարութեան հասնելու պահանջ ու պայքար: Թուրքիան պէտք է ճանչնայ իր անմարդկային ոճիրը:
Մենք պայքարող ժողովուրդ ենք, չենք յանձնուիր ու չենք նահանջեր` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Այո՛, յուսախաբութիւններէ կ՛անցնինք, բայց յուսահատ չենք, վստահ ենք, որ նորէն պիտի հասնինք մեր Մամիկին ու Պապիկին, մեր Արարատին, մեր Վանայ լիճին, մեր հին մայրաքաղաք Անիին…
ՄԻԿԵԼԼԱ ՊԷՍՆԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՊՄ
***
Մեր Ուժը
Յիշատակի այս հանդիսաւոր օրը մենք կանգնած ենք` որպէս հպարտ վերապրողներ, տոկուն ազգի ժառանգորդներ, որոնց նախահայրերը աներեւակայելի տառապանքներ կրեցին, բայց չկորսուեցան:
Որպէս հայեր` մենք անսասան վճռակամութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ կը կրենք ապրիլ 24-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած մեր նախնիներու յիշողութիւնները: Անոնց զոհաբերութիւնը խթան է արդարութեան հանդէպ մեր յանձնառութեան` երբեք չմոռնալ ողբերգութիւնը, եւ միշտ յիշել ու յիշեցնել մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած վայրագութիւնները:
Մենք կը խոստանանք, որ պիտի շարունակենք յարգել մեր նահատակներուն յիշատակը եւ ճիգ պիտի թափենք կառուցելու աւեի պայծառ ապագայ` գալիք սերունդներուն: Մեր ուժը մեր համերաշխութեան ու անսասան հայրենասիրութեան մէջ է:
ԿԱՐԻՆԷ ՃԻԿԵՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ա. ԳԱՐՕ» ՊՄ
***
Պահանջատէր Մնանք
24 ապրիլ 1915: Անմոռանալի թուական մը, երբ թուրքերը տեղահան ըրին հայ ժողովուրդը իր պապենական հողերէն եւ փորձեցին ոչնչացնել մեր ազգը: Շուրջ մէկ ու կէս միլիոն հայ ջարդուեցաւ, բայց թուրքը չհասաւ իր նպատակին:
Մենք` իբրեւ նոր սերունդի պատանիներ, պէտք է լաւապէս սերտենք հայոց պատմութիւնը, ծանօթանանք մեր պապերէն մեզի ժառանգուած բոլոր արժէքներուն, որոնցմով կրնանք ապահովել մեր հայեցի դիմագիծը եւ փաստել մեր ազգի անխախտ գոյութիւնը:
Երբ գիտակից ենք մեր պատմութեան եւ մշակոյթին, կրնանք աւելի ինքնավստահ ներկայացնել մեր Դատը օտարներուն եւ պահանջել մեր իրաւունքները:
Ուրեմն մեր կարելին պէտք է ընենք հայ ազգին պատիւը միշտ բարձր պահելու համար եւ ամէն ջանք թափենք աշխարհին ցոյց տալու համար, որ թուրքը երբեք պիտի չհասնի իր նպատակին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը գիտէ պայքարիլ, գիտէ ապրիլ իր հերոսներով եւ իր հարուստ մշակոյթով:
Պիտի մնանք պահանջատէր եւ մեր բռունցքները մի՛շտ բարձր պահենք` տէր կանգնելու մեր ազգին եւ մեր ամբողջական հայրենիքին:
ԱՐԱԶ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ
ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊՄ
***
Յիշե՛նք Նահատակները
Ապրիլեան օրերուն միասնաբար կը թարմացնենք մեր յիշողութիւնը` վերապրելով մարդկութեան պատմութեան մէջ Ցեղասպանութեան ողբերգական յիշատակները:
Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան ամէնէն տխուր ու սարսափելի իրողութիւններէն մէկն է, եւ կարեւոր է, որ չմոռնանք այդ պատահարներն ու արարքները: Պատմութենէն դաս պէտք է քաղենք եւ աշխատինք միասնաբար, որպէսզի անգամ մը եւս չկրկնուին ցեղասպանութիւններ ապագային:
Յիշենք նահատակները եւ յարգանք մատուցենք: Աշխատինք լրջութեամբ, որպէսզի վերականգնենք իսկական խաղաղութիւնը, արդարութիւնը եւ ներողամտութիւնը աշխարհին մէջ:
ԱԼԵՔ ՔԻՒԹԷԼԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՐՇԱԿ ՋԱՄԱԼԵԱՆ» ՊՄ
***
Մենք Ենք Ապագան
Հայ դատի պահանջատիրութեան տէրը հայ ժողովուրդն է: Կարելի չէ գրաւ դնել օտարներուն եւ կամ ալ թուրք այլախոհներուն վրայ: Միայն մենք կրնանք լուծել մեր խնդիրները: Օտարը չէ զբաղած մեր խնդիրներով, եւ եթէ մենք չաշխատինք, շուտով կը մոռցուի, կը կորսուի:
Այսօրուան Թուրքիան իր մեծ հօր նման ոճրագործ է, որովհետեւ կ՛ուրանայ իր պապերուն գործադրած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ 109 տարիներ ետք կը փորձէ իրականացնել Հայաստանը քանդելու եւ գրաւելու իր ծրագիրը:
Դաշնակցական պատանիները պէտք է ընկերային ցանցերուն վրայ միշտ հետաքրքրուին եւ տարածեն հայ ժողովուրդին ու Դատին նուիրուած գրութիւնները, պատկերները, տեսերիզները: Պէտք է միշտ քննարկուին Հայ դատի աշխատանքներու իրագործման կարելիութիւնները, պէտք է միշտ կազմակերպուին ցոյցեր, բողոքի հաւաքներ, մինչեւ պատի թերթ, ձեռային…
Մենք դեր ունինք կատարելիք: Պայքարի՛նք մեր ազգին եւ հայրենիքին համար:
Վերջապէս` «Մե՛նք ենք ապագան»:
ԼՈՌԻ ԱՅՆԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ» ՊՄ
***
Պիտի Շարունակենք
Սուրբ Գործը
Ապրիլ 24-ը կը յիշենք եւ կ՛ապրինք սրտի խոր ցաւերով: Մենք կը խոստանանք, որ պիտի չմոռնանք մեր պապերուն ցեղասպանութիւնը եւ մեր կարգին պիտի շարունակենք մեր սուրբ գործը:
Մեր դարաւոր թշնամիէն պիտի պահանջենք մեր արդար իրաւունքները` մեր պապիկներուն ու մամիկներուն արեան գինը:
Երբե՛ք պիտի չմոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անպայման պիտի վերադարձնենք մեր հայրենիքի պղծուած ու գրաւուած հողերը:
ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ» ՊՄ
***
Չքաջալերենք Թրքականը
Թուրքիոյ գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով, այսօր հայրենիքէն հեռու եւ հայրենիքին կարօտով կ՛ապրինք: Օսմանեան կայսրութիւնը 24 ապրիլ 1915-ին հայութեան ղեկավարութիւնն ու մտաւորականները սպաննելով` փորձեց կտոր-կտոր ու անտէր ձգել ժողովուրդը, որ գաղթի ճանապարհին փճանայ, կորսուի, անհետանայ, բայց չյաջողեցաւ:
Մենք` պատանիներս, պէտք չէ քաջալերենք թրքական «մշակոյթ»-ը եւ միշտ պէտք է յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ օտարութեան մէջ ապրելու մեր հիմնական պատճառն է: Պէտք է պահենք մեր մայրենի լեզուն` յաճախելով հայկական դպրոցներ ու միութիւններ: Պէտք է ձեռք-ձեռքի տուած` կանգուն մնանք եւ պահանջենք մեր իրաւունքները: Պէտք է յիշեցնենք համայն աշխարհին Թուրքիոյ ոճիրները:
Ժառանգ մը, որ սերունդէ սերունդ պիտի փոխանցենք, մինչեւ որ տիրանանք մեր իրաւունքերուն:
ՍԵՒԱՆ ԳԸԼԸՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ՊՄ
***
Երբեք Չյանձնուինք
Ապրիլ 24-ը մեզի համար ոգեկոչման օրն է, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կը նշենք Ցեղասպանութեան 109 տարելիցը եւ կը յիշենք մեր զոհերը, թէժ պատերազմներն ու պայքարը:
Այսօր դաշնակցական պատանիները իրաւունք չունին յանձնուելու ներկայի ծանր կացութեան մէջ: Այո՛, անցնող տարիներուն շատ բան կորսնցուցինք, Արցախը չունինք, Շուշիի յաղթական էջը արեամբ ծածկուած է, բայց նորէն պիտի վերականգնինք: Պէտք է հաստատ քալենք դէպի ապագայ…
101 տարիներէ ի վեր պատանիները հոս են, ներկայ են եւ վաղն ալ անպայման մասնակից պիտի դառնան ու շարունակեն պայքարը:
Յաւե՛րժ փառք մեր նահատակներուն, որոնց թափած արեան դիմաց նուազագոյնն է, որ մենք պահանջատէր ըլլանք:
ՍԻՆԹԻԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» ՊՄ