Մեր Խօսքը
Անցած են 109 տարիներ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրէն` Հայոց ցեղասպանութենէն, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլին հայեր: 109 տարիներ շարունակ` ցեղասպանութիւն մշակութային կալուածներու անէացում, աւելի՛ն, Արեւմտեան Հայաստանի հողային եւ վերջերս Արցախի բռնագրաւում:
109 տարիներ շարունակ հայրենիքէն հեռու մնալով` հանդերձ հայը գոյատեւած է: Գոյատեւած է ու պահպանած է հայ լեզուն, հայ մշակոյթը, միշտ կառչած մնացած է ու կը մնայ պահանջներուն, պայքարած է ու կը պայքարի յանուն ազատ, անկախ ու միացեալ Հայատանի տեսլականին` փաստելու, որ հայը չէ յոգնած ու երբեք պիտի չյոգնի պայքարելէ: Հակառակ ներկայ Արցախի ու Հայաստանի իրավիճակին, պիտի շարունակէ պայքարիլ` ծնունդ տալով նոր յաղթանակներու:
Այսօր Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները կոչ կ՛ուղղեն իրենց երիտասարդ-ուսանող ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն ու կը հրաւիրեն համախումբ պայքարի: Պայքար, սակայն այս անգամ` առաւել եւս վճռական, առաւել եւս պահանջատէր մեր արդար դատին, անէացնելով պարտութեան ու յուսալքութեան բոլոր երեւոյթները, յիշելով, որ հայը իրաւունք չունի յուսահատելու ներկայ իրավիճակին պատճառով, իրաւունք չունի յոգնելու կամ հրաժարելու, որովհետեւ` «Պայքարէն յոգնածը պիտի մահանայ, պայքարի եռանդով լեցուածն է, որ պիտի ապրի եւ տիրէ»:
Վստահի՛նք Զաւարեանական
Ուսանողութեան
Մէկ դար եւ քսան տարուան փորձ ունի ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը, որ ընթացիկ ուսանողական համախմբում մը չէ, եւ այդպէս ալ պէտք չէ ըլլայ:
ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան ուսանողութեան դարբնոցն է, ուր կուսակցական առողջ մթնոլորտին մէջ ուսանողները իրենց արդիական եւ նոր փորձերը պէտք է կատարեն: Պահ մը փորձեցէք յիշել անցնող տասնամեակներու զաւարեանականներու անունները, եւ կը տեսնէք, որ այսօր անոնց մեծամասնութիւնը, Լիբանանի մէջ թէ մինչեւ հեռակայ Ամերիկաներ, գործի վրայ են, պատասխանատուութիւններ վերցուցած են:
ԶՈՄ-ը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կուսակցութեան նոր շունչ ու ոգի տուող կառոյցն է: Այո՛, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն եւ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն ետք ԶՈՄ-ը նաեւ մարդուժի պատրաստութեան դերը ունի: Այս առնչութեամբ կառոյցը քարոզչական, կազմակերպական եւ յարաբերական աշխատանքներուն կողքին, դաստիարակչական միաւոր է, մարդ պատրաստելու օճախ է, որուն կարիքը այսօր աւելի քան երբեք ունինք բոլորս:
Ասկէ անդին` ԶՈՄ-ը լիբանանեան առումով համալսարաններուն մէջ Հայ դատի ներկայացուցիչն է, որ պարտք ունի լիբանանցի ուսանողութեան հերթական դրութեամբ ներկայացնելու հայ ժողովուրդը յուզող խնդիրները եւ ազգային պահանջատիրութիւնը:
ԶՈՄ-ը անցնող ժամանակահատուածին անցած է լիբանանեան եւ համահայկական բազմատեսակ տագնապներէն` յաղթահարելով ֆիզիքական, աշխարհագրական, ապահովական եւ հոգեբանական դժուարութիւնները, հետեւելով հիմնադիր Սիմոն Զաւարեանի խիղճին:
Մեր սերունդը շատ բան սորվեցաւ ԶՈՄ-էն, որովհետեւ միջավայրը զաւարեանականներուն ներշնչած էր վստահութիւն եւ հաւատք, եւ` որովհետեւ ԶՈՄ-ը գործի կեդրոն է: Հերթը հիմա նորերուն է: Այսօր ԶՈՄ-ը կարիքը ունի մեր` «հին» զաւարեանականներու զօրակցութեան եւ քաջալերանքին:
Դաշնակցութեան սերնդափոխութեան երաշխիքներէն մէկը 120 տարեկան ԶՈՄ-ն է: Գուրգուրա՛նք եւ վստահի՛նք: Թո՛ղ վերցնեն գործ, թո՛ղ նոր ծրագիրներ իրականացնեն, թո՛ղ ունենան պատասխանատուութեան զգացողութիւն եւ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ թո՛ղ սխալին, որպէսզի սխալներէն սորվին, փորձառութիւն ձեռք բերեն: Կարեւորը` աշխատին եւ գործի մթնոլորտի մէջ մնան, այլապէս ուսանողութիւնն ալ պիտի տարուի անհեթեթութիւններով, երկրորդական, փճացնող ու քայքայող անիմաստ խնդիրներով…
Սիմոն Զաւարեանը գործի մարդ էր, եւ ԶՈՄ-ը պէտք է մնայ իր հիմնադիրին մարմնաւորումով ապրող միա՛յն գործի միութիւն, հեռու` պատեհապաշտութենէ, ցուցամոլութենէ, յանձնուողականութենէ, զիջողական մօտեցումներէ եւ, ամէնէն կարեւորը, մանրուքներէ:
Բարի՛ երթ` դէպի նորանոր իրագործումներ առաջնորդուող 120-ամեայ ԶՈՄ-ին եւ զաւարեանական ընկերներուն:
ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
***
Ժամանակը Մեր Դէմն Է, Իսկ Հայրենիքի Ներկան Ու Ապագան
Մեր Ձեռքն Է Եւ Իւրաքանչիւրիս Պարտաւորութիւնն Է
Սիմոն Զաւարեան, իր ուսանողական տարիներուն, ըլլալով հայրենիքէն հեռու, ազդուած ըլլալով իր շրջապատէն, հակառակ էր բռնութեան դէմ պայքարի գաղափարին` հաւատալով մի միայն մէկ զէնքի` համերաշխութեան քարոզը ազգերու միջեւ:
Սիմոն Զաւարեանի այդ համոզումը շատ երկար չտեւեց: Իտէալ գաղափարախօսութիւն մըն է ազգերու համերաշխութիւնը, սակայն այդ գաղափարախօսութեան մէջ դժուար է ներառել Թուրքիոյ նման ազգայնական ազգ մը, որ իր ազգը կը գերադասէ այլ ազգերէ եւ պատրաստ է ազգ մը ամբողջովին բնաջնջել իր ծայրայեղ փանթուրանական ծրագիրին համար:
Հայ ազգը վեց հարիւր տարի համերաշխ մնաց թուրքին նկատմամբ, որոշեց իր գլուխը չբարձրացնել, մնալ լռած, չհամարձակիլ ո՛չ ըսել թուրքին` ի գին ստրկութեան, բռնութեան, շահագործումի, բռնաբարումի, ջարդի ու կոտորածի, հաւատալով որ եթէ ձայնը բարձրացնէ, շատ աւելի վատ պիտի ըլլան իր կեանքն ու ապագան…
Այսօր, 109 տարի ետք, այսպէս կոչուած հայեր, անգամ մը եւս կը գտնուին այդ ստրուկի իրավիճակին մէջ չհամարձակելով ո՛չ ըսել ազերիին, համոզուած ըլլալով, որ զիջելով` պիտի կարենանք ապրիլ ու պահպանել մեր հայրենիքը:
Ահաւասիկ ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդ մը 109 տարիներ ետք կրկին ապրեցաւ Արցախի ցեղասպանութիւնը, եւ պատմութիւնը վկայ, որ թշնամին պիտի շարունակէ պահանջել եւ բռնագրաւել մեր բոլոր հողերը, մինչեւ որ անէացնէ հայն ու Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն:
Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, ժամանակը մեր դէմն է, իսկ հայրենիքի ներկան ու ապագան մեր ձեռքն է եւ իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է:
Համախումբ պայքարով ըսենք` Ո՛Չ հայրենիքի գաղափարի անէացման:
ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ
***
Միանանք Ու Զօրանանք
Գեղացնի ուտվէ իլէք,
Սույ ու դանօք հազըյիցէ՛ք,
Թուրքան դէմը կատրաճ կիցէ՛ք:
Մանկութիւնս անցուցած եմ եւ մեծցած զէյթունցիներէն այս երեք տողերը լսելով, երբ մեծ մայրս մեծ հպարտութեամբ կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս պոլոզները եւ էշքինները զէն ի ձեռին պաշտպանած են արծուաբոյն Զէյթունը, թէ ինչպէ՛ս թուրքը կը սարսափէր, երբ լսէր Զէյթուն անունը:
Արդէն կռահեցիր, սիրելի՛ ընթերցող, որ ես զէյթունցի եմ: Աւելի ճշգրիտ` Զէյթունի Ֆռնուզ գիւղաքաղաքէն: Ցեղասպանութենէն վերապրածի մը ժառանգորդը:
Ժամանակները փոխուած են, այո՛: Բայց թուրքին նպատակը կը մնայ նոյնը` բնաջնջել հայ ազգը:
Շատ լսած ենք, որ 1915-ի եղելութիւնը ցեղասպանութիւն չէր, այլ` ջարդ: Ջարդերը միշտ եղած են, 1915-էն առաջ մինչեւ օրս: 1915-ի պատահածը ցեղասպանութիւն էր, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդ մը իր արմատէն, հողէն տեղահանեցին: Արեւմտահայաստանէն մինչեւ Արցախ` թուրքը կը շարունակէ գործել իր բարբարոսութիւնը: Հայու ճակատագիր: Շարունակական պայքար վիճակուած է մեզի: Իսկ տկարը կը յուսահատի: Այո՛, հայ ըլլալը դիւրին չէ: Հայ ըլլալ` կը նշանակէ մաս կազմել հարուստ մշակոյթի, դարերու պատմութեամբ: Կը նշանակէ` գիտակցութիւնը արդար պարծանքի, անվերջ պայքարի, հաստատ պահել կապը ամբողջ աշխարհի հայկական գաղութներու հետ, ունենալ կամքն ու ուժը` պահպանելու հայկական արժէքները:
Այսօր մենք պէտք ունինք լայն քարոզչութեան, որպէսզի համայն աշխարհին ծանօթացնենք մեր պատմութիւնը եւ անոր ընդմէջէն` մեր արդար Դատը: Ունենանք դիւանագէտներ, որոնք կարենան թշնամիին սարքած ամէն մէկ թակարդի դէմ ճիշդ ձեւով պաշտպանել մեր իրաւունքները:
Պէտք է միանանք եւ զօրանանք: Հայրենիք եւ սփիւռք ըլլանք միասնակամ: Մեր ուժերը միացնենք եւ աննկուն կամքով շարունակենք մեր պայքարը, մինչեւ որ հասնինք մեր սրբազան նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:
ՆԱՐԻՆԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
***
Ապրիլը`
Ապրելու Կամքով…
Ապրիլ է, տարուան չորրորդ ամիսն է, գարնանային յուսատու եղանակն է, բայց մեր քով պատկերը արտակարգ է, բնութեան հակառակ է` դժոխային փոթորիկները յաղթահարելու ամիսն է:
Ապրիլը մահուան տեսիլքը շրջանցելու եւ ապրելու կամք ունենալու ամիս է:
Ամիս մը, որուն օրացոյցին էջերը ամէն օր կը դառնան եւ կը վերնագրուին տարբեր զգացումով ու դառն յուշերով:
Ամիս մը, որուն ընթացքին կեանքն ու մահը կը գրկախառնուին, ե՛ւ սուգի, ե՛ւ վերապրելու ամիս է, բայց գարուն չէ…
Տակաւին մեր ապրիլը ապրիլ չէ… Այդպէս չէ, որովհետեւ ապրիլին միայն նոր ապրիլ կը յաջորդէ: Տակաւին երէկ Արցախը դադրեցաւ ապրելէ` առանց հրաժեշտի, առանց խունկի ու մոմի:
Ապրի՞լ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ: Երբ Հայաստանի իշխանութեան խիղճը անվերջ ու անսկիզբ խաւարի մէջ է, ազգը իր պապենական արմատներէն շա՜տ հեռու է: Ինչպէ՞ս ապրիլ, երբ ամէն օր երգով կամ առանց երգի` նահանջի մէջ ենք, գարնանային մեր ծաղիկները մէկ առ մէկ կը պոկուին, եւ սուրբ հողը կը դառնայ դժբախտ եւ տժգոյն…
Բայց ի՛նչ ալ ըլլան եղանակները, երկինքը ամպերով ծածկուած ըլլայ թէ ոչ, արեւ ունենանք թէ ոչ, ծովերէն հեռու ըլլանք կամ ոչ, միշտ ալ կ՛արժէ ապրիլ հայօրէն: Ծիծեռնակաբերդի ու Եռաբլուրի կակաչներուն ու վարդերուն համար պէտք է ապրինք, պէտք է կանգուն մնանք, պէտք է նոր ծիլերուն հոգանք:
Պապենաւանդ մեր հողերուն արեան կանչին արձագանգը պէտք է ըլլայ մեր ապրիլը` աննահանջ պայքարի ներշնչող ուժ:
Ղազանչեցոցի զանգերուն, Տէր Զօրի անապատի ողբերգին եւ նորածիլ հայրենասէր ու պահանջատէր մանուկներուն կանչի միաձայն ղօղանջը պէտք է ըլլայ մեր ապրիլը:
Այնպէս մը պիտի ապրինք, որ դարձեալ ծաղկինք:
Այնքան պիտի ծաղկինք, որ մեր քարտէսը դարձեալ գունաւորենք եւ հայրենի հողը հերկենք…
Այնպէս մը պիտի ապրինք, որ հայկեան ծիծեռնակներ խաղաղութիւն աւետելով տուն վերադառնան:
Այնպէս մը պիտի ապրինք, որ ապրելու իրաւունքէն զրկուած քաջարիներուն կայծակները վերստին արձակուին:
Այնպէս մը պիտի ապրինք, որ համոզուիմ եւ համոզեմ, թէ մեր ապրիլը տարբեր է, յատուկ է, հայկական է: Մեր ապրիլը ապրելու կամքով ԱՊՐԻԼ է:
ԱՐԱԶ ԷԼԷՅՃԵԱՆ
***
Խզենք Լռութիւնը
Կան վայրկեաններ, երբ բոլորովին լռութիւն կը տիրէ… Այդքան ծանր լուր մը իմանալէ ետք, բոլորովին ապշած, կեանքը վատ երազի մը կը վերածուի, եւ արթննալու ժամը կը սպասես, բայց այդ վայրկեանը երբեք չի գար:
Ապրիլ 24` վատ երազ մըն էր հայ ազգին համար, թէեւ 109 տարիներ ետք կը մնայ սերունդէ սերունդ ժառանգուած ցաւ մը: Սակայն յոյս մը կար մեր սրտերուն մէջ, թէ` «օրերը հիմա տարբեր են», «Genocide» բառը 1915-ին գոյութիւն չունէր, եւ այժմ «մարդկային իրաւունքները» աւելի զարգացած են: Յաճախ կը լսէինք (եւ դժբախտաբար դեռ կը լսենք), թէ ինչո՞ւ չենք կրնար մոռնալ, ինչո՞ւ տակաւին կապուած ենք այս Դատին 1 դար ետք:
Թերեւս պարզապէս չէինք ուզեր 9 նոյեմբեր 2020 օրը տեսնել, կամ վերապրիլ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը 20 սեպտեմբեր 2023-ին: Չէինք ուզեր Արցախի ժողովուրդը ապրի մեր պապերուն ապրածը եւ ես յատկապէս չեմ ուզեր գալիք արցախցի սերունդը ժառանգէ այդ ցաւը եւ պարապութիւնը, զորս մենք տակաւին կը զգանք մեր պապենական հողերէն հեռու:
Չկայ ցաւ` առանց սէրի: Յաճախ լսած եմ, որ պէտք չէ զգացական մօտենալ այսպիսի հարցերու: Սակայն այն զգացումները, զորս կը փորձենք թօթափել, առաջին կայծը կը վառեն դէպի յեղափոխութիւն: Այդ հայրենիքի սէրն է, որ մեզ կ՛առաջնորդէ: Դիւրին է խուսափիլ, հողեր յանձնել եւ յանձնուիլ, բայց մենք ունեցած ենք Մայիս 28` Ցեղասպանութենէն 3 տարի ետք, ունեցած ենք Արցախի ազատագրում:
Կան վայրկեաններ, երբ բոլորովին լռութիւն տիրէ, վտանգաւոր կը դառնայ: Ամուր կանգնած, արթննալու ժամը երբեք չի գար, եւ մենք կը շարունակենք ապրիլ այդ գէշ երազը: Արդ ժամանակը հասած է սպաննելու այդ լռութիւնը:
ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
***
Ցաւը Վերածենք
Պայքարի
Մեր ազգին հանդէպ կատարուած դիտումնաւոր ցեղասպանութեան վիշտն ու ցաւը 109 տարիներ ետք տակաւին չեն մեղմացած:
Թշնամին նոյն բարբարոսութեամբ ու ոճրագործութեամբ տարիներ շարունակ մղեց հայ ազգը դէպի բնաջնջում եւ տեղահանում` գործակցաբար Ազրպէյճանին հետ, ուր հարկ է նշել ներկայիս Արցախի գրաւումը եւ ներկայ Հայաստանի բնակչութեան հանդէպ կատարուած գործողութիւնները: Այն պատճառով, որ այդ երկու պետութիւններուն յանցաւոր քաղաքականութիւնը կը հիմնուի միեւնոյն գաղափարախօսութեան` փանթրքութեան եւ ծայրայեղ ազգայնականութեան վրայ:
Ցաւը մեծ է, այո՛…բայց այս բոլորը չի նշանակեր, որ մենք իրաւունք ունինք միշտ ցաւով շարունակելու մեր գալիք ապագան: Մենք այսօր պէտք է ունենանք այն գիտակցութիւնը, որ պէտք է ոչ միայն ցաւինք, այլ նաեւ իմանանք, որ այսօր անդրադառնալու պահ է, որովհետեւ մենք ունինք ներկայի եւ ապագայի շատ մը խնդիրներ, եւ եթէ մենք չունենանք վերածնունդի նոր էջ, չեմ կարծեր, թէ գալիք օրերուն կը կարողանանք ապագայի բոլոր խնդիրներու պատասխանը տալ:
Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդը վճռական էր` վերակառուցելու իր համայնքը եւ իր մշակոյթը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Յիշենք լիբանանահայութիւնը, որ իրեն պարտադրուած բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, մնաց պահանջատէր ու վրիժառու` Հայ դատի նկատմամբ:
Մենք` իբրեւ անդամներ Զաւարեան ուսանողական միութեան, որ արդէն իսկ 120 տարիներ շարունակ գոյատեւած եւ սերունդներ կերտած է, թոյլ չտանք դադրեցնելու պայքարը, այլ ըլլանք այն դպրոցը, ուր պիտի գործեն հայապահպանումի եւ Հայ դատի հետապնդման զանազան դաշտերը:
«Դադրեցնել պայքարը` կը նշանակէ ազգի թշնամիներուն առարկայական դաշնակիցը ըլլալ»:
Յարգա՜նք բոլոր անոնց, որոնք ինկան յանուն Հայ դատին :
ՍԵՒԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
Տեղեկատուական Անկիւն – Ապրիլ
– Ուրբաթ, 5 ապրիլ 2024-ին, կազմակերպութեամբ Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, չորս տարուան դադարէն ետք` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ուսանողներու միջհամալսարանական զարգացման մրցում մը: Նկատելի էին` խումբերուն միջեւ դրական մթնոլորտն ու առողջ մրցակցութեան ոգին: Մրցումին արդիւնքները ամփոփուեցան հետեւեալ ձեւով. Ա. դիրքը գրաւեց Հայկազեան համալսարանը, Բ. դիրք գրաւեց Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցը, իսկ Գ. դիրքը գրաւեց Սեն Ժոզեֆ համալսարանը: Յաղթող խումբերը արժանացան նիւթական պարգեւներու:
– Շաբաթ, 6 ապրիլ 2024-ին, կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախկին ու ներկայ զաւարեանականներու մտերմիկ ընթրիք մը: Սոյն հաւաքին նպատակն էր 120-ամեայ յիշատակները վերաթարմացնել` համախմբելով նախկին ու ներկայ զաւարեանականները եւ միասնաբար օժանդակել միութեան գոյատեւման ու ծաղկման: