Ապրիլ 24:
Անմոռանալի օր:
Հայուն համար վրէժ պահանջող կոտտացող ցաւ:
Այս տարի եւս ամբողջ աշխարհի մէջ ապրող միլիոնաւոր հայեր, նաեւ` բազմաթիւ այլազգիներ, կը յարգեն օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:
Թուրքիոյ նպատակն էր տեղահան ընել եւ բնաջնջել հայ ժողովուրդը:
Դժբախտաբար ոճրագործ թուրքը յայտնուեցաւ հմուտ, քաղաքակիրթ, աշխարհի ամէնէն խաղաղասէր եւ նախաձեռնող ազգին` քրիստոնեայ հայ ազգի կողքին, որմէ ինք շատ բան սորվեցաւ: Օսմանեան կառավարութիւնը չկրցաւ հանդուրժել հայ ազգի յաջողութիւնները եւ ամէն գնով փորձեց ոչնչացնել զայն:
Ափսո՜ս, շա՛տ ափսոս, որ նոյն թուրքը չյագեցաւ հայուն թափած արիւնէն եւ տակաւին կը շարունակէ պետականօրէն ծրագրած եւ գործադրած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ` հայը զրկելով իր հայրենիքէն:
Բնաջնջումի այս ծրագիրը սկիզբ առաւ 1915-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս…տարբեր միջոցներով:
2020-ի 44-օրեայ պատերազմին դաւադրաբար կորսնցուցինք մեր հայրենիքի անբաժան մաս սիրելի Արցախը:
Դժբախտաբար, սակայն, հայրենիքի մէջ կան տակաւին հայանուն մարդիկ, որոնք հայրենիքէն տարածքներ կը յանձնեն թշնամիին: Ներքին թշնամին նոյնքան վտանգաւոր է, որքան` արտաքինը: 2020-ին դժբախտաբար թուրք-ազրպէյճանցին չէ, որ մեր հողերը գրաւեց, այլ հայանուն վարչապետը զանոնք տուաւ ազրպէյճանցիին:
Արդեօք անպատի՞ժ պիտի մնան 1,5 միլիոն անմեղ մարդու սպանութիւնը, կիներու, երեխաներու եւ ծերերու անմարդկային տեղահանումը, բազմաթիւ քաղաքներու եւ գիւղերու աւերումը, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ այլ յանցագործութիւններ:
Այսպէս պէտք չէ շարունակուի: Մենք մեր մէջքը պէտք է շտկենք եւ դարձեա՛լ ազատագրենք մեր սիրելի Արցախը:
Սիրելի՛ հերոսներ , նահատակներ, դուք անմահացաք:
Իբրեւ անձնազոհներ` դուք հայրենիքի ազատութիւնը գերագոյն նպատակ դարձուցիք: Մասնակից դարձաք Արցախի ազատագրութեան պայքարին, զոհեցիք ձեր կեանքը` վասն յաղթանակի:
Հարկ է շարունակել ձեր վեհ գործը:
Մեր նպատակը տկարութիւն պէտք չէ ճանչնայ եւ պիտի չճանչնայ` մինչեւ Արցախի ամբողջական վերաազատագրումը:
Մենք կը հաւատանք, որ մէկ բռունցք դառնալով` կը տիրանանք մեր սուրբ հայրենիքին: Ինչպէս կ՛ըսէր Արամ Մանուկեան` «Ազատագրական պայքարի դրօշը բարձրացուցած հայ ժողովուրդը պէտք է յոյսը դնէ իր սեփական ուժերուն վրայ»:
Հայը պիտի մնայ պահանջատէր, այնքան ատեն որ վայրագ թուրքը կը մնայ անպատիժ եւ ամբողջ աշխարհի կողմէ տակաւին չէ ճանչցուած այս յանցագործութիւնը, աւելի ճիշդ` այս ոճրագործութիւնը:
Արթնցի՛ր, հայ ժողովուրդ:
Ապրիլ 24-ը յիշատակութեան օր է: Մենք կը մերժենք որեւէ նահանջ, սակարկութիւն կամ զիջում` մեր նահատակներու իրաւունքներուն հաշուոյն:
Պիտի գայ այն օրը, երբ ցեղասպան եւ ոճրագործ թուրքը պիտի ողջունէ հայուն յաղթական ու հպարտ հայրենի հող վերադարձը` իրականացնելով դարերու երազը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:
Թուրքը արժանի չէ նոյնիսկ մելան վատնելու իրեն համար,
զայն նկարագրելու մէկ նախադասութիւն նոյնիսկ շատ է:
Ան ընդդէմ մարդկութեան վայրագ ոճրագործ մըն է: