Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ափսոսա՜նք, Բայց Որո՛ւ Հաշուոյն… (Ապրիլեան Խոհեր) (Բ.)

Ապրիլ 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Թող կտրուի այս ձեռքը, որ 2018-ին ընտրեց այս իշխանութիւնը: Հիմա փոշմանել եմ, ինչո՞վ կրնամ ջնջել իմ արածը: Ներողութիւն եմ խնդրում իմ ազգիս, ժողովուրդիս առաջ:

23 ապրիլ 2022 «168.am»
Ջահերթին մասնակից 70-ամեայ մայրիկ)

Համակարգիչիս մէկ անկիւնը «պահ» դրուած այս լուրը, օրին, ալեկոծած էր շատ շատերու հոգեկան աշխարհը: Ահա այսօր լոյսին կու գայ, բայց ի զուր:

Արդ, կեղծ ու ստապատիր քարոզչութիւն են այն բոլոր խօսակցութիւնները, թէ հայ անհատը, որ կ՛ապրի Հայաստանէն ներս թէ դուրս, այլեւս դարձած է անտարբեր: Ո՛չ, այդպէս չէ իրականութիւնը, որքան ալ փորձուի նսեմացնել հայուն դարաւոր արժանիքները, ողջ գիտակցութիւնը, հաւատարմութիւնը, հաւատամքն ու  արեան տեսակը:

Ապրիլեան այս օրերուն սապէս մարդ կը տարուի մտածել, թէ արդեօք ինչ որ կը պատահի հայութեան, ձեւով մը դառն ճակատագրի մը արտայայտութի՞ւնն է, թէ՞ ազգերու պատմութեան մէջ նման իրավիճակներ վաղուց անտի գոյութիւն են ունեցեր, միշտ ալ եղեր են, երբ տուեալ ազգի մը պետականութիւնն է տկարացեր, ներքին կեանքը պառակտուեր եւ ազգային գիտակցութիւնն է խամրեր:

Ուստի, դիպուկ է այն հաստատումը, որ կ՛ըսէ. ազգ ու պետութիւն կրնան ու կարող են տոկալ բոլոր յորձանքներու դէմ, գոյատեւել` ինչպիսի պայմաններու մէջ ալ գտնուին, արարել` աներկիւղ եւ վճռակամօրէն, ապրիլ ու ապրեցնել շրջապատ մը ամբողջ, յաղթանակներ ապահովել` գազանաբարոյ թշնամիներու դէմ անգամ:

Այո՛, այս բոլորին կենսագործումը իրականութիւն կը դառնայ, երբ տուեալ ազգը, ժողովուրդ թէ պետականութիւն, ունենայ այն միակ ու անփոխարինելի հասկացողութիւնը` հաշուետուութեան գիտակցութիւնը:

Այսինքն` ընդունելու գործուած սխալը, ըմբռնելու այն բոլորը մտածումները, որոնք կը բխին տրամաբանութենէ եւ ազգային շահէ: Ահա յաջողութեան գաղտնիքն ու բանալին, որով չէ զինուած մեր ողջ ժողովուրդը, ցաւ ի սիրտ, այսքան տառապանք, ողբերգութիւն թէ թրքութեան եաթաղանը ապրելէ ետք իսկ:

Հայը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, սրտատրոփ եւ մտատանջութեամբ կը հետեւի հայրենի իրադարձութիւններուն: Հայը,  մտքի, հոգի ու քսակի ինչպիսի՛ շերտաւորում ալ ունենայ, դառնօրէն կը յիշէ, կ՛ապրի ու կ՛ափսոսայ վերջին տարիներու հայ կեանքին մէջ պատահածին, սակայն կը փորձէ համոզել ինքզինք, թէ անցողակի են տուեալ անհաճոյ եւ ազգաքանդ վիճակները, որովհետեւ հայ արեան տեսակը պիտի կարենայ բորբոքիլ, զարթնիլ եւ հայոց փրկութեան ճիշդ ճանապարհին վրայ գտնուիլ:

Այդուհանդերձ, մեր օրերու ապրող հայ երիտասարդութիւնը, որ պայքարի ջահը բարձր կը պահէ, կ՛ընդվզի, կը պոռթկայ, կրնայ հարց տալ բոլորիս, թէ արդեօք մեր ժողովուրդը երբեւէ նման ահռելի եւ անըմբռնելի վիճակներու մէջ գտնուա՞ծ է, աւելի՛ն. անորոշութեան յանձնուած ու կամովին տխմարութեան շապիկը հագած:

Հայաստանի եւ Արցախի «գլխուն» պատահածն ու պարտադրուածը դեռ շատ պիտի մտահոգէ բոլորս, այսպէս ըսած, «սեւ»-ն ու «սպիտակ»-ը, ազգայնականն ու «խաղաղասէր»-ը, աւանդապահն ու ապազգայինը, որովհետեւ, կարծես, գալու է այն պահը, որ ափսոսանքն ու մեղայական բարբաջանքները ոչ մէկ բանի պիտի ծառայեն, երբ թուրքի նկրտումներն ու թաքուն ծրագիրները բացայայտուին, այո՛, կրկին ճօճի անոր եաթաղանը, կրկին սեւ ամպերը պատեն սրբազան Արարատի գագաթը:

Համացանցի վրայ տեսագրուած եւ փաստագրուած վերոնշեալ հայ մայրիկին ինքնախոստովանանքը, մեղայական խօսքը, լո՜ւռ ցաւը, նաեւ` պատգամը, իր մէջ բազում իմաստներ կը պարփակէ, անշուշտ, հասկցողին եւ ըմբռնողին համար:

Դէպի Ծիծեռնակաբերդ ջահերթին մասնակից այս 70-ամեայ մայրիկի խօսքը, խորքին մէջ հազարաւոր հայորդիներու կանչն է, բարձրագոռ եւ քաջութեամբ լիացած խոստովանութիւնը, թէ խաբուած ու սխալած էին օրին, իրենց քուէն շնորհելով այն մարդոց, որոնք եկան իշխանութեան գլուխ վարդագոյն երազներով, բայց եւ այնպէս ստեցին ազգին, շահագործեցին հայու միամտութիւնը, ազնուութիւնը եւ ինկան որոգայթին մէջ, զոր լարած էին օտարածին եւ այլասերած ուժեր, որոշումի կեդրոններ եւ հայատեաց քաղաքական շրջանակներ:

Արդ, սիրելի՛մայրեր, բարձաձայն ներողութիւն կը խնդրէք, կ՛ողբաք, կը ցաւիք եւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ ջահերթին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած բոլոր քայլարշաւներուն ու ջահերթներուն մասնակցելով կը փորձէք մեղայի գալ ու խոնարհիլ նահատակներու առջեւ: Այսուհանդերձ, արդար է ըսել, մեր կարգին, ի՞նչ բանի կը ծառայեն նման խօսքեր, երբ ունեցանք այնպիսի անդառնալի կորուստներ, որոնց ծանրութիւնը դժուար թէ կարենայ շալկել մեր ժողովուրդը, այլապէս տոկալ ու դիմակայել:

Ափսոսանք, վիշտ ու մեղայական խօսքե~ր, բայց որո՛ւ հաշուոյն, որո՛ւ համար:

 

 

Նախորդը

Հայաստանը Յանձնելու Առաջին Պաշտօնական Քայլ

Յաջորդը

Գիտաժողովը Շարունակեց Գումարել Իր Յաջորդական Նիստերը Վեհափառ Հայրապետին Գլխաւորութեամբ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?