ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ- ԻՍԿԻԿԵԱՆ
– Մա՛յրս, «ղատանը ալիյիմ» (ցաւդ առնեմ), յամառութիւն մի՛ ըներ, ել՛, լաթերդ հաւաքէ՛ եւ մեզի հետ եկուր:
– Ո՛չ, ես տեղէս շարժողը չեմ. եթէ մեռնիլ մը կայ, ապա ես հո՛ս կը մեռնիմ:
– Մա՛յրս, ո՛վ քեզի թոյլ կու տայ, որ մեռնիս. քեզի հետս Ֆրանսա պիտի տանիմ:
– Ֆրանսայը «պաթսըն» (կորսուի). եթէ նոյնիսկ երկինքէն կրակ իջնէ, ես Լիբանանէն մեկնողը չե՛մ:
Տիկին Մանուշակին դէմքը ճակնդեղի գոյն ստացած էր. ան բազմիցս փորձեց համոզել մայրը` Լուսիա պաճըն, որ ընկերակցի իրեն, սակայն` ի զուր:
Ռմբակոծումը կը սաստկանար, թաղին բնակիչները խուճապահար դէպի ապաստանարան կը վազէին, իսկ Մանուշակին զաւակները եւ ամուսինը կազմ ու պատրաստ նստած էին իրենց ինքնաշարժին մէջ` ուղղուելու դէպի Պէյրութի օդակայանը:
Վերջապէս, ճարահատ ու արցունքոտ աչքերով տիկին Մանուշակ ինքնաշարժ մտաւ, երկա՜ր հոգոց մը հանեց եւ ամուսնոյն ըսաւ. «Քշէ՛, երթանք. ափսո՜ս, որ մայրս չկրցայ համոզել. գիտեմ, որ անոր կարօտը սիրտս պիտի կրծէ… բայց հիմա զաւակներս այս պատերազմէն փրկելն է առաջնահերթ մտահոգութիւնս»:
Եօթանասունհինգ տարեկան Լուսիա պաճըն իր հաստատակամ որոշումով նախընտրեց Լիբանան մնալ` քաջ գիտնալով, որ առանձնութիւնը պիտի ըլլար իր միակ ընկերակիցը:
Լուսիա պաճըն կը յատկանշուէր իր մնայուն կերպով սեւ հագուստով ու անխնամ մոխրագոյն մազերով: Իր ճեփ-ճերմակ ու խորշոմած դէմքին վրայ կը կրէր զոյգ մը սեւ, անփայլ ու թախծոտ աչքեր, զորս միշտ սեւեռած կը պահէր հեռուները, անորոշ կէտի մը վրայ…
Կզակին վրայ ունէր ցայտուն սպիներ` հինգ ակօսանման փոսեր: Իրեն տարեկիցները ընդհանրապէս զոյգ մը ականջի կլոր օղեր կը կրէին կամ ձեռագործ եազմա մը իրենց գլխուն, սակայն Լուսիա պաճըն արդուզարդ յիշեցնող ոչինչ ունէր իր վրան: Ան օրուան մեծ մասը կ՛անցընէր նստելով իր տան սեմին: Յոգնաբեկ ու դաջուած ձեռքերը կը հանգչեցնէր իր ծունկերուն վրայ եւ կը հետեւէր անցորդներուն:
Անոր ժպտալը ո՛չ ոք տեսած էր, ո՛չ ոք լսած` խօսակցութիւնը: Երբ պատահական անցորդ մը բարեւէր իրեն եւ որպիսութիւնը հարցնէր, Լուսիա պաճըն երկու բառով կը պատասխանէր` «պույուր եւ շիւքիւր» (հրամէ եւ շնորհակալութիւն): Թրքախօս էր: Զէյթունի Տէրէքէօյ գիւղէն բռնի «պոկուած» եւ Հայոց ցեղասպանութեան դառնագոյնը «ըմպած» էր: Ապա գաղթի ու տարագրութեան մրուրն ու թոյնը իրեն հետ կրած էր մինչեւ Հալէպ: Ժամանակ մը հոն ապաստանելէ ետք ալ փոխադրուած էր Լիբանան:
Վերապրող հայ կիներէն շատ չէր տարբերեր իր արտաքինով, ոչ ալ` իր ապրած սահմռկեցուցիչ ոդիսականով: Այսուհանդերձ, իր խորունկ ու համր լռութեամբ ան շատերուն համար մնաց անհասկնալի ու խորհրդաւոր արարած:
***
Ամիսներ առաջ հեռաձայն մը ստացայ. «Սիլվա՛, կը խնդրեմ, որ յաջորդ պատմուածքիդ հերոսը ըլլայ իմ վերապրող մեծ մայրս` Լուսիա պաճըն: Թէեւ դուն զինք մօտէն ճանչցած ես, բայց կան իր կեանքին առնչուած շատ մը մանրամասնութիւններ, որոնք մինչեւ այսօր գաղտնի պահուած են»:
– Մե՜ծ սիրով, Հուրի՛ ջան. դուն գիտես, որ ես վերապրող սերունդին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն եւ յարգանք կը տածեմ,- կ՛ըլլայ պատասխանս:
– Սիլվա՛, դուն գիտե՞ս, որ իմ մեծ մայրս` Լուսիա պաճըն, արտասովոր գեղեցիկ պատանուհի մը եղած է: Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն ան հազիւ տասնչորս տարեկան ըլլալու էր, բայց ունէր սլացիկ հասակ, վայելչակազմ մարմին, սպիտակ մաշկ եւ ակնառու դիմագիծներ: Աչքառու գեղեցկութեան պատճառով ան առեւանգուած եւ վաճառուած է թուրք մեծահարուստի մը, որ իր տրամադրութեան տակ ունէր գերի վերցուած մեծաթիւ հայուհիներ:

Մեծահարուստին պահակները հայուհիները կը խմբէին վրաններու տակ եւ դաժանութեան առաջին արարքը կը կիրարկէին` անոնց դէմքերն ու ձեռքերը դաջելով տաք մոխիրով ու թանաքով: Լուսնի նման գեղեցկուհիներ բռնի կը բերուէին զանազան վայրերէ եւ կը դաջուէին այլազան «նախշերով»: Դաջելը «ստրուկ»-ին պարտադրաբար «շնորհուած» կնիքն էր, որուն ստորացնող ու պատուազուրկ կրակը երբեք չէր յանգեր…
Մեծ մայրս կը պատմէր, որ ահն ու սարսափը կը պատէր իրենց սիրտը, երբ զինուած թուրք պահակը կը յայտնուէր վրանէն ներս: Ան իր սատանայական աչքերով նախ կը զննէր ներկաները եւ յանկարծ կը յարձակէր ոեւէ մէկուն վրայ, ապա բրտօրէն քաշքշելով ընտրեալ «զոհին» մազերէն` զայն կը տանէր ու կը նետէր հրէշի մը գիրկը…
Մեծ մայրս երբ կը վերապրէր իր «գողգոթան», դառնօրէն կու լար եւ խեղդուող ձայնով կ՛ըսէր. «Ես բազմաթիւ անգամներ աղօթած եմ, որ Աստուած հոգիս առնէ… բայց` ի զուր: Օրերով հրաժարած եմ ուտել-խմելէն, բայց` անօգուտ: Օր մըն ալ ուշակորոյս գետին ինկայ: Պահ մը ուրախացայ` կարծելով, թէ մեռած եմ, եւ ինքզինքս տեսայ մօրս տան մէջ, փափուկ անկողինիս վրայ… Յանկարծ ուժգին ապտակ մը զիս ուշքի բերաւ: Կողքիս տեսայ ծնրադիր վիճակով իմ հոգատար ու բախտակից ընկերուհիս` Հռիփսիմէն, որ սարսափահար կը կրկնէր. «Լուսիա՛, Լուսիա՛, հաճիս արթնցիր, հաճիս սթափէ…»: Յանկարծ անդիէն լսեցի ձայն մը, որ կ՛ըսէր. «Հռիփսիմէ՛, մի՛ վախնար. չե՞ս տեսներ, որ Լուսիան յղի է, արդէն փորը դուրս ցցուած է»:
Ապա խօսակիցս կը շարունակէ` ըսելով, որ վրանի անխնամ ու արտասովոր պայմաններուն տակ, պարմանուհի մեծ մայրը կ՛ունենայ ահռելի դժուար ծննդաբերութիւն մը, եւ կ՛աւելցնէ. «Մեծ մայրս իր մայրանալը այսպէս կը նկարագրէր. «Ամօթը արդէն դաջուած էր կզակիս ու ձեռքերուս վրայ, իսկ հիմա գիրկիս մէջ տեղաւորուած էր անարգանքի պտուղը` մանուկ մը, որ անընդհատ կու լար եւ ստինքներս կը յօշոտէր… Ձեռքերուս վրայ ուժ չկար, որ խեղդէի զինք: Անխիղճը ամիսներ լացաւ, փարեցաւ կուրծքիս, անընդհատ ուշադրութիւնս ու սէրս խնդրեց: Երկար ու յամառ մերժումէ ետք լսեցի անզօր էակին սրտի տրոփիւնները, աղաչանքը… եւ ակամայ սիրեցի զինք: Անոր աչքերուն մէջ այլեւս դահիճը չէի տեսներ, այլ` անմեղ հոգեհատորս, որ իր դէմքին ունէր հրեշտակային ժպիտ մը»:
– Ա՜խ, Հուրի, կարծես թէ գլխուս վրայ ժայռ մը ինկաւ: Որքան դառնութիւն եւ տաժանք ապրած է մանկամարդուհի Լուսիան: Իսկ ինչպէ՞ս ազատած է իր գերութենէն,- կը հարցնեմ լացակումած:
– Հոս պէտք է պատմեմ մեծ հօրս` Սերոբին ոդիսականը… Սերոբ, մեծ մօրս նման, Զէյթունի Տէրէքէօյ գիւղի բնակիչ էր: Ան երեսունհինգ տարեկան քաջ, խիզախ ու խանդավառ երիտասարդ մըն էր, ունէր շատ գեղեցիկ կին մը եւ քաղցր մանկիկ մը: Հետեւաբար ան ինքզինք աշխարհի ամէնէն բախտաւոր տղամարդը կը սեպէր… մինչեւ այն օրը, երբ կ՛իմանայ, թէ թուրքերը բազմաթիւ հայեր, ներառեալ` իր կինն ու զաւակը, բանտարկած են եկեղեցւոյ մէջ, ապա` չարաչար հրկիզած բոլորը: Այս ողբերգական դէպքէն ետք Սերոբին աչքերը «կրակ կը կտրին», եւ վրէժխնդրութիւնը իր կեանքին գերագոյն նպատակը կը դառնայ: Ան հրաշքով կը յաջողի փախուստ տալ թուրքին եաթաղանէն եւ երկար ու տառապալից ճամբայ մը կտրելէ ետք կը հասնի Հալէպ: Հազիւ թէ անապատին փոշիները կը թօթափէ իր արիւնոտ ոտքերէն, կը միանայ հայ կտրիճներու խմբակի մը, որոնք կը նուիրուին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու փրկութեան եւ մասնաւորաբար` գերեվարուածներու ազատագրման: Մեծ հայրս իմանալով Լուսիային բաժին հասած սեւ ճակատագիրը` ջանք չի խնայեր հասնելու իր համագիւղացիին: Թէեւ տասնհինգամեայ Լուսիային գեղեցկութենէն շա՜տ բան պակսած էր… բայց բաւարար էր Սերոբին սիրտը հմայելու: Սերոբ պատրաստ էր որեւէ զոհողութեան, որպէսզի փրկէր Լուսիան այդ դաժան վրանէն, բայց մանուկի մը ընկերակցութիւնը, անոր լացն ու ճիչը կրնային ձախողեցնել փախուստի փորձը: Լուսիա խստօրէն կը մերժէ առանց իր զաւկին վրանէն մեկնելու գաղափարը, բայց ճարահատ ու անզօր` տեղի կու տայ Սերոբին յամառ պնդումներուն դիմաց: Լուսիային սրտին մէջ կը բացուի նոր ու ցաւատանջ ակօս մը, որուն դառնութիւնը ցմահ պիտի չլքէր իր սիրտն ու խիղճը:
Մտորումներս կը դառնան հարցադրումներ. արդեօ՞ք դէպի Հալէպ տանող ճամբան Լուսիային փրկութեան միակ ճանապարհն էր, ուր ան «յարութիւն» պիտի առնէր եւ ձերբազատուէր ստրկութեան կապանքներէն: Ընդհանրապէս փրկութիւնը ձրիաբար կը շնորհուի, իսկ որդեկորոյս Լուսիային վճարած փրկագինը շատ սուղ էր: Երկրորդ տուրքը, որ վճարեց ան, երախտիքի ու պարտաւորութեան տուրքն էր իր փրկարարին` Սերոբին, երբ ընդունեց անոր հետ ամուսնանալու առաջարկը: Արդեօ՞ք այս ամուսնութիւնը կրցաւ փլել իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող քսան տարիներու տարիքային պատնէշը եւ ջնջել արիւնոտ փշալարերով եզերուած անցեալը…
Բարեկամուհիէս կ՛իմանամ նաեւ, որ Լուսիա եւ Սերոբ ժամանակ մը կ՛ապաստանին Հալէպ, ապա կը տեղափոխուին Լիբանան: Անոնց աղքատիկ երդիքին տակ լոյս աշխարհ կու գան երեք մանչ զաւակներ եւ երկու դուստրեր: Լուսիան շռայլօրէն կը սիրէ ու կը նուիրուի իր հինգ զաւակներուն խնամքին, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը կը փոխարինէ իր առջինեկը… եւ ոչ մէկ բան կը մեղմացնէ ինքնամեղադրանքի տանջանքը:
– Հուրի՛ ջան, կ՛ըսես, թէ մեծ մօրդ կզակը դաջուած էր, բայց ինչ որ ես կը յիշեմ, իր կզակին վրայ ունեցածը դաջուածք չէր, այլ ակօսաւոր ու խորունկ սպիներ էին, չէ՞:
– Ճի՛շդ ես, Սիլվա՛. ուրեմն մեծ հօրս համար ահռելի վրդովմունք եւ տառապանք պատճառած է իր կնոջ կզակին դաջուածքը…կարծես այդ խորշելի անցեալի մը յիշատակարանը ըլլար, խոցուած պատիւի մը ճչացող կնիքը, լքուած երեխայի մը խղճմտանքը… Հետեւաբար ան խնդրած էր բժիշկէն, որ ամէն գնով ջնջէ զանոնք: Դժբախտաբար անցեալին չկային այժմու սպիազերծման միջոցները, եւ բժիշկին նշդրակը փոխանակ սրբելու թուրքին թանաքն ու մուրը` յաւելեալ աւեր գործած էր մեծ մօրս կզակին վրայ: Նշդրակը պարզապէս հին «վէրքերը» փոխարինած էր նորերով…
– Հուրի՛ ջան, այդ դաջուածքները պէտք չէր ջնջել, այլ` խոնարհիլ անոնց դիմաց ու պագնել: Նոյնիսկ անոնց լռութեան մէջ կային ճչացող խայթեր ու վրէժի պատգամ… Գիտե՞ս, Հուրի՛, կ՛ափսոսամ, որ անցեալին շատ հարեւանցի դիտած եմ մեծ մօրդ դէմքը ու չեմ նկատած անոր սպիներուն տակ «այրուող մոխիրը»: Կը ցաւիմ, որ չեմ լսած իր լռութեան մէջ խեղդուած հառաչանքներն ու հեկեկանքը: Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ նախընտրեց Լիբանանի ռումբերը,- կ՛ըսեմ ես` խոր ցաւէ թելադրուած, մինչ ականջիս մէջ նոյն իրաւութեամբ կը հնչեն մօր ու դստեր մահուկենաց երբեմնի աղաչանքները:
– Մա՛յրս, «ղատանը ալիյիմ» (ցաւդ առնեմ), յամառութիւն մի՛ ըներ, ել՛, լաթերդ հաւաքէ՛ եւ մեզի հետ եկուր:
– Ո՛չ, անկարելի է… եթէ մեռնիլ մը կայ, ապա ես վաղո՜ւց պատրաստ եմ…
Յ. Գ.- Դէպքերը պատմած եմ ամենայն ճշգրտութեամբ, իսկ անունները փոխած եմ` յարգելով «Հուրիին» ցանկութիւնը: