ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Երկուշաբթի, 15 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախկին նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եռահատոր գիրքին շնորհահանդէսը: Առաջին անգամ ըլլալով շնորհահանդէսը կազմակերպուած էր լիբանանահայ համայնքին մէջ գործող մշակութային չորս կազմակերպութիւններու կողմէ: Ներկայ էր հատորներուն հեղինակը` Հրանուշ Յակոբեանը:
Շնորհահանդէսը նպատակ ունի հանրութեան ներկայացնելու աշխատութիւն մը` զայն ընթերցողին մատչելի դարձնելու եւ անոր ընթերցումը քաջալերելու համար: Հրանուշ Յակոբեանի հեղինակած երկը` «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան ուղին (2008-2018 թուականներ)», իր երեք ստուար հատորներով, համախումբ շուրջ 2000 էջ, դժուար է, չըսելու համար` անկարելի, ներկայացնել սահմանափակ գրութեամբ մը: Սակայն շահեկան է այդ ներկայացումը, նոյնիսկ երբ պարտադրաբար կը գոհանանք միայն ընդհանրութիւններով:
Հատորները կը խօսին հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան մասին: Ի՞նչ է հայրենիքը: Այն տարածաշրջանը, ուր այսօր հայեր կ՛ապրին, կամ դրսեցիին համար` հոն, ուր պետականութիւն մը հաստատուած է: ԹԷ՞, աւելի գաղափարապաշտ մօտեցումով, այն տարածքն է, ուր հայ ազգը կազմաւորուած է, ուր ան պատմութիւն կերտած է, լեզու կազմաւորած, սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ ստեղծած, մշակոյթ ստեղծագործած, քաղաքակրթական ազդակ դարձած: Այդ ընդարձակ տարածքին մէկ մասին վրայ կազմակերպուած պետութիւնը հայրենիքին մէկ մասն է միայն, իրաւունք չունինք զայն շփոթելու ամբողջին հետ: Մանաւանդ մենք` սփիւռքահայերս, որ հանգրուաներ ենք տարբեր երկիրներու մէջ` գալով մեծամասնաբար ներկայ Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս գտնուող շրջաններէ: Ընդունինք սակայն, որ առայժմ այս է մեր ունեցածը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը համարենք մեր հայրենիքը` իբրեւ ներկայացուցիչը ամբողջականին:
Պատմութեան քմայքներով հայ ազգին բաժին ինկած հայրենի պետութիւնը համագործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ հայկական սփիւռք անուանակոչուած, 120 տարբեր երկիրներու մէջ կայք հաստատած հայերու միգամածային հաւաքականութեան հետ: Սփիւռքի սահմանման փորձ մը կը գտնենք Ա. հատորին մէջ: Ինը կէտեր կը պարունակէ սահմանման այդ փորձը: Հրանուշ Յակոբեան կ՛ամփոփէ այսպէս. «Սփիւռքը համաշխարհային բաւականին բարդ եւ բազմաբնոյթ երեւոյթ է, հաւաքական իրողութիւն, որի առջեւ բազում համայնքային եւ համազգային մարտահրաւէրներ են ծառացել»:
Գործակցութեան երկու եզրերը իրարմէ շատ տարբեր են: Մէկը` հայրենիքը, պետութիւն է իր Ազգային ժողովով, կառավարութեամբ, դատական համակարգով եւ բազմաթիւ այլ հիմնարկութիւններով: Օժտուած է քննարկելու, որոշելու եւ որոշումը գործադրելու կարելիութիւններով: Միւսը «բարդ եւ բազմաբնոյթ երեւոյթ է», որ բացարձակապէս կարելի չէ շփոթել, ինչպէս ոմանք կ՛ընեն, պետական կազմաւորման մը հետ: Ինչպէս կ՛ըսէ Հրանուշ Յակոբեան, «Սփիւռքը բազմաշերտ է, բազմադէմ, բազմալեզու, բազմակարծիք եւ բազմակարիք: Հնարաւոր չէ այն դիտարկել որպէս մի ամբողջութիւն եւ աշխատանքները կազմակերպել` առանց հաշուի առնելու տարածաշրջանային իւրայատկութիւնները: Համայնքները ե՛ւ նման են միմեանց ե՛ւ խիստ տարբեր են»:
Սփիւռքի նախարարութիւնը նպատակ դրած էր «ճանաչել, վստահել, գործակցել հաւասար գործընկերային պայմաններում»: Այս բազմաթիւ անհատներով հաւասարումի նմանող խնդիրին լուծման համար սփիւռքի նախարարութիւնը կազմակերպած է տարաբնոյթ հաւաքներ, խորհրդաժողովներ, ծրագրած ու գործադրած` բազմապիսի միջոցառումներ: Անոնց թւումն իսկ էջեր պիտի խլէր մեզմէ: Այդ միջոցառումներուն գագաթին կը տեսնենք Համահայկական խորհրդաժողովները, որոնց առաջին երեքը կազմակերպուած էին արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ` 1999-ին, 2002-ին եւ 2006-ին: Վերջին երեքին կազմակերպումը բաժին ինկաւ սփիւռքի նախարարութեան` 2011-ին, 2014-ին եւ 2017-ին: 2011-ին սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Սփիւռքի կազմակերպութիւնների, ղեկավարների եւ ներկայացուցիչների» մասնակցութեամբ խորհրդաժողովը հրապարակած է «Ազգային հռչակագիր» խորագրով յայտարարութիւն մը, որ Հայաստանի ու սփիւռքի գործակցութեան առաջնահերթութիւնները կը սահմանէ: Միայն խորագիրներով բաւականանալով` կ՛ունենանք հետեւեալ ծրագիրը.
1.- Հայաստանի Հանրապետութեան զօրացում, անվտանգութեան ապահովում:
2.- ԼՂՀ հարցի խաղաղ կարգաւորում:
3.- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, դատապարտում եւ հետեւանքների վերացում:
4.- Հայապահպանութիւն եւ պայքար ուծացման դէմ:
5.- Հայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբում:
2014-ի հինգերորդ համահայկական համաժողովին, դէպքերու եւ տագնապներու բերումով իբրեւ համազգային առաջնահերթութիւն, ճշդուած են.
1.- Հզօր եւ ապահով Հայաստանի կառուցում:
2.- Անկախ եւ անվտանգ Արցախ:
3.- Կազմակերպուած սփիւռք:
4.- Հայոց լեզուն` որպէս հայապահպանութեան կռուան:
5.- Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:
6.- Համախմբում Հայ եկեղեցւոյ շուրջ:
7.- Արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու անվտանգութիւնը:
Համաժողովը «հաւանութիւն տուած է» Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկին, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը, որ համահայկական անդամակցութիւն ունէր, 24 ապրիլ 2015¬էն ետք վերանուանուի «Համահայկական խորհուրդ»` համազգային հրատապ խնդիրները համակարգելու պարտականութեամբ:
«Համահայկական խորհուրդ»¬ի կազմութեան համար կատարուեցան բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ, քննուեցան նման խորհուրդ մը ունենալու իրաւական չափորոշիչները, անոր համասփիւռքեան եւ համահայկական օրինականութիւն ապահովելու միջոցներուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարուեցան: Հարցը ի վերջոյ քննուեցաւ Զ. խորհրդաժողովի սեղմ յանձնախումբի մը կողմէ: Հարցը պէտք էր աւելի յստակեցուէր, բոլոր մանրամասնութիւնները ճշդուէին եւ օրէնքի նախագիծի մը ձեւով ներկայացուէին յաջորդ խորհրդաժողովին, ապա` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին: Յաջորդ խորհրդաժողովը տեղի չունեցաւ:
Հրանուշ Յակոբեանի աշխատասիրութիւնը տասնամեակի մը ընթացքին խօսուածին ու կատարուածին տարեգրութիւնը չէ միայն: Հայ ժողովուրդի, ազգի միասնութիւնը գործնականացնող յանձնառու աշխատանքի մը նկարագրութիւնն է: Հաւաքական իտէալը չի վերացներ քաղաքական ու գաղափարական տարբերութիւնները: Ժողովրդավարական մօտեցումով իւրաքանչիւրը կը գործէ իր համոզումներուն համաձայն, կամ` իր հնարաւորութիւններուն յատուկ եղանակով, բայց միշտ` ազգի գոյութիւնը եւ կենդանութիւնը երաշխաւորող հաւաքական նպատակներու եւ իղձերու նկատառումով:
Շնորհակալութիւն Հրանուշ Յակոբեանին` վերստին կառուցուելի հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան հարուստ ատաղձ հայթայթելու համար: Երեք հատորները թանկագին աւանդ են այն անհրաժեշտ համագործակցութեան, որ անխուսափելիօրէն պիտի կայանայ` շնորհիւ բոլորին համախմբումին, ամբողջական հայրենիքի ու ամբողջական ազգի գաղափարին շուրջ: