Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայատեացութեան Եւ Ամօթանքի Միւս Երեսը (Ապրիլեան Խոհեր) (Ա.)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «… Իմ պատկերացումով, սա իմ բանաձեւումն է, հայը, աւելի լաւ է թուրքի շուն լինի, քան թէ օտար պետութեան, ռուսի պետութեան գործակալը» (դոկտ. փրոֆ. Լեւոն Շիրինեան, քաղաքագէտ-պատմաբան): Թէեւ տխուր է մէջբերել նմանօրինակ տողեր, որոնք արտաբերուած են մեր օրերուն ապրող հայ քաղաքագէտ-պատմաբանի մը բերնէն, այդուհանդերձ, ասիկա վառ ապացոյց մըն է նաեւ` հայ կեանքին մէջ առկայ անըմբռնելի երեւոյթներու, բայց մանաւանդ` ազգային...



















