Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոչ Սթափի… Զարթի՛ր, Լաօ՜

Ապրիլ 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ամօթ մեզի, հազա՛ր ամօթ,
Որ չենք գիտեր պահել ամուր`
Հայրենիքի անուն, սահմա՜ն…
Որ չենք գիտեր պահել յաւերժ`
Հո՜ղը մեր սուրբ ու պատուական…
Հո՜ղը մեր թանկ, ազնուակա՜ն`
Որ ժառանգն է` պապերուս հայ…

Մեր նախահայր Հայկէն հուժկու,
Տիգրան Մեծէն աշխարհակալ,
Արտաշէսէն մինչեւ Վարդան`
Մամիկոնեանն սպարապետ,
Իրենց արեան գնով շատ թանկ,
Պահեցին ու պաշտպանեցին,
Հող ու պատիւ, ու հայրենիք…
Ապա յոյսով, հաւատքով մեծ,
Ժառանգեցին սերունդներուն,
Որ վա՛ռ պահենք գանձերու գանձն`
Հայոց հողը յարգի ու թանկ..

– Ո՞ւր էք հայեր, ըսէ՛ք, խնդրե՜մ,
Ո՞ւր է հիմա «Մեծ Հայք»-ն հսկայ…
Արքայական մեր փառքը մեծ,
Սարսափ ազդող ուժն այդ հզօր,
Ինչպէ՞ս, արդեօք ան փոքրացաւ,
Կծկուեցաւ… ու խեղճացաւ…
Դարերու հետ ան նահանջեց`
Ափի մը չափ… կղզի դարձաւ…
Անոր Հայու անունն աղուոր`
Լո՜ւռ, անաղմուկ… անցեալ դարձաւ…

Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ արդեօք,
Կիլիկիան հայ, այնքան չքնաղ,
Իր բերդերով ծովահայեաց,
Անառիկ ու սոսկ յաղթական
Յանկարծ դարձաւ… երազ անհաս…
Եւ Կիլիկիոյ փառքն ու իշխանք,
Ինչո՞ւ սակայն մոլորեցան…
Հաճըն, Զէյթուն ու Ատանա`
Լոկ պատմութիւն, հին յուշ դարձան…

Հապա այնքան ճոխ, բազմամարդ,
Հայաստանը Արեւմտեան,
Ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ մնաց աւար`
Թշնամիի բաժին հալալ..
– Ըսէ՛ք, հայեր, բացատրեցէ՛ք,
Որ իմ սիրտը գէթ հովանայ,
Գէթ անգամ մը չլա՜յ, ժպտա՜յ`
Եւ հոգիս մութ` լո՜ւռ զովանայ…

– Ո՞ւր է Խարբերդն, կամ Երզնկան…
Կարին ու Մուշն, Սասունն անյաղթ,
Հայոց հողերն, դաշտերը ճոխ`
Մնացին լոկ  տաղ յիշարժան..
– Ո՞ւր են  վանքերն հազարանուն,
Յուշարձաններն` վե՛հ, հայանուն,
Շէներն ուրախ ու զուարթուն,
Բազմադարեան գանձերն հարուստ,
Մշակոյթի կեդրոններն հայ,
Խաչքարերն ու մագաղաթներն,
Ինչպէ՞ս կրնան մնալ անտէր,
Եւ աղերսեն… բազմահառաչ`
Որ հրաշքով մ’աստուածային,
Օր մը յանկարծ… ե՛տ հայանան…

Տաճարները աստուածախօս,
Ինչո՞ւ մնան` խուլ, անմռունչ…
Եւ պատարագն Կոմիտասի,
Շարականներն հոգեպարար,
Խունկի ծուխով չբարձրանան`
Եւ չհասնին` մինչեւ Աստուած…
Գերեզմաններն անգամ բազում,
Դարձան իսպառ կըրընկակոխ…
Թշնամիի լուծին տակ բութ…
Խուլ աշխարհի նայուածքին տակ…

– Ո՞ւր է , մարդի՛կ, ըսէ՛ք, խնդրե՛մ,
Ղարսը բերրի ո՞ւր է, ըսէ՛ք…
Իսկ Արտահանն կանաչապատ`
Ինչո՞ւ մնայ հիւծի արագ`
Նենգ ոսոխի ճիրանին տակ…

Հապա Անին, հայրենամերձ,
Կրծքին սեղմած բիւր տաճարներ,
Գիշեր-ցերեկ ինչո՞ւ ողբա՜յ,
Ինչո՞ւ սգա՜յ` աղիողորմ`
Բախտն իր դժխեմ, բախտն իր անբա՜խտ
Եւ արցունքոտ դէմքը տժգոյն`
Ախուրեանի ջուրով լուայ…
Եւ Մայր Հողին կարօ՜տ այնքան`
Լո՜ւռ հառաչէ ու մղկտա՜յ…

– Ըսէ՛ք, հայեր, ինչո՞ւ լուռ էք…
Բաւակա՛ն չէ՞ որ դուք լռէք…
Ինչո՞ւ այսօր որբ ու տխուր,
Ճակատագրի զոհը դառնար`
Նախիջեւանն մեր դալարուն,
Ուր ծաղկած էր դարեր առաջ,
Այբուբենը մեր փառապանծ…
Ինչո՞ւ արդեօք ան լար, անձայն,
Անէծքով մեծ ու տխրալի,
Կպէր կողին Հայաստանի,
Եւ չտեսնէր սէ՛ր, գուրգուրա՛նք,
Ապրէր կսկիծ, մեծ տառապանք`
Բայց առանց հայ, անշունչ դարձած…

Իսկ Վանայ ծովն մեր կապուտակ…
Կապոյտ յոյսը մեր Մայր հողի,
Ինչո՞ւ մնար  տխուր ու քաղց…
Տեսնէր հայու գաղթ, կոտորած…
Հայոց ցաւի արցունքի լիճն`
Դեռ մինչեւ ե՞րբ մնայ խլուած…
Ո՞ւր էր արդեօք աշխարհի խիղճն,
Իսկ մենք ինչո՞ւ, ինչո՞ւ արդեօք,
Դար ու դարեր` դարձանք գառնուկ…
Եւ այսօր ալ, լուռ ու անխօս,
Հպատակ ենք թուրքին դիմաց…

Հայու սրտին վէրքերն խորունկ,
Հազիւ քիչ մը սպիացած,
Հերոսներու արեան գինով
Ազատութեան դրօշ պարզած`
Արցախն յանկարծ… դարձաւ թիրախ…
Ու նե՛նգ խաղո՜վ, ու նե՛նգ դաւո՜վ,
Խոցեցին ու յօշոտեցին`
Անոր մարմինն… սի՛րտ ու հոգին…
Ժանիքներով սո՜ւր ու հատու`
Բաժան… բաժան… բաժանեցին…

Արիւնարբու լիրբ վանտալներն,
Ոճրագործներն ահաբեկիչ,
Արեւելքէն, արեւմուտքէն,
Արիւնեցին սիրտն Արցախի…
Աւերեցին շէն ու աւան…
Մոխրացուցին ծաղիկ ու ծառ…

Արցախն հիմա` անտէր, անսէր,
Լուռ կ՛աղերսէ` գութն Աստուծոյ…
Արցախն հիմա` բզի՜կ… զզի՜կ…
Լուռ կը թափէ` արցունք ու լաց…

Ինչո՞ւ, մարդի՛կ, ինչո՞ւ սակայն,
Արցախը հայ հազարամեայ,
Արցախն հերոս, մեր աչքի բիբն,
Խլուէր ծոցէն Հայաստանի,
Դառնար անտէր, ազերի հող…
Դժբախտանար ու որբանար…
Ու նօսրանար.. անշքանար,
Եւ օր մըն ալ, ինչ մե՜ծ աղէտ`
Հպարտ Շուշին «Շուշա» դառնար…
Հադրութ, Բերձոր ու Քարվաճառն…
Ինչպէս մնան անյոյս, անճար…
Որոնց տժգոյն թոնիրներէն
Չի բարձրանար հիմա ծիծա՜ղ…
Ծառերն անգամ լո՜ւռ, գլխահակ,
Հագան իսկոյն` շղարշ մռայլ…

Այս րոպէին իմ գրիչէն
Մելանի տեղ կը կաթկթի,
Կը ծոր-ծորի` արիւն ու սուգ`
Երբ կը յիշեմ նահատակուած
Ծաղիկ հասակ քաջ հերոսներն…
Որոնք իրենց հետը տարին,
Տեսակ տեսակ բիւր երազներ,
Դեռ չծաղկած յոյս… ու սէրեր…

Իսկ մայրերը հերոսներուն,
Մայրերն անյոյս, ապերջանիկ,
Հազարաւոր ու բազմանուն,
Նաեւ հարսեր` անբա՜խտ այնքան,
Հագած սեւեր… մոլո՜ր, շուա՜ր
Սիրտերու մէջ կրակ անմար,
Տեսէ՛ք, ինչպէս անոնք հիմա,
Երամ-երամ ու գլխահակ,
Հոգիներու մէջ հազար ցաւ,
Կ՛երթան զգուշ, ուխտատեղի՜
Կ՛երթան տխուր` Եռաբլուր,
Իրենց աղի արցունքներով`
Զովացնելու ու թրջելու`
Ամէն խաչքար ու շիրմաքար…

Օ՜… ո՛չ, երբեք… հայե՛ր, զարթէ՛ք…
Բաւական է մեզի հասած
Հարուածը մեծ.. ապրուած ցա՜ւն…
Մեր գլխերուն իջած կարկուտն,
Ու դարբնուած ամէն մէկ դաւ…

Ուստի, հայեր, ելէք ոտքի՛…
Հնչեցուցէք փո՛ղ սթափի…
Բարձրացուցէք կոչ պայքարի,
Ձեր թմբիրէն ալ արթնցէ՛ք…
Կը բաւէ ձեր երթն անտարբեր…
Ելէ՛ք ոտքի, դարձէ՛ք ալ մէ՜կ…
Դարձէ՛ք մէկ սիրտ ու մէկ հոգի,
Մոռցէ՛ք ամէն հաշիւ, պատրանք…
Տխուր միտքեր ու գաղափար…
Սարդարապատն ըլլայ մեզի`
Իմաստուն դաս, ճիշդ օրինակ..
Մոռցէ՛ք իսկոյն մեզ բաժանող
Ամէն օտար ցուցմունք ու դաւ…
Քանզի օտարն հետամուտ է`
Որ հայն ըլլայ` լոկ հնազանդ…
Մամոնայի ուժով յիմար`
Ըլլայ ստրուկ ու ենթակայ,
Որ կատարէ պատուէր ու կամք…
Մեզ դարձնէ բաժան բաժան,
Դարձնէ մեզ գերի աժան…
Որպէսզի ան շուտ տիրանայ
Հայու ինչքին, ձիրքին թաքուն…
Եւ ձեռքին մէջ իր արիւնոտ,
Հայը դառնայ լոկ խամաճի՜կ,
Հայը դառնայ… գէթ խաղալի՜ք…
Դառնայ նաեւ անյո՜յս, անկա՜ր…
Եւ ուղեղներն հայոց հանճար`
Երիտասարդ ու գեղեցիկ,
Բռնեն ճամբան արտագաղթի,
Երթան հեռո՜ւ… որոնեն բախտ…

Իմ հա՛յ եղբայր, քո՛յր իմ անգին,
Իմ լաւ ընկեր, իմ բարեկամ,
Եթէ հա՛յ ենք… ու հարազատ,
Եկո՛ւր, դառնանք քոյր ու եղբայր…
Եկո՛ւր, իսկոյն մենք թօթափենք,
Ամէն տեսակ արգելք, պատուար…
Եւ ազգովին արհամարհե՛նք
Ամէն մաշող երկի՛ւղ, սարսա՛փ,
Եւ շուտ դառնանք բազուկ երկաթ…
Դառնանք արագ մենք միակամ,
Դառնանք զօրեղ ու միաբան…
Տանք ուս-ուսի, զերթ առիւծնե՛ր…
Վերջ տանք ցաւի, հին մորմոքի,
Երդուենք դառնալ մեր հայրերուն
Ժառանգորդներն արժանաւոր…
Եւ կաթոգին մենք պաշտպանենք
Բուռ մը հողը` այս մինուճար…
Ափ մը հողը մեր սրբազան…
Հայութեան սիրտն յոյժ բաբախուն,
Որ կը կոչուի օրրանն հայուն,
Որ կը կապէ հայերն իրար,
Անքակտելի կապով ամուր,
Հայաստա՜նը մեր սուրբ ու թանկ`
Արարատի վե՛հ շուքին տակ…

Եկո՛ւր, ընկեր, եկո՛ւր, եղբայր,
Եկուր, իմ քոյր, դուն սիրասուն,
Մենք միակամ, միշտ միաբան,
Էջմիածնի հաւատքով սուրբ,
Քալենք զգուշ… ելլենք ճամբայ`
Որ տէր դառնանք մենք վերստին`
Հայ հողերուն յափշտակուած…
Հայ հողերուն մեզմէ խլուած…
Մեր գանձերուն հազարանուն`
Որոնք ընդոստ, մեզ կը սպասեն`
Որպէսզի շունչ առնեն նորէն…
Ժպտի՜ն, ծաղկի՜ն արեւու տակ,
Օր մ՛ալ հրաշք… դառնան դրա՜խտ…
Դառնան գիրկը մեր մայր հողին…

Քաջ հայորդիք, ոտքի՜… յառա՜ջ…
Ժամը հասաւ սուրբ պայքարի,
Ժամանակն է` ալ միանանք…
Սփի՛ւռք, Արցա՛խ ու Հայաստա՜ն,
Մենք նո՛ր բանակ, նոր ո՛ւժ դառնանք…
Միասնական մեր կամքն հզօր,
Ամուր լախտ է հանապազօր`
Որ կը քանդէ ամէն սահման,
Ամէն արգե՜լք… շղթա՜յ, պատուա՜ր,
Սպառնացող ուժեր հազար…

Լոկ այդ պահուն, իմ հա՛յ եղբայր,
Իմ ազնիւ քոյր, հաւատացէք`
Հոգիները նահատակաց
Կը ննջեն լո՜ւռ, խաղա՜ղ, անդո՜րր`
Երբ մենք դառնանք իրապէս ՄԷ՜Կ,
Բարձրաճակատ ու միակամ,
Միախորհո՛ւրդ ու միագո՜յն,
Եւ հայրենի հուրով ուժգին,
Կրկին կրկին մենք կը փարինք
Մեր սուրբ խաչին, ու մեր զէնքին,
Եւ ազգովին կ՛ուխտենք ուժգին`
Ազատագրել արեան գնով`
Մեր դարաւոր Հողերն անգին…
Եւ դրօշը մեր եռագոյն`
Մենք կը պարզենք` կանչով խրոխտ`
Մենք կը պարզենք` տենչով հպարտ,
Կը ծածանենք երգով զուարթ`
Մեզմէ խլուած հողին վրայ`
Բայց այս անգամ` լոկ վճռակա՛ն,
Բայց այս անգամ` ալ վերջնակա՛ն…
Եւ շատ շուտով, հաւատացէ՛ք,
Մենք կը բերենք մեր աշխարհին
Խաղաղութի՜ւն ակնկալուած,
Երջանկութի՜ւն… նոր յո՛յս, արե՛ւ,
Ու անկէ ետք, մեծ ցանկութեամբ,
Ետ կը դառնան` կարաւաններն
Խո՛ւմբ խո՛ւմբ, ուրա՜խ, շարա՜ն-շարա՜ն,
Ու նոյն պահուն, տենչով աշխուժ,
Կը պատնէշուինք, կը դառնանք բե՜րդ,
Կը դառնանք պինդ լեռնաշղթայ…
Կը դառնանք շուտ վահան ամուր,
Ապառաժեայ պատուար հսկայ…
Ու թոյլ չենք տար, որ ոսոխներն
Փորձեն յանկարծ, մտնել մեր հողն…
Այդ ժամանակ հայոց բռունցքն,
Դարձած երկաթ, ամուր պողպատ
Թշնամիին կու տայ ուժգին
Անսպասուած հարուած ու լախտ…

Օ՛ն, եղբայրներ, դառնանք մենք ՄԷ՜Կ…
Մեր դարաւոր իղձն է այս մեծ,
Մեր պապերուն պատգամն է հեզ,
Նահատակաց իղձն է հրկէզ`
– Որ դառնանք մենք` միասնական,
Վճռենք ըլլալ մենք միակամ…
– Երբ բռունցք ենք մենք ազգովի,
Հայը չի գար երբեք ծունկի…

 

 

 

Նախորդը

Պատմական Ճշմարտութիւնը Ժխտողն Ու Ուրացողը Նոյնանման Յանցագործներ Են Հայ Ժողովուրդին Համար…

Յաջորդը

Մխացող Սպիներ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?