ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հայկական ընդդիմութեան վերջին նիւթը այն է, որ յեղափոխութիւնը ժողովրդականութիւն չունի թէ՛ սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդին մօտ: Այս առարկութիւնը ոչ միայն անկարեւոր է, այլեւ անհեթեթութիւն է եւ անիմաստ:
Տարիներ շարունակ վերոյիշեալ բառերը կ՛արտասանուին` առանց ստուգաբանութեան: Անոնք արդէն պղտորած են մարդոց հասկացողութիւնը եւ նոյնիսկ խափանած` անոնց մասնակցութեան պատրաստակամութիւնն ու հետաքրքրութիւնը որեւէ յայտագիրի, ձեռնարկի, ժողովի կամ պարզ ընկերային հանդիպումի, ուր կարելի է այսպիսի նիւթեր արծարծել: Հայ զանգուածները քաղաքականութիւնը ձգած են ուրիշին` կա՛մ օտար գերպետութիւններուն եւ անոնց գործակալներուն, կա՛մ ալ անոնց, որոնք նոյնիսկ չեն գիտեր յօդուածիս վերնագիրին բառերուն տարբերութիւնը:
Այս դարաշրջանի կայծակնային արագութեամբ սփռուող տեղեկութիւններու բարձր եւ աշխուժ ալիքներուն հոսանքին մէջ սակաւաթիւ են այն անձերը, որոնք ունին այն մարզումը (ձիրքը չեմ ըսեր, որովհետեւ այդ կարողութիւնը կարելի է մարզել եւ մշակել աշխատանքով)` գիտական միտքով քննելու եւ վերլուծելու գաղափարները, մտածելակերպերն ու երեւոյթները:
Ուշադի՛ր, խօսքի ազատութեան հասցէին չէ ուղղուած դիտողութիւնս: Անկասկած իւրաքանչիւր անհատ իրաւունքը ունի խօսելու եւ արտայայտուելու: Բայց խոհեմութիւն չ՛ըլլար ամէն մարդու լսել եւ զայն դասել իբրեւ «ստոյգ աղբիւր»: Ատիկա միամտութիւն է, անփորձութիւն, պարզապէս` տգիտութիւն:
Այսպիսի հայեր, հակառակ իրենց ամենագէտ ձեւանալուն, խորքին մէջ Հայկական հարցէն, Հայ դատի իրականութենէն բոլորովին անտեղեակ, այս նիւթերու գաղափարական նրբութիւններուն մասին իրենց թիւր, խառնաշփոթ եւ նեղմիտ մօտեցումներով մեր համայնքներուն մէջ տեւական թոյն կը թափեն ու առիթ կը ստեղծեն համահայկական քայքայման եւ ներքին պառակտումի:
Ես ջանքս կը թափեմ` սփռելու եզակի ճշմարտութիւնը: Մեր ժողովուրդին յեղափոխական սուրբ աշխատանքը չեղաւ ժողովրդական միջոցներով: Հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այպանեց յեղափոխական շարժումը: Հայ զանգուածը կը նախընտրէր մնալ գլուխը կախ, վիզը ծուռ, իսկ քայլերը` թեթեւ: Այպանեցին յեղափոխական արիւնոտ ճամբան, անիծեցին յեղափոխական ղեկավարները, բայց եւ այնպէս վայելեցին անկէ բխած ազատութիւնը: Այպանեցին զինեալ պայքարը, բայց եւ այնպէս վայելեցին անոր շնորհիւ ստեղծուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եւ ապա Հայաստանի Բ. անկախ հանրապետութիւնը, որուն վերանկախացումը կարելի իսկ չէր ըլլար առանց առաջինին:
Սիրելի՛ ընթերցող, մարդ արարածը, մանաւանդ` տկար վիճակի մէջ գտնուողը, կը ջանայ համակերպիլ, գլուխ ծռել, հետեւիլ մեծամասնութեան, նոյնիսկ երբ խորքին մէջ գիտէ, որ կատարուածը սխալ բան է: Ուրեմն ժողովրդականութիւնը այդ մեր փնտռած արքայից արքան չէ: Ան չէ վերջնական վճիռը` ճիշդի եւ սխալի: Ան փոփոխական բան է: Ան տձեւ եւ անպարունակ զրահ մըն է: Չմոռնանք, որ նոյնիսկ Համաշխարհային Բ. պատերազմին հրեաներուն ջարդը իրականացուեցաւ մեծամասնութեան յօժարութեամբ: Համաշխարհային Ա. պատերազմին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւս:
Վերադառնալով մեր նիւթին` նշենք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միայն Միջին Արեւելքի եւ քանի մը քաջազուն հայահոծ միջավայրերու մէջ է, որ վայելած է լուրջ եւ շօշափելի ժողովրդականութիւն: Այլուր` շատ դժուար:
Ուրեմն, յարգելի՛ ընթերցող, բա՛ւ է սպասենք մեծամասնութեան: Բա՛ւ է սպասենք հանրային հաւանութեան: Բա՛ւ է սպասենք երկինքէն սուրբ նշանի մը, որպէսզի որոշենք յառաջ երթալ: Ձեզի ըսեմ գաղտնիք մը. յաճախ որեւէ որոշում, որեւէ քայլ տասնապատիկ շահաբեր է, քան` ոչինչ ընելը, լռութիւնը:
Ուրեմն գնա՛, խորհրդակցէ՛, զրուցէ՛, մարզուէ՛, ուսումնասիրէ՛, դատէ՛, քննարկէ՛ ու ամէնէն կարեւորը` վճռէ՛: Բայց անգամ մը, որ վճռեցիր, վա՜յ որ ետդարձ կատարես որոշումէդ: Իսկ անգամ մը, որ երդուեցար, վա՜յ այն մարդուն, վա՜յ այն հայուն, որ չյաղթէ բոլոր մարտահրաւէրներուն, չծառայէ հայրենիքին, հայութեան եւ չաշխատի ի նպաստ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ու հայութեան:
Քաղաքականացէ՛ք, մտաւորականացէ՛ք, ռամկացէ՛ք, հարստացէ՛ք կամ նոյնիսկ ի հարկին` սնանկացէ՛ք: Յեղափոխականացէ՛ք` յանուն հայութեան, յանուն ազատութեան, յանուն Հայ դատին, յանուն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:
Կ՛ուզէի խօսքս աւարտել «Եւ վերջ» եզրոյթով: Ըսել այս` միանգամայն եւ բոլորին հասկցնելով: Սակայն գիտեմ, որ բաւարար չէ, ուրեմն պատրաստ եմ կրկնելու` մինչեւ համահայկական միասնականութիւն կամ մինչեւ մահ: Նայած, թէ ո՛ր մէկը կը կանխէ միւսը: