Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Ճշմարտութիւնը Ժխտողն Ու Ուրացողը Նոյնանման Յանցագործներ Են Հայ Ժողովուրդին Համար…

Ապրիլ 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Աշխարհի տարբեր ափերու վրայ վերապրող սփիւռքահայութիւնը եւ հայրենի ժողովուրդը կ՛ոգեկոչեն ժամանակակից պատմութեան ամէնէն տխուր էջերէն մէկուն յիշատակը` քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը:

Հարիւր եւ ինը տարիներ մեզ կը հեռացնեն պատմութեան այն ժամանակաշրջանէն, երբ օգտագործելով Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին մեծ պետութիւններու միջեւ խորացող բեւեռացումը, քաջալերուելով կայսերական Գերմանիոյ ռազմական եւ բարոյական նեցուկէն` Երիտասարդ թուրքերը մշակեցին եւ գործադրութեան դրին Արեւմտահայաստանը հայաթափելու, հայ ժողովուրդը ընդմիշտ բնաջնջելու փանթուրանական ծրագիրը:

Հրէշային եղելութիւնները բնութագրող «ցեղասպանութիւն» եզրը տակաւին գոյութիւն չունէր մարդկային բառարանին մէջ… Տարիներ ետք միայն, հրեաներու դէմ հիթլերեան Գերմանիոյ կազմակերպած կոտորածները նկարագրող Ռաֆայէլ Լեմքին, իբրեւ հրէական ցեղասպանութեան նախատիպ, ներկայացուց հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին գործուած ոճիրները: Լեմքինի հաստատումներուն վրայ հիմնուելով` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան որդեգրեց Ցեղասպանութեան ուխտը (1948):

Հարիւր եւ ինը տարիներ անցած են տխրայիշատակ այդ օրերէն: Մեզմէ իւրաքանչիւրս խարան մը ունի իր ճակատին վրայ, պատգամ մը նահատակներէն` շարունակելու ճշմարտութիւնը բացայայտելու պայքարը եւ հատուցում պահանջելու յանցագործէն: Ճիշդ այս պատճառով անհրաժեշտ է ունենալ ռազմավարական միացեալ հայեցակարգ:

Ցեղասպանութեան հետապնդումը կ՛ընդգրկէ կազմակերպչական, քարոզչական, իրաւական եւ, տակաւին, այլազան ոլորտներ: Ցաւ ի սիրտ առ այսօր սփիւռք եւ հայրենիք միասնական պատկերացում չունինք պահանջատիրական պայքարին շուրջ:

Համապարփակ ու ամբողջական կեցուածքի մը բացակայութիւնը զգալի է տարբեր մակարդակներու վրայ եւ գրեթէ ամէնուրեք: Մեզմէ իւրաքանչիւրս ըստ իր հայեցողութեան կը մեկնաբանէ պահանջատիրութիւնը:

Պահանջատիրական մեր պայքարին մէջ սփիւռք եւ հայրենիք պէտք է ներկայանան իբրեւ մէկ ամբողջութիւն:

Այս առիթով կը դատապարտենք Հայոց ցեղասպանութիւնը մոռացութեան աղբանոցը հունաւորելու բազմատեսակ փորձերը, ինչպէս նաեւ` պատմական արդարութիւնը չհասկնալ ձեւացնող ազգակործան պատուհասները:

Պատմական ճշմարտութիւնը ժխտողն ու ուրացողը նոյնանման յանցագործներ են հայ ժողովուրդին համար… Իսկ նահատակներուն անուանացանկը կազմելու ոմանց առաջարկները, փարիսեցիի տարազով թրքական ճնշումներ են պարզապէս:

Մարդկային ինչպիսի՜ հեգնանք… 109-ամեակի այս օրերուն ցեղասպանին դէմ հողային պահանջատիրութեան եւ հատուցումներու սուր ճօճելու փոխարէն` հող կու տանք անյագուրդ թշնամիին…

Ճիշդ վերոյիշեալ զարգացումները Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը թմբիրէն զարթնելու, զգաստութեան հրաւէրի ահազանգ մը մաղթենք, որ դառնայ մեր ազգային կուսակցութիւններուն, մեր բոլոր հասարակական կազմակերպութիւններուն համար: Դէպի ո՞ւր այս անտարբերութիւնը: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք ազգային ռազմավարութեան վերածուած այս կրաւորականութիւնը… Խնդրոյ առարկայ դարձած է մեր ազգային ինքնութիւնը:

Ժամանակն է, որ մէկդի նետենք բիւզանդական վէճերը: Խօսքէն անդին` գործնական քայլեր կը սպասէ ժողովուրդը…

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով եկէք` ուխտենք հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին եւ միասնական ոգիով շարունակել պահանջատիրական պայքարը:

ՅԱՐԳԱՆՔ ՄԵՐ ԲԻՒՐԱՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ:

Նախորդը

Յաջորդը

Կոչ Սթափի… Զարթի՛ր, Լաօ՜

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?