Յօդուածներ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Համազասպ` Ժողովրդական Հերոս.  Ոճրագործ Ոստիկանապետի Ահաբեկում Եւ Թաթար Աւազակաորջերու Մաքրագործում

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Համազասպ` Ժողովրդական Հերոս. Ոճրագործ Ոստիկանապետի Ահաբեկում Եւ Թաթար Աւազակաորջերու Մաքրագործում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը 1905 օգոստոսին, Համազասպի հրամանատարութեան տակ, Ասկերանի մէջ ուժգին հարուած հասցուցին թաթար հրոսակներուն: Շուրջ մէկ շաբաթ տեւած կռիւներէն հայերը դուրս եկան լիակատար յաղթանակով: Ասկերանի կռիւներուն իրենց քաջագործութիւններով անուանի դարձան Մեսրոպ քահանայ Շահիջանեան, Ալեքսան  Տայի, Իսրայէլ Ղուլիքեւխեան, Սերգէյ Բաբայեան, Չարչոնց Երեմեան եւ Աղասի Վերդեան: Ասկերանի յաղթանակը ոգեշնչեց արցախահայութիւնը եւ բարձրացուց անոր մարտական ոգին: Համազասպի հռչակը տարածուեցաւ ամբողջ...

Նամակ Սիամանթոյին

Ոսկեպար

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Ձմրան բուքին, սարերու գրկին, տերեւաթափ եւ սառած` արգասաբեր անտառներու հողին ներքեւ, կը բողբոջին արդէն, յամառ եւ սրտոտ, Գարունը աւետող` ձնծաղիկները առատ, իրենց կորովի՛ կոճղէզները` անխորտա՛կ, ընձիւղներ կը տարածեն, շառաւիղները սփռելով վճռակա՛մ, որ ոսկէ պարով բարձրանան` Աստուածածնի՛ օրհնութեամբ, եւ ճեղքեն տիրող աղջամուղջը, որ գալիքներու տեւակա՛ն փարոս իր լուսէ խաչը դիւցազնի՛, յոռի՛ ճիրաներուն ետին չի խաւարի: Յամառօրէ'ն թող բարձրանա՜ն ձնծաղիկները...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ի՞նչ Տեղի Կ՛ունենայ Վրաստանի Մէջ. Ե՞րբ Մատը Վէրքին Վրայ Պիտի Դնենք Եւ «Օտարերկրեայ Գործակալներու Մասին Օրինագիծ»-ով Մը Ձերբազատինք Օտարին Գործակալ Այս Վարչախումբէն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 3 մայիս 2024-ի լուրերէն էր. «Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի աջակցութիւն յայտնած է Թիֆլիսի մէջ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծ»-ին դէմ բողոքի ցոյցերուն... «Կան բաներ, որոնք դուք պէտք չէ ընէք, հանգիստ ձգեցէ՛ք խորհրդարանի դարպասները... Այդ օրէնքը այնտեղ արդէն երկրորդ ընթերցումով որդեգրուած է, եւ մեր պայքարը կ՛երթայ դէպի (նոր*) ընտրութիւններ, դէպի բոլոր այն օրէնքները, որոնք վերջերս որդեգրուած են այս իշխանութիւններուն...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Դաս Մը` Չըրչիլէն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Հեքիաթ չէ այս գրութիւնը: Իսկ ես հեքիաթ պատմող կամ հեքիաթագիր մը իսկ չեմ: Պարզապէս իրական կեանքէ առնուած դէպք-պատահարի մը մասին են տողերս, որ կը կարծեմ` ընթերցողը կրնան առաջնորդել դէպի խոր մտածում եւ դրական վերլուծում: Այսպէս, Անգլիոյ նախկին վարչապետներէն Ուիսթըն Չըրչիլի կեանքէն դրուագ-միջադէպ մըն է յիշածս, որ մինչեւ հիմա աշխարհի մարդոց բերնին մէջ դարձած է իբրեւ գեղեցիկ եւ դիպուկ...

Վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի Կողմէ Թալէաթի Ահաբեկման 103-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Աստուածները Ուշ Կամ Կանուխ Հաւասարակշռութիւնը Պիտի Վերականգնեն

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Վրէժի թեւաւոր աստուածուհին կը պատժէր բոլոր անոնք, որոնք կը խախտէին բարոյական եւ հասարակական կարգերն ու արժէքները: Նեմեսիսն էր, որուն հարուածներէն կարելի չէր փախուստ տալ: Ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ դիրքը կրնային կասեցնել գործողութիւններուն ընթացքը: Ինչպէս Բ. դարու յոյն բանաստեղծ Մեսոմետեսը պիտի ըսէր «Նեմեսիսը կեանքը հաւասարակշռող եւ արդարութիւնը հաստատողն էր»: 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան մեր հայկական փոթորկոտ իրականութեան մէջ, երբ...

Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական 4-րդ Հաւաքը Վենետիկի Մէջ

Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական 4-րդ Հաւաքը Վենետիկի Մէջ

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը («Եութլինքս Եուրոփ») սկսաւ ուրբաթ, մայիս 3-ին, Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնին մէջ: Հաւաքին  մասնակցեցան` Վիեննայէն, Սպանիայէն, Չեխիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Պոլիսէն 28 երիտասարդներ: Հաւաքին ներկայ եղաւ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Եւրոպայի եւ Եութլինքսի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան: Բացումը կատարուեցաւ «Եութլինքս»-ի պատասխանատու Արա Բարսեղեանի բարի գալուստի խօսքով: Ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի...

Սահմանապահ Գիւղերուն Տէրերը Հայրենիքի Պաշտպաններն Են

Սահմանապահ Գիւղերուն Տէրերը Հայրենիքի Պաշտպաններն Են

Ա. Ա. Նախկին Խորհրդային Միութեան օրերէն ժառանգուած հակամարտութիւն մըն է արցախեան տագնապը, որ ստեղծուած է, որովհետեւ Արցախը արհեստականօրէն կցուած է Ազրպէյճանին: Այս կցումը հետեւանք է խորհրդային քաղաքականութեան, որ կը միտէր Խորհրդային Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութիւնները վերածել իրարմէ կախեալ երկիրներու, որպէսզի ներքին տագնապներու եւ խնդիրներու մէջ մխրճուելով` անոնք մոռնային եւ ժամանակ չունենային Խորհրդային Միութենէն անջատուելու ծրագիրներ մշակելու: Նախկին խորհրդային ժառանգ մըն է...

Հարցազրոյց «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930-ական)» Գիրքի Հեղինակ Խաչատուր Ստեփանեանին Հետ

«Չակնկալիքների Շարժմամբ» Ձեւաւորուող Վերնախաւը Կարող Է Կերտել Նոր Յաղթանակներ

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, Պատմական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսէօր, Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ նրա դասաւանդման մեթոդիկայի ամբիոնի վարիչ Բագրատ սրբազանի կողմից «Չակնկալիքների շարժում» ձեւակերպումը կարող է պետական կառավարման սկզբունք որդեգրելու իւրատեսակ ազդակ հանդիսանալ ապագայ կառավարող վերնախաւի համար: Պարզ է, որ շարժումը պետութեանն ու ազգին կործանումից փրկելու, հասարակութեանը պառակտումից եւ հոգեբանական անկումից դուրս բերելու, արդարութիւն հաստատելու, ընկերային...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.   Մայիսեան Oրերուն… Երեւանեան Ճակատամարտ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մայիսեան Oրերուն… Երեւանեան Ճակատամարտ

Դժուար է ընդունիլը, բայց իրողութիւնը այդպէս է: Այո՛, մայիսեան օրերը հայորդիին համար տարբեր զանգեր կը հնչեցնէին: Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտեր եւ «խենթերու հնար»-ներ: Տասնամեակներ ետք` արցախեան պատերազմ եւ Շուշիի ազատագրում... Եւ տեսէ՛ք, թէ հարիւր, ապա երեսուն տարի ետք, այսօր, որքա՜ն փոխուած է պատկերը: Ամէն  շրջուած է գլխիվայր: Մութ փապուղիին ծայրը լոյս մը կ՛երեւի այսօր: Հայորդին պատառ-պատառ փոքրացող հայրենիքը...

Վասն Աւետեաց Երկրի Տեսիլքին  (Բագրատ Արք. Գալստանեան, Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով, Երեւան, 2023)  Փոխան Գրախօսականի

Վասն Աւետեաց Երկրի Տեսիլքին (Բագրատ Արք. Գալստանեան, Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով, Երեւան, 2023) Փոխան Գրախօսականի

ԳԱՌՆԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. Գ. Գիրքը, ինչպէս զայն բացող «Երկու խօսք»-ին վերնագրութիւնը եւ աւարտը կ՛ըսեն, վասն մեր «Աւետեաց երկիր»-ին է, անոր, որ մեր «յոյսի հայրենիք»-ը եւ «լոյսի հայրենիք»-ը պիտի ըլլայ: Ծանօթ է, որ Յովհ. Թումանեան իր «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութիւնը գրած էր 1915-ին, որ խորհրդանշեց Մեծ Եղեռնը, եւ կամ իրաւական եզրով` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բանաստեղծութիւնը չորս տուներ ունի, եւ երրորդը կ՛աւարտի «Յոյսի՜ հայրենիք/Լոյսի՜...

Պոսթըն` Հայ Մշակոյթի Անմար Փարոսը

Պոսթըն` Հայ Մշակոյթի Անմար Փարոսը

 ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ  «Մշակոյթը` ճանապարհ յաղթանակի»: Այս  պատգամը, զոր տուած է երջանկայիշատակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Բերիոյ թեմ տուած իր անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, 1983-ի ապրիլին, քառասուն տարիներ ետք ակնթարթ մը արթնցաւ ուղեղիս մէջ` Պոսթընի հայկական մշակութային հաստատութիւններ  այցելութեանս առիթով: Պարտուած եւ յուսալքուած հայու հոգեվիճակս պահ մը թթուածին ստացաւ, երբ քառօրեայ արձակուրդով Քոլոմպոսի երկրի Արեւելեան ափը հասայ: Արեւելքի սովորութեամբ, մեր...

Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմունքները

Հայկական Հարցից` Հայ Դատ

ԹԱԹՈՒԼ ՕՀԱՆԵԱՆ Հայութեան թշնամիները, որպէսզի արժէզրկեն եւ ի չիք դարձնեն Հայ դատը եւ չէզոքացնեն նրա համար մղուող պահանջատիրական արդար ու ազնիւ պայքարը, յօրինել են, որ իբր թէ Հայ դատը եւ նրա համար մղուող աննահանջ պայքարը ստեղծել է ՀՅԴ-ն, որպէսզի Հայ դատի անուան ներքոյ ազգամիջեան թշնամութիւն ստեղծելով` արգելք հանդիսանայ տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատման.  դժբախտաբար մեր համայնքներում դեռ կան որոշ միամիտներ, որոնք հաւատալով...

Գոյութենական Հիմնահարցեր

Գոյութենական Հիմնահարցեր

ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ Հայաստան եւ սփիւռք գոյութենական անդունդի եզրին կը գտնուին։ Ներքին պառակտումները Հայաստանի մէջ, սփիւռքի մէջ եւ Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ, ա՛լ աւելի կը վատթարացնեն անդունդի սպառնալիքը: Համաշխարհային հետաքրքրութիւնը հեռաւոր եւ հանքանիւթերով աղքատ Հայաստանի նկատմամբ, լաւագոյն պարագային, սահմանափակ է: Նոյնիսկ ցեղասպանութեան վտանգը կամ անոր գործադրումը լուրջ հետաքրքրութիւն չի կրնար արծարծել՝ վկայ Կազայի մէջ գործադրուող ցեղասպանութիւնը: Եթէ մենք՝ հայերս, չկարենանք դիմակայել...

Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան 200,000 Տոլար Կը Նուիրեն Լիբանանի Ազգային Վարժարաններու Կարիքաւոր Աշակերտներուն

Վկայութիւն Մը` Հանգուցեալ Անի Պէզիքեանի Մասին

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ Շուրջ յիսուն տարիներէ ի վեր ճանչցած ենք տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը: 1975-ին  Լիբանանէն ներս ստեղծուած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով անոնք հաստատուեցան Իտալիա: Նոր միջավայրի ծանր պայմաններուն մէջ իսկ, շնորհիւ իրենց խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու ջանասէր ոգիին, կարճ ժամանակի մը ընթացքին անոնք կրցան վերակազմակերպել թէ՛ իրենց ընտանեկան կեանքը եւ թէ՛ գործը: Պէզիքեան...

Կեանք  Եւ Սէր  (Անի Պէզիքեանի Յիշատակին)

Մայրիկիս

Սիրելի՛ մայր, եւ ինչպէս մենք` հայերս կ՛ըսենք, Սիրելի՛ ՄԱՅՐԻԿ… Ինծի համար դժուար եւ ցաւալի է այսօր հոս ըլլալը... քեզի վերջին հրաժեշտ տալու: Այո՛, քանի որ կան կապեր եւ մարդիկ, որոնցմէ երբեք չես փափաքիր բաժնուիլ… իսկ դուն, անկասկած, այն անձն ես, որմէ ո՛չ ես, ո՛չ մեր ընտանիքի ոեւէ անդամ երբեւէ փափաքած ենք բաժնուիլ, եւ որմէ մենք երբեք ալ պիտի չբաժնուինք: Աշխարհի...

Հուրիկ Թուխանեանի Յիշատակին

Կեանք Եւ Սէր (Անի Պէզիքեանի Յիշատակին)

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Յետմահու գրութիւնները ընդհանրապէս դժուար կ՛ըլլան: Դժուար` այն իմաստով, որ զգացումներդ ու յուզումներդ պէտք է զուսպ մնան, բայց միեւնոյն ատեն արժեւորումէն բան չպակսի: Շաբաթներ առաջ, հեռու` իր ծննդավայրէն եւ երազած հայրենիքէն, հողին յանձնուեցաւ կեանք ու սէր խորհրդանշող անձնաւորութեան մը չարչարուած մարմինը: Վերջին տարիներուն արտակարգ խնամքի ենթարկուած, տարբեր մասնագէտներու հսկողութեամբ կարելի չեղաւ Անի Պէզիքեանին կեանքը երկարել: Կեանք եւ սէր: Անի...

Համազգայինի Պարի «Գայեանէ» Դպրոցի Աշակերտներն Ու «Քնար» Պարախումբը Այս Տարեշրջանի Արգասիքը Պիտի Ներկայացնեն Լիբանանահայութեան

Համազգայինի Պարի «Գայեանէ» Դպրոցի Աշակերտներն Ու «Քնար» Պարախումբը Այս Տարեշրջանի Արգասիքը Պիտի Ներկայացնեն Լիբանանահայութեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ «ԱԶԴԱԿ.».- Համազգայինի «Քնար» պարախումբին ընդհանուր պատկերը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն, անդրադառնանք այն երեւոյթին, որ այս տարի «Քնար»-ը անջատ ելոյթ պիտի ունենայ: Տակաւին կայ նաեւ աշակերտական ելոյթ մըն ալ: ՆՈՐԱՅՐ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ.- Քանի մը տարի ետ եթէ երթանք, վերյիշենք Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամի, «Քորոնա» համաճարակի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն ազդեցութիւնը ընդհանրապէս մեր բոլորին վրայ,...

Համազգայինի Պարի «Գայեանէ» Դպրոցի Աշակերտներն Ու «Քնար» Պարախումբը Այս Տարեշրջանի Արգասիքը Պիտի Ներկայացնեն Լիբանանահայութեան

Համազգայինի Պարի «Գայեանէ» Դպրոցի Աշակերտներն Ու «Քնար» Պարախումբը Այս Տարեշրջանի Արգասիքը Պիտի Ներկայացնեն Լիբանանահայութեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Այս շաբաթավերջին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը լիբանանահայութեան պիտի ներկայացնէ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտներուն ու «Քնար» պարախումբի անդամներուն այս տարեշրջանի արգասիքը` երեք ելոյթներով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հայրենի պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեանի եւ Կարէն Մակինեանի: Նախագահութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, կազմակերպութեամբ «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղին, շաբաթ, 18 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Պարը կեանք...

Մոնա  Լիզայի Նկարուելու Վայրի Առեղծուածը Լուծուած Է, Կը Պնդէ Երկրաբանը

Մոնա Լիզայի Նկարուելու Վայրի Առեղծուածը Լուծուած Է, Կը Պնդէ Երկրաբանը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մոնա Լիզայի մասին բազմաթիւ հրապարակումներ եղած են: Միշտ ալ կարծուած է, թէ ա՛լ ուսումնասիրելիք բան չէ մնացած, նորութիւն մը չկայ, ամէն մանրամասնութիւն ուսումնասիրուած է: Բայց եւ այնպէս, միշտ ալ նորութիւններ ի յայտ եկած են: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը այս առնչութեամբ վերջերս հրապարակած է  հետաքրքրական նիւթեր: Ն. Նկարին կամուրջը, լիճը եւ ժայռերը իսկական են Էնն Պիզորուսօ կ՛ըսէ, որ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Իշխանախումբին Պարտութեան Ցուցանիշները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Տաւուշէն սկիզբ առած շարժումին Երեւան հասնելէն ի վեր, ամէն օր եւ ժամ առ ժամ ապացոյցներ, ցուցանիշներ կ՛երեւին հայրենի երկնակամարին վրայ ու սփիւռքի տարածքին, թէ Փաշինեանի վարչախումբին մօտալուտ պարտութիւնը անխուսափելի է: Արձանագրենք փաստերէն մէկ քանին (միայն մէկ քանին): Ա.- Բողոքի ցոյցերուն կրկնութեան ու ծաւալումին դիմաց, իշխանախումբը (տակաւին) պաշտպանող ոստիկանական ուժերը աւելի՛ մեծ ախորժակով բիրտ ուժի կը դիմեն: Օր մը...

Page 188 of 1110 1 … 187 188 189 … 1,110

Արխիւներ