Բագրատ Արքեպիսկոպոս Կ՛առաջնորդէ Փաշինեանը Հեռացնելու Եւ Հայաստանը Փրկելու Ջանքերը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վերջին շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ շատ բան տեղի ունեցած է` խորապէս ցնցելով ապաշնորհ, անփորձ, պարտուող եւ մոլորեցնող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ պէտք է հրաժարական տուած ըլլար 10 նոյեմբեր 2020-ին, այն օրը, երբ ստորագրեց Ազրպէյճանի հետ անձնատուութեան համաձայնագիրը: Փաշինեան իշխանութեան եկաւ շահագործելով ժողովուրդին դիւրահաւատութիւնը եւ անոր վրդովումը նախկին ղեկավարներու նկատմամբ: Ան յայտարարեց, որ խաղաղութիւն կը բերէ Հայաստանի, քաղաքացիներուն զաւակները...




















