Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Այս շաբաթավերջին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը լիբանանահայութեան պիտի ներկայացնէ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտներուն ու «Քնար» պարախումբի անդամներուն այս տարեշրջանի արգասիքը` երեք ելոյթներով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հայրենի պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեանի եւ Կարէն Մակինեանի:
Նախագահութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, կազմակերպութեամբ «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղին, շաբաթ, 18 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Պարը կեանք է» խորագիրով «Քնար»-ի ելոյթը, իսկ ուրբաթ, 17 մայիսին պիտի կայանայ պարախումբին աշակերտական ցերեկոյթը` նոյն վայրին մէջ:
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար դատախազ Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 19 մայիս 2024-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ «Գայեանէ» պարի դպրոցը պիտի ունենայ իր տարեկան ելոյթը` մասնակցութեամբ պալէի աշակերտներուն եւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին:
Պարի բնագաւառին մէջ Համազգայինին ունեցած ներդրումին, ընդհանրապէս սերունդներու կեանքին մէջ պարի կարեւորութեան, յատկապէս «Գայեանէ» դպրոցին եւ «Քնար» պարախումբին եւ անոնց ունենալիք ելոյթներուն մասին «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց` հայրենի պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեանի եւ Կարէն Մակինեանի, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Նորայր Գարամանուկեանի եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Համազգայինը իր երդիքին տակ համախմբած է տարբեր տարիքի եւ զանազան նախասիրութիւններ ունեցող աշակերտներ, որոնց արուեստի կրթութիւն կը ջամբէ տարբեր բնագաւառներու մէջ: Միշտ ալ յատկանշական է, որ պարարուեստը իր ուրոյն տեղը ունի Համազգայինի մէջ, անոր ելոյթները միշտ ալ սպասուած ու քաջալերուած են: Խօսինք այս երեւոյթին եւ պարի կարեւորութեան մասին:
ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ.- Գիտենք, յաճախ մեր պարուսոյցներն ալ կը կրկնեն, որ պարը կը սորվեցնէ քաղաքավարութիւն, կարգապահութիւն, նաեւ անշուշտ` արուեստ ու մշակոյթ: Հետեւաբար շատ են այն աշակերտներն ու ծնողները, որոնք կը սիրեն այս դպրոցը յաճախել, որովհետեւ հոն հայկական մթնոլորտի մէջ կը սնանին մշակոյթով, արուեստով: Պարը ունի իր իւրայատկութիւնը յատկապէս այն առումով, որ տարեշրջանի աւարտին բոլոր պարախումբերը կ՛ունենան իրենց ելոյթը, որուն ճամբով կը ներկայանան ծնողներուն եւ արուեստասէր հանրութեան` անոնց հրամցնելով տարուան ընթացքին իրենց սորվածին արդիւնքը:
Այս տարի Համազգայինի «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցներու աշակերտութեան թիւը 220 է, անոնք արդէն 8 ամիսներէ ի վեր կը հետեւին պարի դասերու, իսկ այս կիրակի իրենց սորվածէն պատառիկներ պիտի ներկայացնեն հանրութեան: Տարուան սկիզբէն պարուսոյցները, խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը նախատեսած էին, նկատի ունենալով երկրին յարաբերաբար աւելի կայուն պայմանները, անպայման բեմ բարձրացնել աշակերտները, առիթ տալ ծնողներուն տեսնելու իրենց զաւակներուն պարը: Ասկէ մեկնած ալ պարուսոյցները արդէն համապատասխան ծրագիր մշակած ու ի գործ դրած էին: Աշխատանքի լծուած են նաեւ խնամակալութեան ներկայացուցիչներն ու թեքնիք յանձնախումբի անդամները` այս ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու նպատակով:
«Ա.».- Դուք, որ ձեր ամբողջ կեանքը ապրած էք պարով, իսկ աւելի քան 10 տարիէ ի վեր Լիբանանի մէջ տարբեր սերունդներու պար կ՛ուսուցանէք, խօսեցէք մարդու կեանքի մէջ պարի կարեւորութեան մասին, իսկ հայկական պարին` յատկապէս սփիւռքի մէջ ապրող մեր մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Պարը ընդհանրապէս կարեւոր է բոլորին համար, որովհետեւ պարով ապրողներուն ու այս բնագաւառին մէջ հասակ նետողներուն համար պարը կը դառնայ ուղղակի կեանքի իմաստ, ամէն բանի առանցք եւ կեդրոն: Պարը նաեւ շատ կարեւոր է ազգին համար, որովհետեւ ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլայ, աշխարհը քեզ պէտք է ճանչնայ քու արուեստովդ, երաժշտութեամբդ, պարովդ, նկարչութեամբդ, մշակոյթովդ, որովհետեւ անկարելի է մշակոյթը կոտրել, սպաննել կամ ջնջել. առ այդ, անիկա ամէնէն ազդու զէնքն է աշխարհին ներկայանալու, մշակոյթով պէտք է ներկայանալ աշխարհին, ոչ թէ` ծեծելով, զէնքով, բռնութեամբ:
Ես միշտ ալ աշակերտներուն կը բացատրեմ, որ հրելը, վնասելը անընդունելի են, պէտք է ատակ եղողը օգնէ միւսին, որպէսզի ան ալ կարենայ լաւին հասնիլ, եւ միասին մեր մշակոյթին մէջ կայացածի մակարդակի հասնելով` հանրութեան ներկայանանք արուեստի տարբեր բնագաւառներով` լաւին ձգտելով եւ լաւագոյնը տալով:
«Ա.».- Սփիւռքի մէջ աշակերտներուն համար որքա՛ն կարեւոր է հայկական արուեստին տարբեր բնագաւառներուն մէջ ներգրաւուիլը, թէեւ հոս նոյնքան դիւրութիւններ չկան այս իմաստով:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Ճիշդ է, որ լիբանանահայ կեանքին մէջ կարգ մը դժուարութիւններ կան, փորձերը պահանջուած կշռոյթով չեն կրնար ընել, բայց մենք կը փորձենք մեր առաւելագոյնը ընել, յաճախ յաւելեալ փորձեր կը կատարենք: «Քնար»-ն ու «Գայեանէ»-ն միասնաբար այլ նախաձեռնութիւններ կը կատարեն, երբ որ կարելի է, ինչպէս` ֆլեշմոպեր, ձեռնարկներու մասնակցութիւն, բաց դասարաններ, որպէսզի երեխաները աւելի յաճախ բեմ ելլելու առիթ ունենան, կոտրեն այն վախը, որ տարին անգամ մը բեմ պիտի բարձրանան, նաեւ տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս հանրութիւնը կը հետեւի իրենց, կը հակազդէ եւ այլն: Տնօրէնութեան հետ կը փորձենք աշակերտներուն համար յաւելեալ առիթներ ստեղծել` հանրութեան ներկայանալու: Կարեւոր են նաեւ «Քնար» պարախումբին հետ «Գայեանէ» դպրոցի աշակերտներուն միացեալ աշխատանքներն ու հանդիպումները, որպէսզի փոքրերը գիտնան, թէ իրենք ո՛ւր պիտի հասնին, եթէ այս ուղին շարունակեն, ինչո՛ւ պարի դասընթացքներու կը հետեւին:
ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ.- Այս տարի Շրջանային վարչութիւնը եւ խնամակալութիւնը մեր բոլոր աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն նիւթը ընտրած է Արցախը: Պարի ճամբով ալ այդ մէկը պիտի արտայայտուի:
Նշեմ, որ մեր կազմակերպած ֆլեշմոպերը Համազգայինը հանրութեան ներկայացնելու ալ առիթներ են, ժողովուրդին հետ արուեստի ճամբով կապ հաստատելու, եւ անոնք առիթին համաձայն կը բեմադրուին:
«Գայեանէ» պարի դպրոցի եւ պալէի դասարաններուն բաց դասարաններն ալ օգնեցին աշակերտներուն, որ վարժուին բեմին ու հանրութեան, աւելի զինուած ձեւով պատրաստ ըլլան իրենց եզրափակիչ հիմնական ելոյթին: Ասոնք նաեւ կարեւոր են` ծնողներուն ծանօթացնելու ի գործ դրուած կրթական ծրագիրը, դասարանին մէջ 8 ամիսներու տարուած աշխատանքը:
«Ա.».- Այս առումով, արժէ խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով Համազգայինի կազմակերպած գեղարուեստական ճոխ յայտագիրին «Քնար»-ի եւ «Գայեանէ»-ի կարգ մը պարողներու մասնակցութեան մասին, ինչ որ հաւանաբար իրենց ինքնավստահութիւնը ամրապնդելու առիթ եղաւ:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Վստահաբար ասիկա շատ լաւ է աշակերտներուն համար, մանաւանդ որ հոս` Լիբանանի մէջ, դժուար է յաճախ առիթներ ստեղծել պար դիտելու, թերեւս հիմնականօրէն ընկերային ցանցերու ճամբով կ՛ըլլայ ատիկա: Ոչ միայն պար, այլ արուեստի տարբեր բնագաւառներ ներառող այդ ճոխ յայտագիրին աշակերտներուն մասնակցութիւնը կարեւոր էր այն առումով, որ իրենք հասկցան, թէ իրենց ըրածը մէկ մասնիկն է ընդհանուր մշակոյթին, ինչ որ ոգեւորիչ է իրենց համար: Իսկ ծնողներու պարագային, երբ եկան ու դիտեցին իրենց զաւակները, առաւել եւս զգացին պարին ու մշակոյթին կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր աշակերտի կեանքին ու առօրեային մէջ:
Պարը ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլ հոգեպէս ալ կը դաստիարակէ մարդը: Կը կարծեմ, որ պար սորվողն ու անոր հետեւողը, նաեւ արուեստի հետ ընդհանրապէս կապ ունեցողը աւելի կիրթ, աւելի բարեկեցիկ, զիջող, հասարակութեան համար աւելի պիտանի անձ կը դառնայ:
Ես շատ կը սիրեմ եւ կարեւոր կը նկատեմ այն պարերու բաժինները, երբ մեծերն ու փոքրերը միասին կը պարեն, ինչպէս եղաւ 24 ապրիլի ձեռնարկին, ատիկա ոչ թէ իբրեւ պատկեր խօսուն է, այլ երբ մանուկները կը տեսնեն իրենց կողքի երիտասարդները, իրենց մէջ երազանք կը յառաջանայ անոնց նմանելու: Առողջ մրցակցութիւն մը կը ծնի փոքրերուն մէջ եւ դրական արդիւնք կու տայ:
«Ա.».- Ամբողջ տարեշրջանի մը փորձերէ ու աշխատանքէ ետք «Գայեանէ»-ի աշակերտները 19 մայիսին պիտի ներկայանան հանրութեան: Խօսինք խումբերու ընդհանուր պատկերին մասին, եւ թէ անոնք ինչպէ՛ս կը պատրաստուին ելոյթին:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» զոյգ կեդրոններուն մէջ կան 11 ընդհանուր դասարաններ` տարիքային բաժանումներով, եւ ոչ թէ՛ հետեւած տարիներուն, որովհետեւ իւրաքանչիւր տարիք ունի պարելու իրեն յատուկ ձեւն ու մարմնի կազմաւորումը: Ասիկա մասնագիտական ձեւն է բաժանումի եւ առիթ կու տայ քիչ մը մեծ տարիքին ալ պարելու հանդէպ փափաք ունեցողներուն միանալու այս դպրոցներուն:
Այս տարի բոլոր տարիքի աշակերտները բեմ պիտի բարձրանան, բացի անոնցմէ, որոնք շատ ուշ միացան մեզի եւ չհասան սորվելու մատուցուելիք պարերը, որովհետեւ մենք սկիզբէն իսկ օրէնք դրինք, որ լաւ կամ նուազ լաւ պարողներն անգամ պիտի մասնակցին տարեշրջանի եզրափակիչ ելոյթին (խորքին մէջ ալ վատ պարողներ չկան, այլ կան ոմանք, որոնք ուշ կ՛ըմբռնեն ու քայլ կը պահեն, իսկ մեր պարտականութիւնն է բոլորը լաւին հասցնել), եթէ հետեւողական կերպով ներկայանան փորձերուն, իսկ անոնք, որոնք շատ ուշ միացան մեզի, պիտի չկարենան մասնակցիլ:
Յայտագիրը բաւական ճոխ է, տիրական են հայկական պարերը, բայց կան նաեւ կարգ մը օտար պարեր, իւրաքանչիւր դասարան հանդէս պիտի գայ պարով մը, որպէսզի յայտագիրը բազմազան ըլլայ, նաեւ հայ աշակերտին առիթ տրուի այլ մշակոյթներու եւս ծանօթանալու:
Պէտք է ըսել, որ թէեւ աշակերտները մէկ կամ երկու պարով պիտի ներկայանան արուեստասէրներուն, բայց իրենք ամբողջ տարեշրջան մը միայն այդ պարերը չեն սորվիր բնականաբար: Դասարանին մէջ աշակերտները սկիզբը մարմնական յատուկ վարժութիւններ կ՛ընեն, դասական պարի հիմնական շարժումներ կը կատարեն, ձեռքի-ոտքի դիրքերը կը սորվին: Տարուան սկիզբը իւրաքանչիւր դասարանի համար կրթական ծրագիր մը կը ճշդենք եւ անոր համապատասխան կը գործենք:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Ուրախութեամբ ըսեմ, որ այս տարի ելոյթին մէկ պարով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն պալէի չորս տարիքային դասարաններու 22 աշակերտները: Որոշեցինք, որ այս տարի անպայման անոնք եւս միւս աշակերտներուն հետ բեմ բարձրանալու առիթ ունենան եւ այդ փորձառութիւնը ապրին:
«Ա.».- Պարը թէեւ մշակոյթ է, սակայն աշակերտները զայն իբրեւ նախասիրութիւն ընտրած են, բայց արդիւնքի հասնելու համար կարեւոր են հետեւողականութիւնն ու կարգապահութիւնը: Որքանո՞վ կարեւոր են ասոնք դպրոցի շարունակականութիւնը ապահովելու եւ սերունդները «Քնար» պարախումբին հասցնելու առումով:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Շատ կարեւոր է երեխաներուն սորվեցնել քաղաքավարութեան հիմնական օրէնքները, որովհետեւ այս կառոյցը ի վերջոյ դպրոց է: Ան պէտք է գիտնայ, որ երբ ուշանայ, պէտք է դուռը թակէ, ներողութիւն խնդրէ, երաժշտութեան պահուն չմտնէ սրահ, այլ սպասէ, որ կանգ առնէ, ապա մտնէ: Երեխաներուն կարգ ու կանոնը օգտակար կ՛ըլլան ոչ միայն արուեստի բնագաւառին մէջ, այլ` ընդհանրապէս կեանքի մէջ, եւ ժամանակի ընթացքին անոնք կը հասկնան, որ մեր սորվեցուցածը իրենց օգտին համար է: Ի վերջոյ, մենք ընտանիք ենք, հայր ու մայր ենք իրենց համար, կը փորձենք ընել այնպէս, որ իրենք աւելի ամուր ըլլան, ինքնավստահ, կանոնաւոր, լաւ մարդիկ: Իսկ կարգապահութիւնը երբ կը սկսի փոքր տարիքէն, կը շարունակուի եւ կը վերածուի սովորական կենցաղի, այդպիսով կարգապահութիւն հետապնդելու փոխարէն` մենք յաւելեալ ժամանակ ու առիթ կ՛ունենանք նոր ու աւելի շատ բաներ սորվեցնելու մեր աշակերտներուն: Այս ձեւով ալ դասարանէ դասարան կը բարձրանան աշակերտները, կը հետեւին պարերու տարբեր ծրագիրներու եւ կը հասնին «Քնար»` պէտք եղած հմտութիւնները ամրապնդելէ ետք:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Հետաքրքրական եւ կարեւոր էր, որ «Քնար»-ի պարողները այս տարի ուրախութեամբ ընդառաջեցին մեր առաջարկին` օգնելու փոքրերուն, քուլիսներու ետին անոնց հոգատարութիւնը ստանձնելու, այլ խօսքով` Համազգայինի մէկ ընտանիքին մաս կազմելու գաղափարը շօշափելի դարձնելու: Միւս կողմէ` կայ այն, որ երբ մանուկներն ու պատանիները կը տեսնեն, թէ «Քնար»-ականները եւս կարգ ու կանոն ունին, մեր հրահանգներուն կ՛ենթարկուին, նկատողութիւններուն ականջ կու տան, կը գիտակցին, որ ատիկա բոլորին համար կը կիրարկուի եւ աւելի լաւին հասնելու կը ծառայէ:
«Ա.».- Պարի մէջ տաղանդը իր տեղը ունի, սակայն կան աշակերտներ, որոնք յատկանշական տաղանդ չունենալով հանդերձ, ունին հետեւողականութիւն, աշխատասիրութիւն: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, տաղանդաւո՞րն է, որ միայն պէտք է շարունակէ, թէ՞ միւսներուն եւս պէտք է առիթ տալ ու աշխատանք տանիլ անոնց հետ:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Տաղանդաւոր ըլլալը շատ լաւ բան է, սակայն պարտադիր չէ: Այսօր մեր դպրոցները յաճախողներէն քանի մը հոգին եթէ իրենց կեանքի իբրեւ մասնագիտութիւն ընտրեն պարը, արդէն շատ լաւ արդիւնք է, բայց բոլորէն չենք ունենար այդ ակնկալութիւնը: Պարտադիր է, որ պարի դասերուն գան նախեւառաջ իրենց մարմնին համար, որովհետեւ առողջութեան առումով կարեւոր է ֆիզիքական շարժումը, իսկ աղջիկներուն տեսքը, թէկուզ քանի մը տարի եթէ պարի հետեւին, լրիւ կը փոխուի, անոնց մարմնին վրայ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ պարը:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Իրականութիւն է, որ տաղանդով օժտուածին եւ միւսին միջեւ տարբերութիւն ըլլայ, սակայն աշխատանքը մեծ դերակատարութիւն ունի այս առումով: Սկիզբը երեխան կրնայ չսիրել, յուսահատութեան նշաններ ցոյց տալ, բայց եթէ կարենանք պահել զայն, քաջալերել, մղել, ան կը շարունակէ եւ վերջաւորութեան թերեւս բոլորէն ալ աւելի լաւ արդիւնքի կը հասնի: Նոյնն է պարագան տաղանդաւորին, որ եթէ ծուլանայ, հետեւողականութիւն չպահէ, ինքնաբերաբար կը նահանջէ: Աշխատանքը մեծ դեր ունի` թէ՛ աշակերտին կողմէ, եւ թէ՛ ուսուցիչին:
(Շար. 1)