Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրիկիս

Մայիս 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ մայր,

եւ ինչպէս մենք` հայերս կ՛ըսենք,

Սիրելի՛ ՄԱՅՐԻԿ…

Ինծի համար դժուար եւ ցաւալի է այսօր հոս ըլլալը… քեզի վերջին հրաժեշտ տալու:

Այո՛, քանի որ կան կապեր եւ մարդիկ, որոնցմէ երբեք չես փափաքիր բաժնուիլ… իսկ դուն, անկասկած, այն անձն ես, որմէ ո՛չ ես, ո՛չ մեր ընտանիքի ոեւէ անդամ երբեւէ փափաքած ենք բաժնուիլ, եւ որմէ մենք երբեք ալ պիտի չբաժնուինք:

Աշխարհի մէջ ոչինչ կայ, ո՛չ մէկ ողբերգութիւն, ո՛չ մէկ պատերազմ, ո՛չ մէկ հիւանդութիւն կամ ուժ, որ կրնայ բաժնել մեր սրտերը, մեր սէրը, մեր յարգանքը եւ խզել այն յաւերժական կապը, որ մեզ յաւերժ կը պահէ միասնական, գրկուած եւ իրարու փաթթուած:

Մարտ 28-ին կէսօրուան ժամը 12:18-ին դուն որոշեցիր մեզմէ ֆիզիքապէս հեռանալ, 11 տարի առիւծի նման հիւանդութեանդ դէմ պայքարելէ ետք, բայց հաւանաբար միակ նպատակ ունենալով տառապանքը դադրեցնել, բոլորէն անդին` մե՛ր տառապանքը դադրեցնել, մենք, որ միշտ քու կողքիդ էինք իւրաքանչիւր պայքարիդ, այն պատերազմին ընթացքին, զոր դուն երկար ատեն դիմագրաւեցիր: Միասին պայքարեցանք, քանի որ միասին ըլլալը եւ երբեք չյանձնուիլը մեր ընտանիքին եւ իւրաքանչիւր ՊԷԶԻՔԵԱՆ-ի հիմնական երկու արժէքներն են:

Դուն սպասեցիր այն միակ պահուն, երբ ես եւ հայրիկը հեռացանք քեզմէ 10 վայրկեանով, բայց ընտրեցիր այն պահը, երբ քու կողքիդ էր քու շատ պաշտած եւ սիրած թոռնիկդ` ԱՆԻՆ, որ քու անկողինիդ կողքին` բռնած էր քու ձեռքդ, զգաց, որ սիրտդ աստիճանաբար կը դանդաղի, իսկ յետոյ կը զարնէ իր վերջին զարկը իր մատներուն տակ, որոնք բռնած էին դաստակդ:

Դուն հեռացար այսպէս, միայն ֆիզիքապէս, փափկանկատութեամբ ու արժանապատուութեամբ, նոյն արժանապատուութիւնը, որ միշտ բնորոշած է քեզ քու իւրաքանչիւր շարժումիդ մէջ:

Դուն այն ՄԱՅՐԻԿՆ ես, որ 79 տարի ապրեցաւ` մտածելով բացառապէս ուրիշներու մասին…

Դուն այն դուստրն էիր, որ միշտ քու ծնողներդ հպարտացուցիր քեզմով, կին եւ կեանքի ընկեր, որ հայրիկը դարձուց աշխարհի ամէնէն հպարտ մարդը` ՔԵԶՄՈՎ, զինք սիրելով, հոգ տանելով, զինք խնամելով աւելի քան 60 տարի` նուիրումով, սիրով, նուիրուածութեամբ, աշխատասիրութեամբ, կորովով եւ ուշադրութեամբ, երեւակայելի որեւէ սահմաններէ անդին:

Դուն արտասովոր մայր էիր, միշտ հոգատար ու ուշադիր, ունակ` քու ամբողջ վճռակամութեամբդ եւ անսպառ սիրով լեցնելու ամէն դատարկութիւն եւ լոյս ու գոյն տալու ամէն մութ պահի, մեզ սիրելու քու անհուն սիրովդ եւ անընդհատ մայրական զգացում ցուցաբերելով:

Դուն կատարեալ մեծ մայր էիր, որ աննկարագրելի, միշտ յուզումնախառն կը սիրէր քու «մեծ-փոքր» ԱՆԻՆ:

Բաւարար էր միայն նշել անոր անունը կամ ըսել «թոռնիկ» բառը, որպէսզի անմիջապէս աչքերուդ մէջ արցունքներ յայտնուին:

Նոյնիսկ կաթուածը եւ կործանարար հիւանդութիւնը, որ նոյնպէս վնասած էր քու գլուխդ անցեալ տարի, չյաջողեցան խանգարել քեզ` ուժ գտնելու, ժպտելու Անիին ամէն անգամ, երբ զինք տեսնէիր, նոյնիսկ այն ատեն, երբ քու այդ շատ հիւանդ փոքր գլուխէդ ոչ մէկ ազդանշան դուրս կու գար: Դուն դրսեւորեցիր խիղճ, վճռակամութիւն եւ հաստատակամութիւն, երբեք անձնատուր չըլլալով` մղուած քու մայրական պատասխանատուութենէդ եւ միշտ ներկայ ու օրինակելի կնոջ զգացումով:

Դուն յաջողեցար մէկ կողմ դնել քու սովորական վախերդ, նկատի ունիմ այն վախերը, որոնք կապուած են քու ծնողքիդ կրած ծանր հիւանդութիւններուն, անհաւատալի եւ աննկարագրելի ներքին ուժով դիմագրաւելով երկարատեւ հիւանդութիւնդ, մնալով պայծառամիտ, ուժեղ եւ վճռական, նոյնիսկ իւրաքանչիւր «վճիռի» պարագային, հաւանաբար պայքարը շարունակելու եւ ամէն նոր ճակատամարտի մէջ յաղթելու ցանկութեամբ` մնալու հոս մեզի համար եւ մեզի հետ:

Դուն կարողացար մեզի շատ բան սորվեցնել, նոյնիսկ Հիլտեպրանտի մէջ անցուցած այս վերջին երկար եւ շատ պահանջկոտ գրեթէ 7 ամիսներու ընթացքին, մինչեւ 15 մարտին սիրելի տունդ վերադառնալդ:

Դուն ունէիր քու շրջապատիդ սէրը, քանի որ կեանքի մէջ ուշ կամ կանուխ միշտ կը հնձես այն, որ ցանած ես: Այո՛, քանի որ դուն արժեւորած ես քու կեանքդ սերմանելով եւ առաջին հերթին օգնելով անոնց, որոնք մեզմէ աւելի քիչ բախտաւոր եղած են… Ես չեմ թուեր այն բոլորը, զոր ըրած ես եւ քու իրականացուցած բազմաթիւ ծրագիրներդ, քանի որ քու կամքդ միշտ եղած է ընել ամէն բան` պահպանելով հնարաւոր մեծագոյն անանունութիւնը… բայց այսօր եւ հազարաւոր ու հազարաւոր մարդոց անունով կ՛ուզենք ըսել` ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻ՛ՒՆ… ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ, որ մտածած ես բոլորին մասին:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻ՛ՒՆ` նախ եւ առաջ կեանքի օրինակ ըլլալու համար, ոգեշնչում եւ սովորական ուղեցոյց` հայրիկին, ձեր երկու զաւակներուն եւ մեր ԱՆԻԻՆ համար:

Ոչինչ պիտի կարողանայ լեցնել քու ֆիզիքական բացակայութեամբդ ստեղծուած դատարկութիւնը,  ինչպէս որ ոչինչ պիտի կարողանայ փոխարինել  քաղցր ժպիտդ կամ քնքուշ ձայնդ, որ ամէն առաւօտ, ուր ալ ըլլայի, լսելի կը դառնար պարզապէս ինծի հարցնելու համար.  «Լա՞ւ ես, լաւ քնացա՞ծ ես», կամ ըսելու` «Յաջողութի՛ն, սիրելիս, դանդաղ քշէ՛ եւ միշտ հոգ տար դուն քեզի…»:

Այս իմս էր եւ իմս պիտի մնայ` մեր ՄԱՅՐԻԿԸ:

Ոչ մէկ կերակուր այլեւս նոյն համը կ՛ունենայ, քանի որ այն բաղադրիչները, որոնք իւրաքանչիւր համ իւրայատուկ դարձուցած են, կը բացակային քու սիրելի խոհանոցէդ… ոչ այնքան անոնք, զորս դուն բերած ես ձեր սիրելի Լիբանանէն կամ աշխարհի որեւէ կէտէն, պարզապէս ունենալու համար այն, որ  կ՛ուզէիր գործածել, այլ` այն գաղտնի բաղադրիչը, որ դուն կը տանիս քեզի հետ…

Քու ձեռքովդ պատրաստած այն համեմները, զորս դուն փոխանցեցիր` կեանքի համեմը, այն սիրոյ համեմը, զետեղեցիր քու պատրաստած ամէն բանի մէջ, նաեւ հայրիկը երբեք չզրկեցիր միջին հաշուով  առնուազն 10 «Ալեքքօ»-է, իւրաքանչիւր ճաշի ատեն. «Ալեքքօ՛, ա՛լ մի ուտեր… Ալեքքօ՛, վերջ… Ալեքքօ՛, կը բաւէ…»:

Մեր մեծահոգի Ալեքքոն կը կարօտնայ այս բոլորը, բայց ինչպէս դուն վերջերս ինձմէ  խնդրեցիր խոստանալ քեզի, որ ես նոյնպէս խնամեմ հայրիկը եւ գուրգուրամ անոր, որքան որ կրնամ… այո՛, որովհետեւ քու մեծագոյն մտահոգութիւնդ այն էր, թէ «ի՞նչ կ՛ընէ  հայրիկը առանց ինծի»:

Սիրելի՛ ՄԱՅՐԻԿ, հիմա եկած է ժամանակը, որ վերջապէս մտածես քու մասիդ, հանգչիս խաղաղութեամբ եւ չանհանգստանաս բոլորիս համար:

Քեզի նման ՄԱՅՐԻԿԸ իրականութեան մէջ երբեք չի հեռանար:

Դուն յաւերժ կը մնաս մեր մէջ` քու անսահման սորվեցուցածներուդ եւ այն բազմաթիւ յիշատակներուն ճամբով, որոնք միասին կերտած ենք մեր կեանքին ընթացքին:

Երկար տարիներ Լիբանան, Իտալիա եւ ապա այստեղ` Զուիցերիա, ուր որ միասին ապրած ենք,  հոն կը մնայ քու անջնջելի յիշատակդ… Քեզ կը կարօտնան շատերը, բայց ամէնէն առաջ կը կարօտնայ մեր սիրելի ժողովուրդը…

Դուն այլեւս պէտք չես ունենար մտահոգուելու որեւէ բանի համար, քանի որ քու անունդ կրող անձը` մեր փոքր-մեծ ԱՆԻՆ, կը շարունակէ իրականացնել իւրաքանչիւր երազ, ծրագիր, նախ եւ առաջ իրեն համար, մեր ընտանիքին, մեր ժողովուրդին, բայց նաեւ` քու անունովդ եւ քու կամքովդ:

ՄԱՅՐԻ՛Կ,

Շնորհակալութի՛ւն` գոյութիւն ունենալուդ համար…

Շնորհակալութի՛ւն` գոյութիւն ունենալուդ համար…

Շնորհակալութի՛ւն, որովհետեւ ուր որ ըլլաս, դուն կը շարունակես գոյութիւն ունենալ եւ կ՛ըլլաս յաւերժ:

Մեր սրտէն կտոր մը թռաւ քեզի հետ, բայց օր մը մենք դարձեալ կը գտնենք զայն եւ կրկին միասին կ՛ըլլանք, քանի որ այսօր ոչինչ կը մարի, այլ նոր հարթութիւն կը լուսաւորուի:

Ես հպարտօրէն կը յարգեմ մեր արմատները:

Սիրով կը յիշեմ մեր նախնիները:

ՈՐԴԻԴ`
ԶԱՐԵՀ ՊԷԶԻՔԵԱՆ

 

Նախորդը

Կեանք Եւ Սէր (Անի Պէզիքեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Վկայութիւն Մը` Հանգուցեալ Անի Պէզիքեանի Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?