Ձմրան բուքին,
սարերու գրկին,
տերեւաթափ եւ սառած`
արգասաբեր անտառներու
հողին ներքեւ,
կը բողբոջին արդէն,
յամառ եւ սրտոտ,
Գարունը աւետող`
ձնծաղիկները առատ,
իրենց կորովի՛ կոճղէզները` անխորտա՛կ,
ընձիւղներ կը տարածեն,
շառաւիղները սփռելով
վճռակա՛մ,
որ ոսկէ պարով բարձրանան`
Աստուածածնի՛ օրհնութեամբ,
եւ ճեղքեն տիրող աղջամուղջը,
որ գալիքներու տեւակա՛ն փարոս
իր լուսէ խաչը դիւցազնի՛,
յոռի՛ ճիրաներուն ետին չի խաւարի:
Յամառօրէ’ն թող բարձրանա՜ն
ձնծաղիկները յաւէտ,
Ոսկէ՛ պարով,
շողո՛ւն եւ հպա՛րտ,
հողէն բնի՛կ
հողէն հարազա՛տ,
ի հեճուկս ամպրոպներու`
մի՛շտ անկա՜խ,
մի՛շտ ազա՛տ:



