ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Ազդակ»-ի 3 մայիս 2024-ի լուրերէն էր. «Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի աջակցութիւն յայտնած է Թիֆլիսի մէջ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծ»-ին դէմ բողոքի ցոյցերուն… «Կան բաներ, որոնք դուք պէտք չէ ընէք, հանգիստ ձգեցէ՛ք խորհրդարանի դարպասները… Այդ օրէնքը այնտեղ արդէն երկրորդ ընթերցումով որդեգրուած է, եւ մեր պայքարը կ՛երթայ դէպի (նոր*) ընտրութիւններ, դէպի բոլոր այն օրէնքները, որոնք վերջերս որդեգրուած են այս իշխանութիւններուն կողմէ եւ մեզ կը հեռացնեն եւրոպական ուղիէն», ըսած է (ի՛նքն ալ դժգոհ*) Զուրապիշվիլի:

«Վրաստանի մէջ բողոքի ցոյցերուն պատճառ դարձած է «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքին քննարկումը: Վրացական ընդդիմութիւնը նախագիծը կոչած է «օտարերկրեայ գործակալներու մասին ռուսական օրէնքին համարժէքը»: Խորհրդարանը 1 մայիսին 83 թեր եւ 23 դէմ քուէներով երկրորդ ընթերցումով ընդունած էր օրինագիծը» (1):
Ի՞նչ է «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը:
«Օրէնքին նախագիծը պաշտօնապէս ուղղուած է դուրսէն դրամական հոսքերու բացայայտումին: Առաջարկուող օրէնսդրութիւնը կը նախատեսէ, որ կազմակերպութիւններ, ինչպիսիք են լրատուամիջոցները եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները` ՈԿԿ, NGO, պէտք է դասակարգուին իբրեւ «օտարերկրեայ գործակալներ», եթէ անոնց հասոյթին աւելի քան 20 տոկոսը արտերկրէն է: Շատ տրամաբանական եւ ազգային շահերը եւ հաւատարմութիւնը պաշտպանող օրինագիծ է այս: Ուրեմն այս բողոքը ինչո՞ւ է… Քանի որ ոմանց համար դրամական եկամուտը կը գերադասուի ազգային արժէքներէն ու արժանապատուութենէն` նախնտրելով օտարին ծառայելու վարքագիծը:
Վրաստանի մէջ նախագահ Շեւարտնածէի օրերէն` 1991, Ճորճ Սորոսի եւ այլ օտար ՈԿԿ-ներ ու աղանդներ մուտք գործած եւ հաստատուած են Վրաստանի մէջ, եւ այժմ գրանցուածներուն թիւը իր բնակչութեան համեմատած` կոտրած է մրցանիշը, աշխարհի ամենաբարձր թիւը ունի` 27157 ՈԿԿ-ներ, այսինքն` շուրջ 150 վրացիի համար մէկ ՈԿԿ… Իսկ օրէնքով ՈԿԿ արձանագրելու պայմանն է նուազագոյնը երկու անձի դիմումը, ուրեմն, առնուազն 54 հազար եւ իրենց ընտանիքներն ալ հաշուելով շուրջ քառորդ միլիոն վրացիներու եկամուտը ուղղակի օտարէն կախեալ է: Ահաւասիկ Արեւմուտքին կողմէ երկրի մը մէջ թափանցումի յստակ մէկ նմուշը` Վրաստանը: Անոր համար ալ, այս օրերուս արեւմտեան լրատուամիջոցները ցուցարարներուն նման, թերեւս ալ` աւելի՛ ուժգին, յարձակում կը գործեն Վրաստանի «ազգայնականութիւն» վերականգնել փորձող այս կառավարութեան դէմ…
Երբ Շեւարտնածէի (Վրաստանի առաջին նախագահ*) արդարադատութեան նախկին նախարար Միխայիլ Սաակաշվիլին զայն պաշտօնանկ ըրաւ «Վարդերու յեղափոխութեամբ», ՈԿԿ-ներու` հասարակական կազմակերպութիւններու մասնագէտներն էին, որոնք արագօրէն գրաւեցին պետական բոլոր բարձր պաշտօնները: Երկրի քաղաքականութեան բեմը լայնօրէն բաց էր որեւէ եւ բոլոր արտաքին օժանդակութիւններու, աղանդներուն եւ «բարեփոխումներու» փորձերուն համար:
Յստակ է, որ Վրաստանի մէջ Արեւմուտքին սարքած 2003-ի «Վարդերու յեղափոխութիւն»-ը այս հազարաւոր` ընդհանրապէս միջին դասակարգի երիտասարդ եւ համալսարանական վրացիներուն կողմէ իրականացաւ: Ճիշդ նոյն միջոցներով նաեւ Հայաստանի կործանարար եւ սուտ խոստումներու, այսպէս կոչուած, «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը սարքուեցաւ եւ պետական բոլոր բարձր պաշտօնները գրաւուեցան անփորձ ու ապազգային ենթահողով, օտարին մարզած ու ծառայող, անոնցմէ կախեալ ՈԿԿ-ներու անդամներով: Այս մասին անդրադարձ կատարած էի 2 սեպտեմբեր 2022-ին «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» Եւ «Գունաւոր յեղափոխութիւններ»-ը Ինչպէ՞ս կազմակերպուեցան Դ. ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները` NGO (2):
Թէ ինչո՞ւ այսքան բուռն է վրացիներուն բողոքը, կը յստականայ ՈԿԿ-ներու ստացած նիւթական վարձատրութեան գումարին մեծութենէն: Ստորեւ Սելըրի էքսփլորըր (Salary Explorer) կայքէջէն բաղդատական ցուցակ մը կազմեցի վրացական (3) եւ (4) հայկական ՈԿԿ-ներու թոշակներէն: Պէտք է աւելցնել, որ ուսման մակարդակի եւ տարիներու փորձառութեան համաձայն, այս վճարումները կ՛աւելնան: Յաւելեալ տեղեկութիւնները նշուած են կայքէջերուն մէջ, ուր վրացականը աւելի բարձր է եւ շատ աւելի մանրամասն, կը նշէ ՈԿԿ-ի 50 տեսակի պաշտօնեաներու վարձատրութիւնը:
Հետաքրքրական է, որ Հայաստանի մէջ «Կառուցողական երկխօսութեան յանձնառութիւն» ծրագիրը` ՈԿԿ մը, «Իրաւաբաններու հայկական միութիւն»-ը, որ կը տնտեսուի Եւրոպական Միութեան կողմէ, կը դիւրացնէ Հայաստանի մէջ ՈԿԿ հիմնելու եւ գործունէութիւն ծաւալելու միջոցները. «100 հարց ու պատասխան հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ», իր պատրաստած մանրամասն ուղեցոյցին միջոցով (5)…

Պէտք է նշել, որ կարգ մը բարեսիրական ՈԿԿ-ներու անդամներ մի՛այն նիւթական շահու աղբիւր չեն նկատեր իրենց աշխատանքը, այլ մարդասիրական մղումով ալ տոգորուած են: Հայաստանի մէջ կան 5700 գրանցուած ՈԿԿ-ներ, սակայն կը խօսուի 12500-է աւելի չգրանցուած ՈԿԿ-ներու գոյութեան մասին, որ շատ հաւանական է… Անհաւատալի թիւ մըն է արդէ՛ն պաշտօնական 5700-ը:
«Հայաստանը կլանելէն ետք «Սորոսին շուքը պատրաստ է լափելու Լիբանանը»», 1 օգոստոս 2023-ի յօդուածիս մէջ (6) նշուած է. «Մինչ հայ ազգին փորձանքը` Փաշինեանը, վարչապետ դառնալէն ետք անուղղակի ձեւերով կը հերքէ, որ իր խմբագրած թերթը, կամ` ինքը, Սորոսէն գումարներ ստացած է, ինչպէս կարգ մը լրատուամիջոցներ կը պնդեն, իր կառավարութեան անդամներէն շատեր, իր Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամներ սորոսական են: Տես` «Սորոսը Հայաստանի մէջ` թիւերով ու անուններով» 25 փետրուար 2019-ի «Երեւանն այսօր»-ի բացայայտող յօդուածը, որ Սորոսէն կը մէջբերէ. «Երկրին ժողովրդավարական ներկային եւ ապագային համար Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ուժեղ աջակցութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն է» (7): Տես նաեւ` «Եւրոպական Միութիւնը եւ Սորոսը. ազգերն ու ժողովուրդները ապազգայնացնելու հիմնադրամ եւ ծրագիր» (8):
Վերոնշեալ բացայայտող յօդուածը, շուրջ 9 էջ, կը թուէ Սորոսի` Հայաստանի մէջ ապազգայնացնող կազմակերպութիւնները, որոնց կարեւոր տոկոսը իշխող կուսակցութեան անդամ է, ու պատասխանատուները եւ անոնց ստացած գումարները: Պիտի թուեմ վերոնշեալ յօդուածին մէջ նշուած հարիւրաւոր անուններէն միայն երեքը.
1. Արմէն Գրիգորեանը, որ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է եւ 2018-էն ի վեր Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն է` սորոսական է:
2. Լենա Նազարեանը, որ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է, պատգամաւոր է եւ Ազգային Ժողովի փոխնախագահն է:
3. Արայիկ Յարութիւնեանը, որ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է, Հայաստանի կրթութեան տխրահռչակ նախարարն էր, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերը թրքահաճոյ դարձուց, համալսարաններէն պարտադիր հայերէն ու հայկական նիւթերը վերցուց եւ Արեւմտահայաստանը փոխարինեց թրքահաճոյ Արեւելեան Անատոլու եզրով: Ան ժողովրդային եւ ուսանողներու բողոքները լկտիօրէն հրապարակաւ ծաղրեց: Այժմ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականը եւ աշխատակազմի ղեկավարն է:

«Այժմու հակահայ, ապազգային իշխանութեան բազմաթիւ բարձրագոյն պաշտօններ զբաղեցնողներու խմբակ մը, որ օտարներուն օրակարգը կը գործադրէ: Յանցաւոր է Ճորճ Սորոսը, որ կը միջամտէ մեր երկրին բոլոր բնագաւառներու խնդիրներուն մէջ, աւելի յանցաւոր են անոր կամակատար հայերը, որոնք համոզումով տոլարով կը վաճառեն` մեր ազգային արժանապատուութիւնը, սեփական ընտանիքը, լեզուն, մշակոյթը եւ Արցախն ու Հայաստանը: Մինչ այդ Սորոսին եւ միջազգային խաբեբայ, այսպէս կոչուած, «Մարդկային իրաւունքներ» պաշտպանող կազմակերպութիւնները լուռ մնացին 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ լուռ մնացին Արցախի շրջափակումին, ապա ցեղասպանութեան ի տես…
Ահաւասիկ ինչո՛ւ է այժմու մեր համազգային համախմբումը Բագրատ սրբազանին գլխաւորած բողոքի շարժումին շուրջ:
Առաջին` հայուն արժանապատուութիւնը վերականգնելու եւ թշնամիին ու օտարին պարտադրած միակողմանի զիջումներուն դէմ ուղղուած է կասեցնելու համար պարտուողական այս գահավիժող ընթացքը:
Երկրորդ` թշնամիին հլու հնազանդ գործակատար եւ Արցախէն ետք Հայաստանն ալ մաս առ մաս թշնամիին յանձնող այժմու դաւադիր վարչախումբին դէմ է ժողովրդային փրկարար այս շարժումը:
Երրորդ` զանոնք իշխանութենէն վտարելու եւ մի՛այն հայ ազգին ու հայրենիքին ծառայող, հայ ժողովուրդին իղձերն ու ձգտումները իրականացնելու լծուած եւ մեր հզօր ու մարտունակ բանակը վերականգնող վարչախումբ մը հաստատելու համար է:
12 մայիս 2024
- https://www.aztagdaily.com/archives/613502
- https://www.aztagdaily.com/archives/556709
- https://www.salaryexplorer.com/average-salary-wage-comparison-tbilisi-fundraising-and-non-profit-t974f5
- https://www.salaryexplorer.com/average-salary-wage-comparison-armenia-fundraising-and-non-profit-c11f5
- https://ccd.armla.am/9342.html
- https://hairenikweekly.com/?p=56954
- https://yerevan.today/all/society/28589/sorosy-hayastanum-tverov-u-anunnerov